Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Արեւմտահայերէնը Արդէն Առանձին Լեզուական Ծածկագիր Ունի

$
0
0

«Արմռատիօ.- Լրագրող Լիլիթ Մուրադեան կը յայտնէ, որ «Ուիքիմիտիա Հայաստան» գիտակրթական հասարակական կազմակերպութեան եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի` արեւմտահայերէնին ISO 639-3 լեզուական ծածկագիր (code) տալու ջանքերը վերջապէս յաջողութեամբ պսակուած են: SIL International-ը, որ ISO 639-3ը արձանագրող մարմինն է, 30 յունուար 2018-ին, արեւմտահայերէնին առանձին լեզուական ծածկագիր` «hyw» տալու որոշում կայացուցած  է:

Արեւելահայերէնն ու արեւմտահայերէնը ժամանակակից հայերէնի երկու առանձին ճիւղեր են, որոնք զարգացած են տարբեր ուղղութիւններով եւ կառուցուածքով, գրական գործերով, որոնք միշտ չէ, որ հասկնալի են միւս կողմին համար: Հայաստանի անկախացումէն ետք արեւելահայերէնը, միջին հայերէնը եւ գրաբարը առանձին լեզուական ծածկագիրներ ստացած են, բայց` ոչ արեւմտահայերէնը:

2010-ին արեւմտահայերէնը ներառուած էր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի աշխարհի վտանգուած լեզուներու ցանկին վրայ: Լեզուի անկումը կանխելու նպատակով սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ բազմաթիւ ձեռնարկներ նախաձեռնուած են, որոնցմէ մէկը արեւմտահայերէն «Ուիքիփետիա»-ի զարգացումն է: Այս աշխատանքին մէջ ներգրաւուած են բազմաթիւ անհատներ եւ կազմակերպութիւններ:

«Ուիքիմիտիա Հայաստան»-ը եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը արեւմտահայերէնին համար առանձին լեզուական ծածկագիր ստանալու գործընթացը նախաձեռնած են 3 տարի առաջ, երբ արեւմտահայերէնով ազատ բովանդակութեան խթանման նպատակով համագործակցութեան սկսան:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>