Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Անդրադարձ. 1918-ի Մայիսեան Դրուագներ Ա.

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Արշաւիր (Աշօ) Շահխաթունի (1885-1957) (1)1918-ին նշանակուած է Երեւանի զինուորական պարետ` հրամանատար եւ պաշտօնավարած` մինչեւ 1920-ի վերջերը, անդամակցած է ՀՅԴ-ի: Ստորեւ կարգ մը յապաւումներով կը ներկայացնեմ «Արամը» (2) գիրքէն  «Սարդարապատի հերոսամարտը եւ մահափորձ Արամ փաշայի դէմ» իր յուշագրութենէն բաժիններ` արեւմտահայերէնի վերածելով եւ խառն շարքով:

Ա.- «Քանի մը վայրկեան ետք եկաւ ճարտարագէտ Մալխասեանը եւ յայտնեց, որ քաղաքէն դուրս տանող ջուրի խողովակները վնասուած են, եւ որ հարկաւոր էր վեց հոգի` նորոգութեան համար:

«Սա մեր տեղի թաթարներուն գործն էր: Հարցուցի, թէ արդեօք կրնայի՞ն թունաւորել ջուրը:

Արշաւիր Շահխաթունի ձախին

Ջուր կրող էշեր

«Չեմ կարծեր,» – ըսաւ Մալխասեանը, – «որովհետեւ ջուրի ճնշումը շատ ուժեղ է: Բայց եւ այնպէս, առ այժմ կրնանք ամբարներու պահեստի ջուրը գործածել քաղաքացիներուն համար` սպասելով քանի մը օր: Ջուրի համար ուրիշ գաղափար եւս ունիմ, այն է` գտնել 200-300 էշ եւ տիկերու միջոցով զինուորներուն ջուր տեղափոխել»:

«Ես կը գտնեմ էշեր ըսի ու յանկարծ յիշեցի, որ փաստաբան Ենգիպարեանը, 50 տարեկան մարդ մը, յաճախ կու գար եւ Արամէն կը խնդրէր, որ հայրենիքի ծառայութեան համար իրեն աշխատանք մը տրուի: Արամը կ՛ըսէր «լաւ, լաւ», բայց միշտ կը մոռնար: Ի՞նչ աշխատանք կրնար կատարել Ենգիպարեանը: Մալխասեանէն խնդրեցի սպասել մօտս` մինչեւ բանուորներուն գալը եւ այդ ժամանակամիջոցին հեռաձայնեցի Ենգիպարեանին, որ անմիջապէս պարետանոց գայ:

«15 վայրկեան չանցած, հերթապահը յայտնեց, որ Ենգիպարեանը եկած է: Ան յուզուած եւ գոհ ժպիտով ներս մտաւ:

Պր. Ենգիպարեան, ըսի,- մեր ջուրը վտանգուած է: Մանրամասնութիւնները յետոյ կը պատմեմ ձեզի: Անմիջապէս ըսեմ, որ մեզի համար պէտք է 200 էշ գտնել:

– Երեւանի մէջ է՞շը կը պակսի. 200-ն ալ կը գտնեմ, 400-ն ալ:

– Ուրեմն դուք այդ գործով զբաղեցէք:

– Բայց վաւերաթուղթ մը կ՛ուզեմ, որ կարենամ այդ պաշտօնագիրով էշերը զինուորական գրաւումի ենթարկել:

– Ի հարկէ, այդ թուղթը կու տամ:

«Յանձնարարեցի քարտուղար սպային, որ անմիջապէս պատրաստէ այդ թուղթը` հետեւեալ բովանդակութեամբ.

«Պր. Ենգիպարեանը այս հրամանագիրի հիման վրայ նշանակուած է էշերու կոմիսար (լիազօր պաշտօնեայ- ՅՉ): Կ՛առաջարկեմ գոհացում տալ անոր» :

«Տեսայ, որ Մալխասեանը չէր կրնար իր ծիծաղը զսպել: Ենգիպարեանը ըսաւ. «Քիչ մը անյարմար է այդպիսի գրութիւն: Բայց ոչինչ, հայրենիքի համար կ՛ընդունիմ նաեւ էշերու կոմիսար դառնալ»:

«Սեղմեցի անոր ձեռքը եւ ըսի` «Դէպի աշխատանք»:

«24 ժամ ետք 600 էշ կանգնած էր կայարանին մէջ` Մալխասեանի տրամադրութեան տակ» :

Երեւանի հիւանդանոցը 1919-ցարդ

Մայրեր թուղթ կը խաղան

Բ.- «Ժողովուրդը իր ժամանակը մեծ մասամբ հրապարակին (Երեւանի- ՅՉ) վրայ կ՛անցընէր, եւ այս զանազան գրգռութիւններու առիթ կրնար ստեղծել: Հրաման տուի, որ արգիլուած է ժամը 9-էն (21:00- ՅՉ) ետք տունէն դուրս ելլել` բացի բժիշկներէն եւ  աշխատաւորներէն, որոնք պէտք էր ունենային մասնաւոր արտօնագիր:

«Իմ խեղճ մայրս շատ կը սիրէր թուղթ խաղալ: Կը հաւաքուէին տիկին Ջանմեանի տունը` պարետանոցէն ոչ հեռու, ժամը 5-էն մինչեւ 8-ը: Երեկոյ մը այնպէս պատահած է, որ խօսքի բռնուած են եւ խաղը շարունակած` մինչեւ ժամը 9-ը: Երբ մայրս պատրաստուեր էր մեկնելու, անոր զգուշացուցած էին, որ շատ վտանգաւոր է այդ ժամուն դուրս ելլել, եւ որ` պահակները կրնան չճանչնալ զինք: Ան պատասխանած էր, որ իբրեւ պարետի մայր` իրեն վնաս չեն հասցներ:

«Ճամբան պարետանոցի սպաներէն մէկը տեսած էր զայն եւ` խնդրած, որ ընկերակցէր իրեն մինչեւ պարետանոց: Այդ միջոցին յանկարծ տեսած են զիս ինքնաշարժով: Միայն մայրս իսկոյն ճանչցած էր զիս: Բայց ես տակաւին չէի տեսած զինք: Մօտեցայ եւ տեսայ, որ մայրս էր: Ամենայն պաղարիւնութեամբ հարցուցի. «Ի՞նչ պատահած է, ի՞նչ իրաւունքով տունէն դուրս եկած էք: Ժամը 9-ը անցած է արդէն»:

Հ.Հ. կեդրոնական դրամատունը 1918-1920

Երեւանի հիւանդանոցը 1919-ցարդ

«Նախ սպային խիստ նկատողութիւն ըրի, որ իրաւունք չունի ընկերակցելու մօրս, որովհետեւ պարետի կամ ոեւէ մէկուն մայրը, կինը, ո՛վ որ ալ ըլլար, օրէնքի առջեւ տարբեր չէ միւս քաղաքացիներէն: «Իսկ ձեզ, տիկի՛ն, կ՛առաջարկեմ անմիջապէս երթալ պարետանոց եւ բանտարկութեան ենթարկուիլ մինչեւ առաւօտ»:

«Մայրս ապշած ինծի նայեցաւ եւ ծիծաղելով ըսաւ. «Գժուա՞ծ ես»:

«Խելքս տեղն է, տիկի՛ն: Կ՛առաջարկեմ, որ հետեւիս ինծի»:

«Հերթապահին յանձնեցի մայրս եւ ըսի, որ իմ սենեակը տրամադրէ անոր եւ չթողնէ դուրս ելլել: Առաւօտուն կանուխ ուղարկեցի տուն: Քաղաքացիները արդէն իմացած էին դէպքին մասին եւ շատ գոհ ժպիտով կը բարեւէին զիս այդ առաւօտ:

Գ.- «1918 մայիսի կէսերուն էր: Լուր ստացած էինք, որ թուրքերը խզած են կնքուած զինադադարի պայմանագիրը: Բայց այդ մասին որեւէ պաշտօնական հաղորդագրութիւն չկար: Անոնք առանց նախազգուշացումի սկսած էին յառաջանալ դէպի Աղինի եւ Անիի ճակատը:

«Այդ յառաջխաղացումին մասին իմացայ զօրավար (Մովսէս- ՅՉ) Սիլիկեանէն` հեռախօսով: Առաւօտեան ժամը հինգն էր. զօրավարը շատ մտահոգ էր եւ ընկճուած ձայնով կը խօսէր. «Թուրքերը կը յառաջանան դէպի Սարդարապատ` Քարխուն ճակատէն: Ալեքսանդրապոլէն (Գիւմրի- ՅՉ), Անիէն եւ Աղինէն կտրուած ենք: Պահեստի ոեւէ զինուոր չունիմ թշնամիին դիմադրելու համար: Կարելին ըրէ՛ք անմիջապէս ինծի հասցնելու ձեր տրամադրութեան տակ եղած պահեստի զինուորները, ինչպէս նաեւ` պաշար, փամփուշտ, ռազմամթերք եւայլն: Յայտնեցէք Արամ փաշային գաղտնապէս, որ պիտի աշխատիմ նահանջել դէպի Քարխունի ճահիճները եւ ամրանալ Թոզ-Թեփելերի վրայ: Դուք ամրացուցէք Երեւանը: Տեղի մի՛ տաք շփոթութեան եւ իրարանցումի: Միեւնոյն ժամանակ ծածկագիր հեռագրած եմ Արամ փաշային, որ համոզէ կաթողիկոսին` թողել Էջմիածինը եւ երթալ իր ամարանոցը»:

«Կը լսեմ, զօրավա՛ր, կարելին եւ անկարելին կ՛ընեմ ձեր հրամանները անմիջապէս կատարելու: Կաթողիկոսի տեղափոխութեան մասին Արամ փաշային պէտք եղածը կ՛ըսեմ, եւ ինչ որ կարող եմ ուղարկել` իբրեւ զինուորական պահեստի ուժ, ռազմամթերք եւ այլն, կ՛ուղարկեմ շուտով:

«Զօրավարը շատ յուզուած` խեղդուած ձայնով ըսաւ. «Աստուած ձեզի հետ ըլլայ, հայրենիքը չի մոռնար ձեր կատարածը»:

«Այս հեռախօսի հաղորդագրութեամբ ես ապրեցայ կեանքիս ամէնէն դժբախտ օրերը: Այդ պահուն կինս եկաւ: Գիտէի, որ ան քաջ էր: Անոր պատմեցի զօրավարին ըսածը եւ ըսի, որ շուտով դուրս պէտք է ելլեմ` պահանջուած զինուորներն ու ռազմամթերքը անմիջապէս ռազմաճակատ հասցնելու համար:

«Քանի մը ժամ ետք տրամադրելի վաշտերը ճամբու դրի եւ անոնց հետ պէտք եղած ռազմապաշարը ուղարկեցի:

«Այստեղ պէտք է աւելցնեմ, որ Արամը այդ օրերուն աներեւակայելի եռանդ ցոյց կու տար բանակի կազմակերպումին եւ ինքնապաշտպանութեան համար` ամէն կողմ ուղարկելով երիտասարդ ուժեր քարոզչութիւն կատարելու, որ հայ ժողովուրդին համար ստեղծուած է «լինել չլինելու հարցը»: Գիշերները չէր քնանար, մինչեւ առաւօտեան ժամը 3-ը ոտքի վրայ էր: Ամէն հարցի մէջ կը մտնէր, որպէսզի ամէն ինչ իր կարգադրութեամբ ըլլար: Յոյս կու տար բոլորին, եւ անոր այս ընթացքը յոյս կը ներշնչէր ժողովուրդին:

«Ընդհանրապէս ես տուն կը վերադառնայի առաւօտեան ժամը 3-ին: Արամին կինը (բժ. Կատարինէ- ՅՉ) ինծի կ՛ըսէր. «Աշօ ջան, երբ որ Արամը առաւօտեան ժամը 3-ին ինքնաշարժի ձայնը կը լսէ կ՛ըսէ. «Աշոն քնանալու գնաց, ուրեմն ամէն ինչ կարգին է»:

7 Փետրուար 2018
(Շար. 1)

—————————–

(1)  (https://hy.wikipedia.org/wiki/Արշավիր_Շահխաթունի)

(2)  «Արամը», հրատարակութիւն ՀՅ Դաշնակցութեան, 1969, տպարան Համազգային էջ 508-521:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>