ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Մասամբ աւարտած ենք պատմական Վան քաղաքի հայ զբօսաշրջիկի համար յատուկ նշանակութիւն ունեցող վայրերու այցելութիւնը: Վանը Վասպուրական նահանգի միայն փոքրիկ մէկ հատուածն է եւ աւելին կը պահանջէ, շատ աւելի երկար օրեր, չըսելու համար` շաբաթներ, նոյնիսկ ամիսներ: Իսկ մենք մնացած հինգ օրերու ընթացքին նախատեսած ենք եւս ինը քաղաքներ այցելել: Այսպէս, Վանի պատմական բերդին մէջ ուրարտացի Արգիշտի թագաւորին դամբարանը այցելելէ ետք կ՛ուղղուինք դէպի Կարս:
Ճամբու տեւողութեամբ կը լսենք գիւմրեցի տիկին Շուշիկին երգը` «Ղարս, Ղարս, հայրենի հարս, ե՞րբ պիտի Հայաստան ետ վերադառնաս»: Երիտասարդ, բայց փորձառու վարորդին` Իպրահիմի եւ իր GPS գործիքին շնորհիւ` կէս գիշերը անց կը հասնինք մեր իջեւանը` «Կատարինէ» հիւրանոցը: Յաջորդ առաւօտ կանուխ հիւրանոց եկած է Անիի աւերակներու մերօրեայ կարեւորագոյն մասնագէտ Վետաթ Աքչաէօզը: Ան համեստաբար կը յայտնէ, որ ինք ո՛չ պատմաբան է, ո՛չ ալ հնագէտ: «Մասնագիտութեամբ ճարտարագէտ եմ եւ ապրուստս կ՛ապահովեմ այդ ճամբով: Բայց Անին կախարդած է զիս, ամբողջ ժամանակս կը տրամադրեմ Անիի գաղտնիքները բացայայտելու», կը պատմէ Աքչաէօզը: Քանի մը ժամ ետք իր պատմածներուն կենդանի վկաները կը դառնանք նաեւ մենք: Հիացումով կը լսենք իր փոխանցած գիտելիքները: Իսկ ինք հիացումով կը փառաբանէ Հայաստանէն եկած ոմն քարտաշ Արայիկի արուեստը: Ափսոս, որ ան այս առաւօտ մեկնած է Հայաստան` քանի մը օր ետք վերադառնալու եւ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ վերանորոգման իր գործը շարունակելու համար:
Աւարտելով Անիի բազմաթիւ ճարտարապետական կոթողներու շուրջ մեր այցելութիւնը` այս անգամ Վետաթ Աքչաէօզի ուղեւորութեամբ կը շրջինք մօտակայ գիւղին մէջ, ուր կան բազմաթիւ քարանձաւներ, որոնց մէջ մինչեւ քանի մը տասնեակ տարիներ առաջ բնակութիւն ալ եղած է: Ահա այստեղ կը սկսին Անիի առասպելաբնոյթ գաղտնիքները: Անցքեր, որոնք ծառայած են իբրեւ թաքստոց, անցքեր, որոնք Ախուրեանի տակէն անցնելով` կը հասնին գետի հանդիպակաց ափ, այսօրուան Հայաստանի հողեր: Խորշեր, որոնք հին անցեալին գործածուած են իբրեւ գերեզման, իսկ աւելի վաղ տարիներուն` իբրեւ շտեմարան կամ մթերանոց: Մեր ուղեցոյցը քիչ առաջ Անիի աւերակներուն մօտ նշած էր վայրեր, որոնք անցեալին աշխատանոցներ եղած էին: Իսկ հիմա այս քարայրները, կը բացատրէր ան, իբրեւ այդ արհեստաւորներու բնակարանները: Ի զուր կը փորձենք պատկերացնել նախնեաց կենցաղը, չենք յաջողիր: Կը փորձենք վերյիշել Անիի ողբերգական պատմութիւնը, կը դժուարանանք իրարմէ զանազանել այն բազում բարբարոս արշաւանքները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը հալածանքի նոր ալիք մը դարձաւ տեղացի խաղաղ բնակչութեան համար: Այդ բոլորէն կը ձեւաւորուին շիրազեան տողեր, որոնք Մաժակ Թոշիկեանի շնորհով կը դառնան մեղեդի եւ կը հնչեն մեր շուրթերէն. «Դեռ մի կարօտ ունեմ անյագ, հասնեմ Անի ու նոր մեռնեմ, բանամ հոգուս դռները փակ, տեսնեմ Անին ու նոր մեռնեմ»: Անիի ողբը մեր մանկութեան տարիներէն դրոշմուած է մտքերու մէջ: Տակաւին մօր ծունկի տակ` թոթոված ենք` «Անի քաղաք նստեր կու լայ, չկայ ըսող` մի՛ լար, մի՛ լար» տողերը: Նոյնպէս` դրոշմուած է փլատակներու վրայ նստած ու մազերը ուսերէն վար թափած աղջկան կերպարը: Վերջապէս, հայ գաղթականութեան պատմութիւնը սկիզբ կ՛առնէ Անիի կործանումով: Այդ է պատճառը, որ մեր գրականութեան ու երգացանկին մէջ անհամար են Անիի կարօտակէզ պատումները: Ահա անոնցմէ մէկը եւս կը թափի մեր շրթներէն, այս անգամ` Գարիկ Բանդուրեանի խօսքերով եւ Ալեքսէյ Հեքիմեանի երաժշտութեամբ. «Ներիր, որ ուշ եմ այդքան մօտդ գալիս, ի՛մ Անի, թէկուզ ամէն օր էլ գամ, իմ կարօտը չեմ առնի: Թէ քեզ մտքիցս էլ հանեմ, ես իմ սրտից չեմ հանի, կեանքս մատաղ քեզ կ՛անեմ, միայն շնչես դու Անի»:
Իպրահիմ ղեկը ուղղած է դէպի Կարս: 40 քմ անցնելով` կը հասնինք քաղաք եւ կը շրջինք նախ շուկայի փողոցներուն մէջ, ապա` քաղաքի հին դիմագիծը պահող վայրերը: Կը համտեսենք Կարսի պանիրը: Հիացումով կը դիտենք ռուսաց տիրապետութեան օրերէն մնացած շէնքերը: Անոնց մէկ մասը մեծ խնամքով պահուած է ու հասած` մեր օրերը: Իսկ շատեր տարօրինակ գոյներով կերպընկալի, ալիւմինիոմի յաւելուած բաժիններով աղաւաղուած եւ աննշմարելի դարձած են: Դարձեալ գիշերուան ուշ ժամերուն է, որ կը հասնինք մեր իջեւանած «Կատարինէ» հիւրանոցը: Այստեղ` Կարսի մէջ Կատարինէ կարծես թէ ռուսականութիւնը բնորոշող յատուկ բառ մը դարձած է: Ամէն տեղ կարելի է հանդիպիլ այս անունին: Յաջորդ օրուան այցելութիւնը կը սկսի քաղաքի լաւ պահպանուած հայկական կառոյցով` Սրբոց Առաքելոց եկեղեցիով: Եկեղեցին ու շրջափակը մեր ուշադրութիւնը կը գրաւեն իրենց մաքրութեամբ ու խնամքով: Արդարեւ, յաջորդ օր, առաւօտեան ժամերուն, երբ կ՛այցելենք հայոց այս պատմական սրբավայրը, մեզ դիմաւորողները կ՛ըլլան երկու կիներ, որոնք աշխատանքի լծուած են եկեղեցւոյ շուրջբոլորը աւլելով: Իրականութեան մէջ պարզ է այս խնամքին տեղի տուող գործօնը` եկեղեցին դադրած է իր հիմնական առաքելութենէն ու վերածուած է մզկիթի: Չարիքի մէջ բարիք տեսնող մեր միամիտ մտքով կը մխիթարուինք` խորհելով, որ այս ալ բարեբախտութիւն է, եթէ մզկիթի վերածուած չըլլար, կը բաժնէր իր բազմաթիւ նմաններու ճակատագիրը` ախոռի կամ աղբանոցի վերածուելով:
