ՎԱՐԴԻՆԷ ԷԹՈՅԵԱՆ
Լիբանանահայ գաղութը` սփիւռքի կեդրոնը, հայկական ինքնուրոյն դիմագիծի պահապանը, այսօր կը դիմագրաւէ տարբեր խոչընդոտներ: Հայութեան արդար իրաւունքներու հատուցման ուշացումը յաւելեալ պարտաւորութիւններ կը դնէ անոր ուսերուն: Սփիւռքին մէջ ձուլումը կը սողայ ներս եւ վարանումի սերմեր կը ցանէ. լիբանանահայը կը սկսի շուարիլ եւ կարծել, թէ հայ մնալը «անկարելի» պատասխանատուութիւն մըն է` մոռնալով, որ` «անկարելին կ’ըլլայ կարելի», երբ ան կ’ամբոխուի կարելիութեան շուրջ: Միւս կողմէ` Լիբանանի տնտեսական ու նիւթական ծանր պայմանները ընկրկումի ու նահանջի ալիքներ կը յառաջացնեն, կը հարուածեն հայ ընտանիքը, հայ դպրոցը, հայկական հաստատութիւնները: Բայց այս բոլորը ոչինչ են հայուն համար: Հայը, որ զրադաշտական կրակէն, սելճուքեան սպառնալից արշաւանքներէն, օսմանեան աւերներէն, թուրքերու կարմիր ջարդէն վերապրած ու յարութիւն առած է` շնորհիւ հայու անապակ ոգիին, կը հաւատայ, որ հայութիւնն է հայուն գոյատեւման կռուանը:
Անցեալէն այսօր լիբանանահայ գաղութի պատասխանատու ղեկավարներ` «կանգուն կաղնիներ», քա՛ջ գիտակցելով լիբանանահայուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն, կը փորձեն զօրավիգ կանգնիլ անոր` ապահովելով հայութեան գոյատեւումը սփիւռքի եւ ի մասնաւորի Լիբանանի մէջ:
Վերջերս ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնութեամբ հիմնուած նորաստեղծ ֆոնտերը` նուիրուած հայ ուսանողին, հայ ընտանիք կազմելու ջանքերուն` հայ ամուսնութիւններ կնքելու, երրորդ զաւակը հայկական անունով օծելով եւ հայկական միւռոնով մկրտելու հայ զաւակները, մարդուժի կարեւոր պատրաստութիւն կը յանձանձեն լիբանանահայուն, որպէսզի ան ալ իր կարգին լիցքաւորուած վերարթնացնէ ամրացնէ իր կամքը, վճռակամութիւնը եւ շարունակէ աննահանջ պայքարը: Ի՜նչ փոյթ, որ երբեմն, կամայ թէ ակամայ, անգիտակցաբար կամ չարութեամբ, այս վսեմ ու անբիծ առաքելութիւնները աղտեղելը կամ վթարելը դժբախտաբար կը յայտնուին իբրեւ «հայկական հիւանդութիւն»: Յստակ է սակայն, որ այսպիսի ծրագիրներ կը զօրացնեն գաղութին նկատմամբ մեր ժողովուրդին հաւատքը եւ սերունդներու առողջ ու հայկական դաստիարակութեան կու տան նոր աւիւն: Կը մնայ, որ այս ծրագիրները արժանանան ոչ թէ մեր քաջալերանքին, այլ` հաւաքական մասնակցութեան: Այսօ՛ր ուրախութիւն է մամուլին մէջ տեսնել ամէն օր նուիրատուութեանց յայտարարութիւններ` այս կարեւոր ծրագիրներու յաջողութեան համար: Սրտաբուխ կերպով կատարուած այդ նուիրատուութիւնները փայլուն ապացոյց են նման ծրագիրներու անհրաժեշտութեան ու շարունակականութեան եւ բաւարար պատասխան` բոլոր անոնց, որոնք պարզապէս չարախօսութիւնը որդեգրած են իբրեւ կեանքի ձեւ ու իմաստ: Մենք` հայերս, կը հաւատանք, որ «զօրութիւնը հաւաքական ուժին մէջ է», ուստի ակնածութեամբ ու երախտագիտութեամբ կը գնահատենք այս նախաձեռնութիւնները, որոնք կը միտին հայը հայ պահել, հայը վեր պահել` յոյսով, որ յաւելեալ աշխատանքներով կրնանք մեր պապերուն մեզի կտակածը յաւերժացնել:
Մենք` պայքարող ազգի զաւակներ, իրաւունքը չունինք վարանելու, վհատելու, ընկրկելու, նահանջելու, այլ բոլորս մէկ ըլլալով` կրնանք դէմ դնել որեւէ ուժի, որ կը փորձէ մեզ պառակտել, ծունկի բերել կամ մեր ժառանգութիւնն ու արժէքները մոռացութեան յանձնել: Ճիշդ է, որ շատ կը պահանջուի մեզմէ` պայքարիլ, գոյատեւել, հայ մնալ, սակայն միայն հայութի՛ւնը կը փրկէ մեզ նուաստացուցիչ մահէն, որովհետեւ հայութիւնն է հայուն գոյատեւութեան միա՛կ կռուանը:
Թող շունչն ու գործը անսպառ մնան բոլոր անոնց, որոնք ամէն օր հայկականութիւն կը ներդրեն մեր կեանքին մէջ ու քիչ մը աւելիով հայկական արժէքներով կը լեցնեն մեր միջավայրը, որոնց անհրաժեշտութիւնը շեշտակիօրէն կը զգանք մանաւա՛նդ այսօր: