Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Քաթալոնիոյ Անկախութեան Հանրաքուէի Լոյսին Տակ

$
0
0

Մայորքայի Կցումը Քաթալոնիոյ Եւ Արակոնի Թագաւորութեան Ու Քասթիլիոյ Դէմ Պատերազմը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Փերէ էլ Սերիմոնիոս թագաւոր

Քաթալոնիոյ եւ Արակոնի թագաւոր Ալֆոնսօ Դ.-ի եւ Թերեզա տ՛Էնթենսայի որդին էր Փերէ էլ Սերիմոնիոս (ցուցամոլ): Հօր մահուան օրը` 24 յունուար 1336-ին ան Քաթալոնիոյ եւ Արակոնի եւ Սարտինիոյ ու Քորսիքայի թագաւոր հռչակուեցաւ: Ան ծնած էր 5 սեպտեմբեր 1319-ին, Պալակուէր (Քաթալոնիա):

Փերէ Սարակոսայի մէջ քորթէս հրաւիրեց իր թագադրութեան պատրաստութեան համար: Աւանդական արարողակարգի համաձայն Սարակոսայի արքեպիսկոպոսը պիտի թագադրէր նոր գահակալը, որ իր կարգին հնազանդութիւն պիտի յայտնէր պապին: Բայց Փերէ ինքզինք թագադրեց եւ յուսախաբ  ըրաւ Լոփէս տի Լունա արքեպիսկոպոսը:

Թագաւորը դեռ Սարակոսա կը գտնուէր երբ Քասթիլիայէն պատուիրակութիւն մը եկաւ մօտը, բանակցելու եւ հարցնելու, որ կը խոստանա՞յ հօր կողմէ իբրեւ պարգեւ իր խորթ մօր` Էլէանորի տրուած հողերը վերադարձնելու եւ օրինականացնելու այդ պարգեւները: Փերէ խուսափողական պատասխան տուաւ:

Սարակոսայի մէջ թագադրութեան հանդիսութիւններէն ետք Փերէ ուղղուեցաւ Վալենսիա, հոն եւս թագադրութեան հանդիսութիւններ կատարելու:  Ճամբուն վրայ կանգ առաւ Լէիտա, Քաթալոնիոյ սահմանադրութիւնը հաստատելու եւ ընդունելու քաթալան հպատակներուն շնորհաւորութիւնները: Պարսելոնիայի մէջ մեծ տօնախմբութիւն կատարուեցաւ եւ քաղաքացիք մեծ պատիւներ ընծայեցին անոր:

Փերէ էլ Սերիմոնիոսի կնքանշանը

Մարիա թագուհիին կնքանշանը

Փէրէ Ուրկէլի կոմսութիւնը կրտսեր եղբօր` Խայմէի (1321-1347) յանձնեց: Խայմէ 1336-ին ամուսնացաւ Քոմինկէսի կոմս Պեռնարի դստեր` Սեսիլիա տէ Քոմինկէսի հետ:

Փերէ թագաւոր 1338-ին ամուսնացաւ Նաւարայի Ֆիլիփ Գ. թագաւորի դստեր` Մարիայի հետ: Ամուսնութեան համաձայնութիւնը գոյացաւ Անէի դղեակին մէջ (Անէ կը գտնուի Ֆրանսայի ներկայ Էոր-է-Լուար նահանգին մէջ, Էոր եւ Վեկրը գետերուն միջեւ): Համաձայնութիւնը այն էր, որ Մարիա եւ իր զաւակները կրնան ժառանգել Նաւարայի գահը: Ամուսնութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Ալակոնի մէջ (Արակոն): Օժիտի ծախսերը դիւրաւ վճարուեցան եւ այր ու կնոջ յարաբերութիւնները ջերմ էին: Մարիա իբրեւ օժիտ ստացաւ Խաքա, Թարրակոնա եւ Թերուէլ քաղաքները: Նոր թագուհին մայրաքաղաք Պարսելոնա մտաւ մեծ շուքով:

* * *

Փերէ 1339 մայիսին միացաւ Քասթիլիոյ Ալֆոնսօ ԺԱ. թագաւորին, Մարոքի դէմ պատերազմին, բայց կարելի չեղաւ նաւատորմ պատրաստել եւ քրիստոնեայ ուժերը 1340 հոկտեմբերին պարտութիւն կրեցին իսլամներէն:

Փերէ էլ Սերիմոնիոսի զինանշանը

Փերէ թագաւորին գլխաւոր խոչընդոտը Մայորքայի Խայմէ Գ. թագաւորն էր, քրոջ` Քոնսթանսի ամուսինը: Խայմէ, ընդունուած կարգին համաձայն, պէտք է այցելէր նոր գահակալին եւ հաւատարմութիւն յայտնէր: Բայց Խայմէ քանի մը անգամ յետաձգեց եւ չայցելեց: Միւս կողմէ, մայորքացի առեւտրականներ գործառնութիւններ հաստատած էին Միջերկրականի ափերուն եւ մրցակից դարձած էին պարսելոնացիներուն: Մայորքա նաեւ քաղաքական կապեր հաստատեց ֆրանսական եւ իտալական աւատական իշխանութիւններու հետ եւ սեփական դրամ հատեց: Իր դիրքը ամրապնդելու համար Խայմէ նաեւ միացաւ Փերէի թշնամիին` Մարոքի թագաւոր Ապու Հասանի:

Ապու Հասան 1333-ին քասթիլիացիներէն գրաւած էր Ճիպրալթարը եւ 1339-ին ալ` անտալուզիական Թարիֆա քաղաքը, իր թագաւորութիւնը տարածած էր դէպի Թլեմսէն (ներկայ հիւսիս-արեւմտեան Ալճերիա) եւ Իֆրիգիա (ներկայ արեւելեան Ալճերիոյ, Թունուզի եւ արեւմտեան Լիպիոյ ծովափնեայ գօտիները):

Խայմէ Գ. 1341-ին ֆրանսացիներուն հետ դաշնակցած ներխուժեց Մոնփելիէի սենիորութիւն: Փերէ, համբերութիւնը սպառած, Խայմէն Պարսելոնա կանչեց բացատրութիւն տալու: Խայմէ լաւ գիտէր, որ Պարսելոնայէն պիտի չկարենայ վերադառնալ եւ չընդառաջեց, եւ ներկայացուցիչ ալ չուղարկեց: Փերէ ինքզինք ազատ զգաց համապատասխան քայլերու դիմելու:

Խայմէ Գ.ի զօրավիգ կանգնեցաւ արակոնցի թրուպատուր Թոմաս Փերիս տէ Ֆոսէս, որ բանաստեղծութիւն գրեց եւ Խայմէի ձօնեց: Թոմաս բանաստեղծութիւններ գրած է օսսիթանեան լեզուով, թէեւ իր մայրենի լեզուն արակոներէնն էր: Օսսիթան թրուպատուրներու լեզուն էր: Թոմաս Փերէ թագաւորին խորհրդատուն էր եւ Արան հովիտի կառավարիչը: Եղբայրը` Արթալ տէ Ֆոսէս ամուսնացած էր Խայմէի խորթ եղբօր` Սանչոյի դստեր` Էսքլարամոնտայի հետ:

Փերէ այնուհետեւ Խայմէի դէմ օրինական հայցեր արծարծեց զայն չէզոքացնելու համար: Ռուսիյոնի եւ Սերտանյի մէջ Խայմէի մետաղադրամներուն շրջանառութիւնը անօրինական նկատուեցաւ: Փերէ նաեւ Կղեմէս Զ. պապին միջնորդութեան դիմեց: Իր կարգին Խայմէ, նախատեսելով որ Փերէ կ՛ուզէր Մայորքա ներխուժել եւ զէնքի ուժով գրաւել կղզին, պաշտպանական պատրաստութիւններու սկսաւ: Փերէ 1343 փետրուարին Խայմէն իրեն ենթակայ եւ անոր թագաւորութիւնն ալ իրաւազուրկ հռչակեց:

Երբ այլեւս օրինական միջոցները սպառած էին, Փերէ պատերազմի պատրաստութիւններու սկսաւ, միաժամանակ յայտարարելով, որ կղզիին բնակիչները զինք կ՛ուզէին իբրեւ թագաւոր: Նաւատորմը, որ Ալկեսիրասի մէջ խարսխած էր, 1343 մայիսին Մայորքա ցամաք ելաւ եւ Սանթա Փոնսայի ճակատամարտին դիւրութեամբ նուաճեց Խայմէի բանակը: Խայմէ հաշտութիւն խնդրեց եւ Կղեմէս պապը միջնորդեց: Բայց Փերէ Պալէարեան կղզիները իրեն կցեց:

Փերէ Պարսելոնա վերադարձաւ եւ պատրաստուեցաւ ներխուժելու Ռուսիյոն եւ Սերտանյը:

Խայմէ, տեսնելով որ պիտի չկարենայ դէմ դնել, անձնատուր եղաւ եւ ընդունեց վասալ սենիորի կարգավիճակին իջնել: 1344 մարտին Փերէ Մայորքայի թագաւորութիւնը հանդիսաւորութեամբ իրեն կցուած հռչակեց եւ ինքզինք կղզիին թագաւոր թագադրեց:

Մատրիտի դաշինքով Փերէ յանձնառու եղաւ պաշտպանելու Քասթիլիոյ Ալֆոնսօ ԺԱ. թագաւորը, մարոքցիներու դէմ անոր մղած պաշտպանական կռիւներուն ընթացքին: Ալկեսիրասի շուրջ բուռն կռիւներ կը մղուէին 1344-ին: Հետագային քրիստոնեայ ուժերը արշաւանք մը կազմակերպեցին դէպի Ճիպրալթար, որ սակայն անյաջողութեամբ աւարտեցաւ:

* * *

Փերէ իր եղբայրը` Ուրկէլի կոմս Խայմէն (1321-1347) իրեն յաջորդ նշանակեց, որովհետեւ այն ժամանակ տակաւին արու ժառանգորդ չունէր: Խայմէ ամուսնացած էր Քոմինկէսի կոմս Պեռնար Ը.ի դստեր` Սեսիլիայի (1321-1381) հետ: Քոմինկէս աւան մըն է հարաւային Ֆրանսայի մէջ, Փիրէնեան լեռներուն վրայ:

Հետագային Փերէ սկսաւ կասկածիլ Խայմէի վրայ, մտածելով, որ ան Քոնսթանսը ժառանգութենէ պիտի զրկէ: Քոնսթանս Փերէի դուստրն էր: Ընդունուած կարգը այնպէս էր, որ կիներ գահը չէին ժառանգեր: Փերէ Խայմէէն պահանջեց գահաժառանգութենէն հրաժարիլ եւ խնամակալի պաշտօնով գոհանալ: Խայմէ փախաւ եւ Սարակոսա գնաց, ուր կարգ մը ազնուականներ անոր զօրավիգ կանգնեցան: Փերէ ճնշում բանեցուց` Սարակոսայի մէջ քորթէս գումարելու եւ հարցերը լուծելու: Պայմաններէն մէկը այն էր, որ Քոնսթանս պիտի ժառանգէր գահը եւ Խայմէ պիտի մնար իբրեւ խնամակալ:

Յաւելեալ դժուարութիւններ չդիմագրաւելու համար Փերէ լուծեց քորթէսը, այն հիմնաւորումով որ Սարտինիոյ մէջ լուծելի հարցեր կան: Կարճ ժամանակ ետք, մինչ Փերէ Քաթալոնիա կը գտնուէր, Խայմէ մահացաւ. կ՛ըսուի, որ ան թունաւորուեցաւ:

Քոնսթանս (1343-1363) 1347-ի սկիզբը գահաժառանգ հռչակուեցաւ եւ 8 փետրուար 1351-ին Փերփինիանի մէջ նշանուեցաւ Ֆրանսայի թագաւոր Ժան Բ.ի որդիին` Անժուի դուքս Լուիի հետ, բայց ամուսնութիւնը տեղի չունեցաւ: Քոնսթանս 11 ապրիլ 1361-ին սիկիլիական Քաթանիա քաղաքին մէջ ամուսնացաւ Սիկիլիոյ Ֆրետերիք թագաւորին հետ: Անոնց միակ դուստրը` Մարիա (1363-1401), որ հետագային յաջորդեց հօրը, ամուսնացաւ Սիկիլիոյ Մարթին թագաւորին հետ:

* * *

Փերէ թագաւոր, ներքին դժուարութիւնները յաղթահարելէ ետք դարձաւ Վալենսիոյ վրայ եւ Մուրվիէտրոյի (ներկայիս` Սակունթօ) մէջ ստիպեց վալենսիացիներուն իր խորթ եղբայրը` Ֆերրանը ընդունիլ իբրեւ իրենց կառավարիչ: Վալենսիոյ մէջ հակաթագաւորական շարժումը զօրաւոր էր. անոնք Փերէի ստիպեցին պարել հանրութեան առջեւ:

Նոյն ժամանակ, 1347 հոկտեմբերին Սիկիլիոյ մէջ սկսաւ սեւ մահ կոչուող ժանտախտի համաճարակը, որ արագօրէն տարածուեցաւ դէպի Ֆրանսա, Սպանիա, Փորթուգալ, Անգլիա եւ Միջին Արեւելք, այնուհետեւ` դէպի Գերմանիա եւ Սքանտինաւիա: Մեկուսացած շրջաններուն, ինչպէս` Պասք երկրամասին, Ալպեան լեռներու գիւղերուն եւ Պելճիքայի ու Հոլանտայի մէջ համաճարակը քիչ աւեր գործեց: Սեւ մահ համաճարակը, 1347-էն 1351 տարիներուն, խլեց շուրջ 75 միլիոն զոհ, Եւրոպայի բնակչութեան կէսէն աւելին: Վալենսիոյ մէջ համաճարակը սկսաւ 1348 մայիսին եւ նոյն օրերուն Փերէ հեռացաւ շրջանէն: Այնուհետեւ ան արակոնցիներէ բաղկացած զօրագունդի մը գլուխը անցած յարձակեցաւ Վալենսիոյ հակաթագաւորականներուն վրայ եւ 21 յուլիս 1348-ի Էփիլայի ճակատամարտին (Սարակուայի մօտ) ջախջախեց զանոնք:

Մայորքայի գահազուրկ դարձած Խայմէ թագաւորը, իր իրաւունքներուն վերատիրանալու համար բանակ կազմեց եւ ապստամբութիւն բարձրացուց, բայց Մայորքայի Լիուքմախոր աւանին մօտ 25 հոկտեմբեր 1349-ին տեղի ունեցած ճակատամարտին սպաննուեցաւ: Մարմինը Լիուքմախորի եկեղեցիին մէջ թաղուեցաւ եւ հետագային Փալմայի տաճարին մէջ ամփոփուեցաւ:

* * *

Սիսթերսեան ուխտի Սանթա Մարիա տէ Փոպլէթ վանքը Քաթալոնիոյ Փրատէս լեռներուն վրայ: Հիմնուած` 1151-ին, Արակոնի եւ Քաթալոնիոյ արքայական տան պանթէոնը եղած է: Վանքը վերակառուցուած է 1940-ին, ունի միաբանութիւն եւ աբբահայր:

Փերէ թագաւոր 1356-ին Քասթիլիոյ Փետրօ Ա. թագաւորին դէմ պատերազմի սկսաւ: Պատերազմը պատմութեան մէջ ծանօթ է իբրեւ «երկու Պետրոսներու պատերազմ»: Քասթիլիա արդէն ներքին պատերազմներու բռնուած էր, որովհետեւ Փետրոյի եղբայրը` Հենրի էլ Ֆրաթրիսիտա գահին յաւակնորդ էր: Փերէ զօրավիգ կանգնեցաւ Հենրիի: Իր կարգին Հենրի ֆրանսացի հրամանատար Պերթրան տիւ Կէսքլէնի հովանաւորութիւնը կը վայելէր: Իսկ Փետրօ անգլիացիներուն հովանաւորութիւնը կը վայելէր:

Փետրօ յաւակնորդ էր Վալենսիոյ թագաւորութեան, որ կ՛ընդգրկէր Մուրսիան, Էլչէն, Ալիքանթէն եւ Օրիհուէլան: Իսկ Փերէ կ՛ուզէր Քասթիլիոյ արեւելեան, Միջերկրականի հանդիպակաց գօտին եւ Ճենովան (որ Քասթիլիոյ դաշնակիցն էր) Քաթալոնիոյ կցել:

Քաթալան նաւատորմը, Մոսսէն Ֆրանսեսք տէ Փերելիոսի հրամանատարութեամբ, ֆրանսացիներէն օժանդակութիւն ստացաւ եւ անգլիական նաւատորմին դէմ ելաւ եւ Սանլուքար տէ Պարրամետա (հարաւային Սպանիա, ներկայ Քատիս նահանգին մէջ) քաղաքին մօտերը գրաւեց ճենովական երկու նաւեր: Փետրօ քասթիլիական նաւատորմին գլուխը անցած հալածեց քաթալան նաւերը, բայց չյաջողեցաւ գրաւել զանոնք:

Փետրոյի եւ Հենրիի միջեւ կռիւներ սկսան Քասթիլիոյ եւ Արակոնի սահմաններուն վրայ, եւ Թերուէլ գրաւուեցաւ քասթիլիական բանակին կողմէ:

Քասթիլիական բանակը 1357-ին թափանցեց Արակոն եւ մարտ 9-ին գրաւեց Թարասոնան: Մայիս 8-ին ժամանակաւոր հաշտութիւն գոյացաւ:

Քասթիլիացիք 1361-ի տարեսկիզբին գրաւեցին Վերտեխոյի, Թորրիխոսի եւ Ալհամայի ամրոցները: 18 մայիս 1361-ին հաշտութիւն գոյացաւ, որուն հիմամբ գրաւուած ամրոցները իրենց տէրերուն պիտի վերադարձուէին:

Փետրօ Ա. 1362 յունիսին Սորիայի մէջ համաձայնութեան եկաւ Նաւարայի Շարլ Բ. թագաւորին հետ: Համաձայնութիւն գոյացաւ նաեւ Փետրոյի եւ Անգլիոյ Էտուըրտ Գ.-ի միջեւ:

Նաւարայի եւ Անգլիոյ նեցուկը ապահովելէ ետք Փետրօ առանց պատերազմ յայտարարելու ներխուժեց Արակոն: Փերէ այդ օրերուն Փերփինիան կը գտնուէր: Քասթիլիացիք գրաւեցին Արիսէի, Աթէսէի, Թերրէրի, Մորոսի, Սեթինայի եւ Ալմահայի բերդերը: Փետրօ յարձակեցաւ նաեւ Քալաթայուտի վրայ եւ պաշարեց զայն, բայց չյաջողեցաւ գրաւել եւ քաշուեցաւ դէպի Սեւիլիա:

Քասթիլիա 1363-ին մեծ ուժերով յարձակման անցաւ Արակոնի եւ Քաթալոնիոյ վրայ եւ կրկին գրաւեց Թարասոնան: Փետրօ Փորթուգալէն եւ Նաւարայէն օգնական ուժեր ստացաւ: Իր կարգին Փերէ Ֆրանսայի հետ դաշինք կնքեց եւ համաձայնութեան եկաւ Հենրիի հետ:

Քասթիլիացիք այնուհետեւ գրաւեցին Քարինիենան, Թերուէլը, Սեկորպէն, Մորվետրէն, Քսիվան եւ Պունիոլը:

Պապական նուիրակ Ժան տը լա Կրանյը միջնորդեց եւ 2 յուլիս 1363-ին Սակունթոյի մէջ հաշտութիւն գոյացաւ երկու թագաւորներուն միջեւ: Բայց շատ չանցած կռիւները վերսկսան: Քասթիլիացիք մտան Վալենսիոյ թագաւորութեան հողեր եւ գրաւեցին Ալիքանթէն, Սոտեթէն, Էլտան եւ Կանտիան:

Փետրօ 1365-էն 1369 վերագրաւեց Հենրիի ձեռքը անցած բնակավայրերուն մեծ մասը:

Հենրի, որ Ֆրանսա կը մնար, մեծ բանակ մը կազմեց, որուն միացան ֆրանսացի, անգլիացի եւ արակոնցի ասպետներ, եւ Քասթիլիոյ վրայ քալելով ստիպեց Փետրոյի փախուստի դիմելու:

Փետրօ խոյս տուաւ դէպի Պայոն (Ֆրանսայի հարաւ-արեւմուտքը, ներկայ Փիրէնէ-Աթլանթիք նահանգի մէջ), որ այն ժամանակ անգլիացիներուն ձեռքն էր: Հոն ան համաձայնութեան եկաւ անգլիացիներուն հետ, անոնց հողեր խոստացաւ եւ օգնական ուժ ստանալով վերադարձաւ Քասթիլիա, 3 ապրիլ 1367-ի Նախերայի ճակատամարտին ջախջախեց Հենրիի ուժերը եւ վերատիրացաւ գահին: Հենրի փախուստ տուաւ դէպի Ֆրանսա:

Հենրի ֆրանսացիներուն հետ համաձայնութեան եկաւ, մտաւ Կալիցիա, գրաւեց Լէոնը, մտաւ Քասթիլիա եւ 14 մարտ 1369-ի Քամփօ տէ Մոնթիէլի ճակատամարտին ջախջախեց Փետրոյի բանակը: Փետրօ փախուստ տուաւ դէպի Մոնթիէլ, ուր քանի մը օր ետք սպաննուեցաւ:

* * *

Փերէ Մայորքայի Խայմէ Գ. թագաւորի զաւկին` Խայմէ Դ.-ի Մայորքայի թագաւորի ձեւական տիտղոսը տուաւ: Խայմէ Դ. 1375-ին մահացաւ, որմէ ետք Փերէ ջնջեց Մայորքայի թագաւորի տիտղոսը:

Փերէ էլ Սերիմոնիոս թագաւոր մահացաւ 6 յունուար 1387-ին, Պարսելոնայի մէջ:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>