Պետական բարձրագոյն օղակներու միջեւ լարուածութեան մեղմացման միտումներուն առընթեր, լիբանանեան քաղաքական դաշտը նախընտրական քարոզարշաւի մեկնարկային աշխուժ երեւոյթներ կը դրսեւորէ:
Քաղաքական ուժերու ընտրական դիրքորոշումներու եւ անհատ թեկնածուներու ինքնաառաջադրումներու մասին կատարուող յայտարարութիւնները ո՛չ միայն համարժէք, այլ նաեւ անկէ աւելին` մեկնաբանութիւններու եւ վերլուծութիւններու կ՛արժանանան:
Նկատելի է ընդհանուր միտում մը, որ խորհրդարանական այս ընտրութիւնները քարոզարշաւային նորարարութիւններով յագեցած պիտի ըլլան: Այս բոլորին հաւանաբար կը նպաստէ նաեւ նոր օրէնքին փոխանցած ոչ անպայման արդիւնքներուն մեծաւ մասամբ կանխատեսելի ըլլալու հաւանականութիւնը:
Կարգախօսերու այլազանութիւն, ազգայինին ու քաղաքականին առընթեր քաղաքացիական բնոյթի շեշտակի յաւելումը, համակարգ փոխելու կոչերը` բովանդակային առումով նորարարութիւն բերելու ճիգեր կը մատնեն համակողմանիօրէն:
Ասոր զուգահեռ երեւութապէս նոյնքան կարեւորութիւն կը տրուի այդ բովանդակութիւնը հրամցնելու եղանակներուն: Այստեղ եւս կայ նորութիւն, եթէ արագօրէն նկատենք, որ դասական լրատուամիջոցներէն աւելի ինքնաառաջադրուող թեկնածուները նախ եւ առաջ ելեկտրոնային հարթութեան վրայ ընկերային ցանցերուն կը դիմեն իրենց ընտրական կարգախօսերուն ճանաչողականութիւնը ապահովելու համար: Առանց ուղղակի վերագրումներ կատարելու, ընդգծուող թեմաները, քաղաքացիական խնդիրներու վրայ դրուող շեշտադրումները անուղղակիօրէն կը փոխանցեն հինը, աւանդականը, զուտ քաղաքականը շրջելու կոչերը:
Այս մեթոտաբանութիւնը յատուկ չէ միայն Լիբանանին: Ականատես կ՛ըլլանք աշխարհագրական տարբեր միջավայրերու մէջ ո՛չ միայն ընտրարշաւային թեմաներու կտրուկ փոփոխութիւններու, այլ նաեւ ընդհանրապէս ընկերային-քաղաքացիական շարժումներու ծաւալման ընթացքին օգտագործուող աշխարհաքաղաքացիական եզրաբանութեան, պահանջներու եւ կիրարկուած մեթոտներու:
Այս բոլորը մերժելի չեն անշուշտ. այս բոլորը տեղ մը համամարդկային արժէքներու պահպանման եւ զարգացման առաջադրանքներուն հետ կը համատեղուին եւ հետզհետէ կը ստանան աշխարհակարգային դրութիւններու բնութագրման ընթացքին արծարծուող թեմաներու տարողութիւն:
Ներկուսակցական միջավայրերու մէջ նման հարցերու, երեւոյթներու քննարկումի ընթացքին, մեր ուսանողութիւնն ու երիտասարդութիւնը ցուցաբերեցին բացառիկ հմտութիւնը այս բոլորը ճիշդ ներկայացնելու, հայկական ընտրազանգուածին վրայ անոնց թողած եւ թողելիք ազդեցութիւններու յարաբերակցութիւնները առարկայօրէն քննելու եւ համապատասխան նախնական եզրայանգումներ կատարելու առումներով: Համայնքին եւ լիբանանեան լսարաններու յղուելիք ընտրական ուղերձներու երանգային տարբերութիւնները, հայկական եւ լիբանանեան թեմաներու տեղ-տեղ համադրաբար ներկայացումը, համայնքային իրաւունքներու պաշտպանութեան խնդիրը եւ միաժամանակ զանոնք համալիբանանեան օրակարգերու տակ տեղադրելով ներկայացումը: Տակաւի՛ն. ներհամայնքային տարբեր ոլորտներու մէջ ներդրուած աննախադէպ օժանդակութիւնները, ազգային ինքնութիւնը պահելով լիբանանեան քաղաքացիութեան ամբողջական պարտաւորութիւնները կատարելու եւ այս փուլին զուտ ընտրական շարժառիթներէ մեկնած Դաշնակցութիւնը անուղղակիօրէն հարուածող թեմաներու քաղաքակիրթ արծարծումները դիմակայելու քարոզչաքաղաքական նախապատրաստութեան ընդգծումը` կազմեցին ուսանողութեան եւ երիտասարդութեան հետ նախնական ընդհանուր խորհրդակցութեան օրակարգային կէտերը:
Այդ խորհրդակցութեան ընթացքին էր, որ բովանդակային հարցերու ճշդումին առընթեր ներկայացուեցան արհեստավարժ դրութեամբ մշակուած մեթոտներու, զանգուածներուն հասնելու, թիրախային լսարաններ նուաճելու եւ ընկերային ցանցերու վրայ դիտողականութեան մրցանիշեր ապահովելու, տեսանիւթերու շրջանառութեան նոր տարածքներ թեւակոխելու ամէնէն նորարար ոճերը:
Մեր առաջադրանքներու ներկայ միջոցներով զանգուածայնացման ռազմավարական ծրագիրի մը նախադրեալներու ներկայացումն էր, որ յամենայն դէպս համեմատաբար չափահաս տարիքի կուսակցականները համոզեց, որ մեր կուսակցութիւնը ունի երիտասարդ մարդուժի կարեւոր շտեմարան, որ քաղաքական աշխատանքներու կատարողականութեան համար կը տիրապետէ ժամանակակից մտածողութեան եւ արդի մեթոտաբանութեան: Ի տարբերութիւն` ընտրարշաւային նպատակով մինչ այժմ երեւցող եւ բովանդակութենէն առաջ միայն նորարար ձեւաբանութիւնը ընտրած դէպի խորհրդարան աճապարող անձնաւորութիւններու:
Իսկ դաշնակցական ուսանողութեան եւ երիտասարդութեան այս պատրաստուածութիւնը բնականաբար չի վերաբերիր միայն ընտրական աշխատանքներուն: Դաշնակցութեան անոնց հրամցուցած ինքնակայացման առիթները կը յուշեն, որ մեր կուսակցութիւնը կը շարունակէ պահել ժամանակին հետ քայլ պահող եւ 127-ամեայ կազմակերպութիւնը միշտ երիտասարդ մարդուժով վերանորոգելու կարողականութիւնը: