Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Հայրենի Կեանք

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Արգամ Յարութիւնեանին Նուիրուած  Յուշ-Երեկոյ

Վերջերս Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Արցախի երիտասարդական միութեան «Արգամ Յարութիւնեան» խումբին նախաձեռնութեամբ կայացած է հանդիպում` Շուշի ջոկատի հրամանատար, «Մարտական խաչ» առաջին աստիճանի շքանշանի ասպետ Արգամ Յարութիւնեանի կնոջ եւ որդիին հետ: Հանդիպման հրաւիրուած էին Արգամ  Յարութիւնեանի` Շոշի Ագոյի, մարտական եւ գաղափարական ընկերներ` Գագիկ Մարտիրոսեանը, Կամօ Բարսեղեանը, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահագն Դադայեանը:

Ներկաները երիտասարդներուն հետ կիսուեցան Արգամի հետ կապուած արժէքաւոր յիշողութիւններով: Գագիկ Մարտիրոսեանը նշած է, որ Արգամ Յարութիւնեանը այնպիսի հրամանատար էր, որ չէր ըսեր` «Առաջ», այլ` «Իմ ետեւէն»: «Ռազմական կրթութիւն չունէր, բայց ռազմագէտի մտածողութիւն ունէր, փոքր ուժերով, քիչ զոհերով մեծ գործողութիւններ կը կատարէինք», նշած է Գագիկ Մարտիրոսեանը` աւելցնելով, որ Արգամը ընկերասէր էր, հայրենասէր, կատակասէր, կատակներու մէջ ալ փիլիսոփայական արժէքներ կային. «Շատ ծանր տարած ենք Աշոտի, Ագոյի կորուստը, որովհետեւ անոնք մեզի համար եղած են խորհրդանիշ»:

«Ագոյի հետ միայն մէկ մարտական գործողութեան մասնակցած եմ, որուն ընթացքին ալ ականատես եղած եմ անոր բացառիկ հրամանատարական եւ մարդկային յատկանիշներուն», նշած է Կամօ Բարսեղեանը:

Տեղեկացնենք, որ հանդիպման աւարտին կայացած է հերոսին նուիրուած «Նուիրեալները. Արգամ Յարութիւնեան (Շոշի Ագօ)» ժապաւէնին ցուցադրութիւնը:

Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ Տեղի Ունեցաւ Գիտական Հետազօտութիւններու Պայմանագիրներու Կնքում

Փետրուար 5-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան  եւ գիտական գործընկեր կազմակերպութիւններուն միջեւ կնքուեցան համաձայնագիրներ` 2018-ի բնաբանական պատուէրներու իրականացման  վերաբերող:

Բացման  խօսքով հանդէս եկաւ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ տեղեկացուց, թէ սփիւռքի նախարարութիւնը ամէն տարի յատկացումներ կը կատարէ գիտական հաստատութիւններուն` իրաւագիտական, լեզուաբանական, ցեղասպանագիտական, պատմագիտական ու սփիւռքագիտական հետազօտութիւններուն համար: Ըստ անոր, նման ուսումնասիրութիւններ շատ անհրաժեշտ են նախարարութեան ռազմավարութիւնը, սփիւռքի գաղութներուն հետ ճիշդ աշխատելու մարտավարութիւնը մշակելու համար: Նախարարը աւելցուց, որ 2017-ին պատուիրուած բոլոր հետազօտութիւնները կատարուած են, եւ յառաջիկային պիտի կազմակերպուին այդ աշխատանքներուն շնորհահանդէսները:

Նախարարը ներկայացուց 2018-ին պատուիրուած հետազօտութիւններուն բնաբանները, կարեւոր նկատեց արեւմտահայերէնի աւելի խոր ուսումնասիրութիւնը, քերականութեան կանոնակարգումը, ինչպէս նաեւ` Հիւսիսային Կովկասի, Իրաքի, Թեհրանի, Լոս Անճելըսի, Պէյրութի, Փարիզի, Թիֆլիսի հայ գաղութներուն պատմական, ազգային-ընկերաբանական համակողմանի ուսումնասիրութիւնը:

Համաձայնագիրներու կնքման արարողութեան մասնակցեցան Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի (ԳԱԱ) պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ  Մելքոնեան, ԳԱԱ-ի արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն Ռուբէն Սաֆրաստեան, ԳԱԱ-ի լեզուի հիմնարկի տնօրէն Վիկտոր Կատվալեանը, ԳԱԱ-ի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի տնօրէն Պաւել Աւետիսեան,  ԳԱԱ-ի գրականութեան հիմնարկի տնօրէն Վարդան Դեւրիկեան, Երեւանի պետական համալսարանի փոխտնօրէն Գեղամ Գէորգեան, «Նորավանք» հիմնարկի տնօրէն Գագիկ Յարութիւնեան, Հայաստանի ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան, Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն գիտահետազօտական հիմնադրամի տնօրէն Հայկազուն  Ալվրցեան, թրքագէտներ, սփիւռքագէտներ, իրաւաբաններ:

Այնուհետեւ ներկաները միտքեր փոխանակեցին ծրագիրի արդիւնաւէտութեան, հետազօտութիւններու անհրաժեշտութեան, ատոնց արդիւնքներու կիրառականութեան վերաբերեալ: Առաջարկներ ներկայացուեցան 2018-ի գիտական հետազօտութիւնները դասական ուղղագրութեամբ հրատարակելու գծով:

Նախարարը շեշտեց, որ պատուիրուած հետազօտութիւնները  կարելի է բաժնել հինգ խումբի` պատմական եւ իրաւական հարցերու հետազօտութիւններ, Հայոց ցեղասպանութեան, հակահայկական քարոզչութեան վերաբերեալ ուսումնասիրութիւններ, արեւմտահայերէնի եւ քերականութեան կանոնակարգման գործընթացներ, գրական ստեղծագործութիւններու տարեկան ժողովածուի կազմին մէջ եւ հրատարակում` աւելցնելով, որ այս բոլորը կը նպաստեն Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան զարգացման:

Սփիւռքի Նախարարը Մասնակցեցաւ Ամերիկահայ Հայագէտ Գէորգ Պարտաքչեանի 75-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկին Եւ Գիրքի Շնորհահանդէսին

Յունուար 29-ին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նիստերու դահլիճին մէջ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան մասնակցեցաւ Հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ամերիկահայ ճանչցուած հայագէտ, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ Գէորգ Պարտաքչեանի ծննդեան 75-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին եւ անոր «Պատմական բանասիրական յօդուածներ» աշխատութեան շնորհահանդէսին:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի նախագահ Ռադիկ Մարտիրոսեանը: Շնորհաւորելով յոբելեարը` ան նշեց, որ անուանի հայագէտը այն բացառիկ սփիւռքահայ գիտնականներէն է, որ մշտապէս կապուած է հայրենիքին եւ մեծապէս նպաստած է Հայաստանի գիտական կրթական համակարգի զարգացման, անգլիախօս հասարակութեան ներկայացուցած է հայոց պատմութեան եւ գրականութեան վերաբերող աշխատութիւններ, ղեկավարած եւ իր գործօն մասնակցութիւնը բերած է շարք մը հայագիտական միջազգային կազմակերպութիւններու, որոնց շարքին` Հայագիտական ուսումնասիրութիւններու ընկերակցութեան գործունէութեան:

Շնորհաւորելով վաստակաշատ գիտնականը` Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը բարձր գնահատեց Գէորգ Պարտաքչեանին գործունէութիւնը եւ մասնաւորապէս ըսաւ. «Ես շատ ուրախ եմ, որ կրկին հաւաքուած ենք գիտութեան այս կաճառին մէջ` ներկայ գտնուելու  հայագէտ, բազմաթիւ արժէքաւոր աշխատութիւններու հեղինակ, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ, դոկտոր-փրոֆեսէօր Գէորգ Պարտաքչեանի 75-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին եւ «Պատմական բանասիրական  յօդուածներ» ժողովածուի շնորհահանդէսին: Գէորգ Պարտաքչեանին կենսագրութիւնն ու 75 տարիներու անցած ուղին տպաւորիչ է: Ան կ՛անցնի Մերձաւոր Արեւելքէն դէպի Եւրոպա, այնուհետեւ` Միացեալ Նահանգներ եւ լի է մասնագիտական ու յատկապէս հայագիտական ուսումնասիրութիւններով, բացայայտումներով, հայոց պատմութիւնն ու հայ գրականութիւնը աշխարհին ճանաչելի դարձնելու դժուարին առաքելութեամբ: Կը կարծեմ, որ այս հայագիտական ուղին ստեղծուեցաւ շնորհիւ Գ. Պարտաքչեանի որոշման` գալ եւ ուսանիլ Խորհրդային Հայաստանի մէջ` Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրութեան բաժանմունքի մէջ, սանը ըլլալ Ջահուկեանի, Բարսեղեանի, Մկրեանի: Այս մեծանուն մասնագէտներուն ուսանողը հետագային իր գիտելիքներով փայլեցաւ Օքսֆորտի համալսարանին մէջ` իբրեւ ուսանող, իսկ Հարվըրտի համալսարանին մէջ արդէն` իբրեւ դասախօս եւ մատենագէտ: Այսօր ալ Միշիկընի համալսարանի ուսանողները անոր շնորհիւ կը ծանօթանան հայոց պատմութեան, հայ գրականութեան, մշակոյթին, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ պատմութեան»:

Բարձր գնահատելով ամերիկահայ գիտնականին  ներդրումը սփիւռքի մէջ հայագիտութեան զարգացման եւ մայրենի լեզուի անաղարտութեան պահպանման գործին մէջ` սփիւռքի նախարարը Գէորգ Պարտաքչեանին պարգեւատրեց Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի դեսպան» մետալով:

Հայագէտին ողջունեց նաեւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս քարտուղար Եուրի Սուվարեանը:

Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեանին շնորհաւորական խօսքը արտասանեց նախագահի տեղակալ Արարատ Մալխասեանը:

Վաստակաշատ հայագէտը շնորհաւորեցին նաեւ «Մեսրոպ Մաշտոց»-ի անուան մատենադարանի տնօրէնի պաշտօնակատար Վահան Տէր Ղեւոնդեանը, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի տնօրէն Վարդան Դեւրիկեանը եւ ուրիշներ:

Յայտնենք, որ ձեռնարկի աւարտին շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ Գէորգ Պարտաքչեանը:

Արիութեան Շքանշան` Հարմիկ Յովսէփեանին

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով բանակի կազմաւորման 25-ամեակին առիթով, հայրենիքի պաշտպանութեան գործին ցուցաբերած արիութեան եւ անձնուիրութեան համար ազատամարտիկ, դաշնակցական Հարմիկ Յովսէփեանը պարգեւատրուած է «Արիութեան» շքանշանով:

Հայաստանի Խորհրդարանին Մէջ Սումկայիթեան Ջարդերուն Վերաբերող Լսումներ Տեղի Պիտի Ունենան

Հայաստանի խորհրդարանին մէջ լսումներ տեղի պիտի ունենան «Սումկայիթեան ջարդեր. հայերու նկատմամբ ատելութեան հրահրումը` իբրեւ Ազրպէյճանի պետական քաղաքականութիւն» նիւթին մասին: Լսումներ իրականացնելու որոշումը ընդունած է Հայաստանի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբը:

«Լսումներուն պիտի հրաւիրուին փորձագէտներ, իրադարձութիւններու անմիջական ականատեսներ, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպանութիւններու ներկայացուցիչներ: Լսումներուն նպատակն է միջազգային հանրութիւնը տեղեկացնել այս իրադարձութիւններուն եւ Ազրպէյճանի կողմէ վարած պետական քաղաքականութեան մասին», ընդգծեց Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Արմէն Աշոտեանը:

Տեղեկացնենք, որ լսումները պիտի սկսին 22 փետրուարին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին: Յանձնախումբին անդամները միաձայնութեամբ կողմ արտայայտուած են լսումներ իրականացնելու որոշման:

Յովհաննէս Քաջազնունիի Ծննդեան 150-ամեակին Նուիրուած Քննարկում Ստեփանակերտի Մէջ

Արցախի Լրագրողներու միութեան յարկին տակ հայկական ուսումնասիրութիւններու «Անի» կեդրոնը կազմակերպեց քննարկում մը` նուիրուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան առաջին վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունիի ծննդեան 150 եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրման 100-ամեակին:

Քննարկման ընթացքին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արցախի Լրագրողներու միութեան նախագահ Կիմ Գաբրիէլեանը, որ մասնաւորապէս նշեց, թէ Յովհաննէս Քաջազնունիի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած` «Անի» կեդրոնի համակարգող Թաթուլ Յակոբեան կատարած է հետաքրքրական եւ կարեւոր ուսումնասիրութիւններ, զորս ամփոփած է վերջերս հրատարակած իր գիրքերուն մէջ:

Թ. Յակոբեան ներկայացնելով «Անի» կեդրոնի հրատարակած վերջին երկու հատորները` յատկապէս յայտնեց, որ երկուքն ալ շատ հակասական գիրքեր են:

«Ես կը կարծեմ, որ մեր պատմութեան իւրաքանչիւր էջը պէտք է դնենք սեղանին եւ քննարկենք, եւ այս մէկը պէտք է կատարուի ո՛չ թէ քաղաքական ուժ մը կամ որեւէ շարժում դատապարտելով, այլ` անոնցմէ սորվելով. ինծի համար սկզբունքային կէտը այդ է», ըսաւ Թ. Յակոբեան` աւելցնելով, որ նշուած գիրքերէն մէկը` Ռուբէն Տէր Մինասեանի հեղինակած «Հայաստանի Հանրապետութիւն»-ը, կը վերաբերի  սեպտեմբեր-հոկտեմբեր 1919-ին կայացած ամէնէն երկար ՀՅԴ ժողովին, որ կը պատմէ մինչեւ այն օրը, երբ ճնշուեցաւ Հայաստանի մէջ մայիսեան պոլշեւիկեան ապստամբութիւնը:

Ըստ հեղինակին, Ռ. Տէր Մինասեանը հայ քաղաքական միտքի պատմութեան մէջ իւրայատուկ էր այն բանով, որ շատ այլընտրանքային տարբերակներ կ՛առաջարկէր, միշտ ո՛չ յստակ ձեւով կը մօտենար հարցերուն` յատկապէս Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն գծով: Այդ առնչութեամբ, ան որոշած է գիրքը առանձին հրատարակել եւ զայն լուսարձակի տակ դնել, որովհետեւ անիկա նաեւ լաւ օրինակ է, թէ ինչպէ՛ս կուսակցական գործիչը հանգիստ կրնայ քննադատել այն կուսակցութիւնը, որուն անդամ եղած է:

Խօսելով երկրորդ գիրքին մասին` Թ. Յակոբեան յայտնեց, որ անիկա Սապահ Կիւլեանի «Պատասխանատուները» հատորի արեւելահայերէն տարբերակին վերահրատարակումն է:

«Սապահ Կիւլեանը Հնչակեան կուսակցութեան առաջնորդներէն էր: Ան առաջին շփումները հաստատած է Երիտասարդ թուրքերու հետ. այդ յարաբերութիւնները հաստատած է դեռ Փարիզի մէջ իր ուսանողութեան շրջանին: Գիրքին մէջ յատկապէս քննադատած է հայ վաճառականները, եկեղեցին, Դաշնակցութիւնը, եւ առաջին գործիչն էր, որ դեռ 1900-ականներու սկիզբը կը բարձրաձայնէր, որ թուրքերը մեզ կը կոտորեն, եւ անոնց հետ պէտք չէ համագործակցիլ», ըսաւ Թ. Յակոբեան:

Անդրադառնալով Յովհաննէս Քաջազնունիի կեանքին եւ գործունէութեան` Թ. Յակոբեան ներկայացուց անոր` մարդու, քաղաքացիի, պետական-կուսակցական գործիչի կերպարը, անոր վարչապետութեան շրջանին Հայաստանի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւնը, ապա պատասխանեց ներկաներու կողմէ ուղղուած հարցումներուն:

«Աւրորան» Կը Շարունակէ Աջակցիլ Մատենադարանին

«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը եւս 20 հազար ամերիկեան տոլարի դրամաշնորհ տրամադրած է Մատենադարանին` զբօսավարներու եւ երիտասարդ գիտաշխատողներու մասնագիտական զարգացման ուղղելու նպատակով: Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտական հետազօտական հիմնարկը տրամադրուած դրամաշնորհով կը կազմակերպէ մասնագիտական զարգացման ուղղուած դասախօսութիւններ` զբօսավարներու եւ երիտասարդ գիտնականներու համար,  նպաստելու հայկական ժառանգութեան ներկայացման, պահպանման եւ սերունդներուն փոխանցման:

«Մասնագիտական զարգացումը եւ գիտելիքներու խորացումը Մատենադարանի առաջնահերթ եւ կարեւորագոյն հարցերէն մէկն է: Այս ծրագիրը պիտի նպաստէ երիտասարդ զբօսավարներու եւ գիտաշխատողներու մասնագիտական աճին եւ հմտութիւններու զարգացման», ըսաւ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտական հետազօտական հիմնարկի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Վահան Տէր Ղեւոնդեանը. «Մատենադարանի եւ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան միջեւ համագործակցութիւնը յաջողութեամբ կը նպաստէ մարդկութեան ձգած ժառանգութեան մէկ կարեւոր հատուածին պահպանման»:

Յայտնենք, որ Մատենադարանին մէջ պիտի կազմակերպուին աւելի քան 50 դասախօսութիւններ, որոնք պիտի ընդգրկեն ինչպէս ընկերային գիտութիւններու եւ բանասիրական, այնպէս ալ Մատենադարանի անմիջական գործունէութեան առնչուող գիտակարգեր` միջնադարագիտութիւն, ձեռագրագիտութիւն, աղբիւրագիտութիւն, մատենագիտութիւն, ձեռագիրներու, արխիւային նիւթերու վերականգնում եւ պահպանում: Դասախօսութիւնները կ՛իրականացուին 2018 թուականի յունուար-ապրիլ եւ նոյեմբեր-դեկտեմբեր ամիսներուն, որոնց կրնան մասնակցիլ ինչպէս Մատենադարանի գիտաշխատողները եւ զբօսավարները, այնպէս ալ` բոլոր հետաքրքրուողները:

«Մատենադարանը հայերուն մարդասիրական ժառանգութիւնը ուսումնասիրելու եւ արեւմտեան քաղաքակրթութեան զարգացման ամենակարեւոր կեդրոններէն է: «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը ուրախութեամբ կը շարունակէ այս կարեւոր համագործակցութիւնը, որ կը նպաստէ այդ ժառանգութեան` աշխարհի մէջ առաւել լաւ ներկայացման եւ տարածման: Աջակցելով երիտասարդ գիտաշխատողներու մասնագիտական զարգացման` մենք նաեւ ներդրում պիտի կատարենք մշակութային հարստութեան սերունդներուն փոխանցման գործին մէջ», ըսաւ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեանը:

Դրամաշնորհը պիտի տրամադրուի «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան յիշողութեան պահպանման Armenian Memory Act նախագծի ծիրին մէջ, որ ուղղուած է հայկական ժառանգութեան մասին փաստող արխիւներու եւ փաստաթուղթերու պահպանման ու գործածութեան: 2015 թուականին հիմնարկը, ստանալով դրամաշնորհը, ձեռք բերած է ձեռագիրներու հրապարակման յատուկ սարքաւորում` զանոնք դարձնելով առաւել հասանելի հետազօտողներու եւ հանրութեան համար: Մինչեւ օրս հրապարակուած են 617 ձեռագիրներ եւ 4327 արխիւային փաստաթուղթեր: 2016 թուականին դրամաշնորհի միջոցով ֆինանսաւորուած է նաեւ Մատենադարանի տասը զբօսավարներու վերապատրաստման դասընթացքը Գերմանիոյ մէջ:

Յիշեցնենք, որ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը ստեղծուած է Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներու անունով` իբրեւ երախտագիտութիւն զանոնք փրկողներուն, կը ձգտի կարեւորութիւն տալու մերօրեայ հերոսներուն` կեանք եւ յոյս պարգեւել անոնց, որոնց մարդասիրական աջակցութեան խիստ կարիքը ունին, այսպիսով, շարունակել մարդասիրութեան շղթան աշխարհի տարածքին: «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը գործով արտայայտուած երախտագիտութիւն է: Ան նպատակ ունի ութ տարի շարունակ (2015-2023 ի յիշատակ ութ տարի տեւած Հայոց ցեղասպանութեան` 1915-1923) աջակցիլ մարդոց, որոնք վտանգելով իրենց կեանքը` պիտի նպաստեն այնպիսի նախագիծներու իրագործման եւ անոնք պիտի բարելաւեն առաւել կարիքաւոր եւ աղքատ մարդոց կեանքը: Այս կ՛իրագործուի նախաձեռնութեան տարբեր ծրագիրներու օգնութեամբ` «Աւրորա» մրցանակ, Aurora Dialogues քննարկումներու շարք, «Աւրորա» մարդասիրութեան ցուցիչ, Երախտագիտութեան նախագիծներ եւ 100 LIVES ծրագիր: «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը Վարդան Գրիգորեանի, Նուպար Աֆէեանի եւ Ռուբէն Վարդանեանի մարդասիրական ձեռնարկն է, անոնց արդէն երկրորդ տարին է, որ միացած են քանի մը տասնեակ նուիրատուներ եւ գործընկերներ: Նախաձեռնութիւնը իր շուրջ կը հրաւիրէ բոլորը, բոլոր անոնք, որոնք կ՛ողջունեն նուիրուածութիւնը` մեր համընդհանուր մարդկայնութեան:

«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը ներկայացուած է երեք կազմակերպութիւններու կողմէ` Aurora Humanitarian Initiative հիմնադրամ (Նիւ Եորք, Միացեալ Նահանգներ), 100 Lives հիմնադրամ (Ժընեւ, Զուիցերիա) եւ IDeA հիմնադրամ (Երեւան Հայաստան):


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>