Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

«Տօնահանդէս Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց» Պուրճ Համուտի Մէջ

$
0
0

Չորեքշաբթի, 7 փետրուար 2018, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, նախագահութեամբ Գէորգ եպս. Ասատուրեանի` օգնական եպիսկոպոս Պէյրութի պատրիարքական թեմին, կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ, Պուրճ Համուտի «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Տօնահանդէս Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց» ձեռնարկը` պատգամախօսութեամբ Սամուէլ Մկրտչեանի` Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր եւ արտակարգ դեսպան եւ մասնակցութեամբ «Արծիւեան» եւ «Բլբուլ» երգչախումբերուն` ղեկավարութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանի, ինչպէս նաեւ Համազգայինի «Տաւիղ» նուագախումբին` ղեկավարութեամբ Մկրտիչ Միքայէլեանի:

Տօնահանդէսը սկիզբ առաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներով, որմէ անմիջապէս ետք Սթեֆանի Պալթայեանը բացման խօսքը կատարեց եւ բոլոր ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց, ապա սկիզբ առաւ իմաստալից երեկոյին առաջին մասը, որուն ընթացքին Համազգայինի «Տաւիղ» նուագախումբը ներկայացուց երեք երգ (Tanguissimo, libertango եւ Moliendo café), ինչպէս նաեւ` հայկական ժողովրդային երգաշար մը:

Տօնահանդէսի երկրորդ բաժինով «Բլբուլ» մանկապատանեկան երգչախումբը ներկայացուց երկու աւանդական երգեր` «Վարդանանց ասպետներ»-ը  եւ «Քաջ Վարդանին տոհմէն ենք»-ը:

Ապա Մարիա Եագուպեանը (քանոն), Գէորգ Քէշիշեանը (տուտուկ) եւ Նաթալի Աբոգեանը (տուտուկ) մեկնաբանեցին Մակար Եկմալեանի  «Ով հայոց աշխարհ»-ը, ինչպէս նաեւ` Խաչիկ Դաշտենցի «Գողթնի քնարք»-ը:

Օրուան պատգամը տուաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր եւ արտակարգ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը: Ան այս իւրայատուկ եւ հայկական շունչով լեցուն տօնին առիթով իր խօսքը սկսաւ նախ Վարդանանց ճակատամարտի հակիրճ պատմականը ներկայացնելով, թէ ինչպէ՛ս հայը միշտ դժուարութիւններ եւ մարտահրաւէրներ ունեցած է` պահելու իր ինքնութիւնն ու կրօնը, բայց այս բոլորով հանդերձ, ան միշտ կրցած է յաղթահարել զանոնք իր միասնականութեամբ: Հայը իր միասնականութեամբ ունեցաւ 1918-ի անկախութիւնը, Արցախի ազատագրումը, ինչպէս նաեւ` իր այսօրուան ազատ ու անկախ վիճակը:

Դեսպանը իր խօսքը փակեց` մաղթելով ներկաներուն միշտ պահել ու ապրիլ այս միասնականութիւնը, որպէսզի Վարդանանց ճակատամարտին պէս կարենանք յաղթել եւ պահել մեր ինքնութիւնն ու կրօնը:

Օրուան պատգամին յաջորդեց «Արծիւեան» երգչախումբը, որ կատարեց «Ո՛հ, դու բարեկամ», «Նորահրաշ» եւ «Բամբ որոտան» երգերը:

Այնուհետեւ Գէորգ եպս. Ասատուրեանը տուաւ իր հայրական պատգամը: Ան իր խօսքը սկսաւ նախ շնորհակալութիւն յայտնելով Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան, որ այս յայտագիրին եւ տօնահանդէսին միջոցով բոլոր ներկաները կրցան վերապրիլ 451 թուականը: Գերապայծառը մաղթեց, որ միշտ յանձնառու ըլլան Վարդանանց ճակատամարտի պատգամին, ապա «Պահպանիչ»-ով օրհնեց ներկաները:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>