Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Հայկազեան Համալսարանի Եւ Amman Baptist School-ի Միջեւ Կրթական Մարզի Համագործակցութեան Ընդհանուր Համաձայնագիրի Մը Ստորագրութիւն

$
0
0

Չորեքշաբթի, 17 յունուարին, Յորդանանի կրթութեան նախարարի հովանաւորութիւնը վայելող հանդիսութեան մը ընթացքին կատարուեցաւ Հայկազեան համալսարանի եւ Amman Baptist School-ի միջեւ կրթական մարզի համագործակցութեան ընդհանուր համաձայնագիրի մը ստորագրութիւնը, ներկայութեամբ համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի, Հայկազեանի չորս դասախօսներու, կրթական ու եկեղեցական գործիչներու, ուսուցիչներու եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններու:

Նոյն ծիրին մէջ, Հայկազեան Համալսարանի մանկավարժութեան բաժանմունքը, 13-21 յունուար 2018 երկարող շաբթուան ընթացքին, Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի Baptist School-էն ներս իրականացուց կրթական պատասխանատուներու եւ ուսուցիչներու պատրաստութեան եւ մանկավարժական կազմաւորման վերաբերող դասաւանդումի ծրագիր մը` 78 ժամուան տեւողութեամբ:

Սոյն ծրագրի առանցքային նիւթերը կազմեցին` կրթական համակարգի եւ դասերու ծրագրաւորումը, աշակերտներու արժեւորումի գործընթացը, աշակերտական տարիքային առանձնայատկութիւնները, աշակերտակեդրոն ուսուցման տարբեր միջոցները, դասարանային ղեկավարումը, քննական մտածողութիւնը եւ ներառական կրթութիւնը:

Վերոնշեալ նիւթերը տրուեցան ակադեմական ուսումնասիրութիւններու, տեսական եւ գործնական-կիրառական աշխատանքներու ընդմէջէն: Դասաւանդումները կատարեցին համալսարանի մանկավարժութեան բաժանմունքի դասախօսներէն` դոկտ. Յակոբ Եագուպեան, դոկտ. Հանին Հութ, դոկտ. Ֆարահ Զէյն եւ Շաղիկ Խիւտավերտեան:

Ծրագրին մասնակիցներուն ընդհանուր թիւն էր 170, որ կ՛ընդգրկէր` ուսուցիչներ, բաժնի պատասխանատուներ, նիւթերու համադրողներ եւ տնօրէններ: Մասնակիցները օժտուեցան ժամանակակից մանկավարժութեան գիտելիքներով, ինչ որ պիտի նպաստէ անոնց ասպարէզի յաւելեալ արդիւնաւէտութեան:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles