Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեանը նախորդ շաբաթ հովուական այցելութիւն տուած է Իրաքի քրտական շրջան, Էրպիլի մէջ հայկական նոր կառուցուող եկեղեցւոյ հիմնարկէքին առիթով: Այցելութեան ծիրին մէջ 5 փետրուարին սրբազանը այցելած է Մուսուլի հայկական եկեղեցիները` տեղւոյն վրայ ծանօթանալու աւերուած եկեղեցիներու վիճակին:
Այս տեղեկութիւնները տուած է Զախոյի հոգեւոր հովիւ Մամբրէ քհնյ. Հմայեակեանը:
Առաջնորդ սրբազան հօր ընկերակցած են Իրաքի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Գէորգ Գատոյեանը, ինչպէս նաեւ` Մուսուլի հարթավայրերու համայնքի ատենապետ Շանթ Մուրատեանը, «Աշթար» պատկերասփիւռի ընկերութեան տնօրէն Ռազմիկ Մուրատեանը եւ Մուսուլի Թաղական խորհուրդի ատենապետ Անդրանիկ Կիւլիւզեանը:
Աւագ սրբազանը Մուսուլ գտնուելու ժամանակ Մուսուլի Ասորի եկեղեցւոյ առաջնորդ Պետրոս Մուշիին հետ ունեցած է հանդիպում մը, որուն ընթացքին անոնք խօսած են Մուսուլի ներկայ վիճակին եւ ապագայի ծրագիրներու մասին: