Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Պատմաքաղաքական Զիկզակներ. «Ձիթենիի Ճիւղ»-ը Մահ Ու Աւեր Կը Սփռէ Սուրիոյ Անքակտելի Հողատարածք Աֆրինի Մէջ

$
0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

20 յունուար 2018 թուականին, Աֆրինի շրջանը ճակատագրական դարձակէտի մը հանդիպեցաւ, երբ Թուրքիա Աֆրին շրջանին դէմ շղթայազերծեց զինուորական գործողութիւն մը, զոր կոչեց «Ձիթենիի ճիւղ»:

Թրքական բանակը սուրիական ազատ բանակի ուժերուն հետ միատեղ ներխուժեց Աֆրին` ապահովական գօտի մը ստեղծելու պատրուակով:

Թրքական բանակը, օդուժն ու ցամաքային ուժերը իրենց շղթայազերծած «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեան ծիրին մէջ բուռն կերպով կը ռմբակոծեն քիւրտ զինեալներուն դիրքերը: Շրջանին մէջ ներկայութիւն են Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ), Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան, Քրտական ժողովուրդի պաշտպանութեան եւ Կանանց ինքնապաշտպանութեան ջոկատները:

Ըստ Թուրքիոյ պետութեան, գործողութեան նպատակը մեծաւ մասամբ քիւրտերէ բաղկացած ջոկատներու արտաքսումն է Աֆրին քաղաքէն եւ անոր յարակից շրջաններէն: Հետեւաբար, Էրտողանի եւ անոր իշխանութեան «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնը ուղղուած է սուրիական Աֆրինի մէջ տեղակայուած քրտական զինուած խմբաւորումներուն դէմ:

Թրքական բանակի Աֆրին ներխուժման մասին թրքական իշխանութիւններ ստայօդ յայտարարութիւններով հանդէս կու գան: Անոնք կը յայտարարեն, որ` «այս գործողութիւնը ուղղուած չէ Աֆրինի մէջ բնակող մեր թուրքմէն, քիւրտ կամ արաբ եղբայրներու դէմ, այլ` ընդդէմ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու: Անիկա սկսած է եւ կը շարունակուի` յարգելով Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը, ինքնիշխանութիւնը եւ քաղաքական միասնականութիւնը»:

Միւս կողմէն, սուրիական բանակը Հալէպի մէջ գտնուող քրտական ուժերուն դիմաց ճամբայ բացած է` Աֆրին ուղղուելու: Քիւրտ զինեալներ ու զէնք-զինամթերք փոխադրող մեքենաներ Հալէպի Շէյխ Մաքսուտ թաղամասէն Նըպպոլ եւ Զահրաա գիւղերուն ճամբով մեկնած են դէպի Աֆրին:

Նշենք, որ ծանր մարտեր տեղի կ՛ունենան նաեւ Աֆրինի գաւառի հիւսիսային հատուածին մէջ գտնուող Պիւլպիւլ եւ Ռաճօ քաղաքներուն մօտ:

Յարձակումին իբրեւ հետեւանք ո՛չ միայն զոհուած եւ վիրաւորուած են շրջանի քաղաքացիներ, արձանագրուած են նիւթական վնասներ այլ ռազմական գործողութիւններու ժամանակ թրքական ուժերը ոչնչացուցած են երկաթէ դարու ժամանակաշրջանի Էյն-Տարա տաճարը:

Պատմական կարեւորութեան համար պէտք է ընդգծել, որ սուրիական տագնապի օրերուն Թուրքիա իր ամբողջ սահմանը լայնօրէն բացաւ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն դիմաց` դիւրացնելով անոնց թափանցումը Սուրիա: Սակայն ան այսքանով չբաւարարուեցաւ,  այդ խմբաւորումներուն արդիական զէնքերով ու քիմիական ռումբերով մատակարարեց: Այդ խմբաւորումները սերտ կապերու մէջ էին Էրտողանի վարչակարգին ու թրքական գաղտնի սպասարկութեան հետ, յատկապէս ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումը, որ սուրիական տագնապի օրերուն ամիսներ շարունակ սուրիական նաֆթահորերու քարիւղը ապօրինի միջոցներով կ՛արտածէր Թուրքիա` Թուրքիոյ վարչակարգի պատասխանատու մարմիններուն հետ գործակցաբար:

Աւելցնենք, որ սուրիական տագնապի սկիզբէն ի վեր Աֆրին Սուրիոյ քիւրտերուն համար ապահով վայր դարձած էր, եւ մանաւանդ Հալէպի քիւրտերը հոն բնակութիւն հաստատած էին: Այդ վայրը միեւնոյն ժամանակ եղած էր այն ելակէտն ու դարձակէտը, որ շատ մը ռազմական եւ տնտեսական խումբերու անցումային ճանապարհին վերածուած էր: Այդ պատճառով,  այդ շրջանի քիւրտ ղեկավարները` անտեսելով սուրիական պետութեան իրաւական օրէնքներն ու կանոնները, յառաջացուցած էին իրենց քմահաճ օրէնքները ամէն տեսակ բնագաւառներու մէջ`  սկսելով շրջան մուտք-ելքի անձնագիրի պարագայէն, մինչեւ ինքնաշարժներու սուրիական թիւերու փոխանակումը քրտերէնով` վրան զետեղով «Աֆրին» գրութիւնը եւ այլն:

Նշենք, որ Աֆրին քաղաքը կը գտնուի Հալէպ նահանգի հիւսիս-արեւմտեան մասը, Աֆրին գետի երկու ափերուն, ծովի մակերեսէն 215 մեթր բարձրութեան վրայ:

Աֆրինը տեղադրուած է Հալէպէն 38 քիլոմեթր դէպի հիւսիս-արեւմուտք եւ 332 քիլոմեթր Դամասկոսէն դէպի հիւսիս: Մօտ է Ազազին:

Շրջանը գտնուած է հռոմէացիներու եւ օսմանցիներու տիրապետութեան տակ: 1922-ին անցած է Ֆրանսայի տիրապետութեան տակ, իսկ 1946-ին դարձած է Սուրիոյ մէկ մասը:

Հիւսիսային Սուրիոյ առեւտուրի կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկը եղած է Աֆրինը: Քիւրտ տաղը (քրտական լեռ) կը կապէ Սուրիոյ` կարեւոր հանգոյց մը գոյացնելով առեւտրական եւ փոխադրական գործողութիւններու: Նշանաւոր եղած է իր պազարը, ուր ամէն չորեքշաբթի օր երկրի հեռաւոր անկիւններէն վաճառականներ եւ արհեստաւորներ հոս կը փութային առեւտուրի համար:

Աֆրինի մէջ հայեր բնակութիւն հաստատած են Կիլիկիոյ պարպումէն ետք:

Մինչեւ 1927 ոչ մէկ տուն կառուցուած է: Կառավարութեան որոշումով, իբրեւ շրջակայ գիւղերու կեդրոն, Աֆրինի հիմը դրած է բժիշկ Յակոբ Խայեան` առաջին բնակարանը կառուցելով: Ժամանակի ընթացքին բարգաւաճ գիւղ մը կը դառնայ Աֆրին` գերակշիռ մասը քիւրտերը կազմելով:

Հետագային Աֆրինի մէջ հայեր կառուցած եւ սեփականատէր եղած են շատ մը շէնքերու, բնակարաններու եւ կալուածներու, որոնցմէ քանի մը հատը մինչ օրս տակաւին կանգուն կը մնայ:

2011 թուականին Սուրիոյ տարածքին սկիզբ առած պատերազմը, թէեւ երկրի ամէն կողմ տարածուեցաւ, սակայն պէտք է ըսել, որ Աֆրինի շրջանը համեմատաբար աւելի ապահով մնաց մինչեւ 2017 թուականի վերջաւորութեան: Համեմատաբար աւելի ապահով ըլլալու պատճառը այն էր, որ այդ շրջանի ջախջախիչ մեծամասնութիւնը քիւրտեր են եւ անոնք Ռիֆ Հալէպի հիւսիսարեւելեան շրջանը պաշտպանած են` փակելով Աֆրինի մայր ճամբան, որ ամբողջովին քիւրտերուն իշխանութեան տակ կը գտնուէր:

Տարիներու ընթացքին ամբողջ աշխարհին աչքին առաջ քրտական խաղաքարտը կ՛օգտագործուի լայն առումով եւ քաղաքական բոլոր ուժերուն կողմէ:

Ինչ կը վերաբերի հոն ապրող հայերու ապահովութեան, ապա պէտք է ըսել, որ պատերազմի ժամանակաշրջանին, մեր տուեալներով, հոն գոյութիւն ունէին քանի մը հայեր, որոնք շրջանը աւելի ապահով նկատելով իրենց գործը հաստատած էին հոն: Հետազօտական աշխատանքի իբրեւ արդիւնք կրնանք ըսել, որ այսօր հոն կ՛ապրին չորս հայեր միայն, իսկ միւսները յաջողած են շրջանէն դուրս գալ` դէպի Հալէպ քաղաք: Այդ հայերէն մէկը կրցաւ երկուշաբթի, 29 յունուար 2018-ին դուրս գալ Աֆրինէն:

Վերջաւորութեան իրականութիւն է, որ Աֆրինի հողատարածքը կ՛ենթարկուի թրքական պետութեան կողմէ արտաքին յարձակումի մը, որ կը վտանգէ Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնն ու քաղաքացիներուն կեանքերը:

Այս բոլորին զուգահեռ, մինչ Սուրիոյ պետութիւնը տէր կը կանգնի գերիշխանութենէն բխող իր պարտաւորութիւններուն, իսկ միւս կողմէ` արդէն «Ձիթենիի ճիւղ»-ը մահ ու աւեր կը սփռէ Սուրիոյ անքակտելի հողատարածք Աֆրինի մէջ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>