Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Քաթալոնիոյ Անկախութեան Հանրաքուէի Լոյսին Տակ. Քաթալոնիոյ Եւ Արակոնի Խուան Ա. Թագաւորի Ժամանակաշրջանը

$
0
0

Յունաստանի Եւ Սարտինիոյ
Քաթալան Տիրոյթներու Կորուստը

– Էլիոնոր Տ՛Արպորէա` Ազգային Հերոսուհի

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Խուան Ա. թագաւոր

Քաթալոնիոյ եւ Արակոնի Փերէ տլ Սերիմոնիոս թագաւորին յաջորդեց որդին` Խուան: Ան ծնած էր 27 դեկտեմբեր 1350-ին, Փերփինիան: Մայրը` Էլէանոր, Սիկիլիոյ Փետրօ Բ. թագաւորին դուստրն էր: Հօր մահուան օրը` 6 յունուար 1387-ին գահ բարձրացաւ իբրեւ Խուան Ա.:

Գահակալութենէն ետք Խուան Ա. վերատեսութեան ենթարկեց իր հօր անգլիամէտ քաղաքականութիւնը եւ Ֆրանսայի մօտեցաւ: Ան քաղաքական նեցուկ ապահովեց յատկապէս ֆրանսական Աւինիոն քաղաքը հաստատուած հակապապ Կղեմէս Է.ի աջակիցը ըլլալով:

Կղեմէս Է. Ժընեւի կոմս Ամատէուսի որդին էր, աւազանի անունով` Ռոպէրթ: Ան հիւսիսային Ֆրանսայի մէջ Թերուանի եպիսկոպոս, Քամպրէի արքեպիսկոպոս եւ 1371-ին ալ կարտինալ եղած էր, 1375-ին Անգլիա փոխադրուած եւ 1377-ին հիւսիսային Իտալիոյ մէջ պապական պետութեան մէջ հակապապ ապստամբութեան ղեկավարներէն եղած էր, որմէ ետք, 1378-ին ֆրանսացի կարտինալներու կողմէ պապ ընտրուած էր, հակադրուելով ընտրեալ Ուրբանոս Զ.ի:

Խուան Ա. այնուհետեւ Քասթիլիոյ հետ համաձայնութեան եկաւ եւ 1388-ին ալ նաւարայի հետ դաշինք կնքեց, ճշդելով երկու պետութիւններուն սահմանները:

***

Քաթալաններ չորրորդ խաչակրութեան ժամանակ (երբ Պոլսոյ մէջ հիմնուած էր Լատին կայսրութիւնը) Յունաստանի մէջ տիրոյթներ ձեռք ձգած էին. կազմաւորուած էին Աթէնքի եւ Նէոփաթրասի դքսութիւնները եւ Սալոնայի կոմսութիւնը:

Նաւարացիք, որոնք Լատին կայսրութեան հովանաւորութիւնը կը վայելէին, 1379-ին քաթալաններէն գրաւեցին Թեպէն եւ Նէոփաթրասի մէկ մասը` Պոէոթիա շրջանը: Նոյն ժամանակ Աքքիաիոլիները գրաւեցին Նէոփաթրաս (ներկայիս` Իփաթի) գիւղը եւ Սալոնայի կոմսութիւնը:

Աքքիաիոլիները լոմպարտացի էին, հիւսիսային Իտալիայէն, Պրեսա քաղաքէն: Անոնց նահապետ Կուլիարելլօ 1160-ին Ֆիրենմէ (Ֆլորանս) գաղթած էր: Աքքիաիոլիները ԺԳ. դարուն դրամատուն հիմնեցին, որ մասնաճիւղեր ունէր Յունաստանէն մինչեւ արեւմտեան Եւրոպայի տարբեր քաղաքներ:

Աքքիաիոլներ 1388-ին գրաւեցին Աթէնքը եւ 1390-ին ալ` Նէոփաթրասը: Քաթալաններ կորսնցուցին Յունաստանի մէջ ձեռք ձգած իրենց բոլոր հողերը եւ քաշուեցան:

***

Արմանիաքի կոմսութիւնը կ՛ընդգրկէր հարաւ-արեւմտեան Ֆրանսան, Ատուր եւ Կարոն գետերուն միջեւ, Փիրէնեան լեռներու ցածրադիր լանջերուն տարածուող երկրագործականօրէն հարուստ երկրամասը:

Արմանիաքի կոմս Ժան Գ., Մայորքայի թագաւորութեան հողերը իրեն կցելու նպատակով 1389-ին յարձակման անցաւ Քաթալոնիոյ վրայ: Խուան Ա. թագաւոր փորձեց կասեցնել ներխուժողները, բայց չյաջողեցաւ: Նաւաթայի մէջ արիւնահեղ կռիւներ մղուեցան: Ժան Գ. քալեց Ռուսիյոնի վրայ եւ սկսաւ յառաջանալ Քաթալոնիոյ խորերը: Էմփորտայէն Կիրոնա տարածուող գօտին բուռն կռիւներու թատերաբեմ դարձաւ:

Խուան Ա. վերակազմեց բանակը եւ անոր հրամանատարութիւնը եղբօր` Մարթինի յանձնեց: Մարթին, յարձակողական քանի մը գործողութիւններով 1390-ին ջախջախեց ներխուժողները եւ հեռացուց զանոնք Քաթալոնիոյ սահմաններէն:

***

Պեսալու

Քաթալան աւատական տիրոյթներուն մէջ Պեսալու հզօր կոմսութիւն էր եւ կ՛ընդգրկէր Միջերկրականի ափերուն եւ յարակից գօտիներուն մէջ տարածուող քաթալան հողերը: Պեսալուի կոմսութիւնը առանձին եպիսկոպոսութիւն էր: Քաթալոնիոյ գլխաւոր վանքերը` Սանթ Խուան տէ լէս Ապատեսէս, Սանթա Մարիա տէ Ռիփոլ, Պանիոլաս, Քամփորոտոն եւ Սանթ Փաու տէ Ֆենոլէթ Պեսալուի կոմսութեան սահմաններուն մէջ կը գտնուէին:

Պեսալու աւանը (լատիներէն Պիսուլտունում կը նշանակէ երկու գետերու միջեւ գտնուող լերան վրայ ամրոց), Ֆլուվիա գետի հովիտին մէջ, 151 մեթր բարձրութեան վրայ, պարսպապատ էր. այդ պարիսպներէն մնացորդներ պահպանուած են: Միջնադարեան կամուրջը, Ֆլուվիայի վրայ, ունի եօթը կամարներ եւ երկու աշտարակներ: Կամուրջին յարակից նեղ ու դարձդարձիկ փողոցներով Հրէական թաղը անցեալին  հրեաներով բնակուած էր: Աւանին կեդրոնը Փլասա Մայորն է, պատմական կառոյցներով` կամարաշար ծածկուած փողոցներ, Թագաւորական դահլիճը եւ Քասա Թալլաֆերրօ: Թալլաֆերրօ պողոտան կը հասնի դղեակին շրջապատը: Դղեակէն պահպանուած են երկու աշտարակներ եւ Սանթա Մարիայի խորանը: Փորթալէթ պողոտային վրայ եւս պահպանուած են միջնադարեան կառոյցներ եւ Հռոմէական կամուրջը: Սանթ Փերէ եկեղեցին կառուցուած է 1003-ին: Սանթ Փերէ վանքը պենետիքթեաններու ուխտի կարեւոր կեդրոն էր: Պատմական կառոյցներ են նաեւ Սանթ Վիսէնս եկեղեցին, Սանթ Խայմէ մատուռը եւ Քասա Ռոման:

Պեսալուի կոմսութեան տարածքը մօտաւորապէս կը համապատասխանէ ներկայ Կիրոնա նահանգի Լա Կարրոթքսա շրջանին: Շրջանի գլխաւոր բնակավայրերէն է Օլոթ քաղաքը, որ կը գտնուի չորս հրաբուխներով շրջապատուած դաշտի մը վրայ: Կլիման խոնաւ է եւ տեղումները` առատ:

Պեսալուի առաջին կոմսը` Պեռնար յիշուած է 986-ին: Անոր սերունդէն Հուկ (1178-1211) Սարտինիա փոխադրուեցաւ եւ կղզիին արեւմտեան Արպորէայի շրջանի կառավարիչը եղաւ եւ յետոյ ալ ինքզինքին Սարտինիոյ թագաւոր տիտղոսը տուաւ:

Հուկի որդին` Փերէ յաջորդեց հօրը իբրեւ Արպորէայի կառավարիչ եւ Պեսալուի կոմսութիւնը դերկոմսութեան վերածեց: Ինք Արպորէա կը մնար եւ Պեսալուի մէջ ունէր իր փոխանորդը` Էլտիարտան:

Փոնս Հուկ, Պեսալուի դերկոմսը, իրեն կցեց Էմփուրիէսի կոմսութիւնը: Էմփուրիէս քաթալան ծովափնեայ քաղաք է, հարուստ` հնութիւններով: Փոնս Հուկի եղբայրը` Հուկ զինուորական առաջնորդ էր եւ տէր դարձաւ քաթալան բնակավայրեր Պէուտայի եւ Քասթելֆոլիթ տէ լա Ռոքայի:

 

Արպորէայի մէջ կեդրոնացած Պեսալուի տան հեղինակութիւնը արդէն տարածուած էր Սարտինիոյ տարածութեան մօտաւորապէս մէկ-երրորդին վրայ:

Պեսալուի տան ժառանգորդ Մարիանուս Մեծ (1329-1376), որ 1347-էն մինչեւ մահը Արպորէայի կառավարիչը եղաւ, օրէնքներ հաստատեց եւ նոր նուաճումներ կատարեց: Ան ամուսնացած էր Թիմպոր տէ Ռոքապերթիի հետ. զաւակները` Հուկ, Էլիոնոր եւ Պէաթրիս:

Քաթալոնիոյ եւ Արակոնի թագաւորութեան ենթակայ Սարտինիոյ մէջ տեղացի հանրապետականներ ապստամբական վիճակի մէջ էին: 1383 մարտին Արպորէայի մէջ ապստամբութիւն բարձրացաւ եւ Մարիանուսի որդին` Հուկ սպաննուեցաւ: Հուկի մահէն ետք Պեսալուի տան ղեկավարութիւնը ստանձնեց քոյրը` Էլիոնոր տ՛Արպորէա: Ան ծնած էր 1347-ին, Մոլինս տէ Ռէյ աւանին մէջ:

Մոլինս տէ Ռէյ (կը նշանակէ թագաւորական ջաղացքներ) կը գտնուի Լիոպրեկաթ գետի ձախ ափին, Պարսելոնայի մօտակայքը, ռազմագիտական կարեւոր դիրքի վրայ: Ջաղացքները  կառուցուած էին Ալֆոնսօ Բ. թագաւորին կողմէ, 1208-ին, ուր յետոյ ալ եկեղեցի կառուցուած եւ համայնք մը կազմաւորուած էր: Աւանը անցեալին Փալլար կոմսերուն կը պատկանէր եւ յետոյ ալ Պեսալուի տան անցաւ: Հուկօ տէ Արպորէայի մահէն ետք շրջանը սարտինիական Սանթա Քլարա վանքին փոխանցուեցաւ:

Էլիոնոր տ՛Արպորէա

Էլիոնոր (սարտիներէն` Էլիանորա) տ՛Արպորէա մանկութենէն զինավարժութեան ենթարկուած էր եւ զէնքի ու կռուի սիրահար էր: Հայրը 1376-ին զինք ամուսնացուց ճենովացի ազնուական Պրանքալէոնէ Տորիայի հետ: Պրանքալէոնէ 1357-ին ինքզինք Փերէ էլ Սերիմոնիոս թագաւորին վասալը հռչակած էր, Սարտինիոյ մէջ իր հեղինակութիւնը ամրապնդելու համար:

Էլիոնոր եւ Պրանքալէոնէ Սարտինիոյ հիւսիս-արեւմտեան Քասթէլ Ճենովեսէ (ներկայիս` Քասթէլսարտօ)  աւանը հաստատուած էին, ուր ծնան անոնց որդիները` Ֆրետերիք (1377-ին) եւ Մարիանուս (1378-ին): Էլիոնոր 1382-ին Ճենովա գնաց, տոճ Նիքոլօ Կուարքոյի հետ համաձայնութեան եկաւ եւ չորս հազար ֆլորին խոստացաւ անոր, որուն փոխարէն տոճը իր դուստրը` Պիանչինան կնութեան պիտի տար Ֆրետերիքի: Եթէ աղջիկը նախքան ամուսնութիւնը մահանար, համաձայնութիւնը չեղեալ պիտի նկատուէր:

Սարտինիոյ հանրապետականներու ապստամբութենէն եւ Հուկի սպանութենէն ետք, երբ Էլիոնոր տոհմապետ հռչակուեցաւ, որդին` Ֆրետերիքը Արպորէայի կառավարիչ նշանակուեցաւ, որուն խնամակալ պիտի մնար մայրը: Պրանքալէոնէ այդ ժամանակ Քաթալոնիա կը գտնուէր, ուր թագաւորէն ստացաւ Մոնթինէոլէի կոմսութիւնը եւ Մարմիլիայի պարոնութիւնը:

Էլիոնոր ճնշեց հանրապետականներուն ապստամբութիւնը եւ կարգ ու կանոնը վերահաստատեց: Այնուհետեւ կռիւներ ծայր առին Արպորէայի եւ Քաթալոնիոյ ու Արակոնի թագաւորական բանակներուն միջեւ: Կռիւները տեւեցին տարիներ: Չորս տարուան կռիւներու ընթացքին Էլիոնոր կորսնցուց սարտինիական իր տիրոյթներուն մեծ մասը:

Խուան Ա. թագաւորի գահակալութենէն ետք հաշտութիւն գոյացաւ: Քաթալոնիոյ եւ Արակոնի թագաւորական բանակը գրաւեց Արպորէայի հողերուն մեծ մասը: Պրանքալէոնէ եւ որդին` Ֆրետերիք ձերբակալուեցան եւ Քասթէլ տի Քասթրոյի մէջ բանտ նետուեցան: Ֆրետերիք նոյն տարին` 1387-ին մահացաւ բանտին մէջ. ան 11 տարեկան էր: Էլիոնոր այնուհետեւ երկրորդ որդին` Մարիանուսը Արպորէայի կառավարիչ նշանակեց:

Խուան Ա. թագաւոր եւ Էլիոնոր 24 յունուար 1388-ին հաշտութիւն կնքեցին, որուն համաձայն Արպորէայի անկախութիւնը պիտի պահպանուէր:

Պրանքալէոնէ  Տորիա 1 յունուար 1390 ազատ արձակուեցաւ: Ան վիրակազմեց Արպորէայի ուժերը եւ 1 ապրիլ 1391-ին յարձակեցաւ Քասթէլ տի Քասթրոյի թագաւորական բանակին վրայ: Որդին` Մարիանուս միացաւ հօրը: Ապստամբներ 16 օգոստոսին գրաւեցին Սասսարին եւ Օսիլոն եւ 3 հոկտեմբերին մտան Վիլլա տի Զիեսա: 1391-ի տարեվերջին միայն Քասթէլ տի Քասթրօ, Ալկհերօ եւ Լոնկոսարտօ մնացած էին թագաւորական բանակին ձեռքը:

Ալկհերօ

Ալկհերօ, Սարտինիոյ հիւսիս-արեւմտեան կողմը, ծովափնեայ քաղաք է, ներկայիս` 44 հազար բնակչութեամբ, որուն մէկ մասը քաթալաններ են: Անոնք հոն հաստատուած են միջին դարերէն, եւ քաթալաներէնը քաղաքին մէջ երկրորդ պաշտօնական լեզու է: Տեղացիք պահած են իրենց քաթալան բարքերն ու աւանդութիւնները: Ալկհերոցիք իրենց քաղաքը կը կոչեն Պարսելոնեթա (Փոքր Պարսելոնա): Պահպանուած են քաթալան միջնադարեան ճարտարապետական յուշարձաններ: Ալկհերոյի տաճարը` Քաթետրալէս տի Սանթա Մարիա Իմմաքոլեթա, քաթալան գոթական ոճով, եպիսկոպոսանիստ է: Սանթ Ֆրանսեսք եկեղեցին եւս, քաթալան գոթական ոճով, պատմական կառոյց է:

Էլիոնոր տ՛Արպորէա Սարտինիոյ իր հպատակներուն համար 1392-ին օրէնքներու ժողովածու մը կազմեց Քարթա տէ Լոկու անունով: Քարթա տէ Լոկու գրուած է սարտիներէն լեզուով եւ կ՛ընդգրկէ քաղաքային եւ պատժական օրէնքներ: Քարթա տէ Լոկուն ուժի մէջ մտաւ 1395 ապրիլին: Անիկա Սարտինիոյ պատմութեան, միջնադարեան կենցաղի, ազգագրութեան եւ լեզուական առանձնայատկութիւններու ուսումնասիրութեան համար անփոխարինելի աղբիւր է:

Էլիոնոր տ՛Արպորէա մահացաւ 1404-ին, Օրիսթանոյի մէջ: Ան թռչուններու սիրահար էր. Էլիոնորա բազէն (Ֆալքօ Էլիոնորա) կոչուած է իր անունով, որովհետեւ Քարթա տէ Լոկուի օրէնքով ան արգիլած էր բազէի որսորդութիւնը: Քաթալաններուն եւ սարտինիացիներուն համար Էլիոնոր տ՛Արպորէա ազգային հերոսուհի է:

Էլիոնորի որդին` Մարիանուս մահացաւ 1407-ին, որմէ ետք Արպորէա անցաւ Նարպոնի Դերկոմս Կիւյոմի, որուն մեծ մայրը` Պէաթրիս, Էլիոնորի քոյրն էր: Պրանքալէանէ Տորիա քաշուեցաւ Մոնթելէոնէ, ուր մահացաւ 1409-ին:

***

Եոլանտ թագուհի

Խուան Ա. թագաւոր որսորդութեան սիրահար էր եւ կոչուած` Խուան էլ Քասատոր (որսորդ): 19 մայիս 1396-ին ան Ֆոյխա կը գտնուէր, ուր գացած էր որսորդութեան: Ֆոյխա կը գտնուի ներկայ Կիրոնա նահանգի Պայքս Էմփորտա գաւառին մէջ, Թեր գետի աջ ափին. բարձունքին կը գտնուի դղեակը. աւելի վար` Սանթ Խուան տէ Ֆոյխա եկեղեցին: Շրջապատը ամբողջ կաղնիի եւ շոճիի անտառներ են: Խուան թագաւոր այդ օր ձիով որսի ելած էր գիւղին անտառները, երբ ձիէն իյնալով մահացաւ: Դղեակէն դէպի եկեղեցի տանող ճամբուն վրայ իր յիշատակին խաչաձեւ յուշարձան մը բարձրացուած է:

Խուան Ա. 1373-ին ամուսնացած էր Արմանիաքի կոմս Ժանի դստեր` Մարթայի (1347-1378) հետ: Զաւակները` Խայմէ (նորածին մահացած), Խուանա (1375-1407, ամուսնացաւ Ֆուայի կոմս Մաթէոյի հետ) եւ Խուան ու Էլիոնոր (որոնք նորածին մահացան):

Մարթայի մահէն ետք Խուան 1380-ին ամուսնացաւ Պարի դուքս Ռոպէրի դստեր` Եոլանտի հետ. զաւակները` Խայմէ (1382-1388), Եոլանտ (1384-1442, ամուսնացաւ Նափոլիի թագաւոր Լուի Բ.ի հետ) եւ Ֆերտինանտ, Անթոնիա, Էլիոնոր, Փերէ եւ Խուան, որոնք բոլորն ալ մանկութեան մահացան:

Հօր մահէն ետք մեծ դուստրը` Խուանա եւ ամուսինը` կոմս Մաթէօ ներկայացան իբրեւ գահին յաւակնորդ:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>