Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Դիմաւորել 100-Ամեակը 4. Հայաստան(ներ)-Սփիւռք(ներ) Ներազգային Միասնութիւնը

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Ինքնախաբէութիւն է խորհիլ, որ բոլոր հայերը նոյն ձեւով պիտի մտածեն, նոյն վերաբերումը պիտի ունենան դէպքերու եւ կացութիւններու դիմաց: Բայց ներազգային միասնութիւնը, որ վերաբերումներու քարացում չէ, պէտք ունի անհատները եւ խմբաւորումները գերանցող արժէքներու եւ սկզբունքներու, որպէսզի կարծիքներու տարբերութիւնը հակամարտութեան չվերածուի, օր մըն ալ մենք մեզ չգտնենք քաղաքացիական պատերազմի, կամ այդպէս բաներու աղէտին առջեւ:

Եղիշէի Վարդանանց պատմութիւնը, Րաֆֆիի «Սամուէլ» պատմավէպը մեզ վարժեցուցած անմիաբանութիւն բառը լսելու: Աւելի՛ն ալ. հայ իշխանները դիմած են պարսից արքային, որ գահընկէց ընէ հայոց թագաւորը:

Անմիաբանութեան դասական դարձած օրինակներ:

Անդրանիկ անկախ հանրապետութեան օրերուն, երբ երկիրը եւ ժողովուրդը ճակատագրական պահեր կ՛ապրէին, հակապետական խռովութիւններ կ՛ըլլային երկրին մէջ, հետագային, Հայաստանի

խորհրդայնացումէն ետք, երբ անմիաբան ըլլալու հնար չկար, ո՛չ միաբանութեան, ո՛չ ալ անմիաբանութեան մասին կարելի էր խօսիլ: Անմիաբանութեան կիրքը մղած է նաեւ ծայրայեղութիւններու. յիշել խորհրդայնացման յաջորդած շրջանի Երեւանի բանտի ոճիրները:

Նաեւ հայրենահանուածներու սփիւռքը ինքնակամ, թելադրուած կամ փառասիրական անմիաբանութեամբ ապրեցաւ խորհրդային եօթանասուն տարիներուն, որուն պատճառով քարացած մտայնութիւններ եւ վերաբերումներ զարգացան: Հաւանօրէն սերունդ պէտք է անցնի, որպէսզի կոշկոռ կապած սովորութիւններ եւ մտայնութիւններ անհետանան, փոխուին:

Վերանկախացած Հայաստանը դեռ չյաջողեցաւ անմիաբանութիւնը յաղթահարել: Այդ բացասականութեան սառցալերան երեւցող մասը բուռ մը երկրին մէջ տասնեակներով կուսակցութիւններն են, յաճախ` անհատի մը կամքով եւ անոր շուրջ բոլորուած:

Բազմակուսակցական դրութիւնը  սխալ չէ, ժողովրդավարութիւն է: Բայց քաղաքացին ինքնիրեն կրնայ հարց տալ, թէ Հայաստանի վերականգնումին եւ կացութեան բարելաւման համար ինչպէ՞ս կարելի է գտնել քանի մը տասնեակ ծրագիրներ: Տեղ մը բան մը սխալ է, եւ կը տարուինք խորհելու, որ կը գտնուինք անմիաբանութեան առջեւ:

Այդքան ալ հին չէ մօտիկ անցեալը, երբ ստորագրութիւն կը հաւաքուէր, որ Հայաստան զիջի իր անկախութիւնը եւ միանայ Ռուսիա-Պիելոռուս համադաշնակցութեան:

Սփիւռքի պարագան եւս քննելի է: Աւանդական կոչուած կուսակցութիւնները, բացի անցեալի աւանդութիւն մը շարունակելու սովորութենէն, այսօր հանրութեան կրնա՞ն ներկայանալ եւ ըսել, թէ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ապագային համար ի՞նչ տարբեր պատկերացումներ ունին: Հակառակ անոր որ անցեալի անհանդուրժողութիւնները չկան, բայց չկայ նաեւ տարբերութիւնները բացատրելու եւ հասկնալու հնարը: Անմիաբանութիւնը կը շարունակուի` իւրաքանչիւրը իր ցանկապատի ետին, անցեալէն ժառանգուած քարացած տարբերութիւնները յաւերժացնելով:

Ինքզինք որպէս այդպիսին չյայտարարող անմիաբանութիւնը կը դարմանուի, եթէ փորձենք ազգային հեռանկար սահմանել, օրինակ, ըսել, թէ ինչպէ՛ս պիտի միացնենք ժողովուրդը եւ պիտի ամբողջացնենք հայրենիքը: Այս հարցումը այսօրուան եւ վաղուան համար ազգի հիմնական օրակարգ պէտք է ըլլայ: Հայաստան եւ սփիւռք-(ներ), կուսակցութիւններ եւ ղեկավարութիւններ, հանդէ՞ս կու գան այս զոյգ հարցերուն լուծման միտող առաջադրանքներով, որոնց

տարբերութիւններով հասկնալի կը դառնայ կուսակցութիւններու բազմազանութիւնը:

Աւելի պարզ. ի՞նչ կ՛ըսեն տասնեակներով կուսակցութիւնները հողահաւաքի եւ ազգահաւաքի հարցով, որոնցմով միայն կրնայ երաշխաւորուիլ մեր ինքնուրոյն գոյութիւնը: Անոնք ի՞նչ կ՛ըսեն նաեւ ընկերատնտեսական կազմակերպութեան հարցով: Չի բաւեր որպէս լուր հաղորդել չարաշահումները, այլ` ըսել նաեւ, թէ ինչպիսի՛ արդար համակարգ պիտի ստեղծուի, որպէսզի քաղաքացին իրապէս ինքզինք հարազատ զգայ ընկերութեան մէջ եւ հողին վրայ, ինչ որ իսկական պատուանդանն է միաբանութեան եւ համախոհութեան:

Մինչեւ այն ատեն որ վայրագ դրամատիրութեամբ կ՛առաջնորդուինք, անոր յառաջացուցած անարդարութիւններով, օրէնքի խախտումներով, միասնութիւնը կ՛ըլլայ դատարկաբանութիւն:

Հողահաւաքը յուզում յառաջացնելու համար կրկնուող կարգախօս չէ: Ան պատմական, մշակութային եւ տնտեսական այն ենթակառոյցն է, որ ինքնութիւն կը ճշդէ: Մեր ժողովուրդի անցած ուղին հողին վրայ է, նախահայրերու ոգեկանութիւն ներշնչող առասպելները հոն են, ո՛չ Ֆլորիտա, ո՛չ Կլենտէյլ, Նոր Զելանտա: Հայը որպէս անհատ, հայերը որպէս ժողովուրդ, յարգելի ըլլալու եւ իրենց զիրենք յարգելի համարելու համար, հողահաւաքը պիտի ունենային, ունենան` որպէս քաղաքական-գաղափարական օրակարգ, առանց անձնատուր ըլլալու փերեզեկային գործնապաշտութիւններու, միշտ խորհելով, որ պատմութիւն եւ ժամանակներ սառած չեն:

Ազգահաւաքը կ՛իմաստաւորէ հողահաւաքը, անոր լիցքն է: Հայրենիքի մը հողը սոսկ արտ չէ` աշխարհագրական շրջանի մը մէջ ձեռք բերուած մշակելի հող, վարձուած կամ գնուած: Հողատէր հայեր կան աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ, բայց անոնց հողերու գումարումով հայու հայրենիք չի ստեղծուիր: Այդ տարածութիւններուն վրայ հայ ազգի տեւականացում չ՛ապահովուիր: Ազգի զարգացումը եւ ինքնիրականացումը որպէս այդպիսին` կ՛ըլլան նախահայրերու դրոշմը կրող հողի վրայ: Մոլորակի ամէնէն գեղեցիկ վայրերուն մէջ անգամ հայրենահանուած կամ ինքնահայրենահանուած հայը հիւր է, այդպէս պիտի ըլլայ, մինչեւ որ դառնայ ծագումով հայ: Ինչպէ՞ս կարելի է խուսափիլ նման աղէտէ: Հարկ է անսեթեւեթ բաձրաձայնել եւ ըսել`

հայրենադարձութեամբ, որ իսկական պատասխանն է շարականի պէս կրկնուող հայապահպանման, կանխարգելիչ դարմանը` հայրենալքման:

Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան պատմական արժէքի գնահատումը փակ սրահներու եւ բանիմաց մարդոց գիրքերուն մէջ պէտք չէ բանտարկել, այլ` զայն զետեղել ներկային եւ հասարակութեան մէջ, գծել ապագայի հեռանկար, գիտնալով, որ առանց հողահաւաքի եւ ազգահաւաքի մենք մեզ կը զրկենք տոկալու եւ տեւելու հնարաւորութենէ: Այս գիտակցութիւնը արթնցնել, զայն հասցնել իւրաքանչիւրին, առանց բացառիկութեան նկատումներու, պարտականութիւնն է ղեկավարութեան, որ իր վարքով, բարքով, հեղինակութեամբ, օրինակելիութեամբ, պիտի յառաջացնէ հայրենատիրական անխարդախ հակազբօսաշրջային յանձնառութիւն, Հայաստան-Արցախի իւրաքանչիւր թիզ հողին համար: Եթէ այսօր կեանքի չկոչուի այս յանձնառութիւնը, ինչպէ՞ս պիտի կարենանք բարբառիլ Արեւմտահայաստանի ազատագրման մասին:

Ինչո՞ւ տօնախմբել հարիւրամեակ մը, երբ մենք ազգի երկուհարիւրամեակի քաղաքական-գաղափարական ծրագրում չունինք, այդ ծրագրումը իւրացուած չէ Հայաստաններու եւ սփիւռք(ներ)ի զանգուածներուն կողմէ: Այդ իւրացման խոչնդոտները արտաքին ուժերը չեն, եւ այս պարզ իմաստութիւնը պէտք է ուղղութիւն տայ Հայաստանի եւ սփիւռք(ներ)ի խորքային նախաձեռնութիւններուն:

Հարիւրամեակի խանդավառութիւնները եւ նախաձեռնութիւնները ազգային իմաստաւորումով պէտք է դիմաւորել, այլապէս օր մը եզրակացնողներ կ՛ըլլլան, որ արդէն ուշ է, իրապաշտ համարուողներ արդէն այդ կ՛ըսեն:

Առանց գինովնալու լոյսերով եւ աղմուկով, պատասխանատուներ եւ պատասխանատութիւններ այսօ՛ր կը ճշդուին` ի հարկին դէմ երթալով ամէն տեսակ էսթեպլիշմընթային կրկներեւութային խաբուսիկութեան:

Այսինքն, համայնքայինէ եւ թաղայինէ անդին,  հասնելու համար ազգային այն բարձրամակարդակ գիտակցութեան, որ միացումներն են ապագայակերտ:

6 յունուար 2018, Նուազի-լը-Կրան

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>