Հարցազրոյցը վարեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայրենի բեմին վրայ կրկին լիբանանահայ երգչուհի Շողիկ Թորոսեանն էր: Երեւանի Սենեկային երաժշտութեան տան մէջ 7 փետրուարին կայացած իր այս մենահամերգը, որ երկրորդն էր Հայաստանի մէջ եւ առաջինը` սիմֆոնիք նուագախումբին հետ, նորութիւն էր նաեւ Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբին համար (գեղարուեստական ղեկավար` Սերգէյ Սմբատեան), քանի որ առաջին անգամն էր, որ նուագախումբը կը նուագակցէր սփիւռքահայ երգչուհիին:
Ամբողջութեամբ լեցուն դահլիճը եւ դասական համերգային միջավայրը տակաւին երկար կը յիշեն երգչուհին, ինչպէս «Ազդակ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց ան, հայաստանեան բոլոր համերգները իւրովի տօն կը դառնան իրեն համար: Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբին հետ լիբանանահայ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանի համերգի ժամանակ հնչեցին եւրոպական եւ հայ երաժշտահաններու ստեղծագործութիւնները, երգչուհին կատարեց հատուածներ` Մոցարթի, Շուպերթի, Փուչինիի, Շթրաուսի, Կունոյի, Կոմիտասի, Բաբաջանեանի գլուխ գործոցներէն հատուածներ, հնչեցին նաեւ ժամանակակից երաժշտահաններու, ինչպէս` Շահնուպարեանի, Գէորգ Մանասեանի, Էդգար Կեանճումեանի երաժշտական գործերը:
Համերգի սկիզբը հանդիսավարը ներկայացուց Շողիկ Թորոսեանի կենսագրութիւնը. անոր աշխատանքը «Շնորհալի», «Գուսան» երգչախումբերուն մէջ, Համազգային միութեան մէջ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի Հայ աւետարանական դպրոցին մէջ, ուր ան աշակերտներուն կը փոխանցէ իր երաժշտական գիտելիքները:
Համերգէն ետք երգչուհին «Ազդակ»-ին տուած հարցազրոյցով մը իր խոհերն ու տպաւորութիւնները կիսեց ընթերցողներուն հետ:
«ԱԶԴԱԿ».- Ինչպէ՞ս եղաւ կապը Հայաստանի սիմֆոնիք նուագախումբին հետ եւ ի՞նչ աշխատանքներ նախորդեցին մենահամեգին:
ՇՈՂԻԿ ԹՈՐՈՍԵԱՆ.- Երբ ես երկու տարի առաջ եկած էի Երեւան, բարեկամներու միջոցով առիթը ունեցայ ծանօթանալու Սերգէյ Սմբատեանին հետ, եւ արդէն սկսանք գործակցութեան մասին խօսիլ, այդ ժամանակ ալ իրարու հետ փոխանակեցինք մեր երգացանկերը: Որոշ շրջան մը զբաղած էինք թէ՛ ես, թէ՛ իրենց խումբը, բայց հոկտեմբեր 2017-ին արդէն որոշուեցաւ, որ պիտի կայանայ համերգը, թուականն ալ որոշուեցաւ` 7 փետրուար: Չորս ամսուան ընթացքին եղաւ այդ փոխանակումը, գործակցութիւնը:
«Ա.».- Այսինքն փորձի համար ալ ժամանակ չունեցա՞ք:
Շ. Թ.- Երկու փորձ ունեցանք ընդամէնը` երկուշաբթի եւ երեքշաբթի, իսկ չորեքշաբթի բեմ ելլայ:
«Ա.».- Դժուար չէ՞ր` երկու փորձէն ետք առաջին անգամ սիմֆոնիքին հետ բեմ ելլել:
Շ. Թ.- Եղաւ, փաստօրէն:
«Ա.».- Իսկ ինչպէ՞ս կը գնահատէք սիմֆոնիքին հետ համերգի փորձառութիւնը:
Շ. Թ.- Շատ լաւ փորձառութիւն մըն էր ինծի համար, առաջին անգամն էր, որ սիմֆոնիքին հետ ելոյթ կ՛ունենայի: Խումբը շատ լաւ էր, շատ դիւրութեամբ կայացաւ համագործակցութիւնը, ու թէեւ շատ քիչ էր մեր փորձի ժամանակը, բայց արդէն արհեստավարժ աշխատանքի արդիւնքով էր, որ շատ արագ կրցանք զիրար հասկնալ եւ բեմ ելլել: Երգացանկը կազմելու ժամանակ իրենք իմ առաջարկներս շատ սիրով ընդունեցին, ես ալ իրենց առաջարկները նոյնպէս ընդունեցի:
«Ա.».- Անցեալ անգամ Ժողովրդական գործիքներու համոյթին հետն էր համերգը, այս անգամ երգացանկը ամբողջութեամբ դասական էր: Ո՞ր ժանրը աւելի հոգեհարազատ է ձեզի:
Շ. Թ.- Երկու ժանր կը ներկայացնեմ ընդհանրապէս` դասականը եւ ռոմանսները: Հայրենի երաժշտական տեսաբաններ մեկնաբանած են կատարումներս եւ ըսած են, որ երկու ժանրերն ալ նոյն յաջողութեամբ կրնամ ներկայացնել:
«Ա.».- Հանդիսատեսը ինչպէ՞ս տեսաք այս անգամ:
Շ. Թ.- Շատ լաւ ընդունելութիւն գտայ հանդիսատեսին կողմէ, արձագանգները շատ լաւ էին, անցեալ անգամ առաջին մենահամերգս էր, քիչ մը տարբեր էր, այս անգամ աւելի շատ անծանօթ անձեր կային դահլիճին մէջ: Նամակներ ստացայ անծանօթներէ, որոնք եկած էին համերգին եւ կը գնահատէին կատարումներս: Ուրախ եմ, որ օտար մարդիկ, առանց իմ հրաւէրիս, եկան համերգին, այսինքն հայրենիքի մէջ իմ անունս սկսաւ աւելի տարածուիլ, եւ ես աւելի ծանօթ դարձայ հայրենի հանդիսատեսին:
«Ա.».- Հայաստանի մէջ յաջորդ համերգի նախագիծ կա՞յ արդէն:
Շ. Թ.- Այո՛, կայ ցանկութիւն, միշտ պէտք է Հայաստանի մէջ համերգ ունենալու մասին մտածել, քանի որ ես շատ կարեւոր կը նկատեմ հայրենիքի մէջ համերգները: Ուրախութիւն եւ հաճոյք ըլլալէ զատ, նաեւ առիթ է` մասնագէտներու եւ միշտ երաժշտական կեանքով ապրող հանդիսատեսի առջեւ համերգներ ունենալու: Եւ առհասարակ, մեզի համար իբրեւ սփիւռքահայ արուեստագէտներ, գոնէ ինծի համար շատ առանձնակի տեղ ունի Հայաստանի մէջ հանդէս գալը: Մեր ժողովուրդը ընդհանրապէս վարժուած է, որ երբ մշակութային ձեռնարկներ ըլլան Լիբանանի մէջ, միշտ Հայաստանէն արուեստագէտներ կ՛ընդունինք: Հետեւաբար Լիբանանի ժողովուրդին համար շատ մեծ արժէք է, երբ սփիւռքէ՛ն երգչուհի մը Հայաստան կը հրաւիրուի համերգ տալու, այն ալ` այսպիսի մեծ, ճանչցուած նուագախումբերու հետ:
«Ա.».- Արուեստագէտ մը միշտ կը մտածէ նաեւ օտար բեմերու մասին: Դուք ալ ունի՞ք նման նպատակներ:
Շ. Թ.- Այո՛, անշուշտ: Քայլ առ քայլ նաեւ ատոր կ՛ուզեմ հասնիլ: Արտասահմանեան բեմերու վրայ ոչ միայն եւրոպացի երաժիշտներու գործերը ներկայացնելու փափաք կայ, այլ նաեւ` մեր հայ դասականներու գործերը օտարին ներկայացնելու նպատակ:
«Ա.».- Լիբանանէն դուրս ձեր վերջին համերգը Քանատայի մէջ ունեցաք: Իսկ այդ մէկը ինչպիսի՞ փորձառութիւն էր:
Շ. Թ.- Սեպտեմբերի վերջաւորութեան տեղի ունեցաւ այդ համերգը, հոն ալ շատ լաւ էր ժողովուրդին ընդունելութիւնը, շատ մեծ անակնկալ էր ինծի համար իրենց տուած գնահատանքը, թերեւս դասական երաժշտութեան այդքան մօտ չէին, բայց երբ լսեցին, իրենց հիացմունքը արտայայտեցին, կարծես ծարաւ մը կար այդպիսի ժանրի մը:
Բայց իմ պարտականութիւնս է, ուր ալ որ երգեմ, հաւասար ըլլամ հանդիսատեսին առջեւ: Ինծի համար հանդիսատեսը եւ բեմը հաւասար են, քանի հոգի ալ որ ըլլայ դահլիճի մէջ եւ աշխարհի որ մէկ անկիւնն ալ ըլլայ, հաւասար պիտի ներկայացնես արուեստդ: Ատիկա իմ սկզբունքս է:
«Ա.».- Այլ գաղութներէ հրաւէրներ կը ստանա՞ք:
Շ. Թ.- Այո՛, ընդհանրապէս Կիպրոսէն, Քուէյթէն եւ այլ վայրերէ հրաւէրներ կ՛ըլլան, գործակցութեան համար առաջարկներ կան, տեսնենք` ի՛նչ կ՛ըլլայ յառաջիկայ օրերուն:
«Ա.».- Արուեստագէտի, մանաւանդ բեմական երգչուհիի ճանապարհը զոհողութիւններու ճանապարհ է: Դուք ձեր աշակերտներուն մէջ կը տեսնէ՞ք այդ զոհողութիւններուն երթալու կամքը:
Շ. Թ.- Անշուշտ, շատ զոհողութիւններ կան. երբ կը սիրես բան մը եւ կ՛ուզես յաջողցնել, պիտի չնայիս, թէ ի՛նչ ակնկալութիւն ունիս, պէտք է անընդհատ տաս, նուիրուիս… Կազմակերպչական հարցեր ալ կան, դիւրին չէ մենահամերգը, ես հինգ ամսուան մէջ երկու մեծ մենահամերգներ ունեցայ: Իմ աշակերտներուս միշտ խորհուրդ կու տամ` չվախնալ դժուարութիւններէն: Աշակերտներ ունիմ, որոնք դեռ հազիւ երկու տարի մարզուիլ սկսած կ՛ըլլան, արդէն կը յուսահատին, որովհետեւ միաժամանակ դաս ունին, դպրոց ունին, գործ ունին, եւ միշտ ասոնք աւելի առաջնահերթ կը դասեն, քան` արուեստը: Քիչ մը զոհողութեան երթալու պակասը ունի հիմակուան սերունդը, բայց տեղ հասնելու համար յարատեւ ջանք պէտք է թափել: Միշտ աշխատանքի մէջ պիտի ըլլաս:
«Ա.».- Հայ դասականներէն որո՞ւ գործերը կը նախընտրէք:
Շ. Թ.- Առհասարակ, իմ երգացանկիս մէջ միշտ կը նախընտրեմ հայկական երգեր կատարել, օտար երգեր ալ կան, անշուշտ, բայց հայկականը հիմնականն է: Կոմիտասը միշտ առաջնահերթ է, յարգանքս բոլոր երգահաններուն, բայց Կոմիտասն ու հոգեւոր երաժշտութիւնը միշտ մեծ տեղ կը գրաւեն իմ երգացանկիս մէջ:
Տիգրանեանի գործերը, «Անուշ» օփերայէն հատուածներ նոյնպէս կը սիրեմ եւ կը նախընտրեմ:
«Ա.».- Սովորաբար մարդիկ յաջողութիւններէ ետք շնորհակալութեան խօսքեր կը բաշխեն անոնց, որոնք քաջալերած են զիրենք: Որո՞ւ ուղղուած են ձեր շնորհակալութեան խօսքերը:
Շ. Թ.- Մօրեղբայրս, ծնողքս քաջալերած են զիս պզտիկ տարիքէս, իսկ յետոյ արդէն` ամուսինս, որ աջ բազուկս է այս գործիս մէջ, ընտանիքիս նեցուկը շատ մեծ է: Համազգայինի հետ միասնաբար կ՛աշխատիմ, զիրար կը լրացնենք, կաթողիկոսարանի հետ կ՛աշխատիմ: Անշուշտ, նաեւ իմ հանդիսատեսին ուղղուած են շնորհակալութեան խօսքերս: Իսկ այդ համերգին առիթով նաեւ` սիմֆոնիք նուագախումբին եւ անոր գեղարուեստական ղեկավար մայեսթրօ Սերգէյ Սմբատեանին: Անշուշտ մեծ շնորհակալութիւն Աստուծոյ` միշտ իմ կողքիս ըլլալու եւ ինծի զօրութիւն պարգեւելու համար, որ հասնիմ իմ նպատակներուս: