Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Շատ Խօսողը Կը Սխալի

$
0
0

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Ժըպրան Պասիլի արձանագրուած ելոյթը անցնող օրերուն երկիրը տակնուվրայ ըրաւ:

Քաղաքական կեանքին մէջ դարձեալ հաստատուեցաւ այն իրականութիւնը, որ շատ ելոյթներ ունենալը, անհաշիւ խօսքեր նետելը, միտքերը կրկնելը եւ մանաւանդ պէտք եղածն ու չեղածը ամէն տեղ խօսիլը քաղաքական տհասութիւն է:

Գրագէտ քաղաքական գործիչը քիչ խօսելով շատ կը գործէ: Երբեք պէտք չէ մտահոգուիլ, որ եթէ չխօսիս, լուսարձակներէ հեռու կը մնաս: Մարդիկ կը մոռնան քեզ: Գործդ, միայն իմաստուն գործդ կը փաստեն քու արժէքդ: Մնացածը պղպջակներ են, որ կը խօսիս. այդ վայրկեանին հաճելի կ՛երեւիս, բայց յետոյ մեծ վնաս կը կրես:

Ընկերային ցանցերու ժամանակաշրջանին շատ աւելի զգուշ, լուրջ եւ զուսպ ըլլալու անհրաժեշտութիւնը կը շեշտուի:

Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններու սեմին իւրաքանչիւր քաղաքական գործիչ, կուսակցական ղեկավար, հանրային գործերու պատասխանատու երկրի կայունութեան եւ համերաշխութեան համար պէտք է զգուշ ըլլայ իր ելոյթներէն:

Ոչ ոք կ՛ուզէ իրարանցումը: Ներքին եւ արտաքին իմաստներով զսպուածութիւնը եւ միասնակամութիւնը անառարկելի են: Փաստը վարչապետ Հարիրիի հրաժարականին ժամանակ կեցուածքներու դրսեւորումն է:

Այսօր ոչ ոք կը շահի տակնուվրայ կացութենէն:

Երեսփոխանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան: Այս հեռանկարով իւրաքանչիւր քաղաքական հոսանք իր քայլերը պէտք է առնէ: Զգացական, մակերեսային, հաճելի թուող ելոյթները ժողովրդականութիւն ունենալու հեռանկարով քայլեր են, որոնք փորձուած են ասկէ առաջ, եւ անոնց արդիւնքները բոլորս ալ գիտենք:

Եզրակացութիւն:

Քիչ խօսիլը, զուսպ խօսիլը, նոյնիսկ լուռ մնալը այս օրերուն աւելի հեղինակութիւն կը ստեղծէ, քան ամէն առիթով բան մը ըսելու հրմշտուքին մէջ մտնելը:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>