Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

Հայկազեան Համալսարանի Ուսանողներու Համաշխարհային Եւ Պատուաբեր Մասնակցութիւն

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Երեքշաբթի, 30 յունուար 2018-ին Հայկազեան համալսարանի առեւտրական վարչագիտութեան եւ տնտեսագիտութեան բաժանմուքէն 5 ուսանողներ Միացեալ Նահանգներու Ուաշինկթըն քաղաքի «Նեշընըլ Եունիըն» կեդրոնին մէջ մասնակցեցան  կրօնական ծայրայեղութեան եւ ատելութեան դէմ պայքարի աւարտական մրցումի մը (մրցումը կը կոչուէր` «Peer to Peer: Facebook Global Digital Challenge»), ուր ներկայացուցին «Ռայզ Լեպընըն» խորագրեալ իրենց պատկերացում-ծրագիրը:

Ծրագիրին կը մասնակցէին 82 համաշխարհային համալսարաններ ներկայացնող խումբեր, անոր աւարտին Հայկազեան համալսարանը ներկայացնող խումբը տիրացաւ 3-րդ դիրքին եւ արժանացաւ 5000 (հինգ հազար) ամերիկեան տոլարի նիւթական պարգեւի մը:

«Peer to Peer» ծրագիրը սկսած է 2015-ին` Ֆէյսպուքի-ի եւ ԷտՎենչըր-ի համագործակցութեամբ: Ծրագիրին նպատակն է համալսարանական ուսանողներու միջեւ նման մրցակցութիւններու, ծրագիրներու մշակման եւ ներկայացման ճամբով (որոնք նաեւ հասանելի եւ իրատեսական ըլլան), նուազեցնել համացանցային բեմերու վրայ մեծ տարածում գտած ատելութիւնն ու այլամերժութիւնը:

Հայկազեան համալսարանը ներկայացնող խմբակի անդամներն էին` Մոհամետ Պաշիրը, Մայա Սքայնին, Սալլի Մանսուր, Ալի Թըրմոսը եւ Յարութ Չիլինկիրեանը, որոնց կ՛ընկերակցէր նաեւ անոնց խորհրդատու դասախօսը` դոկտ. Փրիան Խախարը: Մրցումին 5 հոգինոց խմբակով մասնակցելու սահմանափակումին պատճառով միեւնոյն դասարանէն կը բացակայէին Խաժակ Պարսումեանն ու Սիհամ Հնէյնինը:

Հայկազեան համալսարանը ներկայացնող խմբակը իր ծրագիր-պատկերացումը ներկայացուց մասնագէտներէ կազմուած դատական խորհուրդի մը դիմաց: Ներկայացումին կը հետեւէին նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Լիբանանի դեսպանատան պաշտօնեաներ, որոնք մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին Լիբանանը ներկայացնող Հայկազեան համալսարանի ուսանողներու խմբակի աշխատանքին:

Մրցումին նուաճած պատուաբեր առիթով Միացեալ Նահանգներու մէջ Լիբանանի դեսպան Կապրիէլ Իսա դեսպանատան մէջ հիւրընկալեց Հայկազեանի ուսանողները, որոնց հետ քննարկեց ներկայացուած ծրագիրը եւ բարձր գնահատեց համալսարանին տարած աշխատանքը` Լիբանանի ուսումնական մակարդակը բարձր պահելու եւ նորանոր յաջողութիւններ արձանագրելու իմաստով: Խմբակին ընկերակցող դոկտ. Փրիան Խախարը վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպանին եւ պարգեւեց Հայկազեան համալսարանը խորհրդանշող յուշանուէրով:

Ուսանողներուն խմբակը նաեւ առիթ ունեցաւ հրաւիրուելու եւ ներկայ գտնուելու Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան գրասենեակներէն մէկուն կազմակերպած կլոր սեղանին, որուն ընթացքին անոնք ներկայացուցին իրենց ծրագիրը եւ արժանացան յատուկ ուշադրութեան:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>