Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 24 յունուար 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին տեղի ունեցաւ «Արեան գերճնշում» նիւթով դասախօսութիւն, որ ներկայացուց սրտաբան տոքթ. Արտաշէս Սիմոնեանը:
Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը կատարեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը: Ան նշեց, որ «Արեան գերճնշում»-ը բոլորին ծանօթ եւ ամէնէն տարածուած հիւանդութիւններէն մէկն է, որուն ենթակայ է բնակչութեան մեծ տոկոսը: Արեան ճնշում կը նշանակէ` սրտի զարկերակներու ճնշում: Զարկերակային ճնշումը կը չափուի «ճնշաչափ»-ով (sphygmomanometer), որ կը չափէ սրտի կծկուած վիճակի (systolic) ճնշումը եւ սրտի թուլցած-հանգիստ վիճակի (diastolic) ճնշումը: Ապա ներկայացնելէ ետք օրուան դասախօսը, հրաւիրեց զինք աւելի մանրամասն բացատրութիւններ տալու յիշեալ հիւանդութեան մասին:
Տոքթ. Արտաշէս Սիմոնեանը դասախօսութիւնը սկսաւ` ըսելով, որ արեան գերճնշումը համաշխարհային ծանրաբեռնուածութեան կ՛ենթարկէ ամբողջ երկրագունդը, պետութիւններ միլիոններ կը ծախսեն` հետազօտութիւններ ընելով դեղերու վրայ: Ան անդրադարձաւ, որ արեան գերճնշումը կապուած է սրտանօթային համակարգին, եթէ չդարմանուի, կը հանդիսանայ ամենավտանգաւոր ազդակներէն մէկը` սրտանօթային հիւանդութեան: Սիրտը կարեւոր օրկան մըն է, ան արիւնը կը մղէ մեր մարմնի զանազան օրկաններուն` իր երակներուն միջոցով, արիւնը մղուելու համար ճնշում կը գոյանայ: Երբ երակները առաձգական են, ճնշումը բնական կ՛ըլլայ: Երբ վիճակներ ստեղծուին եւ երակները նեղնան կամ կիսով խցուին, կը գոյանայ արեան գերճնշում:
Անդրադառնալով գերճնշման ախտանշաններուն` ըսաւ, որ սկզբնական շրջանին ենթական ոչ մէկ ախտանշան կ’ունենայ. սակայն, ժամանակ մը ետք, գերճնշումի զարգացումով կը սկսին ախտանշանները` գլխացաւ, յոգնածութիւն, գլխապտոյտ, քիթի արիւնահոսում, աչքերու վրայ յոգնածութիւն, լսողութեան խանգարում, բերնի չորացում…
Շարունակելով` ան նշեց, որ արեան ճնշումը պէտք է չափել ճիշդ ձեւով` ունենալ անձնական ճնշաչափ, նստած դիրքով, ձեռքը յենած եւ մարմինը շիտակ: Ճնշումը բարձրանալու ազդակներ են` սննդականոնը, ծխելը, ջղագրգռութիւնը, անհանգիստ միջավայրը…
Գերճնշումը հիւանդագին լուրջ կացութիւն մըն է, ենթական պէտք է դարմանուի եւ լրջօրէն հետեւի բժիշկի թելադրանքներուն, որպէսզի հեռու մնայ գերճնշումի բարդութիւններէն` սրտի եւ ուղեղի կաթուած, ուղեղային արիւնահոսում, երիկամներու եւ սրտի ձախող գործելակերպ, աչքի եւ ականջի արեան մազերակներու պայթում եւ այլն: Գերճնշման պատճառները իմանալու համար բժիշկը կը պահանջէ արեան քննութիւն, որմէ կը յայտնաբերուին գերճնշման պատճառները` իւղերու, շաքարի եւ աղի բարձր տուեալներ, երիկամային որեւէ հիւանդութիւն, ջղագրգիռ վիճակ:
Տոքթ. Սիմոնեան անդրադարձաւ նաեւ գերճնշումը հակակշռելու զանազան միջոցներուն` մասնագէտ բժիշկին թելադրած դեղերու օրինաւոր գործածութիւն, քալել ու մարզանքի հետեւիլ, նիհարնալ, ծխախոտ չգործածել, սննդականոնի հետեւիլ, աղ, ալքոլ եւ քաֆէին չգործածել:
Ան եզրափակելով` թելադրեց, որ ահաւոր բարդութիւններու առաջքը առնելու համար գերճնշում ունեցող անհատը պէտք է անյապաղ դիմէ բժիշկին եւ յարատեւօրէն հետեւի անոր թելադրանքներուն, ինք ըլլայ իր բժիշկը`յաճախ չափելով իր ճնշումը:
Աւարտին, ան պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն: