Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Հայկական Մշակոյթի Օր Պէյրութի Մէջ

$
0
0

Փետրուար 7-ին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան եւ Պէյրութի Երիտասարդ կիներու քրիստոնէական կազմակերպութեան (YWCA Beirut) համատեղ կազմակերպմամբ, Պէյրութի ԵԿՔԱ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական մշակոյթի օր» խորագիրով ձեռնարկը:

Ներկայացուեցան Լիբանանի Հայ օգնութեան խաչի (ԼՕԽ) տիկնանց` պատմական Հայաստանի տարբեր շրջաններուն բնորոշ զարդանախշերով ասեղնագործական աշխատանքները, Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտ Անատոլի Աւետեանին կտաւները, «Մայրիկ» ճաշարանին կողմէ պատրաստուած հայկական աւանդական ուտեստները:

Ձեռնարկի ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան Երիտասարդ կիներու քրիստոնէական կազմակերպութեան նախագահ Ռոլա Խուրին եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը: Դեսպանը կարեւոր նկատեց Լիբանանի բարեկամ ժողովուրդին հայկական հարուստ մշակոյթի ներկայացման անհրաժեշտութիւնը, որ կը ծառայէ Լիբանանի եւ Հայաստանի ժողովուրդներու

կապերու ամրապնդման եւ փոխհարստացման: Դեսպանը ներկաներուն համառօտ ներկայացուց Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան տարածման, հայոց պատմութեան, հայ մշակոյթի դրուագներ:

Ելոյթներուն յաջորդեցին Հայաստանի մասին պատմող վաւերագրական ժապաւէնի մը ցուցադրութիւնը եւ լիբանանահայ տուտուկահար Գէորգ Քէշիշեանին կատարումները:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>