Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Անկրկնելի Պահեր

$
0
0

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Արցախեան ազատագրական շարժումը մեզի պարգեւեց ազգային հպարտութեան, անպարտելիութեան, յոյսի ու յաղթանակի անսահմանելի զգացումներ, ապրումներ:

Շարժումը մեզի ներարկեց նոր ոգի, նոր շունչ:

Ամբողջ սերունդի մը ծով զոհաբերութեամբ, հազարաւորներու կեանքի գնով պատմակա՛ն անկիւնադարձ ապրեցանք. կորսնցուցած հայրենի հողէն պատառ մը փրկուեցաւ` ապացուցելով, որ բռնակալներու քմայքով գծուած քարտէսները յաւերժական չեն, եւ որ մեր մեծ երազը` միացեալ, ազատ, անկախ Հայաստանը անիրականանալի չէ՛:

Արցախեան շարժումի նուիրեալներուն առջեւ մենք բոլորս այսօր պարտք մնացած ենք:

Պարտք ենք` ազատագրուած տարածքները բնակեցնելու.

Պարտք ենք Արցախի ժողովուրդին եւ առաջին հերթին` զոհուած ազատամարտիկներու ընտանիքներուն, ապա եւ` պայքարին ուղղակի կամ անուղղակի մասնակիցներու բարօրութեան:

Պարտք ենք Հայաստանի՛ն, անկախութեան բերկրանքը լիարժէքօրէն վայելելու անոր իրաւունքին:

Պարտք ենք սփիւռքի մեր երիտասարդութեան` դէպի հայրենիք իրենց աչքերը սեւեռելու մթնոլորտ ձեւաւորելու: Ազատամարտիկներու հոյակապ սխրանքին ժառանգորդները զգալու ամէ՛ն իրաւունք ունին անոնք. մե՛նք ենք, որ այդ իրաւունքի գիտակցութեան փոխանցումը կը շարունակենք ձախողեցնել` մեր թափթփածութեամբ, մեր անհետեւողականութեամբ, անծրագիր աշխատելու մեր սովորութեամբ:

Ժամանա՛կն է մեր պարտքերը տոկոսով վերադարձնելու Շարժումին:

Ժամանա՛կն է թօթափելու անցեալի մեր սխալներու ճնշումին տակ անկարողութեամբ տապլտկելու, ողբերով, լալկանութեամբ ու ափսոսանքներով բաւարարուելու հոգեվիճակը: Ժամանա՛կն է անհաշտ կռուի դուրս գալու` համակերպումի ու անձնատուութեան զգայնութիւններուն դէմ:

Անկախ հայրենիք ունինք, անկախ պետականութիւն ունինք: Տէ՛ր ըլլանք մեր պարտականութիւններուն, տէ՛ր ըլլանք արցախեան շարժումին, տէ՛ր ըլլանք անոր հերոսական դրուագներէն ճառագայթող պատգամին: Հայրենիքը սո՛ւրբ է` իր ժողովուրդով հանդերձ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles