Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Հալէպ, Հալէպի Մէջ, Հալէպէն Հեռու. Բաց Զրոյց Ներսի Եւ Դուրսի Միջեւ (Ա.)

$
0
0

Համպուրկի համալսարանի դասախօս Իշխան Չիֆթճեանի առաջարկով նախորդ տարի կայացած է զրոյց մը «Գանձասար»-ի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեանի հետ` իբրեւ առանցք ունենալով սուրիահայ պատերազմի լոյսին տակ տեղւոյն գաղութին ապրած վիճակը, առօրեան, ծառացած մարտահրաւէրները եւ գոյատեւման երթը: Յաջորդական կերպով մեր էջերով կը հրատարակենք այդ զրոյցը` իր օգտաշատութեան համար:

«Խմբ.»

————————————-

ԻՇԽԱՆ ՉԻՖԹՃԵԱՆ.- Սուրիոյ մէջ բազմամակարդակ պատերազմը կը շարունակուի: Միջազգային ու ազգային մակարդակներու վրայ ահագին խօսք, գիր, գիրք, ձեռնարկում, օժանդակութիւն, քարոզ ու այլինչ բաւական ճամբայ կտրած են: Տագնապանքի, յուսահատութեան, յուսալքումի, քանդումի մթնոլորտը եկաւ, կու գայ ու կ’երթայ եւ որեւէ ժամանակ դարձեալ կրնայ յայտնուիլ: Դեռ պատերազմին «մէջ» ենք: Սովորաբար դատումներն ու եզրակացութիւնները դէպքերէն ետք տեղի կ’ունենան, երբ յստակացումներ կը կատարուին: Քանի պատերազմը չէ աւարտած, ուրեմն դեռ այդ վերջնական յստակացումը տեղ չէ գտած:

Այստեղ կ’ուզեմ ներսի եւ դուրսի միջեւ զրոյց մը առաջարկել: Գիտենք կրակին մէջ ու անկէ հեռու եղողներուն տարբերութիւնները: Մորթին վրայ զգալուն ու հեռուէն լսելով զգալուն տարբերութիւնները կան: Հեռուն կեցողը խօսելու եւ դատելու իրաւունք չունի` կ’ըսենք յաճախ իրաւամբ: Դուրսէն կ’երեւին, սակայն, երբեմն բաներ, որոնք ներսէն յստակ չեն: Ներսինը յաճախ դուրսինին կարծիքին կարիքն ալ չունի: Ինչո՞ւ ունենայ: Խօսիլը դիւրին է, ապրիլը` դժուար: Ապրողը գիտէ: «Կրակն ինկած տեղը կ’այրէ»:

Կրակին այրած տեղերը, սակայն, Սուրիոյ պատերազմին պարագային, տարածուեցան, վերջին տարիներուն ընթացքին դարձան «համազգային խնդիր», որովհետեւ Սուրիոյ ու մանաւանդ Հալէպի պատմական ու կեդրոնական դերակատարութիւնը հայկական կեանքին մէջ շեշտուեցաւ, յստակացաւ մեր աչքերուն առջեւ: Ազգովին վկայ դարձանք, ամէն մարդ իր չափով ու չափանիշով, դատելու եւ դիտելու իր կարողութեամբ, թէ ինչպէ՛ս կրնայ օր ցերեկով առողջ ու կայուն գաղութ մը խոշտանգումի ու խորտակումի պայմաններու մէջ գտնուիլ: Ասիկա պատճառ դարձաւ, ի միջի այլոց, նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան` իբրեւ հայրենիքի, դերակատարութեան անդրադառնալու: Մարգարէութիւններ ու գուշակութիւններ չպակսեցան, որոնք սփիւռքի ապագան հարցականի տակ առին: Հայաստան գաղթեցին մեծաթիւ սուրիահայեր: Ոմանք հոնկէ անցան արեւմտեան երկիրներ:

Ծայրայեղ, ահազանգային դատումներէն մինչեւ ամէնէն մեղմ դատումները, ժխտական ու դրական մօտեցումները, համացանցային երբեմն անպատասխանատու, երբեմն տրամաբանող ու հարցադրող, երբեմն անհաւասարակշիռ ու այպանող կարծիքներն ու արտայայտութիւնները, ինքնապաշտպանականն ու յարձակողականը` ներսէն կամ դուրսէն, բոլորն ալ մտահոգութեանց արդիւնք են, բոլորին ալ կարիքն ունին պատմութիւնն ու պատմագիրը:

Դուրսէն եւ ներսէն դիտելն ու զգալը ունին իրենց առանձնայատկութիւնները, եւ ես պիտի ուզէի ըսել, որ երկուքն ալ անհրաժեշտ են, որովհետեւ հայ ժողովուրդի նկարագրին ու էութեան անբաժան մասն են ներս ու դուրս, ներս կամ  դուրս ըլլալու հանգամանքները: Ներսէն զգալ ու հասկնալ, դուրսէն զգալ ու հասկնալ:

Ընդհանուր ու պաշտօնական մեկնութիւններէն ու խօսքերէն անդին, կը փափաքիմ  աշխարհագրական հեռաւորութիւնս օգտագործելով` քանի մը հարցումներ ուղղել «Գանձասար» շաբաթաթերթին, անոր խմբագիրին հետ զրուցելով, դէպի ներս հայեացք մը նետել փորձելով:

Որո՞նք են ներսի եւ դուրսի հիմնական տարբերութիւնները: Կ’ընդունի՞ք, որ ներսէն զգալուն եւ հասկնալուն կողքին, կրնան նաեւ դուրսէն հասկնալ ու… զգալ գոյութիւն ունենալ:

3 Յունիս 2017

 

ԶԱՐՄԻԿ ՊՕՂԻԿԵԱՆ.- Ներսի եւ դուրսի ձայները` երկուքն ալ բնականաբար ցաւի, պոռթկումի, փրկութեան ուղիներու որոնման ձայներ են, կասկած չունինք: Անոնց միջեւ, սակայն, հիմնական տարբերութիւններ կան:

Դուրսը, կամ, աւելի մեղմ պիտի ըլլայ ըսել,  աշխարհագրականօրէն հեռու ապրողը ներսի պատկերին մանրամասնութիւնները չի տեսներ յաճախ: Ան պատկերը իր ընդհանրութեան մէջ կը տեսնէ միայն, այնքան մը, որ ան իրեն կը հրամցուի զանգուածային լրատուամիջոցներուն կողմէ: Այդ լրատուամիջոցները երբեմն տագնապի որոշ երեսները ուռճացուած կը ներկայացնեն, երբեմն դիտումնաւոր կ’անտեսեն այլ երեսներ… եւ այսպիսով, անոնք կ’ուղղորդեն հանրային կարծիքը` իրենց նպատակներուն համաձայն:

Տագնապի ամէնէն բռնկուն ժամանակաշրջանին, օրինակ, երբ յատկապէս արեւմտեան լրատուամիջոցներ Հալէպը հռչակած էին աղէտեալ քաղաք ու ցոյց կու տային քաղաքի քանդուած բնակարանները, անտուն, անօթեւան մարդիկն ու զոհերը, ապօրինի ուղիներով պատերազմէն փախչող հազարաւորներուն ողբալի վիճակը միայն, դուրսը ապրողը, բնականաբար, գաղութը պարպելու կոչեր պիտի ուղղէր հոս ու հոն, յետոյ պիտի զարմանար` տեսնելով Հալէպի մէջ հայկական վարժարան յաճախող փոքրիկներուն պատկերները, պատերազմի պայմաններուն մէջ իրենց կեանքը շարունակող ընտանիքները, երբեմն պիտի այպանէր զանոնք նաեւ:

Հայկական կարգ մը լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ, երբ կապ կը հաստատէին հետս եւ կ’ուզէին իրազեկ դառնալ գետնի վրայ տիրող իրավիճակին, մերթ ընդ մերթ կը հարցնէին, թէ ո՛ւր կը բնակիք, նկուղներու մէ՞ջ, կարելիութիւն ունի՞ք առօրեայ ձեր ուտելիքը ապահովելու համար փողոց ելլելու: Կը փորձէի բացատրել, որ ճամբաները անապահով են, ռումբի մը զոհը կրնաս դառնալ որեւէ մէկ ատեն ու որեւէ մէկ տեղ, նոյնիսկ` բնակարանիդ մէջ, այդուհանդերձ, կեանքը կը շարունակուի, վարժարանները իրենց դռները բաց կը պահեն, եկեղեցիներուն զանգերը կը ղօղանջեն, Հալէպը չէ դատարկուած:

Ներսը ապրողը իր մորթին վրայ կը զգար ցաւը, կ’ապրէր վտանգը, սակայն իրապաշտ էր նաեւ. գիտէր, որ ի՛նք պիտի լուծէր իր հարցերը: Դուրսինը կրնար օգնել, որ իր ցաւերը մեղմանան, որ դիւրութեամբ կարենայ յաղթահարել դժուարութիւնները, սակայն իր հարցերուն հիմնական լուծում չէր կրնար տալ:

Ներսը ապրողն էր, որ լուծումներ պիտի որոնէր: Այդպէս ալ եղաւ… Իւրաքանչիւր ընտանիք շարժեցաւ ի՛ր պայմաններուն, ի՛ր դիմանալու կարողութեան, ի՛ր կարելիութիւններուն համաձայն: Ոմանք տագնապի առաջին օրերէն գաղթեցին, ուրիշներ որոշեցին հայրենիք հաստատուիլ: Ոմանք նախընտրեցին երկրին մէջ, առժամաբար, քաղաքէ քաղաք տեղափոխուիլ, մինչեւ կացութեան հանդարտիլը, ուրիշներ փախուստ տալը լուծում չէ` ըսին ու հաւատալով, որ այս բոլորը վերջ մը պիտի ունենան անպայման, նախընտրեցին մնալ ու տոկալ: Ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք գաղթականի ցուպը կրկին պիտի չբռնենք` ըսին:

Մնացողներուն տէր կանգնիլ ու դարարմատ այս գաղութը պահպանելն ալ էական էր, որուն համար նաեւ կը տքնէր ներսինը: Դուրսինին երբեմն անհասկնալի կը թուէր ներսինին` գաղութին կառչելու որոշումը, ան դուրս ելլելով` մահուան վտանգէն փրկուիլը աւելի դիւրին ու տրամաբանական կը համարէր:

Սա չի նշանակեր, որ դուրսինը չի զգար, չի տագնապիր: Ան, պարզապէս սուրիահայութեան պատկերին կարգ մը մանրամասնութիւնները չի տեսներ:

Սուրիահայութիւնը ունենալով կորուստներ, ապրելով զրկանք` իր բոլոր կարելիութիւններով կը փորձէր պաշտպանուիլ այս փոթորիկին դէմ, որովհետեւ լաւ կը հասկնար սուրիական ընկերութեան դրուածքը ու գիտէր, որ այս բոլորը վերջ մը պիտի ունենային անպայման, գիտէր մանաւանդ, որ հայրենամերձ այս գաղութը խոր արմատներ ունի այս երկրին մէջ, ու Սուրիան ժամանակաւոր կայարան մը չէ, որ իւրաքանչիւր դժուարութեան դիմաց թաղէ ամէն բան ու հեռանայ, անորոշութեան գիրկը նետուի: Թաղէ իր պապերէն ժառանգած մշակութային արժէքները, աւանդոյթները, լեզուն եւ տակաւին շատ ու շատ իւրայատկութիւններ, որոնք պահպանուած են գուրգուրանքով, զոհողութիւններով, խզէ իր կապը այն երկրին հետ, որուն զարգացման փուլերուն մէջ իր լուման դրած է ու բոլոր ժամանակներուն մէջ յարգանք եւ վստահութիւն վայելած` անոր ժողովուրդին կողմէ:

Ոմանք երբեմն տեղեակ չըլլալով պատկերին մանրամասնութիւններուն, ներսը տարուող աշխատանքներուն` գաղութին կառչած մնալը անհեթեթօրէն կը վերագրէին կառոյցներու, շէնքերու պահպանումին: Հոս է, որ ցաւ զգալով` կ’ընդվզէր ներսինը: Անհրաժեշտ էր տագնապին մէջ ապրողը հասկնալ, զօրակցիլ անոր, որպէսզի եթէ նոյնիսկ օգնելու կարելիութիւն չունենայ դուրսինը, գէթ աւելի չծանրացնէ ներսինին վիճակը, խուճապի չմատնէ զայն: Ճիշդ այս պատճառով ալ անպատասխանատու արտայայտութիւններուն պէտք էր պատասխանել երբեմն` հանդարտեցնելու եւ գօտեպնդելու ներսինը, բացատրելու անոր միտքը:

Երկրորդ հիմնական տարբերութիւնը այն էր, որ դուրսինը յաճախ Սուրիոյ մէջ ապրող հայութիւնը կը դիտէր որպէս անջատ հաւաքականութիւն, որուն հարցերով կը տագնապէր առաւելաբար:

Սուրիահայութիւնը քաջ գիտէր, որ ինք մաս կը կազմէ հայ ժողովուրդին, եւ կը գիտակցէր, որ իր կեցուածքը պիտի անդրադառնար ամբողջ հայ ժողովուրդին, նոյնիսկ Հայաստանի վրայ, իսկ հալէպահայութեան կենաց մահու կռիւը հայութեան ընդհանուր ռազմավարութենէն դուրս, անջատ պայքար մը չէր, հետեւաբար համահայկական ուշադրութեան արժանի պիտի ըլլար: Սուրիահայութիւնը, սակայն, ինքզինք կը տեսնէր նաեւ որպէս սուրիական ընկերութեան մէկ մասնիկը ու իր մօտեցումներուն, իր արտայայտութիւններուն մէջ նկատի կ’ունենար այս հանգամանքը անպայման: Ասիկա երբեմն անհասկնալի կը թուէր դուրսինին:

Միւս կողմէ` դուրսէն զգացողն ու հասկցողն ալ ներկայ էր միշտ: Անոր ներկայութիւնը մեծ նշանակութիւն ունէր, որովհետեւ երբեմն դուրսէն կրնար նկատել այլ մանրամասնութիւններ, զորս նկատած չէր ըլլար ներսինը, եւ դուրսինը կը զգուշացնէր, կ’օգնէր, սուրիահայութեան ձայնը հասանելի կը դարձնէր լայն շրջանակներու` երբեմն օգտագործելով այնպիսի լծակներ, զորս չունէր ներսինը:

Առնենք Քեսապի օրինակը. երբ Քեսապ գրաւուեցաւ,  ու բնակչութիւնը տեղահանուեցաւ, մեծ աղմուկ բարձրացուցին ոչ միայն Հայ դատի գրասենեակներն ու Հայաստանի պաշտօնական աղբիւրները, այլ` ամբողջ սփիւռքահայութիւնը: Ցոյցեր, դատապարտումներ, նուիրահաւաքներ: Այս բոլորը իրենց դերը պիտի ունենային բնականաբար Քեսապի ազատագրումին ու անոր բնակչութեան վերադարձին մէջ: Նոյնն էր պարագան, երբ թրքամէտ ահաբեկիչներ քարուքանդ կ’ընէին Նոր Գիւղն ու Հալէպը:

Ինչպէս յիշեցիք, ներսն ու դուրսը անբաժան մասերն են հայկական էութեան, հայկական մարմինին: Եթէ մէկը աչքն է, այս պարագային, միւսը ականջն է անոր: Էականը երկուքը ծառայեցնելն է այդ մարմինին:

(Շար. 1)


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>