Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Հայրենի Կեանք

$
0
0

Պատրաստեց՝  ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

«Սարդարապատէն Արցախ» Խորագրով Համահայկական Շարադրութեան Եւ Նկարչութեան Մրցոյթ

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին նուիրուած 2018-ի ձեռնարկներու ծրագրի ծիրին մէջ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնները եւ Երեւանի քաղաքապետարանը կը կազմակերպեն «Սարդարապատէն Արցախ» խորագրով համահայկական շարադրութեան եւ նկարչութեան մրցոյթներ` հանրակրթական ուսումնական հաստատութիւններու եւ սփիւռքի հայկական կրթօճախներու աշակերտներուն համար: Շարադրութիւններուն եւ մրցոյթներուն ընդունման վերջնական թուականն է փետրուար 28-ը:

Արդիւնքները  պիտի ամփոփուին մարտի 3-րդ տասնօրեակին: Շարադրութիւններէն պիտի ընտրուին լաւագոյն 20-ը` Հայաստանէն եւ սփիւռքէն: Մրցանակային լաւագոյն շարադրութիւնները եւ նկարները կ’ընդգրկուին նախատեսուող ժողովածուին մէջ: Յաղթողներուն հետ լուսանկարներու շարք մը պիտի ցուցադրուի Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ, եւ լուսանկարները նոյնպէս պիտի ընդգրկուին ժողովածուին մէջ: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը մետալներ պիտի յանձնէ մրցանակակիրներուն:

Տեղեկացնենք, որ շարադրութիւնները պէտք է ներկայացնել Microsoft word-ով, 12 sylfaen տառաչափով, 2 սմ լուսանցքներով, տողերու միջեւ 1,5 սմ հեռաւորութեամբ, A4 ձեւաչափով, իսկ ծաւալը պէտք չէ գերազանցէ 2,5 էջը:

Երեւանի Մէջ Նշուեցաւ Բուն Բարեկենդանը. Տեղի Ունեցաւ Տօնական Քայլերթ

Փետրուար 11-ին Երեւանի մէջ նշուեցաւ Բուն Բարեկենդանը: Տեղի ունեցան տօնական քայլերթ եւ օրուան խորհուրդին նուիրուած այլ ձեռնարկներ:

Փետրուար 11-ին Արարատեան հայրապետական թեմի առաջնորդանիստ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ սկիզբ առաւ Բուն Բարեկենդանի տօնին նուիրուած տօնական քայլերթը, որուն մասնակիցները դիմակներով, երգով, պարով, ձիակառքի եւ հեքիաթի հերոսներու ուղեկցութեամբ, Մեսրոպ Մաշտոցի պողոտայէն քալեցին դէպի Ազատութեան հրապարակ:

Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ օրուան խորհուրդին համապատասխան ձեռնարկը` ազգային երգ ու պար, թատերական ներկայացումներ, կոխի ցուցադրութիւններ, խաղեր եւ մրցոյթներ:

Ըստ աւանդութեան, Բարեկենդանը, որ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ շարժական տօներէն է, կը նշուի Սուրբ Սարգիսի տօնէն մինչեւ Մեծ պահք: Տօնը կ՛աւարտի Բուն Բարեկենդանով, որ կը նշուի շաբաթապահքերու եւ Մեծ պահքի նախընթաց կիրակի օրը: Բարեկենդանին մարդիկ կը զուարճանան, կ՛երգեն, կը պարեն, ճոխ սեղաններ կը պատրաստեն, կը դիմակաւորուին, կը կազմակերպեն խաղեր եւ ներկայացումներ: Կը գործածեն յատկապէս իւղոտ ուտեստներ, մսեղէն եւ կաթնեղէն:

Տեառնընդառաջը Նշուեցաւ Գառնիի Տաճարին Մէջ

Փետրուար 13-ին «Գառնի»  պատմական մշակութային  արգելոց-թանգարանին մէջ  մեծ  հանդիսութեամբ նշուեցաւ Հայ առաքելական  եկեղեցւոյ տէրունական տօներէն մէկը` Տեառնընդառաջը:

«Պատմական մշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ի պաշտօնական կայքէն տեղեկացանք, որ տօնակատարութիւնը սկսած է Գառնի համայնքի Սուրբ Խաչ եկեղեցիէն: Ժամերգութենէն ետք  ճրագը, ազգային երգ ու պարի հնչիւններու ուղեկցութեամբ, տարուած է «Գառնի» արգելոց-թանգարան, ուր վառած են ծիսական խարոյկը եւ սկսած են գլխաւոր  ձեռնարկին:

Նշենք, որ ՊՈԱԿ-ի նախաձեռնութեամբ  եւ  Հայաստանի մշակոյթի նախարարի խորհրդական Արսէն Գրիգորեանի (Մրօ) աջակցութեամբ  իրականացուելիք ձեռնարկին ելոյթ ունեցան «Վերադարձ» ազգագրական երգի-պարի համոյթը, որ ներկաներուն հետաքրքրական մատուցմամբ ներկայացուց տօնին առնչուող աւանդոյթներ:

Երեւանի Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Պիտի Ցուցադրուի Մարտիրոս Սարեանի Եզակի Աշխատանքը

Հայաստանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով պիտի ցուցադրուի Մարտիրոս Սարեանի «Ծաղիկներ» աշխատանքը: Ապակիի վրայ կատարուած գործը ներկայացուած է «Մարտիրոս Սարեան» ժապաւէնին մէջ: Այս մասին տեղեկացուցին Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանի պաշտօնական էջին վրայ:

Յայտնենք, որ ցուցադրութիւնը պիտի սկսի փետրուար 28-ին, եւ պիտի շարունակուի մինչեւ մարտ 7-ը:

Թանգարանին մէջ այդ ընթացքին տեղի պիտի ունենայ նաեւ ժապաւէններու ցուցադրութիւն` «Մարտիրոս Սարեանը նկարում է ծաղիկներ», որ նկարիչին եւ իր ժամանակին մասին է: Կը նախատեսուի ցուցադրել նաեւ ժապաւէնին հետ կապուած այլ նիւթեր:

Յիշեցնենք, որ ժապաւէնը նկարահանած է «Հայֆիլմ»-ի մէջ, 1965-ին: Բեմադրիչը Լաերտ Վաղարշեանն է, նիւթին հեղինակը` Իլիա Էրենպուրկը, երաժշտութեան հեղինակը` Ղազարոս Սարեանը: Ժապաւէնէն հատուած մը թանգարանը հրապարակած է արդէն:

Հայաստանի Գրողներու Միութիւնը Մրցանակներ Կը Յանձնէ Գրողներու

Փետրուար 6-ին Հայաստանի Գրողներու միութեան շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Գրողներու միութեան ամէնամեայ եւ «Հրանդ ու Մանուշակ Սիմոնեաններ» հիմնադրամին կողմէ սահմանուած մրցանակներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Հայաստանի Գրողներու միութեան ամէնամեայ մրցանակաբաշխութեան անուանակարգերը մեր մեծ գրողներու անունները կը կրեն: Յովհաննէս Թումանեանի անուան մրցանակը յանձնուեցաւ գրականութեան մէջ մեծ վաստակ ունեցող գրող Նորայր Ադալեանին:

Դերենիկ Դեմիրճեանի անուան մրցանակին արժանացաւ Ռոլանտ Շառոյեանը: Աւետիք Իսահակեանի անուան մրցանակը բանաստեղծութեան անուանակարգին մէջ ստացաւ Սամուէլ Կոսեանը: Միքայէլ Նալբանդեանի անուան մրցանակը հրապարակախօսութեան բնագաւառին մէջ յանձնուեցաւ Տիգրան Նիկողոսեանին եւ Գրիգոր Ջանիկեանին: Նիկոլ Աղբալեանի անուան մրցանակը գրականագիտութեան ասպարէզին մէջ ստացաւ Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքի հայ գրականութեան ամպիոնի վարիչ Սամուէլ Մուրատեանը` Յովհաննէս Շիրազին նուիրուած մենագրութեան համար: Մրցանակներու արժանացան նաեւ արձակագիրներ` Ալիս Յովհաննիսեանը, Տիանա Համբարձումեանը, Արեւշատ Աւագեանը, Սուրէն Մուրատեանը, Թորոս Թորանեանը եւ ուրիշներ:

Հաղորդենք, որ այս տարի նոր հաստատուած` Յովհաննէս Խան-Մասեհեանի անուան մրցանակը թարգմանութեան ասպարէզին մէջ ստացաւ Արամ Արսէնեանը:

Հայաստանի Թանգարանները Միասնական Ելեկտրոնային Տոմսային Համակարգ Պիտի Ունենան

Հայաստանի թանգարանները միասնական ելեկտրոնային տոմսային համակարգ պիտի ունենան: Հայաստանի կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան համաձայն, այս մասին վարաչապետ Կարէն Կարապետեանին հետ հանդիպման ընթացքին յայտնած է մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանը:

Ան տեղեկացուցած է, որ կը նախատեսեն համակարգը 3 ամիսէն ներդնել Երեւանի մէջ, իսկ 7 ամիսէն` ամբողջ հանրապետութեան տարածքին:

Ամփոփելով 2017-ի մշակոյթի ոլորտի կարեւոր իրադարձութիւնները` նախարարը յայտնած է, որ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ Յովհաննէս Այվազովսկիի 200-ամեակին նուիրուած «Արարում» խորագրով ցուցահանդէսին այցելութիւններուն թիւը եղած է 46 հազար 207 մարդ. մէկ ամսուան ընթացքին պատկերասրահին եկամուտը կազմած է մօտաւորապէս 15 միլիոն դրամ:

Նախորդ տարուան ընթացքին ոլորտին մէջ իրականացուած է մօտաւորապէս 2,8 միլիոնի ներդրում. սեփական մարզի ներդրումը կազմած է 2,6, պետական համաֆինանսաւորումը մօտաւորապէս 103 հազար տոլար:

Սահմանամերձ 13 համայնքներու մէջ ստեղծուած է 13 կեդրոն, ուր անվճար հիմունքներով մօտաւորապէս 350 երեխայ ներգրաւուած է արուեստի տարբեր ճիւղերու խմբակներու մէջ:

Հայաստանը «Հերիթեճ» Հիմնադրամին Կողմէ Կը Նկատուի Տնտեսապէս Չափաւոր Ազատ Երկիր

«Հերիթեճ» հիմնարկի «Տնտեսական ազատութիւններ» զեկոյցին համաձայն, Հայաստանը 2018-ին չափաւոր ազատ երկիր ճանչցուած է:

44-րդ տեղը գրաւած Հայաստան յառաջ անցած է Լեհաստանէն, Պելճիքայէն եւ Հունգարիայէն` զիջելով զարգացած արեւմտեան երկիրներուն:

Ըստ հիմնարկի վերլուծաբան Թորի Ուայթինկի, զեկոյցը պատրաստողները նկատի առած են օրէնքի գերակայութիւնը, պետութեան կողմէ իրականացուող տնտեսութեան կարգաւորման աստիճանն ու շուկայի ազատութիւնը:

«Հայաստանը ունի նոյն հարցերը, որոնք բնորոշ են արեւելեան Եւրոպայի բազմաթիւ երկրներու, երբ հարցը կը վերաբերի կառուցուածքային բարեփոխումներու եւ օրէնքի գերակայութեան: Այդ օրէնքի գերակայութեան եւ դատական անկախութեան անբաւարար մակարդակն է այն կարեւոր բաժանարար սահմանը, որ կը տարբերէ իրական զարգացած երկրները` զարգացողներէն», կ՛ըսէ Ուայթինկ:

Նախկին խորհրդային երկիրներէն ցուցակի առաջատարներն են մերձպալթեան պետութիւնները եւ Վրաստանը: Անոնց կը հետեւին` Հայաստանը, Ղազախստանը եւ Ազրպէյճանը, որոնք յայտնուած են տնտեսապէս չափաւոր ազատ պետութիւններու ցուցակին մէջ:

«Թատրոն-Պոէզիան»` Քարվաճառի Մէջ

Փետրուար 4-ին Արցախի Շահումեանի շրջանի Քարվաճառի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան կեդրոնի դահլիճին մէջ ելոյթ ունեցաւ Համազգային թատրոնի դերասանուհի, Երեւանի շարժապատկերի եւ թատրոնի հիմնարկի դասախօս Տաթեւ Ղազարեանին ղեկավարած «Թատրոն-պոէզիա» դերասաններու խումբը: Ծրագիրը ներկայացում-ասմունք էր:

Ձեռնարկին սկիզբը Տաթեւ Ղազարեանը ողջունեց ներկաները: Ան արդէն երկրորդ անգամն էր, որ կը հանդիպէր քարվաճառեան հանդիսատեսին: Առաջին անգամ դերասանուհին հանդէս եկած էր Համազգային թատրոնի «44 աստիճանի վրայ» ներկայացման մէջ` խաղալով գլխաւոր դերերէն մէկը:

«Շատ ուրախ եմ կրկին հանդիպելով ձեզ: Այսօր իմ ուսանողներս ձեզի կը ներկայացնեն պոէզիա` ասմունքելով հայ մեծերու գործերէն», ողջունելով ներկաները` դերասանուհին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին` իրենց ներկայութեան համար: Ներկայացումը կազմուած էր հայ բանաստեղծներու` Պարոյր Սեւակի, Ռազմիկ Դաւոյեանի, Յովհաննէս Թումանեանի, Վահագն Դաւթեանի, Համօ Սահեանի ստեղծագործութիւններէն, որոնք փոխադարձաբար զիրար լրացնելով ու շարունակելով` կը պատմէին կարօտի, հայրենիքի, սիրոյ եւ երազներու մասին: Ներկայացման մէջ կարմիր գիծի նման կ՛անցնէին հայրենիքի կարօտը, ապրելու եւ սիրոյ մեծ ցանկութեան թեման: Ներկայացումը կ՛ուղեկցուէր երաժշտութեամբ:

Ներկայացման աւարտին դերասաններուն եւ կազմակերպիչներուն շնորհակալութիւն յայտնեց Շահումեանի շրջանի վարչակազմի ղեկավար Յարութ Մնացականեանը: «Ներկայացման խորհուրդը շատ խորն էր: Ան բոլորիս ալ մտածելու, խորհելու առիթ ընծայեց եւ իւրաքանչիւրիս սիրտին մէջ բան մը փոխեց», նշեց ան իր խօսքին մէջ:

Տեղեկացնենք, որ «Թատրոն-պոէզիա» խումբը այս օրերուն հիւրախաղերով հանդէս կու գայ Արցախի տարբեր շրջաններու` Մարտունիի, Մարտակերտի, Ստեփանակերտի մէջ: Յաջորդին խումբը ելոյթ պիտի ունենայ նաեւ Արցախի զօրամասերէն մէկուն մէջ: Հիւրախաղերը կ՛իրականացուին երգչուհի Շուշան Պետրոսեանի աջակցութեամբ:

Նշենք, որ Քարվաճառի մէջ հիւրախաղի կայացման աջակցած է շրջանի վարչակազմը:

Յունուար 2018-ին Հայաստանի Օդակայաններու Ուղեւորահոսքը Աճած Է` 9,1 Տոկոսո

Հայաստանի երկու օդակայաններու ուղեւորահոսքը յունուար 2018-ին կազմած է 189 հազար 177 մարդ, որ 9,1 տոկոսով կը գերազանցէ նախորդ տարուան նոյն ամսուան ցուցանիշը:

Յունուար 2018-ին Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանի ուղեւորահոսքը կազմած է 178 հազար 301 մարդ` 5,7 տոկոսով գերազանցելով նախորդ տարուան յունուար ամսուան ցուցանիշը: Իսկ Գիւմրիի «Շիրակ» օդակայանի ուղեւորահոսքը կազմած է 10 հազար 876 մարդ: 2017-ի նոյն ամսուան ուղեւորահոսքը կազմած էր 4624 մարդ:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>