Ժամանակը սուղ է, եւ պէտք է շարժիլ: Կը գոհանանք Կարսի թանգարան կարճատեւ այցելութեամբ մը եւ կ՛ուղղուինք դէպի Սարըղամըշ: Այս քաղաքը Թուրքիոյ Երրորդ բանակի կարեւոր զօրամասերէն մէկը կը պահէ իր մէջ: Ունի տխուր պատմութիւն մը: 1915-ին այստեղ սառելով մահացած են 90 հազար պատանի զինուորներէ բաղկացած զօրագունդ մը` զոհ երթալով անփորձ հրամանատարի մը` Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր մեղաւորներէն Էնվեր փաշայի կիրքերուն: Այդ անփորձ պատանիները ամառնային շորերով ղրկուած են ճակատ, որպէսզի վատահամբաւ Էնվերին շնորհեն հերոսի մետալ մը: Հետեւանքը սարսափելի եղած է, եւ այդ 90 հազար պատանիները, առանց մէկ հատ իսկ փամփուշտ արձակելու, սառելով` զոհուած են ձիւներու մէջ: «Իսկ Սարըղամըշ թրքաբնակ աւանը, բացի այս պատմութենէն, ի՞նչ ունի տեսարժան», որ կը հարցնենք տեղացիներուն, բոլորը միաբերան կը նշեն Կատարինէի դղեակը: Շուտով կը հասնինք այդ դղեակը: Ամայի, կիսաւեր ու փայտաշէն դղեակ մըն է մեզ դիմաւորողը: Շուտով կը յայտնուի երիտասարդ պահակ մը, որ բացատրութիւններ կու տայ շինութեան մասին: Ռուսաց Նիքոլայ ցարը իր որդւոյն` Ալեքսէյի ապաքինման համար կառուցած է այս դղեակը: Անշուշտ որ Կատարինէի հետ կապ մը չունի, բայց ժողովուրդը այդպէս կը կոչէ: Հիմա նախատեսուած է վերանորոգութիւն մը` մշակոյթի նախարարութեան կողմէ: Պահակը կը շարունակէ պատմել, որ դղեակը մինչեւ քանի մը տարի առաջ գործածուած էր զինուորներու կողմէ: «Այդ գործածութեան ընթացքին ահագին փոփոխութիւններ կատարուեցան սենեակներուն մէջ: Այդ փոփոխութիւնները անշուշտ որ վնասեցին շինութեան: Հիմա նախ շէնքը իր հին տեսքին պիտի բերուի, ու ապա դարձեալ եւ նոր փոփոխութիւններ պիտի կատարուին, քանի որ կը մտադրուի այստեղ հիւրանոց եւ ճաշասրահ սարքել»:
Այստեղ լոկ դղեակի մը օրինակով տեսնուածը իրականութեան մէջ, արդի Թուրքիոյ պայմաններուն, բարացուցական է պատմական հին քաղաքներու համար ալ: Պարզապէս պողոտայ մը լայնցնելու համար անխնայ կրնան զոհ երթալ տուեալ քաղաքին յատկանիշը հանդիսացող բազմաթիւ շէնքեր, շինութիւններ: Արդարեւ, այս բոլորին ականատես կ՛ըլլանք մեր ճամբու շարունակութեան:
Երբ Իպրահիմին կառքը կը սուրայ միջքաղաքային կպրուղիի վրայ, քաղաքները իրարու կը խառնուին: Եթէ քիչ առաջ Կարսի գաւառներն էին հիմա անցած ենք Կարինի տարածք, եւ մեր դիմացն են պատմական Խորասան ու ապա Խնուս քաղաքները: Այս քաղաքներուն մէջ ոչինչ կայ նշանակելու արժանի: Եթէ կայ, մարդն է միայն: Ահա պենզինի լիցակայանի մէջ մի ոմն օտարի հետ հայերէնով զրոյցի բռնուած է մեր խումբէն Էնեսէն: Հետաքրքրութեամբ կը մօտենանք իրենց, եւ կը պարզուի, որ Էնեսէին խօսակիցը համշէնցի մըն է: Լաւ է, որ մեր բարեկամուհին լաւ կը տիրապետէ հայերէնի այս պատմական բարբառին, եւ երկուքով կը փորձեն հասարակական բարեկամներ յայտնաբերել: Համշէնցիին գործընկերներն ալ զարմանքով կը շրջապատեն զիրենք եւ կ՛ուզեն իմանալ, թէ ինք ինչպէ՛ս կրնայ հաղորդակցիլ այս օտարներու հետ: Մեր մտքին մէջ կառչած հարցում կը մնայ, արդեօք համշէնցին ուրա՞խ է այս հանդիպումով:
Վարորդ Իպրահիմ մտահոգ էր ճամբու այս հատուածին մասին` «ԽնուսՎարդօ ճանապարհը խիստ ամայի է, եւ լաւ կ՛ըլլայ, որ օր ցերեկով անցնինք այդ հատուածը», կ՛ըսէ: Կը շտապենք մեր երթը` վարորդին մտավախութիւնը փարատելու համար: Կը յաջողինք լոյս աչքով այդ ճամբան անցնիլ: Ըստ ծրագրի, Վարդոյէն ետք պիտի հասնինք Պիթլիսի խաչմերուկը, ուրկէ պիտի թեքուինք Սասուն, որպէսզի գոնէ հեռուէն դիտենք Կոմքի վանքը եւ Մարութա սարը: Սակայն Պիթլիսի խաչմերուկին մինչեւ որ հասնինք, օրը սկսած էր մթնիլ, եւ մենք կը հրաժարինք Սասուն ուղղուելէ ու երթը կը շարունակենք դէպի Մուշ:
Մուշի մէջ դարձեալ մեզի համար հետաքրքրական է ո՛չ թէ քաղաքի պատմական եւ ճարտարապետական որեւէ գործ, այլ ինքը` մարդը: Արդարեւ, հիւրանոց իջնելէ հազիւ քանի մը վայրկեաններ անց` մեզ հետ ողջագուրուելու կու գան քաղաքի հայ հասարակութեան ներկայացուցիչները, «Տարօն» հայրենակցական միութեան անդամները: Միութեան ատենապետ Հայրէտտին Ասլան մեզ կը հրաւիրէ միութեան կեդրոն, որպէսզի աւելի ազատ զրուցենք: Կարօտով կը յիշատակուի «Ակօս»-ի հայերէն էջերու աւագ խմբագիր Սարգիս Սերովբեանը: Հայրէտտին Ասլան եւ Իսմայիլ Ատանըր երանութեամբ յուշեր կը փոխանակեն իրարու հետ: Ապա կը պատմեն Համահայկական խաղերու իրենց մասնակցութիւնը` որպէս Տարօնի հայեր: «Մենք միայն ֆութպոլի մարզի մէջ մասնակցեցանք ողիմպիականներուն, պարտութիւններ կրեցինք, բայց շատ ոգեւորուած ետ դարձանք»: Ապա կը խօսինք միութեան առջեւ ծառացած խնդիրներուն մասին: «Ամենալուրջ խնդիրը հայերէնի դասընթացքներու կիսատ մնալն է», կը պատմէ Ասլան: Հակառակ անոր որ ունեցած են բաւականին հետաքրքիր հետեւողներ, սակայն դժուարացած են ուսուցիչի խնդիրը լուծելու: Այստեղ կը կատարուին կարծիքի փոխանակումներ, եւ մերոնք կը փորձեն ելք մը գտնել խնդիրը լուծելու համար: Հաղորդակցութեան տուեալներ կը փոխանակուին, եւ գիշերուան ուշ ժամուն այս հանդիպումէն ակամայ հրաժեշտ կ’առնենք իրարմէ:
Յաջորդ օր կարճատեւ շրջագայութիւն մը կը կատարենք Մուշի մէջ: Ահաւասիկ` քաղաք մը եւս, որ ոչինչ ունի ըսելու: Այն միակ վայրը, որ իբր թէ պիտի արժէր տեսնել, նախկին հայոց բնակած թաղն է, որ այսօր ԹՕՔԻ-ի շինութիւններով դարձած է անճանաչելի: Ուրեմն կը շարունակենք մեր երթը դէպի Տիգրանակերտ, ուրկէ պիտի անցնինք Տիարպեքիր: Այս երկու քաղաքները յաճախ կը շփոթուին իրարու հետ եւ շատ անգամ ո՛չ թէ սխալմամբ, այլ` գիտակցաբար: Արդարեւ, տեղւոյն հայութիւնը կը սիրէ Տիարպեքիրը վերագրել Մեծն Տիգրանի, բայց իրողութեան մէջ Տիգրանի կառուցած քաղաքը այժմու Սիլվանն է եւ 20 քմ հեռու է Տիարպեքիրէն:
Յաջորդ շաբաթ թէ՛ կանգ կ՛առնենք Տիգրանակերտի պարիսպներուն տակ եւ թէ՛ մեր երթը կը շարունակենք դէպի Տիարպեքիր, Մարտին եւ Եդեսիա: