Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով` Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ նշուեցաւ Եկեղեցիներու միութեան շաբաթը, որ կ՛երկարէր 18-25 յունուար: Այս առիթով, Մեսրոպեանի հոգեւոր վարիչի գրասենեակին կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ իւրայատուկ հաւաք մը, որուն ընթացքին Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտները ծանօթացան Հայ եկեղեցւոյ երեք յարանուանութիւններուն ամփոփ պատմութեան եւ եկեղեցիներու միութեան գաղափարին:
Հայ կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ կայացած սոյն հաւաքին խօսք առին` վերապատուելի Հրայր Չոլաքեանը, Փառէն ծ. վրդ. Վարդանեանը, Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Պերճ վրդ. Սապէն եւ Մեսրոպեանի հոգեւոր վարիչ Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեանը:
Հայ հոգեւորականները աշակերտներուն բացատրեցին, որ եկեղեցին մէկ է` տարբեր յարանուանութիւններով հանդերձ: Անոնք ներկայացուցին Հայ եկեղեցւոյ հաւատամքին հիմնական սկզբունքները, որոնք հայ հաւատացեալները կը միացնեն մէկ մարմնի մէջ, որուն գլուխը Յիսուս Քրիստոսն է: Շեշտուեցաւ այն միտքը, որ հայ եկեղեցական կազմակերպութիւնները կը հետապնդեն միեւնոյն նպատակը, որն է` ծանօթացնել մարդիկը Քրիստոսին, եւ զայն ընդունելով միայն կարելի է արժանանալ երկնային արքայութեան: Բանախօսները հաստատեցին, թէ այն, ինչ որ կը միացնէ քրիստոնեաները, անհամեմատելիօրէն աւելի մեծ է, քան այն, որ կրնայ բաժնել, ինչ որ կը հանդիսանայ վստահելի կռուան մը` եկեղեցւոյ զօրութեան:
Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեանը շնորհակալութիւն յայտնեց հաւաքին մասնակից եւ կազմակերպող բոլոր կողմերուն, ինչպէս նաեւ` Մեսրոպեանի կրօնի ուսուցչուհի Սալբի Քէշիշեանին եւ մաղթեց, որ Մեսրոպեանի աշակերտները միշտ ապրին ու մտածեն միութենական ոգիով:
Հաւաքը փակուեցաւ եկեղեցիներու միութեան համար կատարուած բարեմաղթական աղօթքով: