Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան` «ԶՈՄ-Թոքզ»-ի հանդիպումներուն ծիրին մէջ հետաքրքրական դասախօսութիւն-զրոյց մը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 24 յունուար 2018-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Աբրահամ Աշճեան» կեդրոնին մէջ` ներկայութեամբ բազմաթիւ երիտասարդ եւ տարեց բազմութեան:
«ԶՈՄ-Թոքզ»-ը կը ձգտի ստեղծել միջավայր մը, ուր ոեւէ անձ, մասնագէտ կամ ոչ, կարենայ իր գիտելիքները փոխանցել նիւթի մը մասին, որ զինք կը հետաքրքրէ: «Talk»-երը կրնան արծարծել տարբեր տեսակի նիւթեր` ըլլայ գիտական, քաղաքական, փիլիսոփայական, համաշխարհային հարցեր եւ այլն… «ԶՈՄ-Թոքզ»-ին նպատակն է թափ տալ մտքերու փոխանակման, գիտելիքներով զարգացնել երիտասարդներու հմտութիւնները եւ նոր հորիզոններ բանալ անոնց միտքերուն մէջ: «ԶՈՄ-Թոքզ»-ը կարճ դասախօսութիւններու շարք մըն է: Միտքերու փոխանակման թափ տալու միտող այս նախաձեռնութեան` «ԶՈՄ-Թոքզ»-ի անունով Ռուբէն Պապէեան բացուած յայտարարեց ձեռնարկը` սեղմ գիծերու մէջ ներկայացնելով օրուան բանախօսը` բազմատաղանդ արուեստագէտ Վահէ Պէրպէրեանը:
Վ. Պէրպէրեան 1976-ին Լիբանանէն մեկնած է Քանատա, ապա Միացեալ նահանգներ: Լոս Անճելըս հաստատուելով` ունեցած է թատերական գործունէութիւն, նախ թատերախումբերու, ապա` անհատական ներկայացումներու մէջ:
Դասախօսը մտերմիկ եւ իւրայատուկ ոճով աւելի քան մէկ ժամ խօսեցաւ հայ ինքնութեան մասին: Վահէն հիմնաւորեց, որ հայ ըլլալը միայն զգացական նիւթ չէ, այլ նաեւ կենցաղ է ու ապրելաոճ: Արուեստագետին համար հայ ըլալլը գեղեցկութիւն է ու զարգացում եւ` հպարտութեան աղբիւր: Ան նաեւ ըսաւ, որ հայապահպանումը, թէ՛ ըլլայ սփիւռքի, թէ՛ Հայաստանի մէջ, անհրաժեշտ է, սակայն պէտք է նորարար եւ ժամանակակից ձեւերով զարգացնել եւ թարմ պահել հայ ինքնութիւնը` զգօնութիւն ցուցաբերելով ձուլումի վտանգին դիմաց: Հայապահպանման աշխատանքի եւ ինքնութեան հաստատումի մէջ ան արժեւորեց իւրաքանչիւր հայ անհատին դերը` ըսելով, որ իւրաքանչիւրը պէտք է դերակատար ըլլայ իր ազգի ամբողջական կենցաղին մէջ:
Աւարտին, բանախօսը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն տեղի ունեցաւ նաեւ տէսակետերու փոխանակում, որմէ ետք մտերմիկ հաւաքը շարունակուեցաւ մասնակիցներու եւ Վահէին միջեւ: