Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Սթրազպուրկի Դահլիճէն

$
0
0

Յիշատակելի էր Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի յունուար 24-ի ելոյթը Սթրազպուրկի մէջ, Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական ժողովին առիթով: Բաւական երկար էր Սարգսեանի խօսքը, որ կ՛ընդգրկէր թէ՛ արտաքին ու թէ՛ ներքին եւ ընդհանրապէս կովկասեան տարածաշրջանը հետաքրքրող քաղաքական զանազան նիւթեր:

Բնականաբար օրակարգի վրայ առաջնահերթ էր այն հաստատումը, որ Հայաստան, ստորագրած ըլլալով Եւրոմիութեան հետ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը, արդէն իսկ գործի լծուած է բազմազան բնագաւառներու մէջ` արդիւնաւէտ աշխատանքի ձեռնարկելու փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի մէջ:

Հայաստանի  նախագահը մանրամասնօրէն անդրադարձաւ մարդկային իրաւունքներու եւ ժողովրդավարական արժէքներու պահպանման: Քայլ մըն ալ աւելի անդին երթալով` նախագահը մասնաւորապէս շեշտեց, որ` «Մենք լրջօրէն ենք տրամադրուած եւ յանձնառու ենք շարունակելու մեր համակարգային եւ հետեւողական ամէնօրեայ աշխատանքը փտածութեան ախտն արմատախիլ անելու ուղղութեամբ»:

Այս բոլոր հաստատումներն ու մատնանշումները շատ աւելի արագ եւ համաժողովրդային ընթացք պիտի ստանան, երբ յառաջիկայ ապրիլին սկսի գործադրուիլ սահմանադրական բարեփոխումներու թղթածրարը` խորհրդարանական դրութեամբ:

Նախագահ Սարգսեան ընդգծեց, որ ժողովրդավարական բնոյթ ունեցող բոլոր այս բարեփոխումները դիւրին պիտի չըլլային առանց Եւրոպայի Խորհուրդի կառոյցներու աջակցութեան եւ անմիջական մասնակցութեան:

Նաեւ, Սթրազպուրկի բեմահարթակէն արծարծուեցաւ Արցախի հիմնահարցը եւ այդ ալ ամենայն մանրամասնութեամբ: Կարճ պատմական մը ներկայացնելով, Սարգսեան իր խօսքը շարունակեց նշելով, որ մութ հաշիւներու արդիւնք, անարդարութեան եւ բնաջնջման սպառնալիքի պայմաններուն տակ Արցախի ժողովուրդին միակ ելքն էր ինքնապաշտպանութեան դիմելն ու անկախութեան համար պայքարիլը:

Անգամ մը եւս ան շեշտեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահներու հովանիին ներքեւ գործող բանակցային հոլովոյթը այս տագնապի լուծման միջազգայնօրէն համաձայնեցուած միակ ձեւաչափն է, որ անպայմանօրէն կը պահանջէ հակամարտող բոլոր կողմերուն եւ յատկապէս յարձակողին` Ազրպէյճանի յանձնառութիւնը:

Ազերի պատուիրակութիւնը, յանձինս Իլհամ Ալիեւի հլու կամակատար Սամատ Սայիտովի, փորձեց ամհիմն եւ անհեթեթ ցեխարձակումներով աղաւաղել ու խեղաթիւրել Սարգսեանի խօսքերը Արցախի առնչութեամբ` սովորականին նման Խոճալուի ջարդին մասին արտայայտուելով, դէպք մը, որ ազրպէյճանական ներքին մութ հաշիւներու հետեւանքն էր:

Խօսքի աւարտին Սարգսեան հպարտութեամբ յայտարարեց, որ կատարուած են Հայաստանի ստանձնած ժողովրդավարացման հիմնական յանձնառութիւնները Եւրոպայի Խորհուրդին առջեւ:

Յառաջիկայ ամիսներուն խորհրդարանական կառավարման անցնելով` տարբեր համակարգ մը պիտի ստեղծուի, որ այսուհետեւ պիտի նպաստէ հաշուետուութեան, ժողովրդավարութեան զարգացման, եւ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>