Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Ժապաւէններս Խաղաղութեան Մասին Են, Կը Դատապարտեն Պատերազմը. Ջիւան Աւետիսեան

$
0
0

Հայ եւ օտար արուեստասէրներու համակրանքը շահած, միջազգային շարժապատկերի փառատօներուն մրցանակներու արժանացած «Թեւանիկ», «Վերջին բնակիչը» ժապաւէներու բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանը կը պատրաստուի հանրութեան ներկայացնել մարդկային երազանքներու, խաղաղութեան, ապրեցնող կարօտներու մասին պատմող «Դրախտի դարպասը» ժապաւէնը: Այս առիթով «Արմենփրես»-ի թղթակիցը զրուցած է բեմադրիչին հետ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Բազմիցս ըսած էք. «Ես կ՛ուզեմ պատմել Արցախի մասին»: Ի՞նչ իրադարձութիւններու կ՛անդրադառնայ ձեր նոր` «Դրախտի դարպասը» ժապաւէնը:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Նոր ժապաւէնը կը պատմէ 1990-ականներուն արցախեան պատերազմի մոռցուած դրուագի մը մասին, որ կը բացայայտուի 2016 թուականի քառօրեայի ընթացքին: Առկայ են հերոսներու յիշողութիւններու տեսարաններ, դէպքեր, որոնք ամիսներ, օրեր, տարիներ առաջ տեղի ունեցած են. ժապաւէնին մէջ երկու իրականութիւն է. այն, ինչ որ ներկային տեղի կ՛ունենայ, եւ այն, ինչ որ անցեալին կատարուած եւ խորը ազդեցութիւն ձգած է այսօրուան վրայ: Բեմադրութեան համահեղինակներ Արտաւազդ Եղիազարեանը եւ Մկրտիչ Մալխասեանը մանրակրկիտ աշխատած են նիւթին վրայ, որպէսզի անիկա հետաքրքրէ ոչ միայն հայ հանդիսատեսները, այլեւ` ուրիշ ազգերու ներկայացուցիչները: Ես եւ իմ խումբս առտուընէ մինչ երեկոյ քրտնաջան կ՛աշխատինք` աղիւս-աղիւսի վրայ դնելով, որ ժապաւէնը կեանքի կոչենք:

Հ.- Ձեր նախորդ` «Թեւանիկ», «Վերջին բնակիչը» ժապաւէններուն մէջ բուն պատերազմական գործողութիւնները չեն ներկայացուած: Ժապաւէնին մէջ կռուի տեսարաններ կը տեսնե՞նք:

Պ.- «Դրախտի դարպասը» պատերազմական գործողութիւններու մասին չէ, այլ այդ համայնապատկերին վրայ մարդն է` իր խնդիրներով, բարդոյթներով, անճարակութեամբ, սէր փնտռելու ցանկութեամբ: Զիս կը հետաքրքրէ անհատը` կանգնած ընտրութեան առջեւ, սահմանագիծին: Յագեցած մարդը ուշագրաւ չէ: Մենք կարծես թէ այնքան յագեցած ենք, որ մոռցած ենք, թէ 25 տարի առաջ ի՛նչ տեղի ունեցած է մեզի հետ, երեսուն տարի առաջ ո՛ւր եղած ենք, կախուած` ըլլալու-չըլլալու խնդիրէն: Ցաւօք, կեանքը մեզ այնպէս  «կշտացուցած է», որ մենք շատ նշանակալի բաներ մոռցած ենք: Մեր յիշողութիւնը նեղցած է. ներանձնական, ներխմբային, թաղային, խմբակային խնդիրներու մէջ ենք: Մինչդեռ մեր առջեւ մեծ նպատակներ կան դրուած, եւ մեզմէ սպասելիքներ ունին այն սերունդները, որոնց հարցերուն օր մը պատասխան պիտի տանք:

Հ.- Նախորդ ժապաւէնները նկարած էք տարբեր համարտադրողներու հետ: Այս անգամ պիտի համագործակցի՞ք:

Պ.- Մէկ անգամ չէ, որ ըսած եմ` հայկական շարժապատկերի ճանապարհը, զարգացումն ու յառաջխաղացումը համագործակցութիւնն է եւրոպական երկիրներու հետ: Այս նպատակով նետուեցանք Պերլինի ժապաւէնի շուկայ, յետոյ` Քան, ուր գտանք ֆրանսական կողմը, որ կրնայ ներդրում կատարել: Նախորդ տարուան ընթացքին աշխատած ենք այս նախագիծին վրայ, փորձած` ֆինանսաւորում գտնել հնարաւոր բոլոր աղբիւրներէն: Այսօր եօթը երկիր կը ցանկայ աջակցիլ մեզի, պատրաստ ըլլալուն պէս գնել ժապաւէնը: Տարիներ շարունակ կը պատմենք Արցախի մասին, եւ ես այսօր հպարտութեամբ կրնամ ըսել, որ աշխարհի մէջ կայ ձեւաւորուած հանդիսատես, որ ծանօթ է արցախեան խնդիրին. թող անհամեստ չհնչէ, բայց ատիկա իմ հանդիսատեսս է: «Թեւանիկ»-ը ցուցադրուած է աւելի քան 25 երկիրներու 70 քաղաքներու մէջ եւ յաղթած է շարք մը շարժապատկեր փառատօներու: «Վերջին բնակիչը» ժապաւէնի ցուցադրութիւնները կը շարունակուին մինչ օրս: Շուտով անիկա պիտի ներկայացուի նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ (Նիւ Ճըրզի, Պոսթըն, Սենթ Լուիս), Լիթվայի (Վիլնիուս) եւ Յունաստանի մէջ (Սալոնիկ, Աթէնք): Այժմ ալ ժապաւէնը գնելու եւ ցուցադրելու առաջարկ ունինք աշխարհահռչակ HBO ընկերութենէն:

Հ.- Կը սիրէք աշխատիլ ոչ միայն հայ, այլեւ օտարազգի դերասաններու հետ: Այս ժապաւէնին մէջ նոր դէմքեր կը բացայայտէ՞ք:

Պ.- Չեմ ցանկար բանալ բոլոր փակագիծները, բայց ըսեմ, որ կ՛ըլլան եւ՛ ծանօթ, եւ՛ անծանօթ դերասաններ: Կան հայ դերակատարներ, որոնց հետ միշտ կ՛աշխատիմ: Եւ ես կը հաւատամ` եթէ մեր դերասանները, լաւ ժապաւէններու մէջ նկարահանուելով, կարենան մուտք գործել համաշխարհային ժապաւէնի շուկայ, տասը տարի յետոյ փայլուն դերասաններ կ՛ունենանք, որոնք ճանչցուած կ՛ըլլան Եւրոպայի մէջ:

Հ.- Մեր նախորդ զրոյցին նշեցիք, որ իւրաքանչիւր արուեստագէտ պէտք է մասնակցի փառատօներու, կապեր հաստատէ օտարազգի գործընկերներու հետ` աշխարհայեացքն ընդլայնելու, հոգեպէս հարստանալու, նոր ազդակներ ստանալու համար…

Պ.- Սահմանները միշտ պէտք է ընդլայնել: Ատիկա միայն դրականօրէն կ՛ազդէ: Այնպէս չէ, որ իմ գեղեցիկ աչքերուս կամ գզգզուած մազերուս համար աջակիցներս հաւաքուած են շուրջս: Անոնք իմ կողքին են լաւ պատմութեան, ճիշդ ծրագրուած քայլերու, լաւ մշակուած պիզնես եւ ֆինանսական ծրագիրի, տեղին ծախսուող գումարներու եւ ընդհանուր նպատակի համար: «Թեւանիկ»-ը, «Վերջին բնակիչը» ստեղծուած են սրտով, հոգիով, բայց նաեւ պէտք է հասկնալ, թէ ինչպիսի՛ն պէտք է ըլլայ ժապաւէնը, որ մենք ունենանք հարիւր հազար, մէկ միլիոն, տասը միլիոն եւ աւելի հանդիսատես: Բարդ է հանրութեան ներկայացնել Արցախի խնդիրը. կայ չլուծուած տագնապ, յարձակողապաշտութիւն եւ խանգարող այլ հանգամանքներ` հարեւաններու կողմէ: Երբ ոեւէ օտար դերասան կը հրաւիրեմ ժապաւէնին մէջ նկարահանուելու, ան ակամայ առկայ տագնապին մասնակից  կը դառնայ` ընտրելով այս կողմը: Անկախ ամէն բանէ` մենք պատրաստ ենք դիմագրաւելու բոլոր մարտահրաւէրները:

Հ.- Ի՞նչի փուլի մէջ կը գտնուի գեղարուեստական ժապաւէնի ստեղծման գործընթացը:

Պ.- Դեռ նախապատրաստական շրջանի մէջ: Նկարահանման աշխատանքները կը սկսին ամառը: Կ՛աշխատինք ինչպէս Հայաստանի,  այնպէս ալ արտերկրի մէջ: Որոշակի ֆինանսական բաց կայ, որ կը փորձենք լրացնել` յառաջիկային Crowdfunding-ի (հանրային դրամահաւաք) արշաւ իրականացնելով: Կը սպասենք նաեւ Հայաստանի Ազգային շարժապատկերի կեդրոնի աջակցութեան, որ մեծ դերակատարութիւն կրնայ ունենալ ժապաւէնի կայացման գործին մէջ:

Հ.- Բեմադրիչ եւ արտադրող Ալֆրետ Հիչքոքն ըսած է, որ ժապաւէններ կը  նկարահանէ այն ամէնուն մասին, որմէ կը վախնայ…

Պ.- Կը ստեղծեմ շարժապատկերներ, որոնք խաղաղութեան մասին են, կը դատապարտեն պատերազմը: Չեմ վախնար պատերազմէն… Կեանքիս մէջ ալ կը փորձեմ չկռուիլ, բայց եթէ ստիպուած եղայ, միայն յաղթող դուրս կու գամ, որովհետեւ երբեք չեմ յոգնիր պայքարելէ:

Հարցազրոյցը`
ԱՆԺԵԼԱ ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄԵԱՆ

Լուսանկարները տրամադրած է
ՋԻՒԱՆ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆԸ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>