Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Առողջապահական Սեմինար

$
0
0

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբը, գործակցաբար «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին հետ, կազմակերպեց «Առողջ ապրելակերպ»-ի սեմինարներու երկրորդ շարքը` բաղկացած հինգ սեմինարներէ, որոնք տեղի պիտի ունենան ամսական դրութեամբ եւ շարունակուին մինչեւ մայիս 2018:

Սոյն սեմինարները կը միտին ԼՕԽ-ի երդիքին տակ համախմբել 25-45 տարեկան հայուհիներ, անոնց տալ ոչ միայն առողջապահական, ընկերային եւ հոգեբանական գիտելիքներ, այլ նաեւ այժմէական եւ հետաքրքրական նիւթեր` առնչուած իրենց զաւակներուն, որովհետեւ իգական սեռին դերակատարութիւնը մեծ կարեւորութիւն ունի հայ ընտանիքէն ներս:

Շարքին առաջին սեմինարը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 17 յունուար 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին ԱՊԸԲ կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ` ներկայութեամբ 23 մասնակիցներու:

ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք առողջապահական յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ըսաւ. «Թէեւ բոլորս զիրար չենք ճանչնար, սակայն մեզ համախմբողը ԼՕԽ-ն է, որ 1930 թուկանէն ի վեր կը ծառայէ լիբանանահայ գաղութին»: Ան անդրադարձաւ ՀՕՄ-ի եւ ԼՕԽ-ի պատմականներուն, ներկայացուց  26 մասնաճիւղերու եւ յանձնախումբերու գործունէութիւնը, բացատրեց  սեմինարներուն նպատակն ու ընթացքը, քաջալերեց երիտասարդուհիները` անդամագրուելու եւ միանալու ԼՕԽ-ի շարքերուն, որովհետեւ հոն ծառայելով` պիտի ունենան հոգեկան մեծ գոհունակութիւն: Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Իսկուհի Գափլանեանին եւ յանձնախումբի անդամներուն, որոնք ճիգ չեն խնայեր յաջողցնելու սոյն ծրագիրը:

ԱՊԸԲ կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքի պատասխանատու Վերժին Խորշիտեան, իր կարգին, հետաքրքրական խաղով մը ներկաները ծանօթացուց իրարու, որմէ ետք տոքթ. Գոհար Վարդանեան-Քէշիշեանը խօսեցաւ իգական սեռին վերաբերող առողջապահական հարցերու մասին` ծնունդէն մինչեւ արբունքի շրջան, ապա մինչեւ ծերութիւն, անդրադառնալով բոլոր այն հիւանդութիւններուն եւ համապատասխան տարրալուծարանային քննութիւններուն, որոնք անհրաժեշտ են երիտասարդուհին առողջ պահելու համար: Ան անհրաժեշտ նկատեց`  նախամուսնական քննութիւնները, յղութեան շրջանին բժիշկին հսկողութիւնը, պարբերաբար բժիշկին այցելութիւնը, որոշ քննութիւններու պարտադիր ըլլալը եւ այլն:

Մասնակիցները հետաքրքրութեամբ հետեւեցան, հարցումներ հարցուցին եւ ստացան համապատասխան բացատրութիւններ:

Սեմինարի երկրորդ բաժինով տոքթ. Ալինա Քէշիշեանը ներկայացուց մորթին կառուցուածքը եւ իւրաքանչիւր մասի դերակատարութիւնը: Ան խօսեցաւ դէմքի մորթին մասին եւ, առողջ ու փայլուն դէմք մը ունենալու համար, անդրադարձաւ քունի եւ ուտելիքներու կարեւորութեան:  Թելադրեց շպարը ճիշդ ձեւով, մաքուր ձեռքերով եւ մաքուր վրձիններով օգտագործել, ապա թարմ պտուղներ եւ բանջարեղէններ օգտագործելով` պատրաստեց դէմքի օգտակար ծեփուկներ եւ դիմակներ):

Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարալ Մխճեան արտասանեց իր սրտին խօսքը: Ան գնահատեց երիտասարդուհիներուն ներկայութիւնը, անդրադարձաւ ԼՕԽ-ի լայնածաւալ գործունէութեան եւ յաջողութիւն մաղթեց:

Մասնակիցները արժեւորելով սեմինարը` զայն գտան շատ հաճելի եւ օգտաշատ: Խոստացան կրկին հանդիպիլ յաջորդ սեմինարին, որ տեղի պիտի ունենայ 28 փետրուար 2018-ին:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>