Վերջին շրջանին, Սուրիոյ մայր գաղութի խաղաղութեան բարի լուրերը որոշ չափով կը տարածուին համայն հայութեան առօրեայէն ներս, երբ անցնող վեց տարիներուն սուրիահայ մեր հայրենակիցներու կեանքին մէջ, դաժան պատերազմին հետեւանք, ունեցանք բազմաթիւ որբեւայրի,հաշմանդամ եւ կորուսեալ անհատներով լի ընտանիքներ, կիսակործան ու քանդուած կալուածներ, բնակարաններ, դպրոցներ, ակումբներ, կեդրոններ եւ գործատեղիներ եւ, աւելի՛ն, երկիրն ու հայկական թաղամասերը պաշտպանող երիտասարդ անգին զոհեր…
Հիմնուելով անցեալ տարուան ապրիլին Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցած Անթիլիասի մայրավանքի համագումարի որոշումներուն վրայ` ՍԱՐՖ-ի գործադիր մարմինը անհրաժեշտ եւ առաջնահերթ համարելով, ծրագրեց օժանդակել սուրիահայ մայր գաղութի վերականգման եւ վերակառուցման ծրագիրներուն` կեդրոնանալով կիսաքանդ գործարաններու վերակառուցման վրայ, որպէսզի ինքնաբաւ դառնալու եւ բարենպաստ պայմաններու մէջ ապրելու նորոգ յոյսերը` իրենց ամէնօրեայ կեանքի կարիքներու լուծման եւ գոյատեւման ծառայէին:
ՍԱՐՖ-ը տակաւ պատնէշի վրայ է` վերականգնումի այս յոյժ կարեւոր ու անմիջական ծրագրի օժանդակութեան ի խնդիր եւ խորապէս կը գնահատէ մեր հայրենակիցներուՆ յարատեւ ու ազնիւ աջակցութիւնն ու գործակցութիւնը` Սուրիոյ պատերազմին անցնող վեց տարիներու ընթացքին, մեծահոգի ու առատաձեռն նուիրատուութեամբ օժանդակելու` սուրիահայ մեր հայրենակիցներու գոյատեւման, միշտ հաւատալով, որ` «Ո՛չ մէկ հայ անհատ պիտի մնայ անտէր ու անօգնական»:
Առ ի տեղեկութիւն մեր հայրենակիցներուն, վերջին շրջանին ՍԱՐՖ-ը Սուրիոյ ՇՏԱՊ-ի եւ Վերականգնումի մարմինին փոխանցած է 175.000 տոլարի կոկիկ գումար մը, որ գլխաւորաբար պիտի օգտագործուի գործատեղիներու եւ կրթական անմիջական կարիքներու:
Վարձքը կատա՛ր ՍԱՐՖ-ի գործունէութեան նպաստող բարերար մեր հայրենակիցներուն` իրենց ազնիւ նուիրատուութեանց եւ օժանդակութեան համար :
Միասնական ջանքերով պիտի վերականգնենք սուրիահայ մայր գաղութը:
ՍԱՐՖ-Ի ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՄԱՐՄԻՆ