Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Գաղութէ Գաղութ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Մշակոյթի Եւ Գրականութեան Օր Մը Քեսապի Մէջ

Նախաձեռնութեամբ Համազգային Քեսապի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան, վերջերս  Քեսապի «Սահակեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մշակութային եւ գրական երեկոյ մը` նուիրուած Պարոյր Սեւակի մահուան 47-ամեակին, ինչպէս նաեւ` Սեւան Ասատուրեան-Մանճիկեանի հեղինակած «Քեսապ-2014. տեղահանութիւն եւ վերադարձ» գիրքին մատուցման ու գինեձօնին:

Մասնաճիւղի վարչութեան անունով Մարալ Կարճիկեանը բարի գալուստի խօսքէն ետք ներկայացուց օրուան բանախօս Յասմիկ Աւագեան-Սաղտճեանը, նաեւ` գիրքի հեղինակին կենսագրական տուեալները:

Յասմիկ Աւագեան-Սաղտճեանը հետաքրքրական վերլուծութեամբ մը ներկայացուց Պարոյր Սեւակի կեանքն ու գործը` անդրադառնալով վաղամեռիկ գրագէտին կեանքի փուլերուն, անոր մտաւոր զարգացումին, հասնելով մինչեւ համալսարանին մէջ որպէս դասախօս իր դրական ներկայութեան: Ան միաժամանակ ամբողջական պատկեր մը ներկայացուց Պարոյր Սեւակ մտաւորականին ու բանաստեղծին մասին:

Երեկոյի գեղարուեստական յայտագիրով ներկայացուեցաւ Պարոյր Սեւակի բանաստեղծութիւններէն փունջ մը:

Այնուհետեւ շնորհակալական եւ երախտագիտական խօսքով ելոյթ ունեցաւ հատորի հեղինակ Սեւան Ասատուրեան-Մանճիկեանը: Ան անդրադարձաւ գիրքի խորքին ու տեղեկութիւններու ներկայացման ամփոփ եւ խիտ ըլլալու այժմէական անհրաժեշտութեան մասին

Աւարտին տեղի ունեցաւ աւանդական գինեձօնի արարողութիւնը, որմէ ետք ներկաներուն յատկացուեցաւ գիրքէն մէկական օրինակ:

Միացեալ Նահանգներ

Արցախի Քառօրեայ Պատերազմի Հերոսներէն Երկուքին Այցելութիւնը Լոս Անճելըս

* 26 յունուարին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը ընդունեց Արցախի քառօրեայ պատերազմի հերոսներէն Մարատ Պետրոսեանի եւ Նարեկ Մալխասեանի այցելութիւնը, որոնք արժանացած են Հայաստանի «Մարտական խաչ» եւ Արցախի «Արիութեան մետալ» ռազմական բարձրագոյն պարգեւներուն: Անոնց կ՛ընկերանային Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանը եւ Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական Ռազմիկ Ստեփանեանը: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ ծ. վրդ. Տօնոյեանը:

Մարատ Պետրոսեանը եւ Նարեկ Մալխասեանը Լոս Անճելըս կը գտնուէին մասնակցելու համար ազգային բանակի հիմնադրութեան 26-ամեակի տօնակատարութեան, որ տեղի ունեցաւ 28 յունուարին, հովանաւորութեամբ Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան:

Առաջնորդ սրբազանը ջերմօրէն ողջունեց հերոսները, գնահատեց անոնց սխրագործութիւններն ու նուիրումը հայրենիքին: Արցախի քառօրեայ պատերազմին մասին տեղեկութիւններ տալէ ետք, ներկաները այցելեցին «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատուռ, ուր առաջնորդը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած` Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութեան համար եւ օրհնեց հերոսները: Այցելութեան աւարտին սրբազանը յուշանուէրներ յանձնեց հիւրերուն:

*  28 յունուարին Լոս Անճելըսի մէջ նշուեցաւ Հայաստանի  զինուած ուժերու  կազմաւորման 26-րդ տարեդարձը: Ձեռնարկին գլխաւոր հիւրերն էին արցախեան քառօրեայ պատերազմի մասնակիցներ Մարատ Պետրոսեանը եւ Նարեկ Մալխասեանը:

Նարեկ Մալխասեանը ելոյթ ունենալով` հաստատեց, որ հայրենիքը ապահով ձեռքերու մէջ է, եւ բանակը միշտ աչալրջօրէն կը հսկէ երկրի սահմանները, որովհետեւ  մեր թշնամին դեռ գոյութիւն ունի: Ան մեծ պատիւ համարեց բանակի տօնը նշել հայ համայնքին հետ` աւելցնելով, որ սփիւռքը մեծ դեր ունի Հայաստանի պետութեան համար, եւ անոր աջակցութիւնը շատ կարեւոր է:

Մարատ Պետրոսեանը իր կարգին  ըսաւ, որ հայոց բանակի զինուորներու մարտունակութիւնը շատ բարձր է եւ իր հպարտութիւնը  յայտնեց, որ ծառայած է եւ կը ծառայէ հայոց բանակին: Ան նկատել տուաւ, որ պատերազմի ընթացքին կորուստներ կը պատահին, բայց եթէ չկռուինք, հայրենիքը կը կորսնցնենք, եւ անոր համար մինչեւ վերջին կաթիլ արիւնը փորձեցինք պահել մեր հողերը եւ պահեցինք:

Հայաստանի  հիւպատոսական խորհրդատու Ռազմիկ Ստեփանեանը խօսք առնելով` ըսաւ, որ Հայաստանի զինուած ուժերը մեր երկրի վահանն են, մեր հպարտութիւնն ու պարծանքը: Ան շեշտեց, որ մեր բանակը մեր ժողովուրդի անվտանգութեան յուսալի երաշխիքն է, նաեւ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան պահպանման մէջ շատ կարեւոր դերակատարութիւն ունի:

Իրանահայ միութեան խնամակալ մարմինի փոխատենապետ Յակոբ Այնթապլեանը նկատել տուաւ, որ հարիւրամեակներ երազած ենք բանակ ունենալ, եւ 26 տարի առաջ իրագործուած  է այդ երազանքը, հետեւաբար համայն հայութիւնը ամէն ձեւով պիտի աջակցի մեր բանակին, որովհետեւ հայ երիտասարդներու արիւնով է, որ մեր սահմանները կը պաշտպանուին, եւ Հայաստանի ու Արցախի հայութիւնը ապահով ու անվտանգ  է:

Ձեռնարկին ընթացքին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Կլենտէյլի քաղխորհուրդի անդամներ Զարեհ Սինանեանը, Արա Նաճարեանը եւ Վրէժ Աղաճանեանը: Քաղաքապետ Վարդան Կարապետեանը կարեւոր նկատեց նուիրեալ զինուորներու հետ սփիւռքահայերու նման հանդիպումները:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան համառօտ կերպով ներկայացուց բանակի ստեղծման փուլերը: Հայաստանի  նախագահի խորհրդական Գագիկ Գէորգեան ընդգծեց, որ Հայաստանի զինուած ուժերը միայն Հայաստանի բանակը չեն, այլ ողջ հայութեան բանակն է, որովհետեւ այս բանակին մէջ կը ծառայեն ոչ միայն Հայաստանի մէջ ծնած  ու մեծցած, այլեւ ուրիշ երկիրներէ հայորդիներ:

Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանին Հեղինակած Հատորին Շնորհահանդէսը

Հովանաւորութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի մշակութային-դաստիարակչական յանձնախումբին, 25 յունուարին Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի` «Միջերկրականի հիւսիսարեւելեան գօտիի հայկական համայնքներ. Մուսա Տաղ, Տէօրթ Եոլ, Քեսապ» հատորին շնորհահանդէսը:

Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով Հրայր Ճերմակեան խօսք առնելով, վեր առաւ նման ձեռնարկներու նշանակութիւնն ու կարեւորութիւնը` նշելով, որ թեւակոխած ենք համահայկական յոբելենական մեծ նշանակութիւն ունեցող տարի մը:

Օրուան հանդիսավար Մուշեղ Պետեւեանը ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը` իբրեւ հմուտ պատմաբանի ու վաստակաւոր դասախօսի, որմէ ետք Գարեգին քհնյ. Պետուրեան ներկայացուց փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի կենսագրականն ու բազմաբեղուն գործունէութիւնը:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը, որպէսզի ներկայացնէ հատորը: Ան առաջին հերթին խօսեցաւ իր հեղինակած գիրքերուն մասին, որոնք կը կեդրոնանան Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքներուն ու գաւառներուն վրայ, որոնք ժամանակին եղած են քաղաքակրթութեան հնոցներ ու հայ ժողովուրդի լինելութեան վկայարանը: Խօսելով հատորին մասին` հեղինակը սահիկներու ցուցադրութեամբ եւ վաւերագրական փաստարկներով սպառիչ ձեւով ներկայացուց գիրքին բովանդակութիւնը` Մուսա Տաղի, Տէօրթ Եոլի եւ Քեսապի հայութեան պատմական, մշակութային, տնտեսական, կրթական եւ քաղաքական իրադարձութիւնները: Ան նաեւ ներկայացուց Պէյլանի եւ Անտիոքի հայկական համայնքներու պատմութիւնը,  մանաւանդ` Վագըֆ գիւղի մասին, որ յետցեղասպանութեան` ցայսօր կը մնայ հայկական միակ գիւղը: Այնուհետեւ ան ցուցադրեց իր դստեր` Անի Յովհաննէսեան-Գէորգեանին վաւերագրական ժապաւէնը, որ գիտական աշխատանքի այցելութիւն մըն է պատմական Մուսա Լերան գիւղերը:

Շնորհահանդէսի փակման եւ օրհնութեան խօսքը արտասանեց առաջնորդ սրբազանը, որ կեդրոնացաւ ակադեմական ու պատմագէտ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի հսկայ աշխատանքին վրայ` նշելով, որ ան տարիներու հարուստ վաստակ կերտած է: Սրբազանը նշեց, որ սոյն երեկոն դասաւանդութիւն մըն է, որ իր մէջ կ՛ընդգրկէ թէ՛ պատմութիւն, թէ՛ մշակոյթ եւ թէ՛ ցեղասպանագիտութիւն:

Առաջնորդը նկատել տուաւ, որ այս տարի կը նշենք Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան 100-ամեակը, որ բոլորին համար մնայուն խորհրդանիշ է հայրենասիրութեան, անկախութեան տենչի եւ հայրենանուիրումի, յուսալով ու երազելով, որ պիտի հասնինք ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանին:

Իր խօսքի աւարտին առաջնորդը յուշանուէր մը յանձնեց փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանին:

Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Թատերագիր Եւ Մշակութային Գործիչ Հրանդ Մարգարեանի Այցելութիւնը

27 յունուարին թեմի առաջնորդ  Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը Ազգային առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը ծանօթ թատերագիր եւ մշակութային բազմավաստակ գործիչ Հրանդ Մարգարեանի, որ Համազգայինի Կլենտէյլի «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղին հրաւէրով Լոս Անճելըս կը գտնուէր Խրիմեան Հայրիկի կեանքն ու անկէ բխող պատգամները բեմական գործով մը ներկայացնելու համար: Մարգարեանին կ՛ընկերանային Համազգայինի ներկայացուցիչներ` Սարօ Նազարեանը եւ Թամար Թիւֆենքճեան-Սերայտարեանը:

Առաջնորդ սրբազանը եւ Հ. Մարգարեանը զրուցեցին մշակութային եւ ժողովրդանուէր ծառայական աշխատանքներու մասին: Մարգարեանը նաեւ հակիրճ բացատրութիւն մը տուաւ Խրիմեան Հայրիկը մենակատարութեամբ ժողովուրդին մատուցելու իր աշխատանքին մասին, որ կ՛իրագործուի Հայրիկի վախճանման 110-ամեակին առիթով:

Թատերական ներկայացումը տեղի ունեցաւ 28 յունուարին, Կլենտէյլի Հանրային գրադարանին մէջ: Ընկերակցութեամբ Միւռոն ծ. վրդ. Ազնիկեանի եւ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեանի:

Ներկայացման աւարտին, յանուն առաջնորդ սրբազանին, առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ ծ. վրդ. Տօնոյեան խօսք առնելով, դրուատիքով արտայայտուեցաւ սոյն յղացքին ու մատուցման մասին` նշելով, որ մենք կարդացած ու սորված ենք Խրիմեան Հայրիկին մասին, սակայն սոյն ներկայացումով առիթը ընծայուեցաւ ուղղակի տեսնելու զայն ու հաղորդակից դառնալու անոր պատգամներուն:

Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով Եպիսկոպոսական Պատարագ, Մատաղօրհնէք Եւ Մեծարանք

Ս. Յովհաննու Կարապետի եւ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութեան զոյգ տօներուն առիթով, 14 յունուարին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ  Ս. պատարագ, եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի անձին, գործունէութեան եւ քրիստոնէութեան մէջ անոր ունեցած ինքնուրոյն դերակատարութեան:

Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ «Կարապետեան» սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան` նախագահութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր: Եկեղեցւոյ հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ կատարեց  սեղաններու օրհնութիւնը:

Այնուհետեւ, տարիներու աւանդութեան համաձայն,   եկեղեցւոյ անուանակոչութեան նուիրուած հանդիսութեան առիթով այս տարի յատուկ գնահատանքի արժանացաւ Ազգային վարչութեան անդամ, գործօն երեսփոխան եւ Ս. Կարապետ մայր եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամ  դոկտ. Գալուստ Ակոբեանը, որ նաեւ զօրավիգ կանգնած է Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս ազգային վարժարանին, ինչպէս նաեւ գործունեայ անդամ է ռումանահայ միութեան:

Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեանը ներկայացուց մեծարեալին հակիրճ կենսագրականն ու գործունէութիւնը, որմէ ետք հոգաբարձութեան կողմէ յատուկ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ մեծարեալին:

Սրբազան հայրը, ելոյթ ունենալով գնահատեց հովիւը, հոգաբարձութիւնը եւ ներկաները: Ան նաեւ բա՛րձր գնահատեց դոկտ. Գալուստ Ակոբեանին ծառայութիւնը եւ անոր շնորհեց օրհնութեան գիր մը:

Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մասնակցութեամբ` Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս ազգային վարժարանի եւ Ս. Կարապետ մայր եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտ-աշակերտուհիներու :

Լոս Անճելըսի Մէջ Հայաստանի Գլխաւոր Հիւպատոսութիւնը Հիւրընկալեց Քաղաքապետարանի Աշխատակազմի Հայ Պաշտօնեաները

17 յունուարին Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութիւնը, աջակցութեամբ «Քալիֆորնիա քոնսալթինկ» կազմակերպութեան, հիւրընկալեց Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանի աշխատակազմի բարձրաստիճան  պաշտօնեաները եւ համայնքի ներկայացուցիչները: Հրաւիրուած էին` Լոս Անճելըսի քաղաքապետի միջազգային յարաբերութիւններու հարցերով տեղակալ Նինա Հաչիկեանը, քաղաքապետի աշխատակազմի մամուլի քարտուղար Ճորճ Գէորգը եւ օրէնսդրական քաղաքականութեան հարցերու բաժինի տնօրէն Միշել Գարակեանը, ինչպէս նաեւ` համայնքի տարբեր կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ղեկավարներ:

Յայտնենք, որ Նինա Հաչիկեանին գլխաւորած գրասենեակը կը համակարգէ Լոս Անճելըսի միջազգային հարցերը, ներառեալ քաղաքական եւ առեւտրային ռազմավարութիւն` այլ երկրներու հետ, կը զբաղի համաշխարհային ներդրումներու, զբօսաշրջութեան հարցերով, իր աջակցութիւնը պիտի բերէ 2028-ին Լոս Անճելըսի մէջ կայանալիք Ողիմպիական եւ Փարաողիմպիական խաղերու  յանձնախմբին:

Միշել Գարակեանը շեշտեց տարբեր շրջանակներու համագործակցութիւնը քաղաքապետարանի հետ` յոյս յայտնելով, որ աւելի մեծ թիւով ամերիկահայեր քաղաքական պաշտօններ զբաղեցնեն:

Իր կարգին, Ճորճ Գէորգը տեղեկացուց հայերու հետ կապուած քաղաքապետի նպատակներուն մասին` անդրադառնալով հայ նուիրեալներու գործունէութեան, որոնք իրենց աշխատանքով նպաստած  են հայկական զօրեղ համայնքի ստեղծման, եւ շեշտեց նոր սերունդներու ներդրումը այդ աշխատանքին մէջ:

«Քալիֆորնիա քոնսալթինկ» կազմակերպութեան նախագահ Սթիւ Սամուէլեանը ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց հիւպատոսարանին աշխատանքները:

Աւարտին շնորակալագրեր յանձնուեցան հայազգի գործիչներուն` իրենց աշխատանքին եւ քաղաքին մէջ ունեցած ներդրումներուն համար:

Կիպրոս

«Երիտասարդ Ընտանիքին Աստուածաշունչը» Գիրքին Ներկայացումը

22 յունուարին Ծոցի Աստուածաշունչի ընկերակցութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանը այցելեց Նիկոսիոյ «Նարեկ» վարժարանը, ուր առաջին հինգ կարգերու աշակերտութեան  նուիրեց «Երիտասարդ ընտանիքին Աստուածաշունչը» գիրքէն օրինակներ: Սոյն գիրքը հրատարակուած է Ծոցի Աստուածաշունչի ընկերակցութեան կողմէ եւ կը բաժնուի որպէս նուէր հայկական տարբեր գաղութներուն մէջ:

Վարժարանի տնօրէնուհի Վերա Թահմազեանը կատարեց բացման խօսքը, որմէ ետք դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանը  ներկայացուց գիրքը: Ապա դոկտ. Արտա Ճէպէճեանը, որ պատրաստած է այս գիրքը, հաճելի ու մանկավարժական մօտեցումով կարդաց կոյր Բարտիմէոսին պատմութիւնը:

«Երիտասարդ ընտանիքին Աստուածաշունչը» բաժնուած է քսան գլուխներու, եւ իւրաքանչիւր գլուխ կը պարունակէ Աստուածաշունչէն եօթը պատմութիւններ: Պատմութիւններու շարքը կը հետեւի Յիսուսին առնչուած դէպքերուն` ինչպէս արձանագրուած է Աւետարանին մէջ: Պատմութիւնները կարդալով` փոքրիկներուն մէջ քրիստոնէական արժէքներ պիտի դրսեւորուին, եւ ամուր հիմեր ունեցող նկարագիր եւ անհատականութիւն պիտի կերտուին:

Յայտնենք, որ յառաջիկայ շաբաթներուն Լիմասոլի եւ Լառնաքայի «Նարեկ» վարժարանի աշակերտները նոյնպէս պիտի ստանան սոյն գիրքէն:

Ռուսիա

Հայոց Բանակի 26-րդ Տարեդարձի Նշում

30 յունուարին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ  Հայաստանի  գլխաւոր հիւպատոսութիւնը  հայ համայնքին  հետ  համատեղ  նշեց  հայոց  բանակի 26-րդ տարեդարձը:

Ս. Փեթերսպուրկի  Ս. Կատարինէ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ ժամերգութիւն` նուիրուած հայոց բանակի ստեղծման 26-ամեակին:

Այնուհետեւ  տեղի ունեցաւ  հանդիսութիւն, որուն ընթացքին ողջոյնի եւ շնորհաւորանքի խօսքով ելոյթ ունեցաւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ  Հայաստանի  գլխաւոր հիւպատոս Հրայր Կարապետեանը:

Աւարտին Հայաստանի պաշտպանութեան բանակի սպաներ եւ ռազմական ուսումնարաններու ուսանողներ պարգեւատրուեցան պատուոգիրերով եւ շնորհալակագրերով:

Պուլկարիա

Պուլկարիոյ Մէջ Պիտի Կանգնեցուի Նժդեհի Արձանը

Պուլկարիոյ Պլիսքա քաղաքի «Սիրիլիք Քորթըարտ» պատմամշակութային համալիրին մէջ, որուն բացումը տեղի ունեցած է 2015-ին, պիտի կանգնեցուի հայ պետական եւ ռազմական գործիչ Գարեգին Նժդեհի պրոնզաձոյլ արձանը:

Համալիրի ստեղծման հեղինակ, պուլկարաբնակ գործարար Կարէն Ալեքսանեանը,  նկատել տուաւ, որ պիտի կանգնեցուի տարբեր ժողովուրդներու եւ երկիրներու ականաւոր գործիչներու աւելի քան 80 յուշարձան: Հայ ժողովուրդը ներկայացուած պիտի ըլլայ ականաւոր գործիչ եւ փիլիսոփայ Գարեգին Նժդեհի արձանով:

Ան նշեց, որ վերջերս այցելած է Հայաստան` մասնագէտներու հետ խորհրդակցութիւններու նպատակով, որպէսզի Նժդեհի արձանը ամենաբարձր մակարդակով պատրաստուի,  աւելցնելով, որ Նժդեհի արձանը պիտի տեղադրուի հաւանաբար 2018-ի ամրան:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>