Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Կեդրոնականցին Ահաբեկչական Բջիջ Պիտի Ստեղծէ

$
0
0

ՄԱԿԱՐ ի Գաղղիա

Ցուրտին դէմ կը պայքարինք, վառելանիւթ կը խնայենք, որպէսզի մթնոլորտը չապականի: Բայց ինչպէ՞ս պայքարիլ հայերէնի ապականման դէմ:

Զարտուղի կամ ճիշդ ուղի Արմենակ առաւօտեան ժամը ճիշդ տասնին դրան զանգը հնչեցուց:Առանձին էր: Մակարուհին սուրճ բերաւ եւ անհետացաւ: Օրուան այդ պահուն կիները զբաղած կ’ըլլան մաքուր սենեակները կրկին մաքրելով:

Արմենակ լրջութեամբ ըսաւ.

– Մակա՛ր, հայ չարագործներու դէմ ահաբեկչական բջիջ մը պիտի ստեղծեմ:

Այնքա՜ն բազմատեսակ են չարագործները, որ ստիպուած հարցուցի.

– Ո՞ր չարագործներուն դէմ:

– Ոչ թերթերուն, ձայնասփիւռին, հեռատեսիլին ամէն օր մերկացուցածներուն դէմ, անոնց դէմ օրէնքներ կան, նոյնիսկ երբ չեն գործադրուիր:

Անտարբեր չըլլալու համար հարցուցի.

– Արմենա՛կ, օրէնքով չնախատեսուած չարագործնե՞ր ալ կան:

– Կան, սիրելի՛ս, կան: Հոգիի, միտքի, ազգային բարոյականի դէմ գործողներ, որոնք անպատիժ կը մնան:

– Ըսէ՛, հասկնանք:

– Պետութիւն, ակադեմիա, կաթողիկոսներ, ոչ ալ հայապաշտպան կուսակցութիւններ կը լռեցնեն տակառային աղմուկով երգողները: Ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ կը հանդուրժեն, որ բեմի վրայ գալարուող եւ խօսափողի տէր դարձած մի ոմն պոռչտայ` հայերէ՛ն, հայերէ՛ն, ԿԸ ՅԵՐԳԵՄ: Զուարճացնելու համար լիաբուռն վճարուած երգիչէն ինչո՞ւ չի պահանջուիր քերականութեան դաս առնել, սորվելու համար, որ կը յերգեմ, կը յերգեմ յանկերգը հայերէն չէ: Ինչո՞ւ օձիքէն բռնելով բեմէն վար չեն առներ չարագործը:

– Արմենակ, ե՞րբ պիտի հասկնաս, որ հիմա նոր իմաստութիւն է ըսել` այսպէս ալ կ’ըլլայ այնպէս ալ:

– Կուշտ ճգնաւորի պէս կը խօսիս: Ինչո՞ւ կամաւոր կոյր կ’ըլլաս եւ կարդացած թերթիդ մէջ, նաեւ համացանցի վրայ հպարտօրէն դրուած, չես տեսներ, որ խորագիրին մէջ մեծատառ կը գրեն վճառել, փոխան վճարելի:

– Արմենա՛կ, աւելի լաւ է այդպէս գրել, խօսիլ եւ երգել, փոխանակ աշխարհի բոլոր լեզուներով խօսելու եւ գրելու:

– Մեր մեծերը այդպէս կը մեռցնեն մեր ինքնութիւնը: Այդ մալէշի մշակոյթով ազգ չ’ապրիր, ինթէկրէ կ’ըլլայ, եւ կը մնայ ծագումով հայ ըլլալու երջանիկ տխրութիւնը:

– Յետո՞յ…

– Եթէ քանի մը խենթ գտնեմ, կրակի կու տամ վճառող խմբագրատունը եւ կը յերգեմով թնդացող սրահի բարձրախօսները եւ ելեկտրական հոսանքը կ’անջատեմ:

– Իրաւունք ունիս: Բայց այդ չարագործները հրապարակին տէր են:Անոնց պաշտպանները, կ’ըսեն` պոֆ, պարապ բաներ կը խօսիք...

Արմենակ հառաչելով եզրակացուց.

– Իշուն  գէթ աւանակ պէտք է ըսել, որ գիտնայ, թէ երկար ականջներ ունի:

Ըսաւ, պատասխանի չսպասեց եւ գնաց:

Հիմա կը սպասեմ, որ քանի մը հրդեհ տեղի ունենայ, եւ քանի մը սրահ մութի մէջ մնան, երբ Արմենակի ահաբեկչական բջիջը գործի անցնի…

24 յունուար 2018

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>