Հինգշաբթի, 8 փետրուար 2018-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին Վարդանանց հաւատամարտի տօնակատարութիւն տեղի ունեցաւ` կազմակերպութեամբ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցասիրաց եղբայրակցութեան կեդրոնի աղօթասրահին մէջ:
Յայտագիրը սկսաւ Տէրունական աղօթքով եւ եղբայրակցութեան քայլերգով: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սեպուհ Գարավարդանեանը: Ան նշեց, որ Աստուածաշունչը հայ ժողովուրդին սեղանի վրայ դրուելիք գիրք մը չեղաւ, այլ` կեանքի գիրք: Աստուածաշունչի հաւատքով առաջնորդուեցաւ հայ ժողովուրդը դարերու ընթացքին: Ան ըսաւ, որ այսօր իւրաքանչիւրս նոր ճակատամարտեր կը մղենք հայու հաւատքը պահելու համար: Խօսելով Վարդանանց պատերազմի մասին` Սեպուհ Գարավարդանեանը յայտնեց, որ անիկա անցեալին պատահած դէպք մը չէ, այլ ամէնօրեայ գոյամարտ մըն է, եւ մենք կանչուած ենք այդ գոյամարտին զինուորները ըլլալու: Ան իր խօսքի աւարտին խոստացաւ հաւատարիմ մնալ նախնիներու բարձր հաւատքին, որոնք նահատակուեցան «Վասն Յիսուսի եւ վասն հայրենեաց»:
Գեղարուեստական յայտագիրը սկսաւ «Թէ հայրենեաց պսակադիր» եւ «Առաքեալներ ընտրուեցանք» հաւաքական երգեցողութեամբ: «Մենք քաջ Վարդանի տոհմէն ենք» մեներգը կատարեց Անթոնի Ղազէլեանը: Ժագ Ս. Յակոբեանի «Վարդանական»-ը ասմունքեց Աննա Մարիա Ղազէլեանը: «Նորահրաշ» եւ «Սուրբ Ղեւոնդեանց» շարականները մեներգեց Արա Կարէեանը, իսկ Յարութ Գալօղլեանը մեներգեց «Քաջն Վարդանի արիացեալ» երգը եւ «Մանկունք Վարդանանցի» շարականը:
Օրուան պատգամը տուաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան Մեղրիկ եպս. Բարիքեանը: Ան նշեց, որ Վարդանանց պատերազմը մէկ օրուան ընթացքին տեղի ունեցած պատերազմ մը չէր: Եթէ մենք Վարդանանց պատերազմը պարտուէինք, այսօր պիտի չի յիշէինք: Ան յայտնեց, որ կորսնցնելը տարբեր բան է եւ պարտուիլը` տարբեր բան: Մէկը կրնայ մարտը կորսնցնել, բայց չպարտուիլ: Պարտուողականութիւնը անյոյս մարդոց կը վերաբերի: Մարտերու ընթացքին զինուորական յաղթանակները բաւարար չեն, այլ պէտք է ըլլայ բարոյական բաժինը: Մեղրիկ եպս. մէջբերելով 25-րդ. սաղմոսը` լուսարձակի տակ առաւ այն երեք ճշմարտութիւնները` լոյսը, փրկութիւնը եւ ապաւէնը, որոնք տեղ գտած են սաղմոսին մէջ, եւ մենք ուղեցոյց պէտք է ունենանք կեանքին մէջ:
Քրիստոնէութեան ընդունումէն ետք պարսիկները ուզեցին միշտ ներսէն տիրել մեզի, այսինքն` մեր հաւատքին կողմէ տիրել, որովհետեւ երբ հաւատքը ուրանայինք, շատ դիւրին էր պարսկական տիրապետութեան տակ ապրիլ: Ան նշեց, որ այսօր Յազկերտներ չկան, սակայն մենք հաւատքի պատերազմ կը մղենք չարին եւ անոր արբանեակներուն դէմ: Ամէն օր մեր զաւակները տարբեր ձեւերով իրենց ինքնութիւնը եւ ազգային արժանապատուութիւնը կը կորսնցնեն: Սակայն երիտասարդութիւնը պէտք չէ մեղադրել, որովհետեւ աղօթող ծնողներ պակսած են: Մեղրիկ եպս. յայտնեց, որ այս կեանքին մէջ պատերազմը կը մղուի յանուն Ամենասուրբ Երրորդութեան: Պօղոս առաքեալ կրցաւ պատերազմը յաղթել, որովհետեւ իր կեանքով, քարոզութեամբ եւ նահատակութեամբ կրցաւ ճշմարտութեան աւետիսը բերել: Քրիստոնէական կեանքը փիլիսոփայութիւն չէ, այլ ապրուած վկայութիւն է: Գործը խօսքի պէտք է վերածել: Վարդան Մամիկոնեան հաւատացեալ մարդ էր եւ կը հաւատար, որ նոյնիսկ եթէ նահատակուի, յաւիտենական կեանքը պիտի ժառանգէ, եւ իրմէ ետք եկող սերունդները յաղթանակ պիտի ապահովեն: Քրիստոնէական հաւատքը այսօր մակերեսային է մեր կեանքին մէջ: Յոյսի, լոյսի, փրկութեան եւ ապաւէնի համար Աստուծոյ հետ պէտք է ըլլանք մեր կեանքի բոլոր օրերուն, այլապէս բարի պատերազմ չ՛ըլլար: Ճշմարիտը փնտռենք մեր կեանքին մէջ: Երիտասարդները ճշմարտութեան փնտռտուքի մէջ են: Քրիստոնեան օրինակելիօրէն պէտք է աղօթէ եւ խնդրէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը:
Իր խօսքին վերջին բաժինով ան ըսաւ, որ այսօր Վարդանանց պատերազմը կը շարունակուի, որովհետեւ մեր զաւակները երբեմն օտար ամուսնութիւններ կը կնքեն, եւ հայ ուսուցիչներն ու աշակերտները բացակայ էին Վարդանանց տօնին նուիրուած մատուցուած պատարագներէն: Մեղրիկ եպս. եզրափակեց` ըսելով, որ պէտք է հոգիին զանգը զարնել եւ շրջապատը հրաւիրել ճշմարտութեան, լոյսի, փրկութեան ու ապաւէնի: Ան մաղթեց, որ բոլորին կեանքերը սրբութեամբ լեցուին:
Գեղարուեստական բաժինին մէջ ելոյթ ունեցաւ Կարօ Աղազարեանը` «Լռեց, ամպերը» մեներգով:
Յայտագիրը վերջ գտաւ «Հայր մեր»-ով եւ Մեղրիկ սրբազանին «Պահպանիչ»-ով: