Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Գաղութէ Գաղութ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

ՀՅԴ 127-ամեակի Նշում

25 դեկտեմբերին Գամիշլիի «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան 127-ամեակի տօնակատարութիւնը:

Օրուան հանդիսավարներ Ռիթա Տէր Սարգիսեան-Կարապետեանը եւ Խաչիկ Ղուկասեանը ներկաները հրաւիրեցին մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու Սուրիոյ եւ Հայաստանի նահատակներուն յիշատակը:

Բացման խօսքով Խաչիկ Մելքոնեանը անդրադարձաւ Դաշնակցութեան գաղափարաբանութեան` նկատել տալով, որ Դաշնակցութեան երկարակեցութեան գաղտնիքը իր գաղափարախօսութեան ու աշխարհայեացքին մէջ է: Անոնք յառաջացած են հայ ժողովուրդին պատմութենէն եւ գործի վերածուած են կուսակցութեան ողջ պատմութեան ընթացքին` հայրենիքին ու հայ ժողովուրդին բարօրութեան ի խնդիր:

Գեղարուեստական յայտագիրով Մեղրի Ասիլեան- Ղուկասեանը ասմունքեց Ժագ Յակոբեանի բանաստեղծութիւններէն ընտրանի մը, իսկ Ատուր Ադամեանը մեկնաբանեց ազգային-յեղափոխական երգերու փունջ մը` երգեհոնի ընկերակցութեամբ Քրիստափոր Միքայէլեանի:

Օրուան խորհուրդը ներկայացուց Գրիգոր Թովմասեանը: Ան յայտնեց, որ Դաշնակցութիւնը կազմուեցաւ հայ կեանքի, ընկերային կեանքի, յեղափոխական կեանքի մէջ, աւելցնելով, որ Դաշնակցութիւնը ամբողջ շրջանի մը պատմութիւնն է, վաստակ մըն է, որ կերտուեցաւ քայլ առ քայլ եւ այդ պատմակերտումի տոգորումին մէջ սերունդներ ամբողջ իրենց կեանքը զոհեցին անսակարկ: Ան հաստատեց, որ Դաշնակցութիւնը հերոսներու կերտիչն է, գաղափարական իտէալի մը ջահակիրը, հայ ժողովուրդին ծառան, միաժամանակ` անոր կամքի, մտքի, հոգիի յեղափոխութիւնը:

Հանդիսութեան աւարտին Ճեզիրէի հայոց առաջնորդական փոխանորդ Ռուբէն աբղ. Նալպանտեանը իր հայրական օրհնութիւններն ու շնորհաւորական խօսքը արտասանեց, որմէ ետք «Պահպանիչ»-ով եւ «Յառա՛ջ, նահատակ» քայլերգով տօնակատարութիւնը հասաւ իր աւարտին:

ՍՕԽ-ը Արժանացաւ Հայաստանի Նախագահի «Գնահատագիր»-ին

Չորեքշաբթի, 17 յունուար 2018-ին Դամասկոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը` ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, դամասկահայ միութիւններու եւ վարժարաններու ներկայացուցիչներու:

Ընդունելութեան ընթացքին խօսք առաւ Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպան դոկտ. Արշակ Փոլատեանը, որ բարձրօրէն գնահատեց դամասկահայ միութիւններուն եւ վարժարաններուն կատարած գործը երկրին դժնդակ պայմաններուն մէջ եւ այս առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան  նախագահ Սերժ Սարգսեանին կողմէ Սուրիահայ օգնութեան խաչին ուղղուած «Շնորհակալագիր»-ը յանձնեց միութեան ներկայացուցիչներուն:

Ներկայ խաչուհիները մեծ երախտագիտութեամբ ընդունեցին «Շնորհակալագիր»-ը` խոստանալով շարունակել իրենց վսեմ առաքելութիւնը` յանուն հայ ժողովուրդի բարօրութեան:

Հալէպի Վերանորոգուած Կիլիկեան Ճեմարանի Վերաբացում

Վերականգնումի այս տարին` 2018-ը, յատկանշուեցաւ նաեւ Հալէպի Թիլել շրջանին մէջ գտնուող պատմական Կիլիկեան Ճեմարանի վերանորոգումով:

Արդարեւ, երկուշաբթի, 22 յունուար 2018-ի առաւօտ ժամը 11:00-ին, հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, տեղի ունեցաւ Հալէպի պատերազմական տարիներուն ընթացքին քանդուած Կիլիկեան վերանորոգուած Ճեմարանի վերաբացման հանդիսութիւնը:

Հանդիսութեան ներկայ էին` Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսը, Սուրիոյ կրթութեան նախարարութեան Հալէպի փոխտնօրէնը, Կիլիկեան Ճեմարանի խնամակալութիւնը, Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային վարչութեան եւ Կրօնական ժողովներու անդամներու, կրթական եւ բարեգործական միութիւններու ներկայացուցիչներ ու մեծաթիւ կիլիկեանցիներ:

Սրբազան հայրը կատարեց դպրոցին եւ աղուհացին օրհնութիւնը: Վերաբացման հանդիսութեան շնորհակալական խօսքերով հանդէս եկան` Կիլիկեան ճեմարանի տնօրէնը, Կիլիկեան ճեմարանի Հոգաբարձութեան ներկայացուցիչը եւ Սուրիոյ Կրթութեան նախարարութեան Հալէպի փոխտնօրէնը:

Իրաք

Յիշատակի Ձեռնարկ` Նուիրուած Իրաքի Հայ Կարօտելոց Խնամակալութեան

Հովանաւորութեամբ ՀՕՄ-ի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ նախկին իրաքահայերու խմբակի մը, 13 յունուարին Կլենտէյլի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի երեկոյ մը` նուիրուած Իրաքի Հայ կարօտելոց խնամակալութեան, որ գործած էր Իրաքի մէջ ՀՕՄ-ի համաշխարհային կառոյցին մաս կազմելով:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց Րաֆֆի սրկ. Կարապետեանը, որ շեշտեց, թէ հայ մայրը եկեղեցի դարձաւ հոն, ուր եկեղեցի չունեցանք, դպրոց դարձաւ հոն, ուր դպրոց չունեցանք, հայրենիք դարձաւ, երբ հայրենիք չունեցանք, աւելցնելով, որ հայ մայրը նոյնը կոչուած է ըլլալ նաեւ այսօր ու միշտ:

Օրուան բանախօս, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի գիտաշխատող դոկտ. Սեդա Օհանեանը ներկաներուն ծանօթացուց իրաքահայ կիներու բարեսիրական գործունէութիւնը` խտասալիկներու ցուցադրութեամբ:

ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Մարալ Թուլումեանը, հաստատեց, որ ՀՕՄ-ը նուիրումի եւ անխոնջ աշխատանքի իր վաստակով օրհնութիւն եւ բարիք եղաւ մեր ժողովուրդին, աւելցնելով, որ ՀՕՄ-ը սոսկ կնոջական կազմակերպութիւն մը չէ, այլ` հայու ամէնօրեայ եւ բազմաճակատ գոյապայքարի գուպարին մէջ զինուորագրուած նուիրեալ կիներու մեծաթիւ բանակ:

Իրաքահայերու խմբակին անունով  խօսք առաւ դոկտ. Վեհունի Մինասեանը: Ան հաստատեց, թէ Իրաքի հայ կիներու երկարամեայ պատմութիւնը վկայ է, որ հայ կինը իր գաղութին մէջ եւս փորձած է նուիրումի, պարտականութեան, գիտակցութեան եւ զոհաբերութեան ոգիի չափն ու թափը լիովին իրագործել, աւելցնելով, որ անմրցելի է հայ կնոջ նուիրումը` ազգի սրբութեանց պահպանման:

Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Միացեալ Նահանգներ

41 Նորագիրներ Միացան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Շարքերուն

Շաբաթ, 20 յունուարին Էնսինոյի Ազգային Ֆերահեան վարժարանի «Տիգրանեան» սրահին մէջ 35 հայորդիներ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շարքերուն միացան` ընկերական լայն շրջանակի մը ներկայութեամբ տալով իրենց երդումը:

Չորս նորագիրներ Ֆրեզնոյի մէջ պիտի միանան երդուեալներու սոյն խումբին: Երկու երիտասարդներ եւս աւելի ուշ պիտի միանան խումբին:

Երդման հանդիսաւոր արարողութեան բացումը կատարեց նորագիրներու կուսակցական նախապատրաստական աշխատանքները կազմակերպած յանձնախումբի անդամ Յարութ Մկրտիչեանը: Ան ներկայացուց նորագիրները եւ հրաւիրեց կնքահայրը` ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Լեւոն Կիրակոսեանը, որ իր պատգամը տայ անոնց:

«Հայ ժողովուրդին ծառայելու, հայրենիքի մէջ արդար ընկերային համակարգ ստեղծելու, գաղափարական աշխատանք տանելու, սփիւռքի կազմակերպական կարողութիւնները հզօրացնելու վճռական յանձնառութիւնն է, որ այս երդումով կը նուիրականացուի», յայտնեց կնքահայրը եւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին անունով շնորհաւորեց անոնց մուտքը կուսակցութեան շարքերը:

ՀՅԴ Բիւրոյին կողմէ նորագիրներուն պատգամ յղեց դոկտ. Վիգէն Եագուպեանը: «Մեր ժողովուրդը դժուարին անկիւնադարձի մը սեմին կը գտնուի` լուրջ մարտահրաւէրներով: Այդ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու աշխատանքը, որուն մասնակցելու երդումը տուիք այսօր, զոհողութիւն եւ հետեւողականութիւն պիտի պահանջէ ձեզմէ, եւ այս երդման հանդիսաւոր պահը դժուարութիւնները յաղթահարելու ներշնչման աղբիւր կրնայ դառնալ ձեզի», յայտնեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը:

Երդման արարողութիւնը աւարտեցաւ Դաշնակցութեան քայլերգի խմբերգումով:

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Մը Տեսակցեցաւ Հայաստանի Դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեանին Հետ

13 յունուարին ՀՅԴ պատուիրակութիւն մը տեսակցութիւն ունեցաւ Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեանին հետ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը եւ Միացեալ Նահանգներու  Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններու կեդրոնական կոմիտէներու ներկայացուցիչները` Ճորճ Աղճայեանը եւ Տարօն Տէր Խաչատուրեանը, նաեւ` Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակի ներկայացուցիչ Արամ Համբարեանը:

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան յատկապէս Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ  յարաբերութիւնները եւ այս տարեշրջանի ընթացքին իրականանալիք Հայաստանի Ա. անկախութեան հարիւրամեակի ձեռնարկները:

Նշենք, որ Հայաստանի Ա. անկախութեան հարիւրամեակին առիթով արդէն իսկ նկատի առնուած են բազմաթիւ ձեռնարկներ: ՀՅԴ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու  շրջանը 11-12 մայիսին Նիւ Եորքի Քոլոմպիա համալսարանին մէջ պիտի կազմակերպէ գիտաժողով մը` մասնակցութեամբ ակադեմականներու եւ դասախօսներուն Արեւմտեան շրջանը Քալիֆորնիոյ Նորթրիճ համալսարանին մէջ 5-6 մայիսին պիտի կազմակերպէ գիտաժողով մը:

ՀՕՄ-ի Հարիւրամեայ «Մայր» Մասնաճիւղի Վարչութեան Այցելութիւնը Առաջնորդարան

17 յունուարին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը Ազգային առաջնորդարանի «Սիւլահեան» սրահին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայ օգնութեան միութեան Հոլիվուտի «Մայր» մասնաճիւղի վարչութեան: Հանդիպման ներկայ եղաւ առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ ծ. վրդ. Տօնոյեանը:

Վարչութեան անդամները Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով շնորհաւորեցին առաջնորդն ու հոգեւոր հայրերը ու մաղթեցին, որ 2018 տարին ըլլայ թեմական ու ազգային ծրագիրներու իրականացման յաջող տարեշրջան: Անոնք նաեւ առաջնորդը պաշտօնապէս հրաւիրեցին մասնաճիւղի 100-ամեակի հանդիսութեան առիթով կազմակերպուած զոյգ ձեռնարկներուն. 4 մարտին տօնակատարութիւն Հոլիվուտի «Կարապետեան» սրահին մէջ, իսկ 17 մարտին` ճաշկերոյթ-պարահանդէս` «Տի լաքս» սրահին մէջ:

Սրբազանը դրուատիքով խօսեցաւ ընդհանրապէս ՀՕՄ-ի ու մասնաւորաբար «Մայր» մասնաճիւղի ժողովրդանուէր եւ հայրենաշէն ծառայութիւններուն մասին եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն:

Հրաժեշտի պահուն սրբազանը վարչութեան անդամներուն նուիրեց Ազգային առաջնորդարանի հրատարակութիւններէն «Հաւատով խոստովանիմ»-ի օրինակներ:

Ֆրանսա

«Հայաստանի Խոհանոցը» Գիրքին Շնորհահանդէսը

Կազմակերպութեամբ Վալանսի «Արմէնիա» միութեան 12 յունուարին «Ժան Մուլեն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստանի խոհանոցը» գիրքին շնորհահանդէսը` մասնակցութեամբ հատորի հեղինակներ Գորին եւ Ռիշար Զարզավաթճեաններուն, ներկայութեամբ շրջանի հայկական միութիւններու ներկայացուցիչներու, քաղաքապետարանի անդամներու եւ հոծ բազմութեան մը:

Գիրքին նախաբանը ստորագրած է երաժիշտ Անտրէ Մանուկեանը: Գիրքը կը բովանդակէ հայկական շուրջ 100 ճաշատեսակներ` լուսանկարներով եւ բաղադրատոմսերով:

Լրագրող-ծաղրանկարիչ Գրիգոր Ամիրզայեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք հեղինակները ներկայացուցին հատորը եւ պատասխանեցին իրենց ուղղուած հարցումներուն:

Յայտնենք, որ յաջորդող օրերուն «Հայաստանի խոհանոցը» գիրքը ներկայացուեցաւ նաեւ Վիէնի եւ Լիոնի մէջ:

Սպանիա

Արցախի Զբօսաշրջային Հնարաւորութիւններու Ներկայացում

17-21 յունուարին Մատրիտի մէջ կայացած միջազգային զբօսաշրջային 38-րդ ցուցահանդէսին ներկայացուեցան Արցախի զբօսաշրջային հնարաւորութիւնները: Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան պատուիրակութիւնը Արցախի բազմաբնոյթ զբօսաշրջային արդիւնքը ներկայացուց Հայաստանի հետ միասնական տաղաւարին մէջ:

Ցուցահանդէսի ընթացքին մեծ թիւով այցելուները համտեսեցին նաեւ արցախեան գինին, եւ Արցախի պատուիրակութեան կողմէն ներկայացուեցան արցախեան գինեգործութեան աւանդոյթները եւ գինիի մասին տեղեկութիւններ:

Երուսաղէմ

Երուսաղէմ Քաղաքապետին Այցելութիւնը Հայոց Պատրիարքարան

16 յունուարին Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով Երուսաղէմի քաղաքապետ Նիր Պարկատ այցելեց հայոց պատրիարքարան եւ հանդիպում ունեցաւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանին հետ:

Հանդիպման ընթացքին քաղաքապետը տեղեկացաւ հայոց պատրիարքի մտահոգութիւններուն եւ ապագայ ծրագիրներուն մասին: Սրբազանը խօսեցաւ Ս. Փրկիչ եւ Ս. Յակոբ եկեղեցիներու գմբէթներու նորոգութեան, Կարապետ եպիսկոպոսի արտին վրայ յարկաբաժին կառուցելու, Փիլիպպոսի աղբիւրի հայկական հողին վրայ բացօթեայ խորան կառուցելու, դէպի Ակեղդամա տարին մէկ անգամ ուխտագնացութիւն կազմակերպելու եւ շարք մը այլ հարցերու շուրջ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>