Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Ափսո՜ս

$
0
0

ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆ

Պատանի տարիքիս քոյրս նշանուեցաւ Պօղոսին հօրաքրոջ տղուն հետ, եւ մենք եղանք խնամի: «Բաբգէն Սիւնի» ակումբը մեր տան քովն էր եւ մեր թաղի տղոց` երկրորդ տունը, բոլորս պատանեկան միութեան անդամ էինք:

Երբ Պօղոսին հետ ծանօթացայ, հարցուցի. «Կ՛ուզե՞ս պատանի ըլլալ», առանց երկմտանքի` «այո՛» ըսաւ. զինք եւ եղբայրը ակումբ տարի եւ պատանիներու վարիչին ներկայացուցի. այն ժամանակ մեր վարիչը պարոն Թովմաս Հապէշեանն էր, եւ ըսի. «Ընկե՛ր վարիչ, Պօղոսը եւ եղբայրը կ՛ուզեն պատանի արձանագրուիլ». «Պատանի ըլլալու համար երկու երաշխաւոր պէտք է», ըսաւ ընկեր վարիչը. ես եւ հօրեղբօրս տղան երաշխաւոր եղանք. Պօղոսը այդ օրէն դարձաւ ՀՅԴ-ի անդամ մինչեւ..

Տարիներ անցան, Պօղոսը ստացաւ բարձրագոյն կրթութիւն, դարձաւ միջազգային հաստատութիւններու անդամ, ման եկաւ աշխարհ ու նորէն վերադարձաւ իր սիրած գիւղը, մնաց նոյն համեստ, սակաւախօս, իր ամբարած գիտելիքները միշտ եւ ուրախութեամբ բաժնեց բոլորին` առանց ազգային խտրականութեան:

ՀՄԸՄ-ի Այնճարի սկաուտներու բանակումի աշխատանքներուն ընթացքին այլազան ձեւերով արեւէն օգտուելու մասին դասախօսութեան կը հրաւիրէինք զինք. մինչեւ օրս ոմանք կը յիշեն, թէ ինչպէ՛ս արեւով հաց կ՛եփէին թոնիրին մէջ եւ` այլ ճաշատեսակներ: Անհամբեր կը սպասէինք Պօղոսի Այնճար գալուն` նորութիւն մը լսելու:

Գաղտնիք չէ, որ Հայաստանի գիւղերը պէտք ունին մասնագէտ գիւղատնտեսներու, եւ Պօղոսը այդ մասնագէտներէն էր:

«Արիս» բարեգործական հիմնադրամը ծրագրած է Շիրակի մարզի եօթը գիւղերու ջուրի հարցը լուծել` կաթիլային համակարգ ստեղծելով եւ ասոր համար մասնագէտի պէտք ունի: Հոգաբարձուներու ժողովին առաջարկեցի Պօղոսին անունը եւ խօսեցայ անոր աշխատանքներուն մասին, որ` գիւղերու զարգացման մէջ մասնագէտ է. ժողովը ընդունեց ծախսերը հոգալ եւ զինք հրաւիրել: Անմիջապէս հեռաձայնով կապուեցայ հետը եւ հրաւիրեցի զինք, դարձեալ առանց երկմտանքի` առաջարկը ընդունեց. ծախսերու մասին մի՛ մտածէք, ես պատրաստ եմ, ըսաւ, բայց հիմա ձմեռ է, այդ շրջանը ձիւն կ’ըլլայ, չենք կրնար գործնական աշխատանքներ տանիլ, ապրիլի սկիզբը կու գամ: Լուրը անմիջապէս յայտնեցի Արիս սրբազանին, որ իր կարգին խանդավառուած յայտնեց Մարալիկի քաղաքապետին, ու լուրը տարածուեցաւ մարզի գիւղերը, թէ հայազգի ՄԱԿ-ի պաշտօնեայ պիտի գայ եւ նորութիւններ պիտի բերէ գիւղացիներուն:

Հիմնադրամին խորհուրդը որոշեց աշխատանքային ծրագիրներ. ուրախ մթնոլորտի մէջ կը սպասենք Պօղոսի գալուն, երբ չորս օր ետք համացանցի մէջ կը կարդամ` ցաւակցութիւն Պօղոս Ղուկասեանի կնոջ: Աչքերուս չեմ հաւատար, կը մտածեմ` ինչպէ՛ս լուր պիտի տամ Արիս սրբազանին, Մարալիկի քաղաքապետին, գիւղացիներուն, որ իրենց սպասած անձը ոչ եւս է, այդ գիւղացիները այնքան խաբուած են ուրիշներէն, ինչպէ՞ս հաւատան ինծի:

Ցաւալի էր եւ ցնցիչ… գործը մնաց կիսատ:

Սիրելի՛ ընկեր, ես չկրցայ վերջին հրաժեշտ տալ քեզի, առանձնութեան մէջ այս տողերը գրելու ժամանակ փորձեցի զսպել արցունքներս եւ հեկեկալէս չկրցայ, շատ քիչ կը պատահի ինծի հետ:

Այդ քու շատ սիրած հողը թեթեւ գայ վրադ:

Խունկ եւ մոմ` անթառամ շիրիմիդ:

Ընկերդ`
ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>