ՏՈՔԹ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Բանաստեղծութիւնը խորք է ու միաժամանակ` ձեւ, նիւթ է ու միաժամանակ` արուեստ, ապրում է ու միաժամանակ` արտայայտութիւն: Այս կէսերը ամբողջութիւն մը կը կազմեն անոնց քով մանաւանդ, որոնք բանաստեղծ են «շնորհօքն Աստուծոյ»: Անոնց էութեան կէսը մարդկային է, միւս կէսը` աստուածային: Այս ըմբռնումով բանաստեղծ էր Միսաք Մեծարենց:
Պատանեկութեանս շրջանին, երբ լափել սկսայ հօրս ճոխ գրադարանի գիրքերը, դեռ լաւ կը յիշեմ անոնցմէ «Անմահ քերթողներ» անունով փոքրիկ գիրքերու շարան մը` տպագրուած Հալէպի տպարան «Սեւան»-ին մէջ, 1946-ին, որուն առաքիչը յիշատակուած է` Լ. Պէրղուտեան: Հայ բանաստեղծներու ընտիր քերթուածներ բովանդակող այդ շարանի մէկուն մէջ առաջին անգամ կարդացի եւ սիրահարեցայ Մ. Մեծարենցի քերթուածներուն:
Հայկական Պոլսոյ թաղերու որոնումներուս մէջ, քառասուն տարի առաջ կատարած շրջապտոյտիս, անշուշտ այցի պիտի երթայի Պոլսոյ հնագոյն երկրորդ հայկական գերեզմանատունը` Պալըքլը գերեզմանատունը: Ուխտավայրին մօտաւորապէս 500 տապանաքարերուն մէջ դիւրին չէր գտնել հանճարեղ բանաստեղծին յաւերժական հանգստավայրը: Այնուամենայնիւ երկար փնտռտուքէ ետք, վերջապէս հեռուէն ուշադրութիւնս գրաւեց իր ընկերներուն եւ համակիրներուն կառուցած յուշարձանը, որուն մասին նախապէս տեղեակ էի:
Ակնածանքով գերեզմանին մօտեցայ ու խնկարկեցի: Պահ մը լուռ աղօթելէ ետք վերյիշեցի իր գոհարներէն մէկուն առաջին տողը. «Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական»:
Ապա հիւրանոց վերադարձած` սենեակի մենութեանս մէջ անհուն փափաքն ունեցայ այդ պահուն կրկին ձեռքիս մէջ ունենալ իր «Ծիածան»-ը կամ «Նոր տաղեր»-ը ու կարդալ, կարդալ մինչեւ ուշ, երբ քունն աչքերուս դեռ կը յամառիմ գեղապաշտ բանաստեղծի խոհերն ու զգայնութիւններու աշխարհին մէջ դեգերիլ:
Ափսո՜ս, մինչեւ այսօր իմ երազն է Մեծարենցի կենսագիր Թ. Ազատեանի 1934-ին «Մշակոյթ» հրատարակչականով լոյս ընծայած վաղամեռիկ հանճարին անտիպ գործերու` «Ոսկի արիշին տակ» խորագիրով գիրքը կարդալու հաճոյքը ապրիլ: