Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Գոհար Եզակի Երեւոյթը` Գիւմրիի Անթեղ Մոխիրներէն Յառնող Վահագնը

$
0
0

ՏԱՂ ՆԱՅԻՐԻ

Ի՞նչ է մշակոյթը, եթէ ոչ` ժողովուրդի մը էութիւնը դրսեւորող, արտայայտող, անոր հոգիին ընդերքը պեղող ու անկէ աստուածամերձ հուրը ժայթքեցնող սքանչելիք մը: Այդպէս եղաւ ԳՈՀԱՐ համոյթին ծնունդը` «Արագածին բազմած արծիւ»-ի ծոցէն: Արծիւ մը, որ տարերային ուժերն անգամ չկրցան տապալել ու զգետնել, այլ մնաց բարձունքի վրայ` խրոխտ, անկոտրում ու յաղթական: Գիւմրի՜, հայ մշակոյթի օրրան Գիւմրի, փա՜ռք հողիդ, անթեղ մոխիրներուն, որոնք կը շարունակեն ճարճատիլ ու ծնիլ հրաշքներ: Փա՜ռք «յարդագողի ճանապարհ»-ով բանուած արեգակնային այն օրուան, երբ մեծ երկունքէ մը ետք հողէդ յառնեց հայ մշակոյթի Վահագնը` ԳՈՀԱՐ-ը:

ԳՈՀԱՐ համոյթը, ինքնին երեւոյթ մը` Ֆենոմեն մը ըլլալով հանդերձ, անոր ստեղծումը Գիւմրիի մէջ դիպուած մը չէր: Ինչ որ անտեսանելի, գերմարդկային մատ մը միջամուխ դարձած էր եւ ի մի բերած գործարարն ու արուեստագէտը` այդ փառապանծ հողին վրայ:

Մօտ երկու տասնամեակէ ի վեր «Վահագն»-ը իր թեւերը սփռած` կը սաւառնի երկրէ երկիր, նահանգէ նահանգ, անխոնջ ու նպատակասլաց, իր գոհարները, իբրեւ մասունք, բաշխելով հայ կարօտ հոգիներուն:

Ինչո՞ւ այս պահուն յիշել ԳՈՀԱՐ համոյթը: Ինչո՞ւ զայն զետեղել մեր մեծերու պատուանդանին վրայ: «Արեւն ամպի տակ չի մնար» կ՛ըսէ առածը: Աշխատանքի մը արդիւնքը պայծառ արեւ է, զոր ոչ մէկ ամպ կրնայ խափանել: Իսկ ի՞նչ են այն անժամանցելի արժէքները, որոնք ԳՈՀԱՐ-ի ստեղծման ու անոր աշխատանքին հիմքը կը կազմեն:

ԳՈՀԱՐ իր գիւմրեցի տաղանդներու շնորհիւ` կրցաւ հայ երգի ու երաժշտութեան կոթողները վերամշակել, նոր գոյն ու երանգ տալ անոնց` միշտ հարազատ մնալով անոնց սրբութեան: Ան այս ձեւով հայ երգի գանձարանը պահեց ու պահպանեց, միեւնոյն ժամանակ զանոնք մատչելի դարձուց աշխարհասփիւռ նոր սերունդին, զանոնք ականատես դարձնելով իրեց մշակութային արժէքին, որպէսզի այդ մշակոյթով խարսխուին ու հպարտ կանգնին ընդդէմ ձուլումի հողմերուն:

ԳՈՀԱՐ, վերահասու ըլլալով հայ սերունդի հայեցի դաստիարակութեան եւ կենսական նկատելով հայ ուսուցիչի դերը այս ուղղութեամբ, պատուեց ու մեծարեց զայն` նիւթաբարոյական իր աջակցութեամբ: Իսկ ի՞նչն է մեզ հայ պահողը` մեր ոսկեղնիկը, որ իբրեւ մնացած միակ ժառանգ` հայ մայրը փոխանցեց իր զաւկին` անապատի աւազին վրայ գրելով…

ԳՈՀԱՐ մօր ու հօր նուիրուած երգերով խրատեց երիտասարդը` տէր կանգնելու ընտանիքին, ուր կայ սէր ու սրբութիւն:

ԳՈՀԱՐ երիտասարդութեան առջեւ բացաւ Կիլիկեան Հայաստանի պատմական փառահեղ էջերը` իր թագաւորներով ու դրօշներով, երիտասարդները գիտակցութեան հրաւիրելով եւ ականջալուր դարձնելով իրենց անցեալին ու պատմութեան:

ԳՈՀԱՐ իր ազգային ու ֆետայական երգերով կոչ ուղղեց երիտասարդութեան` միշտ զգօն ըլլալու եւ Հայ դատի իրագործման հետամուտ դառնալու:

ԳՈՀԱՐ օրինակը դարձաւ այն միտքին, որ անհատ մը առանձինն կրնայ հսկայ գործ մը կատարել, եւ որ` հայ անհատին դերը որքան ուժ կրնայ ունենալ մեր հաւաքականութեան մէջ:

ԳՈՀԱՐ եղաւ այն միակը, որ իր շուրջ հաւաքեց աշխարհասփիւռ հայութիւնը: Անոր համերգներուն ներկայ եղան հայ ազգի բոլոր զաւակները առանց տարիքի, սեռի, համայնքի, կուսակցական կամ միութենական կողմնորոշումներու ու խտրութեան:

ԳՈՀԱՐ 180 անդամներ տեղաշարժելով երկրէ երկիր` դարձաւ մեր ժամանակներու հայ երգի դեսպանը: Համաշխարհային չափանիշներով եւ արհեստագիտական արդի տուեալներով օժտուած ելոյթները, տեսասալիկներու ու խտասալիկներու մասնագիտական պատրաստութիւնը եւ ընդհանրապէս գերաստիճան բծախնդիր աշխատելաոճը ԳՈՀԱՐ-ը իրաւամբ կը դարձնեն հայ մշակոյթի եզակի երեւոյթներէն մէկը: ԳՈՀԱՐ-ը եղաւ այն ռահվիրան, որ հայ մշակոյթը տարածեց իր գերարդիական ոճով:

Ահա կը գտնուինք առաջին անկախութեան փառահեղ յաղթանակի100-ամեակի սեմին: Ասիկա մեզի առիթ մը ըլլայ` վերարժեւորելու մեր տարած բոլոր յաղթանակները եւ վերամշակելու նոր ու արդիական գործելաոճեր, որոնք ըլլան ճիշդ իրենց թիրախին ուղղուած` յանուն հայութեան համայնական շահերուն:

Հայոց լուսաւոր «Վիշապաքաղ Վահագն»-ը թող մարտնչի մութ ու չար վիշապներուն դէմ` արդիական «զէնք»-երով:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>