Ի զուր չէ ըսուած, որ մեր ապագան մեր զաւակներն են, ինչպէս որ դիպուկ խօսք է, թէ ազգի մը ապագան կերտողը անոր նոր սերունդն է:
Որքան ալ հասարակ տեղիք եւ ծանօթ կաղապարում թուին երիտասարդութեան վերաբերեալ այսօրինակ` ժողովրդակա՛ն ընդհանրացումները, այդուհանդերձ բացայայտ է, որ կեանք մտնող ամէն սերունդ իր հաւաքական դէմքով կը դրոշմէ մարդկային կեցութեան իր միջավայրն ու քաղաքակրթական երթը:
Նոյնիսկ երբ տժգոյն ըլլալու, կամ ուրոյն համ ու հոտ չունենալու աստիճան հասարակ եւ սովորական թուի նոր սերունդին դէմքը, ճշմարտութիւնը կը մնայ նոյնը. երիտասարդութեան մէջ կը տեսնես վաղուան քու հաւաքական պատկերդ` իր փառքով թէ ողբերգութեամբ, իր ճառագայթումով թէ մռայլութեամբ:
Ահա թէ ի՛նչ առումով հայ ժողովուրդի եւ հայ երիտասարդութեան այսօրուան ու գալիքին մասին հաւաքաբար խորհրդածելու եւ մեր երթը վերանորոգելու խանդավառութեամբ ոգեւորուելու առիթը կ՛ընձեռէ ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութեան հիմնադրութեան 70-ամեակը:
Անոնք, որոնք ներկայ գտնուեցան կամ մամուլով հետեւեցան մեր երիտասարդականի 70-ամեակի յոբելենական ձեռնարկներու մեկնարկը պաշտօնապէս կատարող հանդիսաւոր տօնակատարութեան, անկասկած հպարտութեամբ համակուեցան եւ խանդավառութեամբ հաստատեցին, որ խօսք ունեցող եւ ուղի հարթելու վճռակամութեամբ լեցուած նոր սերունդ մը արդէն իր ներկայութիւնը ամրագրած է մեր կեանքէն ներս:
Այո՛, ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական եւ պատանեկան միութեանց շարքերէն այսօր ալ կը հասնին տղաք եւ աղջիկներ, որոնք երիտասարդացման շունչով կը թարմացնեն ազգային կեանքի մեր առօրեան` համահայկական մեր տենչերուն եւ հոգերուն, մեր նպատակներուն եւ ծառայութեանց առջեւ հեռանկար բանալու, այլեւ` սերունդի՛ իրենց ներդրումը բերելու ինքնավստահութեամբ:
Մեր ակումբներուն ու պատանեկան երիտասարդական ժողովներուն մէջ թրծուեցաւ նաեւ այս սերունդը, որ իր նախորդներուն համեմատած աւելիով յունարէն խօսելով կամ յունական առօրեային ընդելուզուած ըլլալով մէկտեղ` ոչ միայն հայօրէն կը նայի կեանքին ու աշխարհին, այլեւ` դաշնակցականօրէն վճռական է անսակարկ նուիրուելու Հայ դատի պայքարին եւ Հայաստանի ու Արցախի պաշտպանութեան դատին:
Անշուշտ մեր տուներէն, դպրոցներէն եւ եկեղեցիներէն ստացած իրենց հոգեմտաւոր աւիշով կազմաւորուած է հայեցի դիմագիծը այս սերունդի տղոց եւս: Հայ երգին ու պարին, հայերէն բանաստեղծութեան ու հայոց պատմութեան նկատմամբ սէրն է, որ զանոնք բերած է Դաշնակցութեան, որուն պատանեկան եւ երիտասարդական միութիւնները դարձած են նաեւ այս սերունդի տղոց գաղափարական թրծումի հնոցը` հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ամբողջական ազատագրութեան մեծ իտէալը անոնց երակներուն մէջ հոսող արիւնին կենսայորդ թթուածինին միախառնելով:
Թէեւ եօթանասուն տարին շատ երկար ժամանակ է երիտասարդ մնալու համար, բայց 70-ամեայ մեր երիտասարդականը Դաշնակցութենէն առած է երիտասարդացման ու վերանորոգման թարմութեան ներուժը:
Սոսկ տարիք չէ երիտասարդութիւնը, այլեւ` երիտասարդական ոգի ու կեանքն ու աշխարհը նոր ու սեփական հունով յառաջ մղելու յանդգնութիւն, ինչ որ գոյութեան իմաստն ու գերագոյն նպատակը եղաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան` հայը դարաւոր գերութեան վիճակէն դուրս բերելու, մարտունակ եւ իրաւատէր ազգ դարձնելու եւ ազատ ու անկախ հայրենիք նուաճելու եւ ազգային պետականութիւն կերտելու առաջադրանքով:
Մեր երիտասարդութիւնը այսօր վկան է ու դրօշակիրը հայ ժողովուրդի ազգային այդ անսպառ ուժին, որ Մայիս 28-ի լուսաշող արեւածագին հետ, հարիւր տարի առաջ, ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի հանգանակով կնքեց մեր սերունդներու ազգային գիտակցութիւնն ու հաւաքական յիշողութիւնը:
Յատկապէս արեւմտեան կողմն հայաշխարհի, ուր հակահայ հալածանքի, ճնշումներու եւ բռնութիւններու բացակայութեան այլապէս բարեբեր պայմաններուն մէջ դիւրին են օտարացումը, մեղկութիւնը եւ համակերպողական ձեռնթափութիւնը, ՀՅԴ երիտասարդական ու պատանեկան միութիւնները ստանձնած են ժամանակի հոսանքը սեփական տեսլականներուն ուղղութեամբ հունաւորելու դժուարին, այլեւ հպարտառիթ առաքելութիւնը:
ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութեան 70-ամեակը ազգային ու հաւաքական մեր շարունակուող երթին արգասիքը արժեւորելու առիթը կը ներշնչէ: Ինչպէս որ պտուղը ծառէն հեռու չ՛իյնար, նոյնպէս եւ մեր երիտասարդներն ու պատանիները ազգային մեր պահանջատիրութեան անտեղիտալի վճռակամութեամբ կը ճառագայթեն:
Ի վերջոյ, բնութեան օրէնքով իսկ երիտասարդութեան ուժը կը կայանայ կեանքն ու աշխարհը վերանորոգելու, վերակերտելու երիտասարդակա՛ն հաւատքին, ինքնավստահութեան ու յանդգնութեան մէջ:
Իսկ Դաշնակցութեան շունչով ու յեղափոխական ոգիով թրծուած հայ երիտասարդութեան համար օդի, լոյսի եւ ջուրի պէս կենսական են հայ ժողովուրդի պայծառ ապագան նուաճելու եւ ազգային մեր պահանջատիրութիւնը յաղթանակով պսակելու երիտասարդական հաւատքը, ինքնավստահութիւնը եւ յանդգնութիւնը:
Վկայ` ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութեան 70-ամեակը:
Ճամբայ բացէք հայ երիտասարդութեան: