Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Ինչո՞ւ Կ՛առարկենք

$
0
0

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Արամ Մանուկեանի յուշարձանի նախագծին շուրջ ծաւալող հրապարակային վէճը կը բխի բարոյական այն նորմերէն, որոնք կը սահմանեն էութիւնը հայ անկախ պետականութեան գաղափարին: Արամը Հայաստանի Հանրապետութեան  հիմնադիր հայրը չէ միայն: Ան հարազատ խորհրդանիշն է բոլոր ժամանակներու մեր ինքնիշխան պետականութեան: Եւ ան վերջնական չափանիշն է, որով պիտի չափուին բոլոր ներկայ եւ ապագայ սերունդները  հայրենիքի եւ սփիւռքի մեր ղեկավարութեան եւ ժողովուրդին:

Հայ անկախ պետականութեան կենսագործունէութիւնը երբեք հեշտ պիտի չըլլայ: Ան պիտի ըլլայ փորձութիւններով ականուած ռազմադաշտ մը, ուր պիտի գործէ հայ ազգի խոհեմ, հեռատես, արդարակորով, յամառօրէն խստապահանջ, բայց նաեւ խիզախ եւ միշտ աննկուն եւ միշտ ինքնուրաց ղեկավարութիւնը` իր յստակ տեսլականով եւ իր դժուարին ընտրութիւններով: Հայ անկախ պետականութեան մէջ տեղ չեն կրնար ունենալ միջակութիւնները: Հոն տեղ չկայ եսամոլութեան, շահամոլութեան, թուլամորթութեան համար: Այնտեղ «ամէն օր եւ ամէն ժամ» պիտի գործուին «բազում գործք արութեան», ինչպէս կը պատգամէ Պատմահայրը: Անիկա պիտի ըլլայ արի մարդոց ռազմաբեմը, ուր շարունակ պիտի վճռուի մեր հաւաքական ճակատագիրը, եւ ուր պիտի հրաշագործէ հայ մարդուն հանճարը:

Այս տեսլականն է, որ կեանքի կոչուեցաւ հարիւր տարի առաջ նուիրեալներու կորովի փաղանգի մը արիւնով ու քրտինքով, եւ այդ դաժան երկունքէն ծնաւ նոր ժամանակներու մեր անկախութիւնը: Այդ գործին ռահվիրաները հայ յեղափոխական կուսակցութիւններն էին` Արմենական, Հնչակեան եւ մանաւանդ դաշնակցական գործի հնոցնե՛րը` Քրիստափոր Միքայէլեանի, Ռոստոմի, Սիմոն Զաւարեանի եւ այլ մեծերու հզօր իմացականութեամբ եւ վճռակամութեամբ: Եւ յեղափոխական գործի այդ քուրայէն ազգի փրկութեան վճռական գրոհին կոչուած Արամն էր, որ պիտի յայտնուէր եւ հայ կեանքի ամէնէն ճակատագրական օրերուն պիտի հրաշագործէր կեանքի ու մահուան երախէն կորզուած մեր հսկայ յաղթանակը:

Կը սխալին բոլոր անոնք, որոնք այս ԱՐԱՄ իրողութեան մէջ կ՛ուզեն տեսնել «անհատի պաշտամունք»: Պոլշեւիկեան այդ եզրերը մեզի համար չեն: Արամը վաղուց դադրած է անհատի նեղ սահմաններուն մէջ ապրելէ: Ան, ինչպէս իր գաղափարի ուսուցիչներն ու ընկերները, իր մեծ նուիրումի ճամբով վաղուց նոյնացած է մեր ազգային եւ համամարդկային տեսիլքին` հաստատելով կեանքի այն չափանիշը, որ այսօր կը սահմանէ մեր հաւաքական արժեհամակարգը:

Այդ արժեհամակարգն է, որ պէտք է ցոլացում գտնէ Արամի յուշարձանի յղացքին մէջ: Ծա՞նր պահանջ կը դնենք ձեր ուսերուն: Այո՛, խի՛ստ ծանր է մեր պահանջը: Քննարկման ներկայացուած նախագիծներէն եւ ոչ մէկը (դատելով լուսանկարներէն) կը հատէ սահմանը: Արամը կը ներկայացնէ մեր հաւաքական խոյանքը, եւ բոլոր այն յարգարժան քանդակագործները, որոնք պատրաստ են ստեղծագործական այս մեծ մարտահրաւէրին, անպայման պիտի գոհացնեն այս դժուարահաճ պայմանը: Այս պայմանը բառերով չի բացատրուիր: Ո՛չ մենք եւ ո՛չ Երեւանի քաղաքապետութիւնը կրնայ այս խորհրդաւոր պայմանը բանաձեւել: Անիկա կը բխի հայ մարդուն  վեցերորդ զգայարանքէն: Մի՛ հարցնէք մեզի, թէ ի՛նչ է ան: Երբ Երուանդ Քոչարը հպարտօրէն կանգնեց Սասունցի Դաւիթի հանճարեղ ձիարձանը, ո՛չ ոք, բացարձակապէ՛ս ոչ ոք կը կասկածէր այդ կոթողի ինքնութեան: Մենք բոլորս աշխարհի չորս ծագերէն վերջնականօրէն համոզուած էինք, որ այդ իսկ էր Դաւիթը…Վարպետը «գիտէր», թէ ո՛վ էր մեր դիւցազնավէպին հերոսը, քանի որ գիտէր, թէ ո՛վ ենք մենք: Դուք նախ եւ առաջ պիտի գիտնաք, թէ ո՛վ է Արամը…

2 փետրուար, 2018
Ուաշինկթըն


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>