– Աւինիոնի Պապական Աթոռը
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Քաթալոնիոյ եւ Արակոնի թագաւոր Խուան Ա. էլ Քաչատորի կրտսեր եղբայրը` Մարթին լ՛Հումա (ազնիւ), եղբօր մահուան օրը` 19 մայիս 1396-ին հռչակուեցաւ Արակոնի, Վալենսիոյ եւ Մայորքայի թագաւոր եւ Պարսելոնայի կոմս:
Մարթին ծնած էր 29 յուլիս 1356-ին, Կիրոնա (այլ տուեալներու համաձայն` Փերփինիան) եւ Փերէ էլ Սերիմոնիոս թագաւորի եւ Էլէանոր թագուհիի երկրորդ որդին էր: Իբրեւ սեփական աւատ հայրը անոր տուած է Մոնպլանշի դքսութիւնը: Մոնպլանշ, ներկայ Մոնպլան, կը գտնուի Քաթալոնիոյ Թարրակոնա նահանգին մէջ, 350 մեթր բարձրութեան վրայ, Փրատէս լեռներուն մօտակայքը: Իսլամական տիրապետութեան ժամանակ զարգացած էին երկրագործութիւնն ու առեւտուրը: Կառուցուած էին գիւղեր եւ աւաններ, որոնք մինչեւ հիմա պահած են իրենց իսլամական անունները: Մոնպլանշ իսլամ, քրիստոնեայ եւ հրեայ խառն բնակչութիւն ունէր. հետագային իսլամներն ու հրեաները հեռացան:
Մարթին 13 յունիս 1373-ին Պարսելոնայի մէջ ամուսնացաւ Մարիա Լոփէս տէ Լունայի հետ: Մարիա արակոնցի էր, ծնած` 1358-ին եւ Լունայի սենիոր ու Սեկորպէի կոմս Լոփէի եւ Պրիանտա տը Կոթի դուստրն էր: Լունա աւանը կը գտնուի ներկայ Սարակոսա նահանգի Էխէա տէ լոս Քապալիերոս գաւառին մէջ, 477 մեթր բարձրութեան վրայ: Իսկ Սեկորպէ կը գտնուի Վալենսիոյ ներկայ Քասթելիօ նահանգին մէջ, 358 բարձրութեան վրայ. Փալանսիա գետը հիւսիս-արեւմուտքէն եւ հարաւ-արեւելքէն կը խաչաձեւէ շրջանը. հիւսիսը Սերրա տ՛Էսփատա, իսկ հարաւը` Սերրա Քալտերոնա լեռներն են: Պրիանտա տը Կոթ Փրովանսէն էր եւ Կղեմէս Ե. պապին մօտիկ ազգականը:
Մարիա Լոփէս ութ տարեկանին նշանուած էր Մարթինի հետ եւ պալատին մէջ, Էլէանոր թագուհիի շունչին տակ մեծցած ու դաստիարակուած էր:
Փերէ էլ Սերիմոնիոս թագաւոր 1380-ին Մարթինը Սիկիլիոյ ժառանգորդ հռչակած էր: Այդ ժամանակ Սիկիլիոյ թագուհին էր Մարիա, որ Ֆրետերիք թագաւորին եւ Քոնսթանսի անչափահաս դուստրն էր: Քոնսթանս Փերէ թագաւորին դուստրն էր: Այսպիսով Մարթին եւս կղզիին իրաւատէր ներկայացաւ:
***
Մարթին 1396-ին երբ գահ բարձրացաւ, Սիկիլիոյ մէջ երկու խմբակցութիւններ երեւան եկան: Ազնուականներէն ոմանք կ՛ուզէին որ Մարթինը ըլլայ իրենց թագաւոր, ոմանք ալ դէմ էին եւ պայքար կը մղէին: Սուր պայքարի այս մթնոլորտին մէջ Մարթին աշխատեցաւ հասկացողութեան գալ կողմերուն հետ եւ համաձայնութեամբ հարցերը լուծել, բայց ապարդիւն: Յետոյ թագաւորը իր որդին` Մարթին Կրտսերը Սիկիլիոյ թագաւոր հռչակեց:
Տակաւին Սիկիլիոյ իրաւատիրութեան հարցը չլուծուած, Մարիա Լոփէս տէ Լունա թագուհին ուզեց գահակից ըլլայ իր ամուսինին եւ բաժնեկցիլ իշխանութիւնը: Թագուհին իր կողմը շահեցաւ իրեն հայրենակից արակոնցի ազնուականներէն շատեր: Արակոնի մէջ Մարթինի դէմ շարժում մը սկսաւ: Թագաւորը կրկին անգամ աշխատեցաւ իրաւախոհութեան գալ եւ բանակցութեամբ լուծել հարցերը:
Նոյն օրերուն Ֆուայի կոմս Մաթէօ տը Ֆուա, որուն կինը` Խուանա, Խուան Ա. էլ Քաչատորի դուստրն էր, իրաւատէր ներկայացաւ Արակոնի գահին:
Խուանա ծնած էր 1375-ին, Սարակոսայէն հարաւ, Խիլոքա գետի հովիտին մէջ գտնուող Տարոքա գիւղին մէջ եւ 1392-ին Պարսելոնայի մէջ ամուսնացած էր կոմս Մաթէոյի հետ: Ֆուայի կոմսութիւնը կ՛ընդգրկէր հարաւային Ֆրանսայի Օսսիթանեան երկրամասին ներկայ Արիէժ նահանգը. Ֆուա աւանի բարձունքին կը գտնուի աւատական դղեակը:
Երբ հօրեղբայրը` Մարթին գահ բարձրացաւ, Խուանա պնդեց, որ Արակոնի գահը իր իրաւունքն է: Խուանայի խորթ քոյրը` Եոլանտ եւս իրաւատէր ներկայացաւ գահին: Եոլանտ 1400-ին ամուսնացաւ Նափոլիի թագաւոր եւ Անժուի դուքս Լուի Բ.ի հետ. անոնց զաւակները եւս հետագային իրաւատէր ներկայացան գահին:
Խուանա պայքարի սկսաւ, որ տեւեց տարիներ. ան փորձեց գոնէ Արակոնի թագուհիի ձեւական տիտղոսով գոհանալ, բայց չյաջողեցաւ եւ մահացաւ 1407 սեպտեմբերին, Վալենսիոյ մէջ:
Մարթին թագաւոր խաչակրութիւն մը կազմակերպեց, տարբեր աւատատէրերէ կռուողներ հաւաքեց եւ 1398-ին յարձակեցաւ հիւսիսային Ափրիկէի մաւրերուն վրայ: Կռիւները շարունակուեցան մինչեւ 1399: Քրիստոնեայ բանակը չյաջողեցաւ էական յաջողութիւն արձանագրել եւ քաշուեցաւ:
***
Մարթին թագաւորին հիմնական մտահոգութիւնը Սարտինիան էր: Արպորէայի իշխանութիւնը հզօր ուժ էր եւ թագաւորական զօրքերը քշուած էին կղզիին մեծ մասէն: Մարթին թագաւոր իր որդին` Սիկիլիոյ թագաւոր Մարթին Կրտսերի հրամայեց Սարտինիոյ վերագրաւումը:
Քաթալան բանակը Սարտինիա մտաւ 1409-ին եւ հասաւ Սանլուրի, որ ամրացուած քաղաք էր եւ ինքնապաշտպանութեան լայն հնարաւորութիւններ ունէր: Արպորէայի ուժերուն հրամանատարն էր դերկոմս Կիւյոմ տը Նարպոն: Կիւյոմ Մարիանուս Մեծի դուստր Պէաթրիսի որդին էր եւ Արպորէայի տիրոյթներուն ժառանգորդը: Ան 13 յունուար 1409-ին Օրիսթանոյի մէջ թագադրուած էր իբրեւ Արպորէայի թագաւոր, Կոսէանոյի կոմս եւ Պեսալուի դերկոմս:
Մարթին Կրտսեր անձնապէս կ՛առաջնորդէր իր բանակը: Իսկ Արպորէայի իշխանութեան բանակին մեծամասնութիւնը սարտինիացի վարձկաններ եւ ճենովացի աղեղնաւորներ էին: Ճենովացի աղեղնաւորները զինուորական բաժանմունքներ էին, որոնք Ճենովայի հանրապետութեան սահմանները կը պաշտպանէին եւ իբրեւ վարձկան կը կռուէին այլ պետութիւններու հաշուոյն. մարզուած էին թէ ցամաքի վրայ եւ թէ ծովու վրայ կռիւներու համար եւ զինուած էին նետով, աղեղով, դաշոյնով, ունէին սաղաւարտ, զրահ, լանջապանակ եւ վահան. անոնց հրամանատարները ճենովացի ազնուականներ էին:
Քաթալան եւ Արպորէայի բանակներուն միջեւ վճռական գօտեմարտը տեղի ունեցաւ 30 յունիս 1409-ին: Քաթալաններ սկիզբը մեծաթիւ զոհեր տուին, բայց յետոյ կրցան Արպորէայի բանակը երկուքի բաժնել եւ յաջորդական երկու ճակատամարտերու ընթացքին զատ զատ նուաճել: Կիւյոմ իր ուժերուն մնացորդները հաւաքելով Քամփիտանօ դաշտի մէջ, Քակլիարիէն 50 քիլոմեթր հիւսիս-արեւմուտք, Սարտարա գիւղին մօտակայ Մոնրէալի ամրոցը քաշուեցաւ, ուր շարունակեց դիմադրութիւնը. սարտինիական այլ ուժեր ալ գերի ինկան: Կղզիի բնակիչներէն շատեր սուրի քաշուեցան:
Մարթին Կրտսեր, դեղնախտէ վարակուած, քանի մը օր ետք, 25 յուլիսին մահացաւ Քակլիարիի մէջ:
Կիւյոմ տը Նարպոն Լէոնարտօ Քուպելլոն իրեն փոխանորդ նշանակեց Սարտինիոյ մէջ եւ վերադարձաւ Ֆրանսա: Լէոնարտօ ամրացաւ Օրիսթանոյի մէջ եւ շարունակեց դիմադրութիւնը: Կիւյոմ Սարտինիա վերադարձաւ 1410-ի գարնան եւ Սասսարին իրեն մայրաքաղաք հռչակեց: Նիքոլօ Տորիայի զօրակցութիւնը ապահովելէ ետք ան վերակազմեց իր ուժերը, յարձակման անցաւ եւ 9 օգոստոսին վերագրաւեց Լոնկոսարտոն: Իր կարգին Փետրօ Թորրելէս կը կռուէր թագաւորական բանակին դէմ եւ կը պաշտպանէր Օրիսթանոն եւ Ալկհերոն: Բայց Փետրօ յետոյ դեղնախտէ վարակուելով մահացաւ 1411-ին: Կիւյոմ 1411 մայիսին մտաւ Ալկհերօ, բայց քաղաքացիք, յաւելեալ արիւնահեղութենէ խուսափելու եւ պատերազմին վերջ տալու նպատակով դուրս քշեցին զայն: Կիւյոմ, տեսնելով որ այլեւս հնարաւորութիւն չկայ, անձնատուր եղաւ: Հետագային ան Արպորէան հարիւր հազար ֆլորինի ծախեց Արակոնի գահին եւ հրաժարեցաւ իր բոլոր իրաւունքներէն:
Զաւկին` Մարթին Կրտսերի մահէն ետք Մարթին լ՛Հումա առաւ նաեւ Սիկիլիոյ թագաւոր տիտղոսը: Այնուհետեւ սկսաւ խաղաղութեան շրջան մը:
***
Մարթին թագաւոր զօրավիգ կանգնեցաւ Աւինիոն հաստատուած պապական աթոռին: Արդարեւ Կղեմէս Ե. պապ 1309-ին իր աթոռը Հռոմէն Ֆրանսայի Աւինիոն քաղաքը փոխադրած էր: Աթոռը Աւինիոն մնացած էր մինչեւ 1377, եօթը պապերու ժամանակ, մինչեւ որ Գրիգոր ԺԱ. կրկին Հռոմ հաստատուած էր: Գրիգոր ԺԱ. վախճանած էր 1378 մարտին, որմէ ետք երկու պապեր միաժամանակ ընտրուած էին. Ուրբանոս Զ. Հռոմի մէջ եւ Կղեմէս Է. Աւինիոնի մէջ: Այսպէս սկսած էր Արեւմտեան հերձուած կոչուած պառակտումը: Աւինիոնի աթոռին կապուած էին Ֆրանսա, Պուրկունտի, Սաւուա, Արակոն, Քաթալոնիա, Նաւարա, Սիկիլիա, Քասթիլիա եւ Լէոն: Իսկ Հռոմի աթոռին կապուած էին Հռոմէական Սրբազան կայսրութիւնը (Գերմանիա, Աւստրիա, Զուիցերիական հողեր), իտալական քաղաքներ, Լեհաստան, Հունգարիա, Փորթուգալ, Դանիա, Նորվեկիա, Շուէտ, Ֆլանտրիա եւ Անգլիա:
Հռոմի մէջ Ուրբանոս Զ.ի յաջորդեցին Բոնիփակիոս Թ. 1379-ին, Իննովկենտիոս Է. 1404-ին եւ Գրիգոր ԺԲ. 1406-ին:
Աւինիոնի մէջ Կղեմէս Է.ի յաջորդեց Պենետիքթոս ԺԳ.: Ան արակոնցի էր, բուն անունով` Փետրօ Մարթինէս տէ Լունա, ծնած` 1328-ին, Սարակոսայի շրջանի Իլուէքա գիւղը: Լունաները (լատիներէն կը նշանակէ լուսին) ազնուական տոհմ էին եւ Արակոնի բարձր ազնուականութեան շարքին կը դասուէին: Փետրօ Մարթինէս Մոնփելիէի համալսարանին մէջ հմտացած էր եկեղեցական օրէնսգիտութեան մէջ: Գրիգոր ԺԱ. պապ 1375-ին զայն Հռոմի Սանթա Մարիա ին Քոստեմին եկեղեցիի կարտինալ-սարկաւագ կարգած էր:
Փետրօ տէ Լունա եւ այլ կարտինալներ 1377-ին Գրիգոր ԺԱ. պապին հետ Աւինիոնէն Հռոմ վերադարձան: Երբ Գրիգոր ԺԱ. վախճանեցաւ 27 մարտ 1378-ին, Հռոմի բնակիչները ընդդիմացան ֆրանսացի պապի մը ընտրութեան եւ 9 ապրիլին Պարիի արքեպիսկոպոս Պարթոլոմէօ Փրիկնանոն ընտրեցին, որ առաւ Ուրբանոս Զ. անունը: Կարտինալներէն ոմանք ընդդիմացան նոր պապին եւ Ֆոնտիի մէջ 20 սեպտեմբեր 1378-ին ընտրեցին Ռոպէր տը Ժընեւը, Ժընեւի կոմս Ամատէուսի որդին, որ առաւ Կղեմէս Է. անունը եւ իր աթոռը Աւինիոն հաստատեց:
Կղեմէս Է. Արակոնի, Քաթալոնիոյ, Նաւարացի, Քասթիլիոյ եւ Փորթուգալի մէջ պապական նուիրակ նշանակեց Մարթինէս տէ Լունան: Շնորհիւ իր ուժեղ կապերուն Մարթինէս մեծ հեղինակութիւն ձեռք ձգեց: 1393-ին պապը զայն Ֆրանսայի, Պրապանթի, Ֆլանտրիոյ, Սկովտիոյ, Անգլիոյ եւ Իրլանտայի մէջ նուիրակ նշանակեց: Կղեմէս Է. վախճանեցաւ 16 սեպտեմբեր 1394-ին, որմէ ետք ֆրանսացի տասնմէկ, իտալացի ութ, սպանացի չորս եւ մէկ սաւուացի կարտինալներ Աւինիոնի մէջ 28 սեպտեմբերին Մարթինէս տէ Լունան պապ ընտրեցին, որ առաւ Պենետիքթոս ԺԳ. անունը:
Պենետիքթոս ԺԳ. 1396-ին Սանչէս Մունիոսը Վալենսիա ուղարկեց, սպանական պետութիւններուն նեցուկը ապահովելու համար: Մարթին թագաւոր զօրավիգ կանգնեցաւ Աւինիոնի աթոռին եւ Պենետիքթոս ԺԳ.ի գլխաւոր աջակիցը դարձաւ:
Ֆրանսայի թագաւորութիւնը 1398-ին ընդդիմացաւ Պենետիքթոս ԺԳ.ի, որ իր կարգին հակադարձեց` կարգալոյծ հռչակելով տասնեօթը կարտինալներ: Հակամարտութիւնները սրեցան եւ Ժոֆրի Պուքիքոյի ղեկավարութեամբ ֆրանսական ուժեր մտան Աւինիոն եւ պաշարեցին պապական պալատը: Պաշարումը տեւեց հինգ տարի, մինչեւ որ 12 մարտ 1403-ին Պենետիքթոս ԺԳ. հեռացաւ Աւինիոնէն եւ Անժուի դուքս Լուի Բ.ի մօտ ապաստան գտաւ:
Մարթին թագաւոր զօրավիգ կանգնեցաւ Պենետիքթոս ԺԳ.ի, զօրք ղրկեց եւ իր ամբողջ հեղինակութիւնը ի գործ դրաւ վերահաստատելու համար զայն իր աթոռին վրայ:
Իր հաւատարիմներուն գլուխը անցած Պենետիքթոս ԺԳ. վերադարձաւ Աւինիոնի եւ վերահաստատեց իր իշխանութիւնը: Կարտինալները կրկին անգամ հաւատարմութիւն խոստացան անոր: Ֆրանսա, Սկովտիա, Քասթիլիա, Փորթուգալ եւ Սիկիլիա վերահաստատեցին զայն իբրեւ օրինաւոր պապ:
Հռոմի Իննովկենտիոս Է. պապ վախճանեցաւ 1406-ին, որմէ ետք անոր յաջորդը` Գրիգոր ԺԲ. բանակցութեան մէջ մտաւ Պենետիքթոսին հետ: Որոշուեցաւ նոր պապ մը ընտրել եւ վերջ տալ հերձուածին: Վերջնական համաձայնութիւնը գոյացաւ 1408-ին: Ֆրանսայի Շարլ Զ. թագաւոր յայտարարեց որ ինք չէզոք կը մնայ պապական հարցերուն մէջ եւ առաջարկեց նոր ժողով մը գումարել:
Փիզայի ժողովը բացուեցաւ 25 մարտ 1409-ին, երկու պապերն ալ չճանչնալու սկզբունքով, զորս յունիս 5-ին հերձուածող հռչակեց եւ յունիս 26-ին Պետրոս Ֆիլարկոսը ընտրեց, որ առաւ Ալեքսանտր Ե. անունը: Այս ընտրութիւնը ուրիշ արդիւնք չունեցաւ, բացի այն որ երրորդ պապ մըն ալ աւելցաւ: Ալեքսանտր Ե. 1410-ին վախճանեցաւ եւ իրեն յաջորդեց Պալտասսարէ
Քոսսա, որ առաւ Յովհաննէս ԻԳ. անունը:
***
Մարթին թագաւորի եւ Մարիա թագուհիի զաւակներն են` Մարթին Կրտսեր (1374-1409) եւ Խայմէ, Խուան եւ Մարկարիթ, որոնք իրենց մանկութեան մահացած էին:
Մարթին Կրտսերի մահէն ետք թագաւորը իր զարմիկը` Ուրկէլի կոմս Խայմէն Արակոնի գահին ընդհանուր կառավարիչ նշանակեց:
Մարիա տէ Լունա թագուհին քաղաքական աշխուժ գործունէութիւն ունէր եւ ազդեցիկ էր: Ան աղքատներուն, տնանկներուն բարերար էր, պատսպարած էր հրեայ եւ իսլամ գաղթականներ եւ վերջ տուած էր ազնուական տուներու միջեւ կռիւներուն: Ան մահացաւ 1406 դեկտեմբերին, Վիլլարէալի մէջ, դէպի Վալենսիա ճանապարհորդութեան մը ընթացքին: Ժողովուրդը զայն պատուեց Լա Կրանտէ (մեծ) տիտղոսով:
Մարթին թագաւոր երկրորդ անգամ 17 սեպտեմբեր 1409-ին ամուսնացաւ Մարկարէթ Փրատէսի հետ, որ Էնթենսայի պարոն Փերէի դուստրն էր:
Մարթին լ՛Հումա թագաւոր մահացաւ 31 մարտ 1410-ին, Պարսելոնայի մօտակայ Վալտոնսելիայի վանքին մէջ, անորոշ պայմաններու տակ: Իր մահով վերջ գտաւ Պարսելոնայի տան իշխանութիւնը: