Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Առկախի Թատրոնը

$
0
0

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Suspense բառը տառացիօրէն կը նշանակէ «առկախութիւն»: Փողոցի բարբառով` «ոստիկանական» վէպերը (crime fiction), ժապաւէններն ու անհատնում «սերեալ»-ները կը պատկանին այս սեռին: Մօտ օրէն պիտի ներկայացուի Ակաթա Քրիսթիի «Թակարդը» (The Mousetrap), որ 1952-էն ի վեր բեմի վրայ է անընդմէջ: Ինչպէ՞ս հասկնալ այս սեռին վայելած մեծ ժողովրդականութիւնը :

Պատմական.- «Առկախ» բնոյթի ինծի ծանօթ առաջին երկն է Հազար ու մէկ գիշերներու «Երեք խնձորներ» դրուագը, ուր ոչ նուազ քան Հարուն Ռաշիտի վեզիր Ճաաֆար հարկ էր, որ երեք օրուան ընթացքին յայտնաբերէր մանկամարդուհիի մը մարդասպանը, որ… նոյնինքն վեզիրն էր: Այս բներգը բազմիցս օգտագործուած է` սկսելով Սոփոկլեսի «Էտիփուս արքայ»-էն եւ անցնելով Ակաթա Քրիսթիի «Թակարդ»-էն(1): Ապա կու գայ Վոլթերի «Զատիկ»-ը (1748):

Մերօրեայ իմաստով, առկախի առաջին օրինակն էր մահաբոյր երգերու ասպետ Էտկար Ալեն Փոյի (1809-1849)  «Դիարան փողոցի ոճիրներ» պատմուածքը (1841), ուր ոմն ճիւաղ Monsieur C. Auguste Dupin (նկատել ոչ ամերիկեան անունը) մանկամարդուհիներ կը սպաննէր միշտ յաջողելով խուսափիլ ոստիկանութենէն: Փոյի հետեւեցան` Չարլզ Տիքընզ (1812 -1870), Շերլոք Հոլմզի գտակ Քոնան Տոյլ (1859-1930) եւ բազում այլք: Ակաթա Քրիսթի «Թակարդը» ձեւակերպեց առկախ թատրերգութիւններու նախատիպ- կաղապարը:  Քրիսթի ընկերային-քաղաքական իմաստով յոյժ պահպանողական էր: Աւելի ուշ երեւան եկան առկախի «այլախոհ» (anti-establishment), սեւ-գոթական (noire-gothic) եւ այլ տարբերակները:

Պահպանողական սեռին մէջ առկայ է մէկ ու միակ հարց. «Ո՞վ է ոճրագործը», փողոցային անգլերէնով`  «whodunnit»: Այլ հարցադրումներ եւ կամ առաջադրանքներ չկան:

Ընկերաբանա-քաղաքական .- Այս սեռի տիպարները միջին դասակարգի, աւելի քան բարեկեցիկ, ուսեալ մարդիկ են: Ոճրագործները, սակայն, կը սերին ստորին դասերէ եւ կամ օտարականներ են: Ստորին դասի մարդիկ եւ օտարներ ի հարկէ աւելի հակամէտ են ոճիրի, քան` լուսաւորեալ անկլոսաքսոններ: Այդ ցոյց կու տայ միջին եւ բարձր դասակարգերու խոր անվստահութիւնը այն դասակարգին հանդէպ, որ ի բնէ վտանգ կը հանդիսանայ հաստատութեան, վարչակարգին(2):

Քաղաքական եւ կամ ընկերային անցուդարձեր երբեք տեղ չեն գտներ դիպաշարին մէջ: Լաւագոյն պարագային, կան թեթեւ եւ կամ քողարկուած ակնարկներ` «անվտանգ» հարցերու (ինչպէս` բարձր տուրքեր), որոնք ի հարկէ Արեւմուտքի մէջ անհաճոյ են ունևոր դասակարգերու համար: Բացի այդ, ուղղուած են կառավարութեան մը (թերեւս ընկերվարամիտ) եւ ոչ` վարչակարգին: Անգլիական երկերու մէջ յաճախ կը հնչէ «Պիկ Պեն»-ը, որ Բրիտանիոյ հաստատութեան խորհրդանիշն է: Երբեմն «Պիկ Պեն»-եր կը հնչեն եկեղեցւոյ զանգերու հետ համահունչ: Եկեղեցին եւս հաստատութիւն մըն է:

Դասական առկախը գաղափարական գետնի վրայ կը պատկանի ազատական (Liberal) ճամբարին: Հակառակ անուան թելադրութեան` դասական գլխագիր Ազատականութիւնը կը հաւատայ «մարդկային բնութեան»(3): Կը հաւատայ, որ բոլորը հակամէտ են գործելու ապօրինի գործեր: Ուրեմն բոլո՛րը հաւասար ազատութեան արժանի են: Օրէնքը կը դատէ եւ կը հետապնդէ անոնք, որոնք գործնականապէս յանցագործ են: Բոլորը անմեղ են, այնքան ատեն որ դատական վճիռ չէ արձակուած: Առկախ բեմի վրայ բոլոր կերպարները «կասկածելիներ» են: Քննիչը կ՛որոշէ, թէ ո՛վ իսկապէս գործած է ոճիրը: Այս իմաստով քննիչը գաղափարական դեր ունի: Քննիչը կը վերացնէ անցողակի խանգարումը եւ կը հաստատէ, աւելի ճիշդ, կը վերահաստատէ հասարակակարգի գերիշխանութիւնը, աւելի՛ն` գերագահութիւնը (hegemony):

Բոլորին տեղադրումը ամբաստանեալի նստարանին վրայ համահունչ է Հին կտակարանի ասքին: Բոլորս կը կրենք նախահայր եւ նախամայրէ ժառանգուած «սկզբնական մեղքը»: «Պիկ Պեն»-ի աշտարակը կը ղօղանջէ զանգակատուներու համահունչ…

Դասական առկախը երբեք չի խօսիր այն ոճիրներուն մասին, որոնք ամէն պահ կը պատահին Հարլեմի, Իսթ էնտի եւ այլ թշուառ թաղամասերուն մէջ` թշուառութեան որպէս հետևանք: Այդ հարց մըն է, որ նախընտրելի է մոռնալ: Ջայլամի քաղաքականութիւն(4): Աւելի՛ն. ատիկա հարց մըն է, որ չունի այդ դասակարգին համար հաճելի լուծում: Մինչդեռ այս կամ այն պատճառով (նախանձ, ագահութիւն եւ այլն) գործուած ոճիրները տեղւոյն վրայ կը լուծուին, եւ այդ փոքրիկ, արտաքին աշխարհին անհաղորդ  կղզեակը կը վերագտնէ պահ մը խաթարուած խաղաղութիւնը: Հաճելի պատրանք…

Պահպանողական առկախը չի վարանիր տնօրինելու մահապատիժ: «Օրիենթ էքսփրես»-ի մէջ անուանափոխ մանկասպան Lanfranco Cassetti (նկատել` օտար անունը) կը դաշունահարուի տասնեակ անգամ: Որմազդը ցոյց կու տայ մահապարտին սպառնացող դաշոյնը եւ դահիճ-դատակազմը: «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբի  2015-ին  ներկայացուցած «Անկոչ հիւր» -ի մէջ (“Un ami… imprévu” ), որ նոյնպէս կը պատկանէր այս սեռին, ծպտեալ Նեմեսիսը (որ ինքզինք կոչած է Միքայէլ !!!) կը սպաննէ այլանդակ մանկասպանը: Այս ուղղութեամբ կարելի է յիշել Martin McDonagh-ի  առկախ սեւ կատակերգութիւնը` “In Bruges” (2008), ուր թիւրիմացութեան պատճառով «մանկասպաններ» մահապատժի/ինքնասպանութեան  կը պարտադրուին` ըստ բարձր բարոյականի տէր ոճիրի համքարութեան «ատաթ»-ին: Ներկայ «Թակարդ»-ին մէջ (ուղղակի թէ անուղղակի) մանկասպաններ խեղդամահ կ՛ըլլան …

Հոգեբանական.- Յետ Ա. Աշխարհամարտ (1920-1930) շրջանը կը համարուի առկախ գրականութեան «ոսկեդար»-ը: Այդ շրջանը կը յատկանշէ նաեւ չարլսթոնը` «փախստապաշտ»ինքնամոռացութեան պարը: Ընթերցողը հաւանաբար գիտէ, որ Շերլոք Հոլմզ քոքային կը գործածէր: Կողքի նկարը (հաւանաբար` հեգնական) կ՛ըսէ` «Թմրանիւթերը քեզ աւելի ուշիմ կը դարձնեն»: Այդ հաստատումը վիճելի է, վիճելի չէ ա՛յն, որ պատկերը անմիջականօրէն ծանօթ-ճանաչելի կը համարէ Հոլմզի առնչութիւնը թմրանիւթի հետ:

Առկախը փախուստի և ինքնախաբէութեան ձեւ մըն է, առ այդ, հաճելի ժամանց մը: Առկախը հանգստաւէտ է, հակառակ անոր որ անոր առանցքն է ոճիրը, առհասարակ` մարդասպանութիւնը, շատ յաճախ` քստմնելի մարդասպանութիւններու շարան մը: Ինչպէ՞ս հասկնալ:

Պարզ է, որ անորոշութիւնը տառապանք է, երբ վտանգը կը սպառնայ մեր անձին կամ հարազատներուն: Ոմանց համար առկախը հաճելի ժամանց կրնայ ըլլալ, սակայն, երբ վերացական վտանգ մը կը սպառնայ վերացական տիպարներու: Առկախի վտանգները յաճախ անիրապաշտ են, իսկ անոր տիպարները` ոչ թէ լիարիւն անձինք, այլ` տափակ (երկու տարածաչափային)(5), նոյնիսկ տաղտկալի էակներ, որոնց հանդէպ ընթերցողը ջերմ զգացումներ չի տածեր, չի նոյնանար (empathy, identification) անոնց հետ(6): Կարգ մը ոչ բանիմաց քննադատներ Ակաթա Քրիսթին (եւ այլք) մեղադրած են այս յանցանքով: Բայց տիպարներու եւ վտանգի անիրականութիւնը ի հարկէ դիտաւորեալ հնարք է հեղինակներուն կողմէ:

Առկախի գրականութենէն եւ բեմէն կը բացակային զգացական տեսարանները: Հանդիսատեսը պէտք չէ զգացական կապ հաստատէ տիպարներուն հետ: Հարկ է, որ տիպարները պահեն իրենց հեռաւորութիւնը, այլապէս հաճոյքը կը վերածուի տառապանքի: Այս կէտը էական է բեմին վրայ: Դերասանը պէտք չէ փորձէ շահիլ հանդիսատեսին համակրանքը:Կարգ մը առկախի հեղինակներ կը փորձեն հանդիսատես-ընթերցողի մէջ կարեկցութիւն կամ հակակրանք ստեղծել ա՛յլ ուղղութեամբ, յաճախ` բարոյականութեան միջոցով(7): Մանուկներու սպանութիւն, օրինակ, ինչպէս վերը յիշած էի: Ի դէպ, առկախի բարոյական համակարգը առհասարակ աւելի պարզամիտ է, քան` գիւղական տէրտէրի քարոզը: Այս հասկնալի է, որովհետեւ հարցը այն չէ՛, թէ ի՛նչ է «չար»-ը, այլ` պարզապէս ա՛յն, թէ ո՛վ է չարագործը: Էականը ոչ թէ եզրակացութիւնն է, այլ` փնտռտուքի գործընթացը:

Խաղատան խաղաթուղթերը.- Կարելի է ենթադրել, որ առկախը մտային մարզանք մըն է, ինչպէս` խաչբառը կամ ճատրակը: Ի դէպ, գոյութիւն ունի «Cluedo» կամ «Clue» (բանալի-խաղ, բանալի) կոչուող հաճելի խաղ, ուր մասնակիցները իրենց «բանալի»-ներու միջոցով պէտք է կռահեն, թէ ո՛ր տիպարը, ո՞ւր եւ ի՞նչ միջոցով գործած է ոճիրը: Շարժումները կը կատարուին` ըստ քուէի (զառ, die), բայց այդ կարելի է համարել պատեհութիւն, տարերք: Նկատել, որ խաղի տախտակը կը ներկայացնէ յստակ սահմաններով, մեկուսացուած համեստ դղեակի մը յատակագիծը, գոց միջավայր մը: Այս մասին` աւելի ուշ:

Առկախի վերացական, անվտանգ հաճելի խաղ մը ըլլալու հանգամանքը կը դրսևորուի բացայայտօրէն զաւեշտական ճաշկերոյթ-ելոյթներու մէջ, որոնք անգլերէնով կը կոչուին “Mystery Murder Dinner Show” (խորհրդաւոր ոճիրի ճաշկերոյթ-հանդէս):

Առկախի գրականութիւնն ու բեմը, սակայն, աւելի նման են բախտախաղի սեղանի, ուր «պանքըր»-ը (dealer), որ խաղաթուղթերը կը բաշխէ, միաժամանակ կողմ է խաղին մէջ: Հանդիսատեսը… ներողութի՛ւն, խաղացողը ի սկզբանէ դատապարտուած է  պարտութեան, որովհետեւ «պանքըր» կը նշանակուին  աճպարարներ: Աճպարարներ են նաեւ առկախի հեղինակները, որոնք «բանալիներ» (clue, թելի ծայր) կու տան հանդիսատեսին: Բանալիներ, որոնց դերն է ոչ թէ օգնել, այլ` խաբել: Բանալիներ կը ցրուեն շռայլօրէն, որքան շատ, այդքան` մոլորեցուցիչ: Անձնապէս չեմ հասկնար, թէ ի՛նչ հաճոյք կարելի է ստանալ, երբ քեզ կը բռնեն քիթէդ եւ քարշ կու տան ամէնուր` ի բաց առեալ ա՛յն վայրէն, ուր թաղուած է «շան գլուխը»: Անոնք, որոնք երկարատեւ «շփում»-է ետք ծանօթ են հեղինակի հնարքներուն, թերեւս հաճոյք կը ստանան կռահելով, թէ դէպի ո՛ւր կ՛առաջնորդուին, կամ չեն առաջնորդուիր: Այո՛, ցաւօք, կայ նմանութիւն մը եւս բախտախաղի եւ առկախի գրականութեան միջեւ: Երկուքն ալ ծխախոտի եւ կամ… նման մոլութիւններ են, որոնց կարելի է «բռնուիլ»:

Կաղապար, կամ խաղի օրէնքները.- Պարզ է, որ խաղի օրէնքները կ՛որոշէ «քազինօ»-ն … ներողութի՛ւն, առկախի հեղինա՛կը:Այս ուղղութեամբ առկախի «ոսկեդար»-ի ընթացքին հրատարակուած են բազմաթիւ «քերականներ», որոնք կը համընկնին իրենց ընդհանուր գիծերուն մէջ: Այստեղ պիտի տամ այդ  «քերականական» օրէնքներէն քանի մը հատը: Կէտերու յաջորդականութիւնը կարեւորութեան առաջնահերթութիւն չ՛ենթադրեր:

Ա.- Գործը կ՛ունենայ կարճ պատմուածքի կառոյց:

Բ.- Քննիչը զգացական կապեր պէտք չէ ունենայ տիպարներէն ոեւէ մէկուն հետ:

Գ.- Հարկ է, որ ոճիրի եւ հետագայ հետախուզութեան թատրը ըլլայ սահմանափակ եւ մեկուսացուած: Այնպէս, ինչպէս ճատրակի եւ այլ խաղերու «տախտակ»-ը յստակօրէն սահմանուած է: Սահմանուած են նաև խաղաթուղթերը: Վստահ ենք, որ ոճրագործը այդ «տախտակին» վրայ է: Վերը յիշուած օրինակներուն կրնանք աւելցնել  ծանօթ «Մահ Նեղոսի վրայ»-ն  (Ակաթա Քրիսթի, 1937), ուր ոճիրը կը պատահի օտար ջուրերուն մէջ ծփացող փոքր շոգեմակոյկի մը վրայ: Արտաքին աշխարհի եւ իրարու հետ կապը խզելու պայմանը այժմ ժամանակավրէպ է, որովհետեւ միջին դասակարգի բոլոր անդամները բջիջային հեռաձայններ ունին:

Դ.- Հարկ է, որ յանցագործը ունենայ կեդրոնական, այլ ոչ երկրորդական դեր: Բեմի վրայ յանկարծ չյայտնուի մետասաներորդ ժամուն:

Ե.- Հարկ է, որ հանդիսատեսը ունենայ բաւարար տեղեկութիւն, որպէսզի կարենայ կացութեան հաւանական հետևանքներուն շուրջ իր ենթադրութիւնները ձեւաւորել:

Զ.- Մոլորեցուցիչ բանալիներ (անգլերէնով` Red Herrings) տալ ապօրինի կամ անբարոյական չէ:

Է.- Հարկ է, որ կասկածելի տիպարները ըլլան բազմաթիւ, որպէսզի հանդիսատեսը ժամանակ չունենայ կեդրոնանալու անոնցմէ ոեւէ մէկուն վրայ:

Ը.- Հարկ է, որ քննիչը գայ «դուրսէն» և ունենայ գերազանց յատկութիւններ:

Թ.- Տիպարներէն մին կը հանդիսանայ քննիչին վստահելի օգնականը:

Ժ.- Քննիչին յայտնագործութիւնը պէտք չէ որեւէ ձեւով արդիւնք ըլլայ պատահականութեան, այլ բացառապէս յենի իր արտակարգ մտային կարողութեան վրայ:

Յաւելուած.- Թատրը պէտք չէ ունենայ աւելի քան մէկ գաղտնի անցք:

Ականաւոր «կազմաբանագէտ» (structuralist) Ցվեթան Թոտորոֆ (1937-2017) դիտել տուած է, որ առկախի պատումը կ՛առաջնորդէ արտաքին քննիչը: «Թակարդ»-ի մէջ այս կէտը ունեցած է խաբուսիկ ծինափոխում (mutation):

Ջղա-լեզուաբանական.- Ասիկա գերազանցօրէն մասնագիտական հարց է: Հետաքրքրական երևոյթը, սակայն, ա՛յն է, որ այս նիւթը քննած են ոչ թէ լեզուաբաններ, այլ` հոգեբաններ: Ո՛չ, առկախի գրականութեան հոգեբանական երեսը ծիծաղելիօրէն պարզամիտ, անգրագէտ եւ նոյնիսկ նենգամիտ է: «Շուկայի փիլիսոփայութենէն» ոչ աւելի խորաթափանց: Հոգեբանները հետաքրքրող հարցը ա՛յն է, թէ ինչպիսի՛ լեզու կը գործածեն առկախի հեղինակները, որպէսզի կարենան serotonin եւ endorphin արտադրել: Ասոնք «քիմիական սուրհանդակներ» են (chemical messengers), որոնք կը բարձրացնեն տրամադրութիւնը: Նման դեղանիւթեր կը յանձնարարուին ճնշուածութենէ տառապողներուն (depression, Լիբանանի մէջ բնակչութեան աւելի քան 13%): Այս նիւթերը կարելի է արտադրել, օրինակ, արեւու չափաւոր լոգանքով:

Լոնտոն, Պըրմինկհամ եւ այլ համալսարաններու ջղային դրութեան մասնագէտներ (neurologist) ոճաչափական (stylometry) փորձեր կատարած են յատկապէս Ակաթա Քրիսթիի գործածած լեզուին շուրջ(8): Արդիւնքը ոչ զարմանալիօրէն ա՛յն է, որ «մահուան դքսուհին»(9) առատօրէն եւ խորամանկօրէն գործածած է բառեր եւ դարձուածքներ, որոնք կը դրդեն նման քիմիական սուրհանդակներու արտադրութիւնը: Այս կէտը կը յանձնեմ օտար թատրերգութիւններ թարգմանողներու ուշադրութեան: Բառարանը բնաւ բաւարար չէ:

Ընթերցողը վստահաբար անդրադարձաւ վերջին նախադասութեան մէջ «բ-բ-բ» շարանին, որ կրնայ ըլլալ իմ բարկութեան արտաբերում: Լեզուաչափութեան մէջ այս կը կոչուի «համատառում» (alliteration): Ակաթա Քրիսթի գրած է, օրինակ` «my stocks are so safe»: Եթէ այդ թարգմանենք «Իմ բաժնեթուղթերս շատ ապահով են», կը քայքայենք «քիմիական սուրհանդակները»:

Այո՛, արուեստի գործեր թարգմանելու համար Բառարանը Բնաւ Բաւարար չէ՛:

Դասական առկախի բառապաշարը եւ արտա-թեքսթ ակնարկներ երբեք մարտահրաւէր չեն հանդիսանար հանդիսատեսի համար: Այդ պիտի արտադրէր քիմիական հակասուրհանդակներ եւ փճացնէր յաճախորդին տրամադրութիւնը: Իսկ առկախը կը միտի ըլլալ հաճելի փախուստ առօրեայէն:

Ակաթա Քրիսթիի մասին` մօտիկ ապագային:

————–

1.- Կարելի է յիշել, օրինակ` Ռաճըր Տանըլտսընի «Նօ Ուէյ Աութ» ժապաւէնը, 1987
2.- Lee Horsley Twentieth- Century Crime Fiction, 2005
3.- Անգլիոյ մէջ անոնք այժմ կը կոչուին «Պահպանողական» (Tory Party)
4.- Stephen Knight.  Form and Ideology in Crime Fiction 1980.
5.- Այս ուղղութեամբ հիմնադրականերկ է «Տափակիստան»-ը.- Flatland: A Romance of Many Dimensions, E. A. Abbott, 1884
6.- Edmund Wilson Why Do People Read Detective Stories? The New Yorker October 14 հոկտ.1944
7.- P. Vorderer ed., Suspense Conceptualizations. Theoretical Analysis & Empirical Explorations, 2009
8.- J. Doubtwaite, Agatha Christie and the Functionof the Detective Fiction of the GoldenAge-A Linguistic Analysis, Lingua e Diritto,18, 2013
9.- Կ՛ըսեն, թէ Ակաթա Քրիսթի չէր ախորժեր այդ մակդիրէն:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>