Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Հալէպ, Հալէպի Մէջ, Հալէպէն Հեռու. Բաց Զրոյց` Ներսի Եւ Դուրսի Միջեւ (Բ.)

$
0
0

ԻՇԽԱՆ ՉԻՖԹՃԵԱՆ.- Նախ շնորհակալ եմ ձեր ընդառաջումին ու պատասխաններուն համար, որովհետեւ զրուցելը շատ մը իմաստներով անկարելի դարձած ու դարձուած է հայկական մակարդակի վրայ քիչ մը ամէն տեղ: Իւրաքանչիւր կողմ իր ճշմարտութեան մէջ առանձնացած ու ընկղմած է, եւ փոխանակումի կարելիութենէն անկախ` այդ փոխանակութեան անհրաժեշտութիւնը չի տեսնուիր: Եթէ կը սխալիմ, կրնաք սրբագրել: Բնականաբար չեմ ակնարկեր մակերեսային հանդիպումներու, որոնք բազմաթիւ են:

Սկիզբէն շեշտելով, հաստատելու ենք, կրկնութեան գնով, որ դժուար է խօսիլ կամ գրել այս բոլոր նիւթերուն մասին. շա՛տ դժուար: Սակայն բոլոր անկարողութիւններէն անդին` անհրաժեշտութիւն մըն է անիկա: Մենք խօսքէն աւելի «գործ»-ին հաւատացող ընկերութիւն մըն ենք: «Գործնական»-ը մեզ այնքան կլանած է, որ մեր մշակութային, «խօսքի ու գիրի» (որոնք «գործ» չեն, ըստ երեւոյթին) բազմատեսակ արխիւներն ու արխիւացումները արհամարհանքի ու անտեսումի կ’արժանանան, լաւագոյն պարագային: Փաստերը շատ են: Կրնաք ըսել` այս չէ հիմա մեր նիւթը: Ճիշդ է, սակայն բացուած զրոյցը կրնայ զարգանալ, պէտք է որ զարգանայ, որպէսզի գէթ փորձենք տեսնել, թէ պատերազմ դիմակայելու մեր միջոցներն ու կարողութիւնը ի՛նչ բնոյթ ունին, թէ` անոնք ի՛նչ կապ ունին մեր այսօրուան սովորական առօրեան ապրելու չոր իրականութեան հետ:

Ձեր գրածներուն մէջ կան շատ կարեւոր մանրամասնութիւններ: Կ’առանձնացնեմ հիմա անոնցմէ այս մէկը` աւելի ուշ անցնելու համար միւսներուն:

Դրսեցին չի տեսներ ներսը կատարուածը: Ասիկա առած ըլլալու չափ ճիշդ է: Առածները արդէն փորձառութեամբ hասունցած են: Դուրսինները տեղեակ չեն ըլլար կարգ մը կարեւոր մանրամասնութիւններու, կ’ըսէք, եւ սա յստակ է:

Ընդունելով որոշ չափով այս ըսուածը իբրեւ իրականութիւն` պէտք չէ մոռնալ, որ ներսիններն ալ կրնան չունենալ, մի՛ զարմանաք, այն ճշգրիտ տեղեկութիւնները, որոնք դուրսինները ունին, երբե՛մն, տարբեր աղբիւրներու միջոցով: Մանաւանդ` համացանցի այս դարուս, որ հայկական կեանքի մէջ յեղաշրջում յառաջացուցած է դրական ու ժխտական իմաստներով:

Կարգ մը տեղեկութիւններուն ապատեղեկատուութիւն ըլլալը` այլ հարց: Հոս խօսքս զուտ ու հում տեղեկութեան մասին է, անոր կարելիութեան, ոչ` սուտի կամ փրոփականտի: Կրնամ վստահեցնել ձեզ, որ ներսինը չունի միշտ «բոլոր» տեղեկութիւնները` զուտ տեղեկութեան հասնելու միջոցներուն սահմանափակութեան կամ ընդհատումին պատճառով, երբե՛մն: Ճիշդ հոս է, որ կրնայ, կրնար դուրսինը ներսինին օգտակար դառնալ` երբեմն միայն պարզապէս տեղեկութիւն փոխանցելով, հաղորդակցական միջոցներու բնական բանեցման պարագային հարկաւ: Ասիկա ընդունեցէք, խնդրեմ, լոկ իբրեւ աննշան գաղափար մը: Կրնայ երկրորդական ու ընդհանրապէս անկարեւոր, արտասովոր, գռեհիկ, նոյնիսկ անիմաստ նկատուիլ ներսինին համար: Իսկապէս ալ տեղեկութեան մը պակասը կրակիս ուժգնութիւնը չէ, որ պիտի նուազեցնէ, պիտի ըսէք իրաւամբ: Մէկ տեղեկութիւն աւելի, մէկ պակաս` ինչի՞ մասին է խօսքը: Հոս անցում մը կ’ուզեմ կատարել. «տեղեկութիւն» բառը, «տեղեակ ըլլալը» առէք, խնդրեմ, իր ամէն կարելի ու հեռահաս իմաստներով: Իրարմէ տեղեակ ըլլալու հարցը համացանցային այս դարուն ու սփիւռքեան մեր ցանցակերպ գոյութեան համար հիմնական անհրաժեշտութիւն է:

Մեր ազգային, եկեղեցական, քաղաքական պատասխանատուները ունին իրենց մօտեցումներն ու լծակները, ներս-դուրս կապերը, մարտահրաւէր դիմագրաւելու իրենց ձեւերը, ու անոնք ըրին, ինչ որ ըրին կամ կրցան ընել: Մեզի` հասարակ մահկանացուներուս կը մնայ լաւագոյն պարագային լռել ու ականատես ու ականջալուր վկան դառնալ կատարուածին: Այս զրոյցը, սակայն, կը փափաքի այդ սահմանէն անդին անցնիլ, այլապէս ան ամբողջովին աւելորդ է:

Իմ մօտեցումս, որ այս զրոյցին ալ հիմք կը կազմէ, այն է, որ եղելութիւններուն դուրսէն մասնակից դառնալը, որքան ալ անկարելի թուի ան, ոչ թէ ազգային «պարտք» է կամ ճառի նիւթ, այլ` հայկական ինքնութեան հետ սերտօրէն առնչուած գործելաձեւ: Նոյն բանն է, երբ իբրեւ սփիւռքահայ կը «հետաքրքրուինք» Հայաստանի Հանրապետութեամբ եւ դուրսէն ու հեռուէն կը «մասնակցինք» անոր կեանքին, իւրաքանչիւրը` իր հասկցած ձեւով: Հոն չենք, ներսը չենք, սակայն միաժամանակ կրաւորական դիտորդ ալ չենք, «տագնապ կը կիսենք»: Կը ներէք, որ այս չակերտներէն չեմ կրնար հրաժարիլ, որովհետեւ արձանագրուած իմաստին մէջ հարկ է մտածել կարելի այլ իմաստներ: Կ’ուզեմ յստակօրէն ըսել, որ Սուրիոյ պատերազմը մեր ինքնութեան հարցերը ջուրի երես կը հանէ շատ մը ձեւերով: Եւ մեր ինքնութեան հարցերը միշտ կապ ունին ներսի եւ դուրսի, ներսեցիի ու դրսեցիի, անոնց մօտեցումներուն, փորձառութիւններուն փոխանակութեան հետ:

Ներսն ու դուրսը ունենալով իրենց տարբերութիւնները` հաւասարութիւն կը կազմեն, հաւասար կողմերէ իրարու հետ յարաբերելու կոչուած են: Շատ լաւ կը յիշեմ, շուրջ տասնամեակ մը առաջ, Ժընեւի Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կեդրոնին մէջ օտար աստուածաբան մը Հայաստանէն ժամանած եկեղեցական բարձր պատուիրակութեան դառնալով` հարցուց ճիշդ այս բառերով. «Դուք հսկայ սփիւռք ունիք: Ինչո՞ւ չէք օգտուիր անոր փորձառութենէն»: Հարցումը կը վերաբերէր դրսեցիի փորձառութեան: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս նոյն առարկան մօտէն ու հեռուէն դիտելով` «տարբեր» կը տեսնենք նոյնը, այնպէս ալ ներսն ու դուրսը իրարու պէտք ունին` կարելի եղածին չափ ամբողջական պատկերի մը հասնելու համար երկուստեք, աւելի՛ն, այդ պատկերը միասնաբար կազմելու ու կազմակերպելու ի խնդիր:

Բոլորս ալ գիտենք, որ պատերազմն ու քաոսը ոչ մէկ պայման կը յարգեն, «օրէնքներ» չունին: Բայց մենք այդ հարցը առ այժմ մէկդի դրած պիտի ըլլանք, այլապէս զրոյցը ընդհանրապէս անիմաստ կ’ըլլայ:

Ներսը ամբողջովին փակ տարածք չէ, դուրսն ալ ամբողջովին բաց տարածք չէ: Կը խնդրեմ, որ առողջ փոխանակումը այս երկուքին միջեւ իբրեւ պահանջ կամ սպասում չհասկցուի, այլ` բնականոն հոլովոյթ, այս պարագային` անբնական պայմաններու մէջ: Անբնականին մէջ բնական գործելու ու փոխանակութիւն կատարելու պատմական փորձառութիւն գոյութիւն ունի, ոչ միայն մեր ժողովուրդին համար: Ներսը դուրսին ծառայեցնելը կամ դուրսը ներսին ծառայեցնելը փոխանակումի հիմք չի կրնար դառնալ:

Դուք, ձեր իսկ փորձառութենէն մեկնած, ինչպէ՞ս կը գնահատէք վերջին տարիներուն ներսի եւ դուրսի միջեւ կատարուած փոխանակութիւնը, անոր առողջութիւնն ու թերիները, գոնէ` անոր քանի մը երեսները: Ակնարկներ ըրած էք վերը, ձեր պատասխանին մէջ: Կրնա՞ք մանրամասնել: Ոչինչ բաւարար ու գոհացուցիչ կրնայ ըլլալ կրակին մէջ գտնուողին համար: Գտնուողի՞ն. այրողի՛ն համար:

27 յունիս 2017

 

ԶԱՐՄԻԿ ՊՕՂԻԿԵԱՆ.- Խնդրեմ. ես ալ շնորհակալ եմ, որ զրոյցի այս առիթը ստեղծեցիք  ու նման կարեւոր հարցեր կ՛արծարծէք: Զրուցելը շատ կարեւոր է զիրար լաւ հասկնալու, մեր դիմագրաւած հարցերուն խորքը թափանցելու, մէկս միւսին փորձառութենէն, մտքերէն օգտուելու համար: Կը խորհիմ, որ զրուցելը հայկական մակարդակի վրայ ոչ թէ անկարելի դարձած կամ դարձուած է, այլ` մակերեսային: Մակերեսային զրոյցին պատճառով ալ երբեմն փոխանակութիւնը դարձած է սահմանափակ, իսկ հանդիպումները` նոյնքան ձեւական:

Ներսն ու դուրսը զիրար կ՛ամբողջացնեն, անջատ գոյութիւններ չեն, անոր համար ալ իւրաքանչիւր կողմ, եթէ ընկղմի իր ճշմարտութեան մէջ, չի կրնար երկար գոյատեւել:

Մեր ժողովուրդին պարագային, ներսի ու դուրսի անքակտելի կապը, իրարու միջեւ փոխանակումը կը նպաստեն մեր ինքնութեան պահպանման գործընթացին, աւելի կ՛ամրացնեն մեզ` ներս թէ դուրս: Այս մէկը իրականացած տեսնելու համար անհրաժեշտ է փոխանակումը: Փոխանակումը` փորձառութեան, փոխանակումը` տեղեկութեան, փոխանակումը` մտքի, կարծիքի: Ներս ու դուրս հասկացողութիւնը պէտք է դիտել որպէս հարստութիւն նաեւ, որմէ կարելի է առաւելագոյն չափով օգտուիլ:

Պատերազմի մէջ փոխանակումը միայն նիւթական եւ մարդասիրական օժանդակութիւններով պէտք չէր սահմանափակուեր: Պաշտօնական կողմերը ըրին այդ բոլորը, ինչ խօսք, քիչ վերջ օրինակներով կը յիշեմ: Մենք կարիք ունէինք միտքերու, գործելաձեւերու փոխանակումի` հայկական մեր ինքնութեան պատկերը յստակացնելու, պարզելու, թէ սուրիահայութեան օգնելով, անոր գոյութիւնը պահպանելով` մեր ինքնութեան պահպանման նպաստած կ’ըլլանք նաեւ, որովհետեւ Սուրիոյ հայութիւնը կարեւոր բաղադրիչ մըն է հայկական իրականութեան մէջ, ոչ թէ` ինքնանպատակ գործող հաւաքականութիւն մը:

Առողջ փոխանակումի շարք մը երեւոյթներ նպաստեցին պատերազմ դիմակայող սուրիահայութեան:

ՀՅԴ Բիւրոյի նախաձեռնութեամբ, Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի կեդրոնական մարմինին կազմութիւնը, Սուրիոյ հայ համայնքի բոլոր բաղադրիչներուն մասնակցութեամբ, Սուրիոյ հայաբնակ քաղաքներուն մէջ իր գործադիր մարմիններով, օրինակ, տառապեալ ժողովուրդի օժանդակութեան կազմակերպուած ընթացք տալուն նպաստեց: Ասիկա փորձառութեան փոխանակում մըն էր, որ արագ ձեւ ու մարմին ստացաւ եւ գործի վերածուեցաւ: Ազգային եւ համայնքային պատասխանատուներու յաճախակի այցելութիւնները հայրենիք եւ սփիւռքի զանազան ոստաններ, այնտեղ անոնց ժողովրդային հանդիպումները նպաստեցին ներսի իրավիճակը ճշգրիտ ներկայացնելու, տեղեկութիւններ տալու եւ առնելու կարեւոր գործին` պատերազմին մէջ ապրողն ու դուրսէն հետեւողը մերձեցնելու, ամբողջական պատկերը յստակ դարձնելու համար: Նոյն այդ յստակացումին կը ծառայէր հայկական լրատուամիջոցներու հետ ամէնօրեայ մեր կապը: Եղան շրջաններ, երբ համացանցի չգոյութեան պատճառով մեր գործընկերները օգնութեան փութացին եւ կարեւոր տեղեկութիւնները տալ ու ստանալ, ճշդումներ կատարել սկսանք հեռաձայնով ու այդ օրերու տեղեկատուական փոխանակումի բացը Հայաստանի եւ սփիւռքի մեր գործընկերներուն գործակցութեամբ գոցեցինք:

Համահայկական հանգանակութիւններն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջոցով անոնց փոխանցումը Սուրիա` նպաստեց սուրիահայութեան շարք մը դժուարութիւններու յաղթահարման, նիւթական դժուարութիւններու պատճառով հայ դպրոցը իր դռները չփակեց, բաց մնաց:

ՀՀ ներկայութիւնը, որպէս հայրենիքի, տագնապին մէջ դրական իր դերը ունեցաւ: Հալէպի մէջ ՀՀ հիւպատոսութիւնը դիւանագիտական միակ գրասենեակն էր, որ շարունակեց իր գործունէութիւնն ու ծառայեց այդ փոխանակումին: Աւելի քան 12.000 սուրիահայեր այսօր հաստատուած են Հայաստան ու, երկրի վարչապետին իսկ խօսքով, աշխատանքի նոր մշակոյթ ներմուծած են երկիր: Ինչ խօսք, որ անոնք հայրենիքի մէջ ալ կը դիմագրաւեն դժուարութիւններ, երբեմն հայրենիքը միայն հանգրուան համարելով` կ՛ուղղուին արեւմտեան ափեր: Ասիկա այլ խնդիր է, որ ունի իր պատճառներն ու լուծումի կարօտ հարցերը:

Իրաւացի էք, մենք գործին հաւատացող ժողովուրդ ենք, մանաւանդ` պատերազմական իրավիճակներու մէջ, սակայն «խօսքի ու գիրի», մշակութային արժէքներու դերին ապաւինիլը եւս կը նպաստէ պատերազմը դիմակայելու մեր մաքառումին: Այս գիտակցութեամբ է, որ պատերազմական առօրեային մէջ շարունակուեցան մշակութային զանազան ձեռնարկները, թերթի, գիրքի հրատարակութիւնը: Պատերազմ դիմակայելու մեր միջոցներէն մէկն ալ արխիւացումի աշխատանքն է, որ եթէ ցարդ կ՛ընթանար դանդաղ կշռոյթով,  պատերազմէն ետք պէտք է մասնագիտական ամենաբարձր մակարդակով կատարուի, եւ «խօսքն ու գիրը» վերածուին գործի, որովհետեւ խօսքէն աւելի՛ կազմակերպուած գործ կրնայ ծնիլ:

Սուրիական տագնապին ընթացքին ամէնէն կարեւոր հարցը ներսինին անվտանգութեան երաշխաւորումն էր, սակայն պատերազմին մէջ ո՞վ կրնար երաշխաւորել սուրիահայութեան անվտանգութիւնը… ո՛չ ոք: Սուրիոյ ողջ ժողովուրդը այդ կրակին մէջ կ’այրէր: Սակայն կարելի էր անոր ձայնը բարձրացնել, դիւանագիտական, քարոզչական բոլոր լծակներու օգտագործումով նպաստել, որ պատերազմի հրահրումը վերջ գտնէ, ներկայացնել մարդկային ողբերգութիւնը, փոքրամասնութիւններու տառապանքը  եւ այլն:

Այս իմաստով, սուրիական տագնապին առնչուող ներսի եւ դուրսի տեղեկութիւններու համադրումը, հայկական բոլոր կողմերուն նոյնանման առողջ դիրքորոշումներով հանդէս գալը, նոյն լեզուով խօսիլը դրական էին, պաշտօնական մակարդակի վրայ ՀՀ-ը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, Հայ դատի գրասենեակները, համահայկական կառոյցները իրենց կարելին ըրին` դիւանագիտական լծակներու օգտագործումով, միջազգային բեմերէ հանդէս գալով:

Ձեր հարցումին պատասխանելով` մանրամասնեմ Քեսապի օրինակը: Ներսէն տեղեկութիւններու ճշդումը, Քեսապի ժողովուրդին տեղահանութիւնն ու տեղեկութիւններու հոսքը, այս առումով, դուրսէն հայկական կողմին դիւանագիտական աշխատանքը, սփիւռքի քարոզչական հսկայ արշաւը, Հայ դատի յանձնախումբերու այցելութիւններն ու նամակները` ուղղուած միջազգային մարմիններուն, ՀՀ նախագահի եւ Սուրիոյ նախագահի անմիջական կապերը Քեսապի գրաւման ժամանակաշրջանին` դրական ազդեցութիւն ունեցան, հարցին դրական լուծման նպաստեցին:

Փոխանակման գործընթացին մէջ հիմնական թերին ոչ պաշտօնական կարգ մը կողմերուն գաղութին գոյերթը կասկածի տակ դնող մտայնութիւնն էր, ասոր կողքին, դուրս գալու պարտադրանքին տակ գտնուողներուն ուղին յստակացնելու եւ զանոնք Հայաստան ուղղելու համահայկական կամքի բացակայութիւնը: Մարդոց, բնականաբար, չենք կրնար պարտադրել, որ հայրենիք ուղղուին սոսկ հայրենասիրական զգացումներէ թելադրուած, այդ ուղին պէտք էր հարթ դարձնէինք, որպէսզի համոզուէին ու իրենք ընտրէին զայն: Միայն այս պարագային կարելի կ՛ըլլար սուրիահայութեան նկատառելի մէկ տոկոսին օտար ափեր ցրուումը կանխել:

Այլ թերութիւն մըն ալ սուրիահայութիւնը տեղէ տեղ փոխադրելու նպատակով ոչ պաշտօնական կողմերէ արտայայտուած կարծիքներն էին (այստեղ չեմ ակնարկեր անշուշտ հայրենադարձութիւն հասկացողութեան): Զանգուած մը տեղէ մը հանելով ու այլ տեղ փոխադրելով` անոր հարցերը լուծած չենք ըլլար: Մանաւանդ եթէ ան իր ապրած միջավայրին աղերսուած է պատմական կապերով ու իր ինքնութեան պահպանման համար յարմար միջավայր ստեղծած է այնտեղ: Հալէպահայութիւնը կամազուրկ զանգուած մը չէ, որ զայն տեղէ մը այլ տեղ փոխադրելով` անոր հարցերը լուծուած համարենք: Ընդհակառա՛կը, առողջ կարծիքներու, անկեղծ ճիգերու փոխանակումով կարելի պիտի ըլլար անոր հարցերուն լուծման օգտակար դառնալ, ու սա համահայկական խնդիր էր:

Ձեր պատասխանին մէջ կը յայտնէք «տագնապը կիսել»-ու կարեւորութիւնը: Այստեղ նախ կ՛ուզեմ հարցնել, թէ ինչո՞ւ այս նախադասութիւնը չակերտած էք:

Իսկ դուք, որպէս Գերմանիա ապրող մտաւորական, փոխանակումի հոլովոյթին մէջ օգտագործելի ինչպիսի՞ կարելիութիւններ կը տեսնէիք դուրսի եւ ներսի, այս պարագային` սուրիահայութեան միջեւ: Կարելիութիւններ, զորս չենք կրցած օգտագործել: Մանաւանդ որ դուք ապրած էք լիբանանեան պատերազմի դառնութիւնը  ու տեղեակ էք պատերազմին մէջ այրողին դժուարութիւններուն:

(Շար. 2)


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>