ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Եթէ Վարդանանց պատերազմը դեռեւս կ՛ոգեւորէ մեզ ու զայն կերտող դէմքերը կը շարունակեն ապրիլ նաեւ մե՛ր շրթներուն, ատիկա անոր համար է, որ արուեստով լուսաւորուած են ե՛ւ դէպքը ե՛ւ դէմքերը: Սկսեալ Եղիշէէն մինչեւ Ներսէս Շնորհալի եւ մինչեւ Վահան Թէքէեան եւ Օշական, ու արուեստի այլ մարզերու ներկայացուցիչները, իրենց արուեստագէտի շունչով մեծապէս նպաստած են Վարդանանցը մեզի մօտեցնելու եւ զայն մնայուն թարմութեամբ մը օժտելու գործին:
ՊՕՂՈՍ ՍՆԱՊԵԱՆ
Խորագիրը, հեգնանքի եւ ստորագնահատանքի միտումներ չ՛ընդգրկեր երբե՛ք:
Մեծամիտ ու յաւակնոտ ալ չենք մեր մօտեցումներուն մէջ:
Աւելի՛ն. 1567 տարիներու աւանդ մը, ազգային արժէք ու հաւաքական յիշողութիւն մը մոռացութեան մատնելու կամ խծբծելու մասին չէ խօսքը, քա՛ւ լիցի: Այլ` սփիւռքացած մեր հոգիներուն ու մտայնութեանց, շատ անգամ խեղճացած ու տկլոր գործելակերպերէ ձերբազատելու կանչ մըն է անիկա, այլապէս զգօն ըլլալու ճիչ մը, հայաշունչ ապրումներու իրաւութիւնը տեսնելու փափաք մը, դէպի հայութիւն ու Հայաստան սլանալու հրամայական պահանջ մը:
Այսինքն` աւարայրեան հերոսամարտի խորախորհուրդ իմաստները էապէս հասկնալու եւ ըմբռնելու հրաւէր մըն է, որ կ՛ուղղուի, ատով հաւաքական մեր կեանքը լիարժէքօրէն հունաւորելու եւ ջրդեղելու:
Ի դէպ, կրնայ ըլլալ, որ բարեպաշտ մամիկ թէ պապիկ մը, ազնուասիրտ ուսուցիչ թէ գրող մը, արուեստագէտ թէ բանուոր հայորդի մը, կղերական թէ շինական մը, հարուստ թէ աղքատ մը, սապէս ընդվզած բացագանչեն եւ ըսեն, ի տես վերեւ խորագրուածին, թէ հայոց ամէնէն սուրբ տօներէն մէկն է Վարդանանցը, սխրանքներու թագուհին է` Տղմուտի ափին, Աւարայրի դաշտին վրայ կերտուած հերոսապատումը, թէ` հայու քրիստոնէական հաւատքին ամէնէն ուժեղ պատուանդանն է 451 թուականը, հայը հա՛յ պահող, ազգային ինքնութիւնն ու դիմագիծը պաշտպանող նուիրական աքթն է անիկա, որով հպարտացած ենք դարերէ ի վեր, ու կը շարունակենք անո՛վ ապրիլ ի Հայաստան եւ սփիւռս աշխարհի:
Իրօք, այդպէս է եղած ու կը շարունակէ ըլլա՛լ Աւարայրը հայութեան համար:
Ու մենք ալ առանց վանկարկումի կ՛աւելցնենք, թէ անոնք` Վարդանանք եղան այն բուռ մը ազատամարտիկները, որոնք` թիկունք կանգնած իրենց հրամանատարին, Վարդան Մամիկոնեանին, խիզախօրէն արշաւեցին թշնամի բանակին վրայ, կուրծք ցցեցին Սասանեան Պարսկաստանի զարմանազան յարձակումներուն, հայավայել իրենց գլխագիր «Ոչ»-ը ըսին Յազկերտ Բ.-ի կայսեր պարտադրանքներուն դէմ, եւ, ապաւինած իրենց սեփական ուժին ու կորովին, զարկին ու զարնուեցան` յանուն հայրենիքի անկախութեան եւ դաւանանքի ազատութեան:
Հաւանաբար, Վարդանանց հայոց պատմութեան մէջ արձանագրուած այն ոսկեայ դիպաշարն է, եզակի աքթը, որ կրցաւ ստեղծել իր իւրայատուկ խորհուրդը, անարգել թափանցել իւրաքանչիւր հայու սիրտը, կլանել երիտասարդական խանդավառութիւնն անգամ ու դառնալ առինքնող այն ուժը, որով հայ մանուկներ թռիչք տուին իրենց երեւակայութեան եւ ուզեցին ըլլալ Վարդանի քաջ թոռները:
Իսկ պատճա՞ռը, վերեւ յիշուած մէջբերումին, սնապեանական գեղագէտ շունչին ու մտաւորական մօտեցումին մէջ հարկ է տեսնել, յստակօրէն բանաձեւուած եւ կուռ տողերով ընդգծուած:
Ահա հակիրճ պատմականը արարքի մը, որուն ազդուութիւնը դեռեւս կը շոյէ մեր հաւաքական յիշողութիւնը, կը բոցավառէ մեր քրիստոնէական հաւատքին խորանը, մեզ կը շաղախէ մեր անցեալի փառքին հետ, կ՛արժեւորէ մեր ներկան, բայց նոյն ատեն կ՛ալեկոծէ մեր հոգիներն ու միտքերը:
Այո՛, կ՛ալեկոծէ, որովհետեւ, եթէ երբեք օրին հայ պետական աւագանին, հակառակ ներքին անհամաձայնութիւններու եւ քաղաքական կեցուածքներու, իր կողքին ունենալով հայ եկեղեցին ու զինուորական համակարգը կրցաւ շրջանցել ամէն դժուարութիւն եւ որոշում կայացնել` ընդդիմանալու, պատերազմելու, քաղաքական կեցուածք ցոյց տալու, ապա այսօր, իբրեւ անկախ պետութիւն եւ գաղթաշխարհ(ներ), ստեղծուած բազում դժուարութիւններու, խոչընդոտներու թէ արուեստական արգելքներու դէմ-յանդիման, շատ անգամ կ՛ընկրկինք, տեղի կու տանք, կը յանձնուինք, կ՛ընդարմանանք շահախնդիր բացատրութիւններու եւ կեցուածքներու զոհը դառնալով:
Պիտի ըսուի, որ ժամանակակից հայոց պատմութեան մէջ կը տողանցէ փառքը Վարդանանցի, երբ արցախեան գոյամարտով` հայութիւնը կրցաւ յաղթել զազիր թշնամիին ու անոր պարտադրել իր կամքը, հաւաքական որոշումը, կեցուածքը:
Ճիշդ է: Անհերքելի ճշմարտութիւն եւ եզակի սխրանք է արցախեան գոյամարտը, ներշնչուած հեռու թէ մօտիկ անցեալի խիզախ ու ազատատենչ մօտեցումներու հրայրքէն: Փաստօրէն, հերոսական Արցախ աշխարհը ազատագրուեցաւ շնորհիւ հայոց նորաստեղծ պետականութեան, հայութեան ու ազնուազարմ տղաներու միասնակամ եւ քաջարի կեցուածքին, անկոտրում կամքին, նուիրումին, ազգավայել հաւատամքին:
Ճիշդ է նաեւ մետալի միւս երեսը` հայութեան ներկան ու ապագան խաթարող երեւոյթներու տակաւ յամեցումը:
Երեւոյթներ, որոնց թւումն անգամ հեղձուցիչ է, յուսահատութեան գիրկը կը նետէ, ամբողջ հաւաքականութեան մը բարոյահոգեբանական վիճակին վրայ կ՛ազդէ` զայն մղելով աւելի եւս ընդարմանալու եւ ապահայանալու:
Ըսինք, որ տարեդարձներն ու տօնահանդէսները ունին իրենց գրաւչութիւնը, դեռ կը պահեն իրենց ազդուութիւնը այնքան մը, որ անոնք կը նմանին յիշատակի օրուան, երբ տուեալ պահուն կը լսենք գեղեցիկ խօսքեր, սրտառուչ ապրումներ, խոհեր ու կարգախօսեր, որոնք սակայն մոռացութեան կը մատնուին քանի մը ժամ ետք:
Արդ, ինչպիսի՞ արժէք ունին այն բոլոր սիրազեղ արտայայտութիւնները` ուղղուած քաջն Վարդանին ու անոր կտրիճ տղաներուն, երբ վերանկախ Հայաստանի հողէն հայը կ՛արտագաղթէ պատառ մը հացի համար, երբ հայրենիքի մէջ ապրող հայ աղքատ ընտանիքներուն թիւը ցնցիչ համեմատութեան հասած է, երբ ընկերային, տնտեսական, արդիւնաբերական թէ արդարադատական բնագաւառներ տակաւին կայացած չեն, յոյս չեն ներշնչեր, երբ աւատապետական գործելակերպեր սանձարձակ կը գործեն, երբ առանձնաշնորհեալ կարգավիճակներ կ՛ապրին փառքի օրեր եւ մասամբ նորին:
Գալով սփիւռքեան մեր իրավիճակին, որուն տխուր օրատետրին վրայ տակաւ կ՛արձանագրուին այնպիսի մտահոգութիւններ եւ ցաւեր, որոնց յիշատակումն անգամ մարդս խելագար կը դարձնէ:
Փաստօրէն ինչպէ՞ս հասկնալ հաւատքի մէջ զօրաւոր մնալու քարոզները, երբ հայ եկեղեցին, մնալով հանդերձ իր ազգային առաքելութեան կառչած, մերթ ընդ մերթ ցոյց կու տայ այնպիսի բացթողումներ եւ խորթութիւններ, որոնց մասին ամէն նկատողութիւն` հերետիկոսութեան կը վերագրուի: Դիպուկ է այստեղ մատնանշել, որ հայ քրիստոնեայ կերպարը իր սնունդը կ՛առնէ բացառապէս առաքելատիպ քարոզիչներէ եւ առհասարակ օրինակելի գործելակերպերէ:
Ա՛լ չենք խօսիր աղանդաւորական բազմաբնոյթ շարժումներու համարձակ զբօսնուլը ի Հայաստան թէ հայ գաղթաշխարհի մէն մի շրջապատի մէջ: Չենք ուզեր մանրամասնել, որ մեր պարագային` արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան, մարդուժի թէ հայատիպ սերունդներ պատրաստելու համար, տարուած աշխատանքը գնահատելով հանդերձ, ոչ միայն բաւարար է, այլեւ` տխուր պատկեր կը պարզէ, որովհետեւ անիկա չունի ռազմավարական յստակ ուղեգիծ եւ չի պարփակեր հաստատութենական մտածողութիւն:
Այլապէս ալ ինչպէ՞ս ըմբռնել կուսակցութիւններու, կազմակերպութիւններու թէ միութիւններու գործունէութիւնները, երբ անոնք, ցոյց տալով հանդերձ նորարար մտածումներ եւ նպատակային առաջադրանքներ, իրենց շարքերէն «փախուստ» կու տան երիտասարդական փաղանգներ, առարկելով, թէ ազատ մտածողութեան, քննական մտքի եւ ժողովրդավարական սկզբունքներու բացակայութիւնը կը խրտչեցնէ զիրենք ու կ՛ամլացնէ:
Միթէ Աւարայրի գոյամարտը վերոնշեալ մտածումներուն կենդանութիւն տուող շտեմարանը չէ՞, աւելի՛ն. Վարդանանց պատերազմը ձուլումի եւ այլասերումի դէմ, ազգային դիմագիծի ու մշակոյթի պաշտպանութեան, մայրենի լեզուն առողջ ու կայտառ պահելու, կայուն եւ հզօր հայրենիք կերտելու եւ ազգային երազանքներ իրականացնելու մղուած պատերազմ չէ՞ր:
Հայութիւնը, վստահաբար, պիտի շարունակէ սիրել ու յարգել Վարդանն ու անոր քաջարի տղաները, պիտի շարունակէ տէր կանգնիլ անոր թողած ժառանգին ու պատգամին, պիտի ամրապնդէ իր հայկականութիւնն ու հայրենիքը: Հայութիւնը պարտաւոր է նաեւ, զերծ մնալու պոռոտախօսութենէ եւ ձեւական աշխատելաոճերէ, այլապէս նետուելու է մերօրեայ կռիւի դաշտեր, յաղթելու կամք ցոյց տալու, յաղթելու եւ սերունդներ առաջնորդելու դէպի Արարատեան դաշտ ու Արցախ աշխարհ:
Ահաւասի՛կ մեր օրերու Աւարայրը: