Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Արի՛ Տուն…

$
0
0

ՊԵՏԻԿ

Բազմաթիւ յօդուածներու եւ հանդիպումներու նիւթ եղաւ 2018 տարին, որ կը զուգադիպի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հարիւրամեակին, Արցախի անկախութեան 30-ամեակին ու մանաւանդ ՀՅԴ-ի 128-ամեակին, որուն հիմնադրութիւնը համայն հայութեան համար ճակատագրական անկիւնադարձ մըն էր… Կազմակերպութիւն մը, որ ծնաւ հուրի ու սուրի մէջէն, համազգային ճգնաժամի պահանջի պտուղ, ստանձնելու համար իր դերը իբրեւ առաջնորդ` տանջուած այս ժողովուրդին ու գերեվարուած հայրենիքին:

Շնորհիւ Ա. հանրապետութեան` այսօր ունինք ազատ, անկախ հայրենիք, պետութիւն ու դրօշ, սակայն տակաւին մեր ազգային խորհրդանիշ Արարատը կը մնայ գերի` հայրենիքի սահմանագիծին զուգահեռ, հայուն համար տեսանելի, բայց անմատչելի, որ կը դիտենք հորիզոնին վրայ մեծ եւ փոքր գագաթներով, ու հոն վիշտը կը խորանայ… Արդեօք այլեւս ժամանակը չէ՞ ընդհանրացնելու ԱՐԻ՛ ՏՈՒՆ կոչն ու դարերու մեր պաշտելի ու սրբազան լեռը ընդունելու հայրենիքի սահմանագիծէն ներս… Անշուշտ այս կոչը լոկ զգացական չէ: Անիկա ունի քաղաքական հիմք եւ համաշխարհային վաւերականութիւն: 1920-ին Սեւրի դաշնագրով հաստատուած, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ատենի նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի յայտարարութեամբ` «Այս հողամասերը կը պատկանին Հայաստանին», յայտարարութիւն մը` հաստատուած աշխարհագրական, ազգային եւ պատմական հիմքերու վրայ:

Այսօր, երբ ունինք հայրենիք եւ անկախ պետականութիւն, ունինք արտաքին գործոց նախարարութիւն եւ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն, կապեր աշխարհի բոլոր երկիրներուն հետ, ունինք ծագումով հայ պետական երեսփոխաններ շատ մը երկիրներու մէջ, որոնք անդամ են Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան եւ Ապահովութեան խորհուրդին, այլեւս ժամանակն է այս  բոլորը զինուորագրելու եւ հայը հայկականացնելու ու բարձրագոյն մակարդակի վրայ մեր կոչը յայտարարելու` «ՍՐԲԱԶԱ՛Ն ԼԵՌ,  Արի՛ Տուն:

«Պիտի հասնինք սրբազան լեռ կատարիդ…»:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>