Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Քաղաքական Անդրադարձ. Ամերիկեան Միջազգային «Ազատական» Կարգավիճակին Անկումը

$
0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

1919-ին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն իր նշանաւոր ազատ ինքնորորոշման ազատական գաղափարներով փորձ մը կատարեց վերադասաւորելու միջազգային յարաբերութիւնները: Սակայն անոր փորձը բախեցաւ ֆրանսական եւ անգլիական գաղութատիրական գաղափարներուն: Հակառակ անոր որ Ազգերու լիկան ստեղծուեցաւ, սակայն անիկա անկարող եղաւ դէմ դնելու մեծ պետութիւններուն կայսերապաշտական ծրագիրներուն: 1919-1945 թուականերուն որոշ անիշխանականութիւն մը կար միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ, մինչեւ որ 1945-ին վերջ գտաւ Համաշխարհային Բ. պատերազմը: Պատերազմէն ետք Անգլիա եւ Ֆրանսա կորսնցուցած էին իրենց ուժը, եւ յետպատերազմեան ժամանակաշրջանին աշխարհը ականատես եղաւ Պաղ պատերազմին, որ տեւեց մինչեւ 1990, եւ որուն գլխաւոր հակադիր բեւեռներն էին Միացեալ Նահանգները եւ Խորհրդային Միութիւնը:

Արդեօք Պաղ պատերազմի օրերուն աւելի ապահո՞վ էր աշխարհը, թերեւս, սակայն ուժերու որոշ հաւասարակշռութիւն մը կար «ազատական» եւ «համայնավար» աշխարհներուն միջեւ: Միացեալ Նահանգները եւ Խորհրդային Միութիւնը երբեք ուղղակի պատերազմի մէջ չմտան, այլ կ՛օգտագործէին ուրիշ երկիրներ, եւ փոխանորդաբար պատերազմներ տեղի կ՛ունենային, ինչպէս, օրինակ Վիեթնամի եւ Աֆղանիստանի մէջ: Պաղ պատերազմը վերջ գտաւ 1990-ին, երբ խորհրդային վարչակարգը Կորպաչովի օրով փլուզման ենթարկուեցաւ, եւ«ազատական» աշխարհը, Ամերիկայի գլխաւորութեամբ,  յաղթանակ յայտարարեց: Սակայն այս յաղթանակը երկար չտեւեց, հակառակ անոր որ միջազգային յարաբերութիւնները սահմանափակուեցան Միացեալ Նահանգներու քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական ուժերուն մէջ: Միաբեւեռ համակարգ մը ստեղծուեցաւ, սակայն 2003-ի իրաքեան պատերազմով Միացեալ Նահանգներ կը մտնէին մութ անդունդի մը մէջ:

Սակայն այստեղ կարեւոր է նշել, որ նախքան Իրաք ներխուժումը` արդէն իսկ Միացեալ Նահանգներ քաղաքական մարտահրաւէրներու առջեւ կը գտնուէին միջազգային գետնի վրայ: Քաղաքագէտ Ժերոյտ Օթուաթալ իր «Քննական աշխարհաքաղաքականութիւնը» (1996) խորագրեալ գիրքին մէջ կը պատասխանէ այն հարցումին, որ եթէ իսկապէս Միացեալ Նահանգները կրցան վերաձեւաւորել միջազգային կարգավիճակը 1991-էն մինչեւ 2003, ինչո՞ւ ի յայտ եկաւ, որ Ամերիկան նոյնիսկ Արեւմուտքի մէջ իր դաշնակիցներուն հետ քաղաքական տարակարծութիւններ ունէր, եւ եւրոպական երկիրները կը փորձէին որոշ հեռաւորութիւն մը պահել իրենց եւ ամերիկեան քաղաքականութեան միջեւ: Օրինակ, նախկին Եուկոսլաւիոյ պատերազմին ընթացքին (1989-1994), Միացեալ Նահանգներ դէմ էին, որ երկիրը քայքայուէր եւ բաժանումներու ենթարկուէր, սակայն միեւնոյն ատեն կը ջանային կասեցնել սերպական ազգայնականութիւնը: Իսկ Ամերիկայի դաշնակից Գերմանիան կը ջանար ամէն գնով բաժնել Խորուաթիան եւ Սլովենիան, որովհետեւ այս երկու շրջաններուն մէջ գերմանական ընկերութիւնները  առեւտրական հսկայական ներդրումներ ունէին: Այլ տարակարծութիւն մըն էր 2003 թուականին Իրաք ներխուժումը Միացեալ Նահանգներու եւ Մեծն Բրիտանիոյ կողմէ, որոնց ընդդիմացած էր Ֆրանսան:

2003-էն մինչեւ «Արաբական գարուն»-ի պայթումը յստակ դարձաւ, որ Ամերիկան իր հզօրութիւնը կորսնցուցած էր: Յիշենք` 2008-ի Վրաստան-Ռուսիա պատերազմը, Հըզպալլայի ռազմական գործողութիւնները 2006-ին եւ 2008-ին, 2014-ին Ռուսիոյ կողմէ Ուքրանիոյ դէմ շղթայազերծուած պատերազմը, Չինաստանի հզօրացումը, Թուրքիոյ արեւելամէտ քաղաքականութիւնը, Իրանի քաղաքական ներթափանցումը Իրաք, Եմէն եւ Սուրիա, ինչպէս նաեւ` Ռուսիոյ դերը սուրիական տագնապին մէջ. այս բոլորէն ետք հարց կու տանք, թէ ու՞ր են Միացեալ Նահանգները:

2016-ին նախագահ Տոնալտ Թրամփի պաշտօնավարութեան ստանձնումով յստակ դարձաւ, որ Միացեալ Նահանգներ այլեւս չէին հետապնդեր «ազատական» քաղաքականութիւն, այլ, ընդհակառա՛կն, ի հեճուկս բոլոր պնդումներուն, շրջանային նոր ուժեր մէջտեղ եկան, ինչպէս` Իրանը, Ռուսիան, Թուրքիան, Չինաստանը եւ Հնդկաստանը, որոնք ամէն գնով կը փորձեն հաւասարակշռել ամերիկեան քաղաքականութիւնը իրենց շրջաններուն մէջ, եւ այսօր միջազգային մակարդակի վրայ ստեղծուած է բազմաբեւեռ դրութիւն մը: Անշուշտ, թէ որքանո՛վ դրական կամ ժխտական է այս վիճակը, կանուխ է վճռելու, սակայն ներկայիս քաղաքական վերլուծաբաններ կը զգուշացնեն միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ անիշխանութենէ մը: Այս տեսակէտին կը հաւատայ Ռոպերթ Քափլան, որ իր «Եկող անիշխանութիւնը» խորագրեալ գիրքին մէջ կը վերլուծէ համաշխարհային մարտահրաւէրները, որոնք կրնան ի յայտ գալ, եթէ Միացեալ Նահանգներ տկարանան, եւ «ազատական» կարգավիճակը վերացուի ու փոխարինուի ոչինչով, որ կը ստեղծէ անիշխանութիւն մը` դուռ բանալով նոր պատերազմներու, այս անգամ` հզօր երկիրներու միջեւ:

Թերեւս պէտք է սպասել, սակայն այս նոր կարգավիճակով Միացեալ Նահանգներ իրենց նախկին ճկունութիւնը կորսնցուցած են, եւ կարգը եկած է այլ երկիրներու, որ առաջնորդեն միջազգային յարաբերութիւնները, սակայն որքանո՞վ անոնք անկախ դիրքորոշում ունին եւ իրենց սահմանափակ ուժերով պիտի կարենան հաւասարակշռել Ամերիկան: Ամերիկայի «ազատական» միջազգային կարգավիճակը անկումի մէջ է, սակայն ան տակաւին կանգուն կը մնայ:

Yeghia.tash@gmail.com

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>