Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

«Բացառիկ Զգացում Կ՛ունենաս, Երբ Կը Տեսնես, Որ Ժողովուրդը Խնդացնելու Կարողութիւն Ունիս», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Վահէ Պէրպէրեան

$
0
0

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէին կազմակերպութեամբ Վահէ Պէրպէրեան ինը ելոյթներով ներկայացուց իր «Ուրեմն» մենաթատրոնը: Ինը օրերու ընթացքին Վահէ Պէրպէրեանը յաջողեցաւ գերել լիբանանահայ հանդիսատեսը` ծիծաղով ու ժպիտով երեկոներ շնորհելով անոնց հեռու առօրեայ հոգերէն ու նեղութիւններէն: «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ արուեստագէտին հետ` մօտէն իմանալու անոր աշխատանքներուն ու գործունէութիւններուն մասին:

«ԱԶԴԱԿ».- Որքա՞ն ժամանակ առաւ «Ուրեմն» մենաթատրոնը պատրաստելը: Ինչպէ՞ս կը հաւաքէք, կը համադրէք ու կը ներկայացնէք ձեր մենաթատրոնները:

ՎԱՀԷ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ.- «Եթէ»-ն տակաւին կը ներկայացնէի, երբ մէկ կողմէն կ՛աշխատէի «Երեք շաբաթ Երեւանում» ժապաւէնին վրայ, միւս կողմէ ալ նոթեր կ՛առնէի յաջորդ ներկայացումիս համար, ինչպէս միշտ կ՛ընեմ: Յետոյ նոթերս համակարգիչի մէջ կը դնեմ. ասիկա առաջին խմբագրական աշխատանքս է, յետոյ կը սկսիմ համադրել. թեմային հետ կապուած նիւթերը իրարու կը միացնեմ եւ կը սկսիմ գրել այս բոլորը` իբրեւ երկար մենախօսութիւն: Հետաքրքրական է, որ տարիներու ընթացքին, երբ բոլոր նիւթերը հաւաքեմ, երեք ժամնոց նիւթ կ՛ունենամ, յետոյ կը սկսիմ կտրտել. ինչ որ տակաւին պէտք եղածին չափ չեմ մարսած` կը հանեմ. ինչ որ կարեւոր է, բայց հիւմըրը չեմ գտած, նորէն կը հանեմ, որովհետեւ չեմ ուզեր դասախօսութեան պէս բան մը ըլլայ: Բաւական աշխատելէ ետք, ընդհանուրը երկու ժամնոց մենաներկայացում մը կ՛ըլլայ, մինչ այդ թեման մտքիս մէջ յստակացած կ՛ըլլայ: Ատկէ ետք կը սկսիմ թեմաթիկ աշխատանք տանիլ եւ ամբողջական գործի վերածել. մեծագոյն դժուարութիւնը վերջին փուլն է, երբ պիտի փորձես մէկուկէս ժամի նուազեցնել, որովհետեւ գիտես, որ ներկայացման ժամանակ 20 վայրկեան մըն ալ նոր նիւթեր կը ծագին ուստի կարեւոր  է, որ մէկուկէս ժամ ըլլայ նիւթս: Անշուշտ փոքր փորձեր կ՛ընեմ շուրջիններուս վրայ, եւ կամաց-կամաց նիւթս կը բիւրեղանայ:

Բեմ ելլելէս ետք կը տեսնեմ` ի՛նչը գործ կ՛ուզէ, ի՛նչը ընկալելի եւ ի՛նչը` ոչ: «Ուրեմն»-ի առաջին ներկայացումս երկու ժամ 5 վայրկեան տեւեց: Մնայուն կերպով կամաց-կամաց նիւթը կը փայլեցնեմ:

«Ա.».- Այցելած ես տարբեր գաղութներ, ինչպէ՞ս կը տեսնես այս համահայկական խճանկարը:

Վ.Պ.-Մէկ բան յստակ է , որ ամէն տեղ կարօտը կայ հայերէն ժամանակակից բան մը դիտելու: Ոչ միայն նիւթերը ժամանակակից ըլլան, այլ ներկայացնելու ոճը եւ լեզուն հասկնալի, ըմբռնելի եւ յանդուգն ըլլան, որովհետեւ մարդիկ յոգնած են նոյն ոճով ներկայացումներ մտիկ ընելէն: Եւրոպայի կամ Ամերիկայի մէջ Սթանտ ագ քոմիտի կը դիտեն անգլերէնով եւ կը տեսնեն, թէ որքան յանդուգն է լեզուն: Ասիկա տեսնողը, երբ հայերէն զուսպ գործ մը կը դիտէ, չի հետաքրքրուիր: Երբ իմս կը հրամցնեմ, հանգիստ կը զգան: Լիբանանի մէջ 4500 տոմս,առանց լուրջ աշխատանքի, ծախուած է. այս կը նշանակէ , որ ժողովուրդը կը սպասէ, կարօտը եւ պահանջը ունի նման գործ մը դիտելու: Այս օրերուն գիրք-գրականութիւն կարդացող չկայ: Շրջապտոյտներուս ընթացքին ամէնէն զօրաւոր պատասխանատուութիւնը մէյ մը Լոս Անճելըս կը զգամ, որովհետեւ գաղութս է, մէյ մըն ալ` Լիբանան, որ նորէն գաղութս է, Մոնրէալ եւ առաջ` Հալէպ:

«Ա.».- Խօսինք ձեր արուեստին մասին. կը գծէք, կը գրէք եւ բեմադրութիւններ կը կատարէք:

Վ.Պ.- Ինչ կը վերաբերի նկարչութեանս, տեղական` ամերիկեան ցուցասրահներուն հետ կ՛աշխատիմ:Արուեստի գործերս, հաւաքողներ ունիմ, որոնք տարիներէն ի վեր կը հաւաքեն գործերս մանաւանդ Հոլիվուտի ժապաւէնի արդիւնաբերութեան մէջ: Այս իմաստով շատ բախտաւոր եմ, այն աստիճան, որ գործ հասցնելու դժուարութիւն ունիմ: Երկու տարի արուեստս վնասուեցաւ, նախ` որովհետեւ ժապաւէնովս զբաղեցայ, ապա աջ ուսիս ցաւ ունէի, որովհետեւ տարիներով մեծ պաստառներու վրայ նկարելէն վնասուած էր, պէտք էր հանգիստ ընէի: Հիմա արդէն նոր սթիւտիօ, նոր տուն փոխադրուեցայ, աւելի հանգիստ եմ:

Հոյակապ թատերախումբ մը ունիմ` երիտասարդ բացառիկ տղաք-աղջիկներէ բաղկացած խումբը շուրջ 50 հոգի կը հաշուէ: Գործ պէտք է արտադրեմ, որ թատերախումբը աշխատի: Վերջին երկու փիէսներս են` «Պարոն Կարպիս» եւ «Կեանք»:

Հիմա վէպի մը վրայ կ՛աշխատիմ, որ դժբախտաբար անգլերէն է, բայց կարծեմ` այն եզրակացութեան եկած եմ, որ գոնէ առաջին հրատարակութիւնը հայերէն ընեմ, յետոյ անգլերէնի վերածեմ, որովհետեւ դաւաճանի պէս կը զգամ: Նիւթը այնպէս մըն էր, որ ստիպուած` պէտք էր ուսումնասիրութիւնս կատարէի անգլերէն լեզուով: Նիւթը տիպար մըն է, որ 2011 թուականին իր մեծ հօր ձեռագիր օրատետրը կը գտնէ, կը սկսի կարդալ, եւ անոր կեանքը եղածին պէս կը փոխուի: Պատմութեան մեծ մասը կը պատահի Ռումանիոյ մէջ, 1877թուականին: Այս գործին ամէնէն մեծ դժուարութիւնը այն է, որ  ժամանակահատուածի հետ կապուած է, պէտք է ահագին ուսումնասիրութիւններ ընէի` յատկապէս լեզուի վերաբերող:

«Ա.».- Ինչպէ՞ս կը համադրէք արուեստի տարբեր բաժինները իրարու հետ:

Վ. Պ.- Երիտասարդ տարիքը թեւակոխած շրջանիս, թէ՛ երաժշտութեամբ կը զբաղէի, թէ՛ կը գրէի, թէ՛ դերասանութիւն կ՛ուզէի ընել, թէ՛ կը գծէի, բոլորը կը սիրէի ընել. հայրս ինծի կ՛ըսէր, որ մէկ ձեռքով քանի՞ ձմերուկ պիտի բռնես, ուշ կամ կանուխ պիտի որոշես բան մը զատել: Արդէն բոլորը արուեստ են: Անդրադարձայ, որ ես միջակութիւն պիտի ըլլամ, եթէ երաժշտութիւն ընեմ, ձգեցի երաժշտութիւնը, որ ուղղակի ցաւ պատճառեց ինծի: Քանի մը տարի առաջ սկսայ ուտ նուագել, բայց ուտը միայն ես ինծի համար կը նուագեմ, իբրեւ նախասիրութիւն:

Տարիներու ընթացքին անդրադարձայ, որ բոլոր արուեստները զիրար կ՛ամբողջացնեն, Օսքար Ուայլտ կարեւոր խօսք մը ունի. «Կ՛ատեմ գրողը, որ միայն գրող է»: Ամբողջական զարգացում մը պէտք է ըլլայ մէջդ, որովհետեւ բոլոր արուեստները իրարու կապուած են: Արուեստագէտին, նկարիչին համար ճերմակ պաստառը նոյն բանն է, ինչ որ երաժիշտին համար լռութիւնը, գրողին համար պարապ էջը. ամէն բան ոչնչութենէն կը սկսի եւ կը զարգանայ բանի մը վերածուելով: Ստեղծագործական գործընթացը նոյնն է բոլոր արուեստներուն համար: Նոյն տագնապները կ՛ապրին բոլոր արուեստագէտները:

«Ա.».-Երբ բեմ կ՛ելլէք, ժողովուրդը սրամիտ մտածելու կը մղէք:Ժողովուրդին ապրած դրական եւ ուրախ տրամադրութիւնը ի՞նչ գոհունակութիւն կու տայ ձեզի:

Վ. Պ.- Ասկէ առաջ ալ ըսած եմ, որ ես ուրախ անձ մը չեմ, ընկճուածութեան եւ անձկութեան հակամէտ եմ եւ, հաւանաբար, եթէ այդպէս չըլլայի, երգիծանքով պիտի չզբաղէի, որովհետեւ եթէ անօթի ես, կ՛ուտես, եթէ բանի մը պահանջը կը զգաս, այդ է, որ կը փնտռես: Ըսեմ նաեւ, որ խնդալը եւ ուրախութիւնը իրարու հետ կապ չունին: Նոյն բանը չեն: Կրնաս շատ լաւ խնդացող մէկը ըլլալ, բայց ուրախ չըլլալ: Երբ բեմին վրայ ես եւ կը տեսնես, որ ժողովուրդը ըսածներուդ կը խնդայ, բացառիկ զգացում մը կ՛ունենաս, որ դուն կարողութիւն ունիս մարդիկ խնդացնելու: Մարդիկ այդ վայրկեանին իրենց հոգերը կը մոռնան, կը խնդան, ուրախութիւնը կը պատճառես իրենց, եւ ատիկա մեծ գոհունակութիւն կը պատճառէ ինծի: Երգիծանքը գիծ մըն է խնդալուն եւ քու վրադ խնդալուն միջեւ: Շատ ինքնավստահ պէտք է ըլլաս նիւթէդ:

Շատ քննադատութիւններ կը լսեմ, թէ ինչո՛ւ կրօնին վրայ կը խնդամ, ինչո՛ւ սուրբերուն վրայ կը խնդամ. ես կը մտածեմ, որ այդքա՞ն տկար է դիմացինիս հաւատքը, որ իմ երգիծանքովս պիտի խախտի: Եթէ քու հաւատքդ այնքան տկար է, որ իմ երգիծանքիս պատճառով փուլ պիտի գայ, ուրեմն դուն պէտք է հաւատքդ վերատեսութեան ենթարկես: Իսկ Աստուած ինքնիրեն կրնայ պաշտպանել, պէտք չունի քու պաշտպանութեանդ:

Ամէն արուեստ խոցելի եւ դիւրաբեկ կը դարձնէ արուեստագէտը, որովհետեւ կատարած գործդ հանրութեան կը յանձնես` ըսելով, որ նայեցէք, այս է աշխատանքիս արդիւնքը։ Արուեստագէտի ըրածին մէջ սնափառութեան բաժին մըն ալ կայ`«Նայեցէք` ի՛նչ ըրած եմ»: Այդպէս է, եւ արուեստագէտը պատրաստ պէտք է ըլլայ ատոր։

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>