Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Ազգային Արխիւը Ա. Հանրապետութեան Սպաներուն Նուիրուած Հանրագիտարան Պիտի Հրատարակէ
Հայաստանի Ազգային արխիւը Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին առիթով 4 աշխատութիւն պիտի հրատարակէ: «Արմէնփրես»-ի մամուլի սրահի մէջ հրաւիրուած ասուլիսին ընթացքին Հայաստանի Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան, յայտնեց, որ առաջին աշխատութիւնը հանրագիտարանի տեսքով պիտի ըլլայ:
«Հանրագիտարանը նուիրուած պիտի ըլլայ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան սպաներուն: Պիտի ներկայացուի ինչպէս անոնց մասին անձնական տեղեկատուութիւն, այնպէս ալ` անոնց անցած ուղին: Այսինքն, թէ ի՛նչ դեր ունեցած են ճակատամարտին, թէ ինչպէ՛ս հայ զինուորները դիմադրութիւն ցոյց տուած են թուրքերուն: Մօտաւոր 2500-3000 սպայի մասին է խօսքը: Ի դէպ, անոնց մեծ մասը հետագային գնդակահարուած է», ըսաւ Ամատունի Վիրաբեան:
Հանրագիտարանը պիտի ըլլայ ռուսերէն, որովհետեւ բոլոր փաստաթուղթերը ռուսերէն են:
Յաջորդ ժողովածուն պիտի նուիրուի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան քաղաքական պատմութեան` ըստ փաստաթուղթերու: Այդպիսի ժողովածու մը Ազգային արխիւը տպագրած էր 2001-ին, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային հետ, եւ միայն` 100 օրինակով:
Ամատունի Վիրաբեանը նշեց, որ այդ փաստաթուղթերը պիտի չմեկնաբանուին, այլ միայն պիտի ներկայացուին:
Յաջորդ ժողովածուն նուիրուած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան, Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Մայր Աթոռ Սուրբ էջմիածնի դերին: «Փաստաթուղթերով պիտի ներկայացնենք, թէ ինչպէ՛ս եկեղեցին հսկայական դեր կատարած է այդ տարիներուն: Մէկ օրինակ ներկայացնեմ. Գէորգ 5-րդ Սուրէնեանց կաթողիկոսը պատերազմի տարիներուն յայտարարեց, որ Էջմիածինը պիտի չյանձնուի: Ինքը պատրաստ է զոհուելու խորանի առջեւ: Թէպէտ հայ պաշտօնեաները գացած էին զինք համոզելու, որ տեղափոխուի, սակայն կաթողիկոսը չէ փոխած իր որոշումը: Այդ մէկը մեծ դեր կատարեց զինուորի` թիկունքը պահելու գործին մէջ: Ահա այդ նիւթերը ցոյց պիտի տանք», ըսաւ Ամատունի Վիրաբեանը:
Յաջորդ ժողովածուն նուիրուած է Կովկասեան ռազմաճակատին:
«Թեւանիկ» Խումբը` Արցախի Սահմանապահներու Եւ Մանուկներու Կողքին
Յունուար 25-26 Արցախի Մարտունիի եւ Հադրութի շրջաններու զօրամասեր եւ սահմանամերձ որոշ մանկապարտէզներ այցելած են Իրանի մէջ գործող «Թեւանիկ» խումբի, Հայ օգնութեան միութեան Արցախի միաւորի, ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան խումբ մը անդամներ: Նպատակը առաջնագիծի մարտական հերթապահութիւն իրականացնող պայմանագրային զինծառայողներու համար նախատեսուած վերարկուները, հագուստները եւ մանկապարտէզներու սաներուն համար պատրաստուած նուէրները յանձնելն էր:
Արցախի սահմանը անառիկ պահող զինծառայողներու համար ուղարկուած հագուստը Իրանի մէջ ապրող հայ արհեստաւորներու ձեռքի աշխատանքն է: «Այն Իրանի մէջ գործող գործարանի կողմէ տրամադրուած է «Թեւանիկ» խումբին, որ ՀՕՄ-ի Արցախի կառոյցի միջոցով մենք երկու օրուան ընթացքին յանձնեցինք Արցախի զինծառայողներուն», «Ապառաժ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է «Թեւանիկ» խումբի անդամ Րաֆֆի Զարիֆեանը:
«Մենք գլուխ կը խոնարհենք բոլոր զինծառայողներուն առջեւ: Մենք կամ աշխարհի որեւէ ծայրը ապրող հայերը ինչ ալ ընենք, մեր ըրածը ոչինչ է այն ամէնուն դիմաց, ինչ կ՛ընեն զինուորները, որովհետեւ մեր երեխաները, թոռները անոնց շնորհիւ կը կարենան ազատօրէն խաղալ», զինծառայողներու հետ հանդիպումին ըսած է ՀՅԴ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան, ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի անդամ Ռիթա Մնացականեանը:
Հադրութ քաղաքի եւ Առաքել գիւղի մանկապարտէզներուն յանձնուած են խաղալիքներ եւ այլ նուէրներ:
Առաքել գիւղի մանկապարտէզի տնօրէն Նուշիկ Ղահրամանեանը շնորհակալութիւն յայտնած է նուէրներուն համար` նշելով, որ գիւղը հիմնադրման օրէն ի վեր միշտ զգացած է սփիւռքի մէջ ապրող հայերու աջակցութիւնը:
Բացի վերոնշեալէն, Բանակի օրուան առիթով ՀՕՄ-ի Արցախի կառոյցը մարտական հերթապահութիւն իրականացնող պայմանագրային զինծառայողներու երեխաներուն յանձնուած է «Թեւանիկ» խումբին կողմէ ուղարկուած կապոցները եւ Աւստրալիոյ մէջ ապրող բարերարի մը տրամադրած դրամական պարգեւները:
Պաշտպանութեան Նախարարը Կը Ծանօթանայ Մայք Սարեանին Նուիրած 100 Տեսակի Բժշկական Սարքերուն
Բարերար Մայք Սարեան 10 միլիոն տոլար արժողութեամբ հարիւր տեսակի բժշկական սարքեր նուիրեց հայկական բանակին:
Նուիրուած բժշկական սարքերն են` շարժական ճառագայթային հետազօտման գործիքներ, անզգայացման եւ արհեստական շնչառութեան սարքեր, գերձայնային հետազօտման սարքեր, ախտորոշիչ սարքեր, հիւանդներու խնամքի մշտադիտարկման եւ ինքնաշխատ ներարկման համակարգեր եւ այլն:
Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանը այցելեց նախարարութեան դեղորայքի եւ բժշկական գոյքի կեդրոնական պահեստ եւ մօտէն ծանօթացաւ նուիրուած սարքերուն: Գոյքը, խնամքի պարագաներն ու ծախսուող նիւթերը, ըստ կարիքներու, պիտի բաշխուին զինուորական հիւանդանոցներուն:
Կարեւոր նկատելով սահմանամերձ համայնքներու առողջապահական համակարգի արդիւնաւէտ գործունէութիւնը` սարքերէն որոշ մաս մը պիտի յատկացուի սահմանամերձ համայնքներու առողջապահական հաստատութիւններուն:
Հայաստանի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Սպառազինութեան Միջազգային Ցուցահանդէս
«Երեւանէքսփօ» ցուցահանդէսային համալիրի մէջ մարտ 2018-ին տեղի պիտի ունենայ սպառազինութեան եւ պաշտպանական արհեստագիտութեանց ArmHiTec-2018 միջազգային ցուցահանդէսը:
Վերջերս պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ, Պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ-ռազմարդիւնաբերութեան պետական կոմիտէի նախագահ Դաւիթ Փախչանեանի գլխաւորութեամբ, տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան ArmHiTec-2018 ցուցահանդէսի կազմակերպման հետ կապուած հարցեր:
Յայտնենք, որ միջազգային ցուցահանդէսին նպատակն է ներկայացնել Հայաստանի եւ այլ երկիրներու նորագոյն ռազմական սարքեր, ռազմարդիւնաբերական համալիրի առաջատար ձեռնարկութիւններու նորարարական մշակումները:
Հաղորդենք, որ ցուցահանդէսը պիտի կազմակերպեն Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւ «Երեւանի մաթեմատիկական մեքենաներու գործարան» ընկերութիւնը:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Հրատարակչական Բաժինը Լոյս Ընծայած Է Գրիգոր Մարաշեցիի «Բան Գովեստից» Երկը
Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայած է Գրիգոր Մարաշեցիի «Բան գովեստից» երկը: Գիրքը հրատարակութեան պատրաստած է Արշակ Մադոյանը:
ԺԲ. դարու հոգեւոր գործիչ եւ մատենագիր, Հեսվանց վանքի հիմնադիր Գրիգոր Մարաշեցիի «Բան գովեստից» քնարերգական աշխատութիւնը, նուիրուած` Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնին, առաջին անգամն է, որ կը հրատարակուի:
Երկին մէջ Գրիգոր Իմաստասէր Մարաշեցին, Աստուածածինի վերափոխման պատմութենէն բացի, անդրադարձած է նաեւ անոր պատկերին աւանդութեան:
Նշենք, որ գիրքը հրատարակուած է մեկենասութեամբ «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամին:
117-Ամեայ Ֆարանգ Բաղդասարեան Հայաստանի Ամէնէն Տարեց Քաղաքացին Է
117 տարեկան Ֆարանգ Բաղդասարեանը Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիի անձնագիր ունեցող ամէնէն տարեց անձն է:
Հայաստանի ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան նախագահ Մնացական Բիչախչեանը «Դիմատետր»-ի իր էջին վրայ երկաթեայ առողջութիւն մաղթած է ամէնէն տարեց հայաստանցիին:
«Ուշագրաւը այն է, որ Հայաստանի մէջ 20 ամէնէն տարեց անձերէն ոչ մէկը ծերանոցի մէջ կը բնակի: Ընտանեկան ջերմութեամբ լեցնենք մեր մեծերուն առօրեան. անոնք ո՛չ մէկ բան չեն խնայեր մեզի համար: Ընտանեկան ջերմութիւնը եւ հոգատարութիւնը երկարակեցութեան պայմաններէն մէկն է», գրած է ոստիկանութեան պաշտօնեան:
Երեւանի Կապոյց Մզկիթը Եունեսքօ-Ի Ցանկին Վրայ Ընդգրկելու Համար Դիմումնագիր Ուղարկուած Է Իրան
Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը Երեւանի Կապոյտ մզկիթը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մշակութային ժառանգութեան ցանկին վրայ ընդգրկելու գործընթացի ծիրին մէջ դիմումնագիր ուղարկած է Իրանի իր գործընկերներուն` ուսումնասիրութուններու եւ եզրակացութեան համար: Այս մասին յայտնած է Հայաստանի մշակոյթի փոխնախարար Արեւ Սամուէլեանը:
Ըստ իրանեան կարգ մը լրատուամիջոցներու, Իրանի մշակութային ժառանգութեան, ձեռարուեստի եւ զբօսաշրջութեան կազմակերպութեան նախագահ Հոսէյն Թալեպիան կը յայտնէ, որ մզկիթին մօտ գտնուող շարք մը կառոյցներ կը խոչընդոտեն գործընթացը: Ան կ՛աւելցնէ, որ հարցը քննարկուած է Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպան Արտաշէս Թումանեանին:
2013-ին Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ մտադիր է Երեւանի Կապոյտ մզկիթը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մշակութային ժառանգութեան ցանկին վրայ ներկայացնելու գործընթաց սկսելու: Իրանեան կողմը ողջունած էր նախաձեռնութիւնը:
Յիշեցնենք, որ նախապէս յայտնած էինք, թէ Իրան յայտարարած է Նոր Ջուղայի մէջ գտնուող հայկական Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցին արձանագրել ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցանկին վրայ ընդգրկելու մասին: Իրանի մէջ գտնուող երեք հայկական եկեղեցիներ արդէն արձանագրուած են ցանկին վրայ:
Ստեփանակերտի Մէջ Պիտի Կառուցուի Մարզական Մշակութային Համալիր
«Տաշիր» բարեգործական հիմնադրամին միջոցներով Ստեփանակերտի նախկին «Օկտեաբր» շարժապատկերի սրահի վայրը պիտի կառուցուի մարզամշակութային համալիր մը: Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին այս մասին յայտնեց Արցախի քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեանը` աւելցնելով, որ շինարարական աշխատանքները արդէն կը գտնուին նախագծային փուլին մէջ:
«Կը նախատեսուի համալիրին մէջ ունենալ 100 հոգինոց գերժամանակակից շարժապատկերի սրահ, նաեւ` բաց շարժապատկերի սրահ: Բարերարին հաւաստմամբ, Մոսկուայի մէջ ցուցադրուող որեւէ ժապաւէն կարելի է ցուցադրել նաեւ այդ շարժապատկերի սրահին մէջ: Այսինքն` շարժապատկերի սրահը պիտի միացուի համաշխարհային շարժապատկերի սրահներու ցանցին: Կեդրոնին մէջ պիտի ըլլայ ընդհանրական դահլիճ` համերգներ եւ այլ ձեռնարկներ իրականացնելու համար, գրադարան, ինչպէս նաեւ ազատ տարածքներ` այլ ձեռնարկներու համար, սրճարան, ինքնաշարժներու կառատուներ: 3500 քառակուսի մեթր տարածք ունեցող նորակառոյցին տարածքը պիտի ըլլայ բարեկարգուած եւ կանաչապատ: Ան մեր երիտասարդներուն համար հանգիստի եւ ժամանցի իւրօրինակ ու հետաքրքրական վայր է», մանրամասնեց նախարարը եւ աւելցուց, որ կեդրոնը կը նախատեսուի շահագործման յանձնել ամէնէն ուշը 3 տարիէն: