ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ
Ամիսներ տեւած եւ բազմաթիւ սպառնալիքներէ ետք թրքական բանակը, իրեն հետ ունենալով Սուրիական ազատ բանակը, յարձակում գործեց Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող Աֆրին քաղաքին վրայ, որ կը գտնուի քրտական հսկողութեան տակ: Մօտ երկու շաբաթ անցաւ, եւ տակաւին թրքական կողմը յաղթական արդիւնքներ չէ արձանագրած, երկու կողմերը կը կռուին քաղաքի հիւսիսային շրջաններու գիւղերուն մէջ, ուր պահ մը կը լսենք, որ թրքական եւ ընդիմադիր ուժերը հսկողութեան տակ առած են որոշ գիւղեր, ապա նոյն գիւղերը յաջորդ օրը քրտական վերահսկողութեան տակ կ՛ըլլան:
«Տի Իքոնոմիսթ» (27/1/2018) կը յայտնէ, որ Աֆրինի մէջ կը գտնուին մօտ 10.000 քիւրտ զինեալներ, որոնք մինչեւ վերջ պատրաստ են դիմադրելու թրքական յարձակումներուն, եւ վերջերս գիւղերուն վրայ թրքական օդուժին կատարած ռմբակոծումները ցոյց կու տան, որ թրքական կողմը ոչ մէկ առաւելութիւն ունի գետնի վրայ, նոյնիսկ եթէ անոր դաշնակիցները քրտական կարգ մը դիրքեր գրաւեն: Սակայն կարելի՞ է, որ կացութիւնը փոխուի եւ քրտական կողմը զիջումներու երթայ, եթէ թրքական կողմը շարունակէ իր գործողութիւնները:
Թրքական կողմը չէր կրնար այսպիսի արկածախնդրութեան մը դիմել, եթէ կանաչ լոյս ստացած չըլլար ռուսական կողմէն: Թուրքիոյ նպատակը այն էր, որ Աֆրինի միջոցով սուրիական ընդդիմադիր ուժերը ուղղուին Թել Ռիֆաաթ, որ արաբական գիւղ մըն էր, եւ շրջանը պարպուած էր քիւրտ զինեալներուն կողմէ: Ապա ընդդիմադիր ուժերը պիտի ուղղուէին դէպի Մընպեժի օդակայան, որ կը գտնուի ամերիկեան եւ քրտական ուժերուն վերահսկողութեան տակ: Հաւանաբար կրնանք այն եզրակացութեան յանգիլ, որ Ռուսիա, կ՛օգտագործէ Թուրքիան եւ սուրիական ընդդիմադիր ուժերը, որպէսզի չէզոքացնէ Միացեալ Նահանգներուն ազդեցութիւնը Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ եւ քաղաքական պատգամ մը ուղղէ քիւրտերուն` հասկցնելով, որ ներկայիս Ռուսիան եւ ոչ թէ` Միացեալ Նահանգները, կ՛իշխեն սուրիական քաղաքական դաշտին:
Արդեօք քիւրտերը իրենց քաղաքականութիւնը վերատեսութեան կ՛ենթարկե՞ն եւ կը մօտենա՞ն Ռուսիոյ: Երկուշաբթի Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Դամասկոսի մէջ հանդիպում ունեցած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Ժապիրի Անսարիի հետ: Երկու կողմերը քննարկած են Սոչիի մէջ տեղի ունենալիք ժողովը, ինչպէս նաեւ անդրադարձած են Աֆրինի մէջ թրքական ռազմական գործողութիւններուն: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած էին նաեւ թրքական ռազմական գործողութիւնները եւ զանոնք ձախողութեան մատնելու կարելիութիւնները: Մանրամասնութիւններ տակաւին չկան, սակայն քրտական որոշ աղբիւրներ կը յայտնեն, որ իրենք պատրաստ են նոյնիսկ «սատանային» հետ գործակցելու, եթէ կարիքը ըլլայ: Քրտական խմբաւորման կարգ մը ներկայացուցիչներ «Իզվեսթիա»-ին յայտնած են, որ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու հրամանատարութիւնը կը բանակցի Սուրիոյ իշխանութիւններուն հետ` Աֆրինը Դամասկոսի վերահսկողութեան յանձնելու համար: Անշուշտ ասիկա նաեւ հարուած մը կ՛ըլլայ ամերիկեան քաղաքականութեան:
Միաժամանակ քիւրտերը բանակցութեան մէջ են ռուսական կողմին հետ. Ռուսիոյ քիւրտերու ազգային-մշակութային դաշնակցային ինքնավարութեան խորհուրդի նախագահ Ֆարհաթ Փաթիեւ շեշտեց, որ թէ՛ ռուսական, թէ՛ ալ քրտական կողմերը այս բանակցութիւններուն մէջ ունին իրենց համապատասխան պահանջներն ու պայմանները: Ըստ անոր, համաձայնութիւն գոյացնելու պարագային, պէտք է վերջնական որոշում տրուի նաեւ Աֆրինի մէջ քիւրտերու հետագայ կարգավիճակին վերաբերեալ: Քրտական կողմը այլ` աւելի նեղ վիճակի մատնուեցաւ, երբ Աֆրինի դէմ Թուրքիոյ ռազմական գործողութիւններուն անյաջողութեան մատնուելէն ետք, թրքական օդուժը կը շարունակէ հրթիռակոծման ենթարկել Մետանքիի ամպարտակը` նպատակ ունենալով ջրախեղդ ընել Աֆրինը: Այս լուրը յայտնեց Սուրիոյ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակը:
Թուրք վերլուծաբան Էօմեր Էօսքիզիլճիք «Սիրիա Տիփլի»-ին (23/1/2018) կը գրէ, որ թրքական բանակի ռազմավարութիւնը ամպայման Աֆրինը գրաւելը չէ, այլ` Աֆրին քաղաքին շուրջ ապահով գօտի մը ստեղծելը, որպէսզի արգիլէ, որ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները միացնեն երեք քրտական շրջանները (Աֆրին, Արաբ Բունար եւ Գամիշլի) իրարու, եւ միջանցք մը ստեղծուի Իրաքի քրտական մարզէն դէպի Միջերկրական ծով: Ներկայիս թրքամէտ սուրիական ընդդիմադիր ուժերուն հսկողութեան տակ են Ժարապլոսը, Ազեզը եւ Պապը (2.225 քառ. քմ տարածութիւն), որոնք կը գտնուին Հալէպի հիւսիսային` Թուրքիոյ հետ սահմանակից շրջաններուն մէջ: Այլ թուրք վերլուծաբան մը` Ճան Աճուն, «Սեթաւ»-ին մէջ ապրիլ 2017-ին կը գրէր, որ Թուրքիոյ հիմնական նպատակը պիտի ըլլայ ապագային չէզոքացնելու Աֆրինի մէջ քրտական ուժերը` կանխարգիլելու համար ՔԱԿ-ի անդամներուն հոսքը Ամանոսի լեռներէն դէպի հիւսիսային Սուրիա: Հետեւաբար, եթէ թրքական զինուորական շղթան սեղմուի Աֆրինի շուրջ, զարմանալի պիտի չըլլայ, որ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ) այլ ճակատ մը բանայ Թուրքիոյ մէջ: Մինչեւ օրս ՔԱԿ-ը մարտական գործողութիւններ չկատարեց Թուրքիոյ մէջ, հակառակ անոր որ յայտարարութիւններ կատարուեցան, եւ քրտական աղբիւրներ նշեցին, որ ՔԱԿ-ը պիտի վերսկսի իր ռազմական գործողութիւններուն` թրքական սահմաններէն ներս: Այլ ընդհակառակն, թրքական օդուժը հարուածներ հասցուց Իրաքի հիւսիսային Կորդուաց շրջանին մէջ գտնուող ՔԱԿ-ի դիրքերուն: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տիքեն» կայքը:
Հաւանաբար միակ միջոցը Աֆրինի քիւրտերուն, որ իրենց վրայէն ճնշումը հանեն, պիտի ըլլայ ՔԱԿ-ի օժանդակութիւնը Թուրքիոյ մէջ նոր ճակատ մը բանալով, եւ այսպիսով, քրտական հարցը նոր թափ ստանալով, Թուրքիա ա՛լ աւելի մխրճուած պիտի ըլլայ քրտական անդունդին մէջ: