Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Հալէպ, Հալէպի Մէջ, Հալէպէն Հեռու. Բաց Զրոյց` Ներսի Եւ Դուրսի Միջեւ (Գ.)

$
0
0

 

ԻՇԽԱՆ ՉԻՖԹՃԵԱՆ.- Երբ «զրոյց» կ’ըսեմ, արդէն լրջութեան նուազագոյն մակարդակ մը նկատի ունիմ: Այլապէս Հայաստան-սփիւռք կամ այլուր կատարուած երթուդարձերն ու փոխանակումները, ի խնդիր ազգային կամ հայրենասիրական անանուն ախորժակներու յագեցման, տեսադաշտէս դուրս կը գտնուին: Անկարելիութիւնը, անկարելի դարձուածը նոյնինքն մակերեսէն վար, խորք իջնելու արարքն է: Անոր պատճառները շատ են:

Ձեր այդ թուարկած նախաձեռնութիւններն ու իրագործումները, որոնց մենք արդէն մամուլէն ծանօթ ենք, բայց լաւ է, որ այստեղ զանոնք վերստին կը հրամցնէք, եկէք` կոչենք բնական ու, ինչո՞ւ չէ, երբեմն ալ` գերբնական հակազդեցութիւնները գաղութի մը պատասխանատուութիւնը իր կռնակը առած ամբողջ համակարգի մը: Եւ արդէն այդ է, որ կը սպասուի գաղութի մը ղեկավարութենէն: Այս կամ նման ձեռնարկութեանց բացակայութիւնը պիտի ըլլար, արդարեւ, մեծ ամօթ մը: Նախաձեռնութեանց ձեր այս շարայարումը հաւանաբար լռելեայն ինծի ուղղուած հարցում մըն է ինքնին` արդեօք այս բոլորէն անդի՞ն ակնկալիք ունէիք: Ի՞նչ է ձեր սպասածը: «Ուզածդ ի՞նչ է, բարեկա՛մ», պիտի ըսէի ես Պուրճ Համուտի բարբառովս: Ահաւասիկ` «բազում գործք արութեան», պիտի ըսէր Խորենացի: Գործք… վերը ակնարկեցինք արդէն, որ գործնական ենք: Հետեւաբար գործ կ’արտադրենք: Ես ալ փորձեմ «ուզածս» սահմանել:

«Հաւատք առանց գործոց` դատարկ են», կը կարդանք Նոր Կտակարանին մէջ (Յակոբոս, Բ.20): Եթէ բանի մը կը հաւատաս եւ գործով հաւատքդ չես ապացուցեր, հաւատքդ դատարկ է, մեռեալ է: Հայկական աշխարհը, բայց հարկաւ` ոչ միայն ան, կ’ապրի ժամանակի մը մէջ, ուր իրականութիւնը այս ըսուածին հակառակ պատկերը կը ներկայացնէ: Այդ պատճառով ալ հակառակ պիտի դարձնեմ եւ հակառակէն կարդամ այս խօսքը: Ամէն տեղ կան քիչ թէ շատ գործեր ու գործողներ, սակայն անոնք իրենց ըսածին ու ըրածին հանդէպ հաւատք չունին: Գործս յարգելի բացառութիւններու հետ չէ: Մակերեսային հանդիպումներու ակնարկեցինք վերը: Ահա հոս է, որ մակերեսայինի հարցը կը սրի: Կառոյցներն ու շէնքերը կը բարձրանան, սակայն զանոնք լեցնողը դատարկ է: Ճիշդ կարդացիք` լեցնողը դատարկ է: Եւ երբ որ հաւատքէն առաջ դրուած է գործին տեսանելի կոթողացումը, հաւատքին բացակայութեան է, որ գործը կը յառաջանայ: Եւ հետեւաբար «անհաւատ» գործն է, որ կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ: Մինչդեռ անհրաժեշտութիւնը գործին հանդէպ հաւատքի փոխանցումն է: Կրնայ հակասական կամ բարդ թուիլ այս հաստատումը, բայց ըսեմ, որ ես կը խօսիմ գործնական հաւատքի մասին, որ կրնայ գործ արտադրել` եւ այն գործին մասին, որ կարողութիւն չունի հաւատք արտադրելու: Օրինակ մը տամ, որպէսզի գէթ քիչ մը յստականան ըսածներս:

Կարելի է հսկայական, արդիական, գիտական հաստատութիւն կառուցել, վերակառուցել ու ընդարձակել, փայլեցնել, օժտել զայն բոլոր կարելի արտաքին, երեւելի բարիքներով, բայց այդ կառոյցին բովանդակութեան չնչին մէկ տոկոսը ցարդ ուսումնասիրած ըլլալ եւ հետագայի ուսումնասիրութեան համար ո՛չ բաւարար ծրագիր, ո՛չ մարդուժ պատրաստել: Կառոյցը ստեղծել, սակայն` զայն զրկել իր իսկական բովանդակութենէն, իր բանեցումի կարելիութենէն: Գաղտնիք մը չէ այս կառոյցը: Հայաստանի մէջ կը գտնուի ան, բայց թող ըլլայ հանելուկ:

Ժողովուրդը կ’ըսէ` մնայուն ու գնայուն բաներ կան, որոնց իբրեւ թարգմանութիւն մը` պիտի առաջարկեմ հոս, ըսելով` Սուրիոյ դաժան այս պատերազմին լոյսին, կամ աւելի ճիշդ` խաւարին տակ  քանդելի (գնայուն) ու անքանդելի (մնայուն) կառոյցներ կան: Պատերազմը ցոյց կու տայ, թէ ի՛նչ կարելի է քանդել ու, ատոր զուգահեռ, ի՛նչ կարելի չէ քանդել: Կը սրէ մեր դիմադրողականութիւնը: Եղեռնի դասապահերէն անցած ըլլալու ենք, ու այդ դասանիւթերուն մեծամասնութիւնը դիմադրողականութեան եւ անքանդելիին կը վերաբերի: Ի՞նչ կարելի է փրկել պատերազմին քանդումէն: Քանդումէն` ընդհանրապէս: Սուրիան ընդհանրապէս, ու մանաւանդ Հալէպը, Դամասկոսը, Ռաս Ուլ Այնը, Ռաքքան, Հասիչէն, Տէր Զօրը այդ դասարաններուն անուններն են: Հոյակապ դասատու մըն է, եթէ կարդանք պատմութիւնը, համապատասխան վաւերաթուղթերն ու նամակները, Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոս` իր խօսքին ու մանաւանդ գործքին հմտութեամբ, Մեծն Սուրիոյ մէջ հաստատուելու իր քայլով, հակառակ այդ որոշումին դէմ կեցած նիւթական դժուարութիւններու:

Այս յարաբերաբար անպատերազմ ժամանակը ճիշդ ատենն է, որ այս հարցերը իրենց լրջութեամբ չափենք եւ պատրաստուինք: Ինչի՞: Մեր գոյութեան հիմերուն: Պատերազմին վէրքերը դարմանող եւ ձեր նշած բոլոր ձեռնարկութիւնները որքանո՞վ կ’անցնին սահմանը գոյութիւն պահելէն գոյութիւն հիմնաւորելուն: Նկատի ունիմ կառոյցէն դէպի անոր բովանդակութիւն երթը, եթէ կ’ուզէք: Այլեւ առօրեայ օրինակ մը` թերթը լոյս կը տեսնէ՞: Այո՛: Բայց երկրորդ հարցումն է կարեւորը` ի՞նչ է անոր բովանդակութիւնը: Երկրորդ հարցումէն ետք կը սկսի մնայունի, անքանդելիի տարածքը:

Թող սին շռայլութիւն համարուի, բայց սեւով ճերմակի վրայ կը գրեմ. պատերազմը պատճառ ըլլալու է, որ աւելի մեծ քանդումներու պատրաստուինք, ու մեր յետպատերազմեան կամ միջպատերազմեան ձեռնարկութիւնները ոչ միայն իբրեւ վերապրողի կարելիութիւններ շնչելու, այլեւ շունչ տալու կարողութիւն ունենան: Հոս է, որ նաեւ դուրսինը կրնայ գործունեայ դառնալ, որովհետեւ ան պատերազմին օդը չի շնչեր:

Եւ ասիկա կ’արձանագրեմ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին իմ նուազագոյն փորձառութեանս իբրեւ արդիւնք, քանի վերը ըրած էք հարցումը: Կը տեսնէք` կը յուսամ, որ իբրեւ դրսեցի մը` ներսի եւ դուրսի հարցերը կը փորձեմ շատ աւելի ներս հրել հիմքերու հասնելու համար: Ահա, եթէ կ’ուզէք, նախապայման մը, ըստ իս, ներսի ու դուրսի համերաշխութեան: Սուրիական պատերազմէն անցքը դէպի մեր գոյութեան պատերազմը շատ հեռու չէ: Կամայական երբեք չէ ան: Յաւուր պատշաճի պոռոտախօսութիւնները, ամէն բեմի վրայ լսելի, չեն կրնար հիմք կազմել մեր գոյութեան: Անոնք կը զրկեն մեր գոյութիւնը իր հիմերէն, լաւագոյն պարագային: Վաղը, քանի մը ամիսէն, կը լսէք նմուշներ անոնցմէ, սփիւռք-Հայաստան յաջորդ համաժողովին ընթացքին: Եւ կրնաք ենթադրել հարկաւ, որ «բարի վայելում» պիտի չմաղթեմ:

Կ’ուզեմ հոս առանձնացնել սփիւռքին` հարցականի տակ դրուելու հարցը, որ կապ ունի «գաղութ պարպելու» (դուրսէն լսուող) եւ զուգահեռաբար` «գաղութ պահելու» (ներսէն եւ դուրսէն լսուող) հարցերուն հետ:

Մեր հաւաքական ինքնութիւնը վերջին դարաշրջանին զանգուածային գաղթի երկու տեսակ ապրեցաւ. մէկը Ցեղասպանութեան հետեւանքն է, որ արիւնոտ բռնագաղթ է, իսկ միւսը, որ դեռ բաց վէրք մըն է, Հայաստանէն արտագաղթն է: Անիի անկումէն ետք գիտենք, որ յառաջացան Կիլիկեան հայրենիքն ու եւրոպական հողի վրայ` Խրիմի եւ այսօրուան արեւելեան Եւրոպայի երկիրներու գաղութները: Վերջիններս անարիւն գաղթեր էին, ինչպէս է Հայաստանէն արտագաղթը այսօր: Ի՞նչ տեղի կ’ունենայ: Ժողովրդագրական շարժ ու ատոր հետ միատեղ` ուժերու ցրուում: Մինչեւ որ նոր ուժերը նոր վայրերուն մէջ կազմակերպուին, երբեմն ուշացումներու դէմ յանդիման կը գտնուինք:

Արտագաղթով արիւնաքամ ըլլալու վտանգին մէջ գտնուող Հայաստանը շատ բնական է, որ չէր կրնար լաւագոյնս օգտակար դառնալ գաղթական զանգուածներու, ընտանիքներու կամ անհատներու, որոնք բարեբախտաբար վրանաբնակ գաղթականներ չեն մեծ մասով մը: Սուրիական պատերազմը երկրորդ անակնկալ փորձն էր, առաջինը Իրաքի պատերազմն էր, որ եւս դէպի Հայաստան հոսք մը բացաւ, ու Հայաստան «անծրագիր ներգաղթ»-ի ընդառաջելու պատրաստութիւնը չունեցաւ դժբախտաբար: Պատճառները մեծաւ մասամբ յստակ են: Երբ երկրէ մը, յատկապէս` տնտեսական պատճառներով, զանգուածային արտագաղթ տեղի կ’ունենայ, դժուար է ներգաղթ ակնկալել, նոյնիսկ եթէ այդ երկիրը մեր սիրելին է: Շատ պարզ է, որ գաղափարախօսութենէն առաջ հարկ է ծրագիր ունենալ, որուն գործադրութեան համար պայմանները անուն եւ հասցէ ունենալու են կէս տասնամեակ ժամանակէ մը ետք, այսօր: «Եկէ՛ք, տեսէ՛ք, փորձեցէ՛ք»-ը ծրագիր չէ հարկաւ:

Գաղութներ երբեմն կը պարպուին ինքնաբերաբար: Շուրջ երկու տասնամեակի ընթացքին այսօր Իրաքէն երկու միլիոնէ աւելի քրիստոնեայ (ասորի, հայ եւ այլ) մեկնած է, եթէ չեմ սխալիր: Գաղութ պահելը տասնամեակներու հոլովոյթ է, զայն պարպելը երբեմն շատ աւելի արագ կ’ընթանայ: Ես պիտի ուզէի, որ ամէն գաղութ շնչելու իր կարողութիւնը իւրովի զարգացնէր, վերի օրինակներուս իմաստով, որոնք բնականաբար իբրեւ առաջարկ, ոչ իբրեւ ճշմարտութիւն կը հասկնամ: Մարգարէութիւններով կարելի չէ գաղութ պարպել կամ պահել: Պատերազմի պատճառով որեւէ գաղութ հարցականի տակ դնողները, լեհահայ գաղութի տիպական ու դասականի վերածուած օրինակին ակնարկութեամբ «հաշիւներ» կատարողները` պաշտօնական կամ անպաշտօն շրջանակներ, գիտակից կամ անգիտակից, հարկ է որ «իրենց» պատմութեան էջերը լաւ թղթատեն:

«Տագնապ կիսել», այո՛, կը հարցնէք: Դրսեցին կրնայ միայն չակերտներու մէջ կիսել այդ տագնապը: Վարուժանի «Դիակի սայլը» քերթուածին վերջին պատկերին մէջ գեղանի մը վարդ կը նետէ դիակնաբեռն սայլին վրայ…Վէրքին վրայ կարելի է աղ կամ վարդ սփռել: Ես անոնցմէ ոչ մէկը կը նախընտրեմ:

Բայց դուք ի՞նչ կը սպասէիք ու կը սպասէք դրսեցիէն:

 

ԶԱՐՄԻԿ ՊՕՂԻԿԵԱՆ.- Նախ կ’ուզեմ անդրադառնալ գործ արտադրող հաւատքին: Կը բաժնեմ ձեր տեսակէտը. եթէ հաւատքն է գործ արտադրողը, ուրեմն անպայման կը ծնի անքանդելին: Կը սրի դիմադրողականութիւնը նաեւ: Սուրիահայութեան, բայց մանաւանդ հալէպահայութեան դիմադրողականութիւնը այս պատերազմին մէջ երբեմն ոմանց անհասկնալի կը թուէր: Խօսքս հաստատութիւններու չի վերաբերիր, որոնք, պատերազմին մէջ, գոյութիւն պահելու սահմաններուն մէջ մնացին եւ, երբեմն, իրենց ուժականութիւնը կորսնցուցին: Խօսքս կը վերաբերի  գաղութին տիրութիւն ընելու գործին` իր կորուստներուն մէջ անգամ: Եթէ նախքան պատերազմը մեր դիմադրողականութիւնը մեր գոյութեան հիմքերու զօրացումով պայմանաւորուած էր, պատերազմին մէջ մեր դիմադրողականութիւնը իր ամբողջ ուժգնութեամբ, կեդրոնացաւ մեր ֆիզիքական գոյութիւնը պահելու մարտնչումին վրայ: Եթէ նախապատերազմեան շրջանին չըլլար գործին նկատմամբ ձեր յիշած հաւատքին ներարկումը, սուրիահայ գաղութը, վնասներ կրելով մէկտեղ, պատերազմական այս փոթորիկին չէր կրնար դիմանալ: Օրինակ մը տալու համար յիշեմ մեր դպրոցները, որոնց կառոյցները վնասուեցան, բախումնային շրջաններու մէջ գտնուեցան, բայց կրթական գործը շարունակուեցաւ: Ծնողներ ամէն առաւօտ իրենց զաւակները խաչակնքելով դպրոց ճամբեցին` վստահ չըլլալով նոյնիսկ, թէ անոնք ողջ-առողջ պիտի վերադառնա՞ն տուն, թէ՞ ոչ: Բայց ճամբեցի՛ն: Ասիկա հաւատքի դրսեւորումն էր` անքանդելին պահելու:

Պատերազմին մէջ առաւելաբար ֆիզիքական գոյութիւն պահելու հարց կը յառաջանայ, սակայն  յետպատերազմեան շրջանին, յատկապէս երբ անքանդելին յստակօրէն ուրուագծուած կ’ըլլայ այլեւս, կը սկսի վերարտադրութեան աշխատանքը, մեր գոյութեան հիմքերը վերամրագրելու աշխատանքը: Այստեղ յեղափոխութիւն մը պէտք է տեղի ունենայ: Ինքնակազմակերպման յեղափոխութիւն մը` նոր թափով ու հաւատքով գոյութիւն հիմնաւորող աշխատանքներու ձեռնարկելու: Ահա այստեղ կը սպասուի դրսեցիին ներդրումը` նոր շունչ տալու, փորձառութիւններ փոխանակելու, արագ կշռոյթով վերականգնելու յոգնաբեկ, բայց յամառօրէն իր գոյութիւնը պահող այս գաղութը: Այն գաղութը, որ ոչ միայն դիմադրողականութեան օրինակ տուաւ, այլ սփիւռքի ներուժին տարողութիւնը անգամ մըն ալ ջուրի երես հանեց:

Մեր հաւաքական ինքնութեան հարցը շատ խորունկ ծալքեր ունի, յատկապէս` հոգեբանական ծալքեր:

Երբ կը խօսինք արիւնոտ բռնագաղթով կազմուած գաղութի մասին, այստեղ բարդ հարցեր գլուխ կը ցցեն: Նախ պէտք է իմանանք, որ գաղութը մեր ազատ կամքով  չէ յառաջացած, որպէսզի մէկ օրուան մէջ, մէկ որոշումով կարելի ըլլայ քանդել կամ պարպել զայն: Աւելի՛ն. երբ կը խօսինք  հարիւրամեակներու ներկայութիւն ունեցող գաղութներու մասին, կը նշանակէ` կը խօսինք այդ «օտար» հողին վրայ ապրող սերունդներու մասին, որոնք իրենց  ծնունդով ստեղծած են մշակոյթ, ինքնութիւն պահպանելու յենարաններ, բայց նաեւ ստեղծած են իւրայատկութիւն: Այդ իւրայատկութեան կարեւոր մէկ բաժինը այն է նաեւ, որ անոնք, հայկականութեամբ պատուաստուած ըլլալով, իրենք զիրենք այդ հողին զաւակը զգացած են: Մնալը, պարպելը հաւանաբար շատերուն համար քաղաքական հաշուարկ է, բայց հոգեբանական նրբութիւններ կ’ընդգրկէ: Տակաւին, գոյութիւն ունի մեր հայրենիքին հողային խնդիրը: Չմոռնանք, որ ներկայ Հայաստանը ամբողջական  հայրենիքին մէկ մասն է միայն, որ ունի իր դժուարութիւնները. ինչպէ՞ս ուրեմն ամբողջական հայութիւնը իր մէջ պիտի պարփակէ:

Հոս կը ծագի նաեւ հայ մնալու խնդիրը, քաղաքացիութեան խնդիրը: Եթէ չոր տրամաբանութեամբ մօտենանք  գաղութ պարպելու հարցին` զանց առնելով հայ մնալու խնդիրը, քաղաքացիութեան խնդիրը, ուրեմն այպանելի չէ գացողը: Կամ առնենք Հայաստանի պարագան, որ մայր հայրենիք է: Եթէ դժուարութիւններ կան, բայց մենք կը նախընտրենք աւելի լաւ պայմաններու մէջ ապրիլ, ուրեմն չայպանենք հայրենիքէն գաղթողը: Ի՞նչ ընել ուրեմն, մեկնի՞լ, թէ՞ ոչ յանձնառութիւն ունենալ փոխելու, բարելաւելու: Ո՞վ է ճիշդը` հեռացո՞ղը, թէ՞ մնացողը եւ մաքառողը:

Վերադառնանք սուրիահայութեան տագնապին: Ներսէն կամ դուրսէն հնչող ձայներ կ’ըսեն` «Այս գաղութը պէտք է պարպել»: Ինչո՞ւ: Որպէսզի մարդիկ զոհ չերթան, աւելի լաւ ապրին: Օրինակով մը բացատրենք մնալու եւ լքելու հարցը: Տեղ մը հրդեհ կայ, դուն կա՛մ կը փախչիս, որ չայրիս ու հոգ չես ըներ, եթէ հրդեհին տեղը այրի, կա՛մ ալ հրդեհը մարելու համար կը նկրտիս, որպէսզի ե՛ւ դուն չայրիս, ե՛ւ ուրիշներ չայրին, ե՛ւ տեղը չայրի:  Արդիւնք` երկուքն ալ մարդը պահելու համար առնուած քայլեր են: Սուրիական տագնապի ընթացքին այս երկու մտածելաձեւերը ունեցողներ ալ կային մեր մէջ: Ու, բնականաբար, սպասելի չէ, որ ազգ մը, իր բոլոր բաղադրիչներով, ամէն դժուարութեան մէջ նոյն ձեւով մտածէ, նոյն ձեւով շարժի:

Միանշանակ խնդիրներ չեն ասոնք, միանշանակ լուծումներ չունին, բայց մեր ազգային հիմնախնդիրներուն մէջ համախոհութիւն պէտք է ստեղծել ու համախոհական հարցերուն ծանրութիւն տալ` հեռու մնալով սրումներէ:

Ուրեմն, հանրային մտածողութիւնը պէտք է միշտ հասարակ յայտարարի մը բերելու աշխատանքին մէջ ըլլանք, որպէսզի բեւեռացումներ չգոյանան: Բեւեռացումները յաճախ կը պարպեն հարցը իր էութենէն եւ կ’անձնականացնեն: Մեր հայրենիքին մէջ, օրինակ, տագնապներուն լուծումներ որոնելու համար իշխանութիւն-ընդդիմութիւն հարցը չէ, որ մեր կիզակէտին մէջ պէտք է ըլլայ տեւաբար, այլ` հայրենիքի հարցը, որ վեր կը դասուի բոլոր հարցերէն: Նոյնն ալ` սփիւռքի մէջ, գաղութ պահելը մեր ուշադրութեան կիզակէտին մէջ պէտք է պահել, այնքան ատեն որ մեր համազգային խնդիրները վերջնական լուծումներու չեն յանգած: Սփիւռքի մայրամուտը երգողները պատմութիւնը լաւ պէտք է կարդան…եւ` ոչ միայն պատմութիւնը, ներկան եւս:

Մակերեսայինի եւ խորքայինի մասին կը խօսիք: Այսօր մարդոց համար գործը, անմիջական արդիւնքը աւելի մեծ քաշողական ուժ ունին, քան` գաղափարախօսական քննարկում կատարելը: Ինչո՞ւ…որովհետեւ խորքային քննարկում կատարելը կը պահանջէ շատ աւելի խոր իմացութիւն, որ այսօր ընդհանրապէս հասարակութեան մէջ կը բացակայի: Ասիկա համաշխարհային երեւոյթ է: Ցաւօք, այսօր մտաւորականութիւնը կը զգայ, որ տեղ չունի, անոր համար ալ առաւելաբար կ’ապաւինի իր մաքրակրօնութեան:  Մենք մեր իրականութեան մէջ լայն տեղ պէտք է տանք մտաւորականութեան, որովհետեւ, պարզ բառերով, տեղեկացուած ըլլալը բան մըն է, իմանալը, իմացումի մակարդակ ունենալը` այլ բան: Իմացումի վրայ քաղաքականութիւն մշակելն է էականը: Հոս է, որ դուրսի եւ ներսի կապը շատ կարեւոր է:

Կը բարձրացնէք պոռոտախօսութիւններու, կառոյցները իրենց էութենէն դատարկելու հարցը: Ասոնք երեւոյթներ են, որոնք կարելի է քննարկել եւ լուծումներ առաջարկել: Հայրենիք-սփիւռք համաժողովի նախօրէին, օրինակ, կարելի է ժողովի հիմնական օրակարգը քննարկել մամուլին ընդմէջէն եւ բիւրեղացած առաջարկներով ներկայանալ ժողովին ու այդ կառոյցներուն գոյութիւնը արդարացնող, դուրսի եւ ներսի պատկերացումները ներդաշնակող գործի ձեւաչափեր առաջարկել, կրկին ու կրկին առաջարկել` առանց յուսահատելու: Այս ձեւով է, որ համերաշխ փոխանակումը ծնունդ կ’առնէ:

Եզրափակելով պատասխանս` կ’ուզեմ աւելցնել, որ պատերազմի մէջ յայտնուած զանգուածներուն դուրսէն կարելի էր շունչ տալ նաեւ խօսքով: Այո՛, մի՛ զարմանաք, պատասխանատու խօսքով` մանաւանդ, որովհետեւ տագնապի մէջ յայտնուած մարդիկ իրենց դիմադրողական ուժը պահելու համար երբեմն կարիքը կը զգային այդ խօսքին: Այդ պահու համար անհրաժեշտ խօսքին: Իսկ ինչո՞ւ կը բացակայէր այդ խօսքը պատերազմի օրերուն:

(Շար. 3)


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>