Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Սրտի Խօսք` 80-ամեայ «Արարատ» Օրաթերթին Տարեդարձներու Թելադրանքը

$
0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Տարբեր առիթներու անդրադարձած ենք ընդհանրապէս հայ եւ ի մասնաւորի լիբանանահայ մամուլին: Մամուլ, որ իր ծնունդէն ցայսօր կը շարունակէ իր գոյամարտը յանուն գաղութահայ կեանքի պահպանման, հայ գիր ու գրականութեան տարածման, պատմութեան ու մշակոյթի առաւել ճանաչողութեան, հասարակական կեանքի աշխուժացման, ազգային արժէքներու փոխանցման, ինքնութեան, նկարագիրի թէ ճակատագիրի բացայայտման ու յայտնապէս` ամրագրման:

Ճիշդ է նաեւ այն, որ գաղութահայ մամուլի էջերուն մէջ գրեթէ ամէնօրեայ ներկայութիւն են վերանկախացած Հայաստանն ու ազատագրուած Արցախը, որոնք, իրենց կարգին, լոյս ու կորով կը ներշնչեն սփիւռքացած մեր կեանքին ու դժխեմ առօրեային:

Պարզ ասած, տասնամեակներ շարունակ գաղութահայ մամուլը, կառչած մնալով իր  առաքելութեան` հաւաքական կեանքի հարազատ ու կենդանի թարգմանը ըլլալու, հասարակական մտածողութիւն ձեւաւորելու, գաղափարական սնունդ ու դաստիարակութիւն ջամբելու, սերունդներ հայացնելու եւ մասամբ նորին, փորձեց մնալ պատնէշի վրայ, հաւատարմօրէն ծառայեց իր գաղափարական դաւանանքին սակայն, ժամանակի դառն գլանին ընդառաջ, տակաւ սկսաւ կորսնցնել իր ներքին ուժականութիւնը, բազմաբնոյթ պատճառներու առկայութեան:

Ու հասանք մեր օրերը…

Օրեր, արհեստագիտական նուաճումներու, մարդկային կեանքի եւ ընթացքի արտասովոր թաւալումին, թուղթի, մելանի, գրիչի ու մտաւորական աշխատանքի հանդէպ հետաքրքրութիւններու գրեթէ շիջումին, բայց մանաւանդ` տպագիր մամուլի նկատմամբ անտարբեր ու անհոգի վերաբերումի:

Վերեւ նշեալ մտահոգութիւնները, բնականաբար, նորութիւն չեն: Իսկ հայ մամուլին վիճակուած ճակատագիրն անգամ գուշակելը այդքան ալ դժուար չէ: Վիճակ, որ կը ներարէ ներկան ու ապագան: Իրօք, ստեղծուած վիճակ, որուն դէմ յանդիման կը գտնուինք բոլորս, գիտակից ենք պատահածին, կը շարունակենք թիավարել հոսանքն ի վեր, կ՛աշխատինք տիւ եւ գիշեր շրջանցել խոչընդոտները, սակայն հիմնական հարցադրումը կը մնայ այն, թէ մինչեւ ե՞րբ հայ մամուլը պիտի կարենայ տոկալ եւ դիմանալ, ապրիլ եւ ապրեցնել թերթն ու լրագրողը, խմբագիրն ու աշխատակիցը եւ ընդհանրապէս հայ ընթերցողը:

Արդարեւ,

Իբրեւ մամուլի սիրահար(ներ) եւ մոլի ընթերցող(ներ), ճիշդ է, որ մեր աջակցութիւնն ու գնահատանքը պէտք է յայտնենք, ի հարկին քաջալերենք մեր յօդուածագրութեամբ, այդուամենայնիւ, տուեալ մամուլը կամ ընդհանրապէս հայ մամուլի ներկայացուցիչներ իրենց կարգին կը գտնուին մարտահրաւէրներու դիմաց, որոնց շրջանցումով կարելի պիտի ըլլայ վերաշխուժացնել, վերաորակաւորել եւ, ըստ ժամանակի հրամայականին, վերապատուաստել ամբողջ կարգն ու սարքը, լոյսին բերելով մեր շրջապատին մէջ գոյութիւն ունեցող նորարար աշխատելաձեւեր, ընկալումներ եւ մտածողութիւն, որպէսզի կարենայ տուեալ մամուլը, գէթ յառաջիկայ տարիներու թաւալքին դիմաց իր ներկայութիւնն ու հեղինակութիւնը փաստել:

«Արարատ» օրաթերթի 80-ամեակ:

Սրտի խօսք ու արդար ակնկալութիւն, յանուն հայ թերթի պահպանման:

Պատմութեան համար յայտնենք, որ «Արարատ» օրաթերթի մեր ծանօթութիւնը դեռ 1980-ական թուականներէն կու գայ, հեռաւոր տարիներէ, երբ ծանօթացած էինք Աւետիս Ռազմիկի գրիչին: Ան` տուեալ ժամանակի երիտասարդ ու գրականութեան նուիրեալ տղեկ մը, որ գրեթէ շաբաթական դրութեամբ իր յօդուածներով կը համեմէր տուեալ օրաթերթը: Իրօք, Աւետիս Ռազմիկի հայրենասէրի ու գաղափարապաշտի նկարագիրը զինք զատորոշած էին ուրիշներէ, այլապէս իր մարդամօտի, ընկերասէրի ու ազնուահոգի կազմաւորումին շնորհիւ:

Եւ ահա, որպէս առարկայական աշխատանք, կարիք զգացինք թերթատելու սոյն տարուան վերջին ամիսներու հաւաքածոն: Ճիշդ է, որ պատեհ առիթներու, երբ մեր տրամադրութեան տակ կ՛ըլլայ «Արարատ»-ի թիւ մը, անպայման որ կ՛արժանանայ ընթերցման:

Ինչո՞ւ: Որովհետեւ թերթը, թէեւ ունի գաղափարական-կուսակցական յստակ ուղղութիւն, այդուամենայնիւ կ՛ընդգրկէ այլազան նիւթեր եւ յօդուածներ: Փաստօրէն, 4 էջնոց թերթին մէջ կը տողանցեն, առօրեայ լրատուութեան կողքին, քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, կնոջական, հոգեբանական, գիտական, արուեստի թէ մարզական էջեր: Մտահան պէտք չէ ընել ամէնէն հիմնականը` հրապարակագրական բաժինը, որ, ըստ իս, ամէնէն էականն է թերթի մը համար:

Հրապարակագրութիւնը, այսինքն` ինքնագիր յօդուածագրութիւնը, թերթի մը համն ու հոտն է, իր բովանդակ իմաստով եւ կարեւորութեամբ: Իսկ ինչ կը վերաբերի յօդուածագիրներու այլազանութեան, նաեւ այս առումով մենք կը հանդիպինք այլազան գրիչներու, ինչպէս` Զաւէն Գ. Ղարիպեան, Համօ Մոսկոֆեան, Սագօ Արեան, Անուշ Թրուանց, Պարոյր Աղպաշեան, Թորոս Թորանեան, Յարութ Սասունեան, Յարութիւն Իսկահատեան, Մովսէս Հերկելեան, Յովել Շնորհօքեան, Համբիկ Մարտիրոսեան եւ ուրիշներ:

Գնահատելի են Անի Թորանեանի թէ Վիգէն Թոսունեանի պատրաստած էջերը (մշակութային, կնոջական, գիտական եւ այլն): Թերթը ունի աշխատակիցներ տարբեր երկիրներէ: Շատ անգամ արտատպումները իրենց տեղը ունին, ինչպէս նաեւ` գրախօսական գրութիւնները, որոնք յաւելեալ բուրմունք կու տան թերթին:

Չենք խօսիր Հայաստանի, Արցախի թէ ընդհանրապէս հայութիւնը յուզուղ լրագրական թէ տեղատուական գրութիւններու առկայութեան մասին, կան նաեւ` տեղական-քաղաքական կեանքի անդրադարձները:

Այդուհանդերձ, հայ մամուլի սիրահարն ու մոլի ընթերցողը ունի նաեւ յստակ ակնկալութիւն, այն առումով, որ ամէն գնահատանք պէտք է պարուրուած ըլլայ քննադատական արտայայտութիւններու երանգով մը: Հաւատացողն ենք, որ ամէն քննադատութիւն խայծ մըն է դէպի լաւը երթալու, աւելի լաւին ձգտելու:

Յօդուածի սկիզբի մօտեցումները չկրկնելու համար հարկ է արձանագրել քանի մը նկատողութիւններ, որոնք, ըստ մեզի, պիտանի են, եւ որոնք յաւելեալ փայլ ու կորով կրնան փոխանցել որեւէ թերթի եւ գրասէր շրջապատի:

Առաջին հերթին` լեզուն: Զանց առնելով լեզուական առկայ խորթութիւնները (գրեթէ բոլոր տպագիր թերթերու պարագային), հայ մամուլը կը տառապի լեզուական բազմապիսի սայթաքումներէ` ուղղագրական, շարահիւսական, քերականական թէ ընդհանրապէս հրապարակագրական ոճի, որոնց յապաղումը, թէեւ ունին որոշակի բացատրութիւն, այդուհանդերձ ներելի չեն հայ մամուլին համար, այնքան ատեն որ անիկա լծուած է պաշտպանելու արեւմտահայերէնը, հայ մշակոյթն ու պատմութիւնը: Ա՛լ չենք խօսիր գաղափարական, հանրային մտածողութիւն եւ վճիտ լեզուով եւ ոճով հրապարակագրութիւն մատուցելու մասին:

Ապա, նոյնքան կարեւոր է, թերթի մը համար, առաջնորդող յօդուածներու կամ խմբագրականներու ներկայութիւնը: Այլ հարց, որ անոնք պէտք է ընդգրկեն սեփական տեսակէտի, կեցուածքի, համոզումի ու հանգամանքի փայլուն դրսեւորումներ, եւ ոչ թէ անտեղի եւ շաղակրատ նախադասութիւններ:

Արհեստավարժութիւնը, այսինքն` մարդուժի պատրաստութիւնը, իր բովանդակ իմաստով, պէտք է, որ կլանէ որեւէ թերթ թէ ամսագիր: Այլ խօսքով, երբ մասնագէտ յօդուածագիրներ (բոլոր բնագաւառներու) կը բացակային որեւէ թերթէ, արդէն իսկ մեղանչում մըն է, որ կը կատարուի, մանաւանդ մեր ժամանակին, որ կը խնայէ ոչ ոքի: Ինչպէս մամուլի լիաժամ աշխատակիցը, որ կը ստանայ նիւթական թէ բարոյական գնահատանք, նոյնպէս ալ յօդուածագիրը արժանի է նման մօտեցումի:

Վերջապէս, տպագիր մամուլը, մանաւանդ այս օրերուն պարտաւոր է ունենալ  հետախուզական աշխատանք, որով պիտի կարենայ լոյսին բերել ներհայկական թէ ընդհանրապէս արտաքին աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող անարդարութիւններ, ինչպէս` փտածութիւն, հասարակական կեանքի շողոքորթութիւն, ճշմարտութեանց ամրագրում, աղքատութիւն, գողութիւն, ստապատիր կեցուածքներու թէ խօսքերու բացայայտում  եւ այլն, եւ այլն: Մէկ խօսքով մամուլը պէտք է ունենայ կամք, ուժ եւ յախուռն կեցուածք քննարկելու հարցեր ու բազմերանգ մտահոգութիւններ:

Գիտենք, համաշխարհայնացման այս լպիրշ օրերուն, երբ ազգեր ու պետական կառոյցներ զոհ կը դառնան հրէշային ծրագիրներու, երբ պետութիւններ անգամ կը քանդուին, ժողովուրդներ կը յօշոտուին, քաղաքական քարտէսներու հաշուոյն աշխարհագրական սահմաններն անգամ կ՛անճիտուին, ա՛լ ինչ խօսք մեզի նման փոքր ածուին մէջ ծառայողներու:

Այդուամենայնիւ, հաւատացողն ենք, երբ իւրաքանչիւր թերթ իր ետին ունի պատմութիւն մը ամբողջ, փորձառութիւն մը եզակի, բազում նուիրեալներու (հին թէ նոր) ընտրանի, ապա կրնայ շրջանցել այս օրերու դժուարութիւնները եւ ապահով քալել դէպի մօտիկ ապագայ, այլապէս ի զուր են մատուցուած ծառայութիւնները:

Իմ կարգիս, հաւատացողն եմ նաեւ այն ճշմարտութեան, որ եթէ երբեք հայ մամուլը կ՛ուզէ յաղթահարել ներկայ ահաւոր ու դժխեմ պայմանները, ապա պէտք է որ լծուի, գէթ մասնակիօրէն, յայտարարելու հայ մամուլի միացման օր, այսինքն` հայ մամուլի ներկայացուցիչներ, իրենք իրենց մէջ գտնեն այն ուժը, եռանդն ու պատրաստակամութիւնը, արտատպելու յօդուածներ քոյր թերթերէ` զանց առնելով քաղաքական կողմնորոշումներ, գաղափարական թէ դաւանանքի ուղղութիւններ, պատմական, գրական թէ արուեստի այլազան մօտեցումներ:

Այլ ասած, արդեօք ժամը չէ՞ հասած, միասնականութեան ոգին սնուցանելու նաեւ գործնապէս, երբ առկայ է վերանկախ հայրենիք եւ արծուեբոյն Արցախ:

Ահա մարտահրաւէր մը, ապագայակերտ խայծ մը, որուն սնուցումը մեզմէ կախեալ է առանձնապէս, մէկդի շպրտելու անցեալի անհեթեթ ու տեղայնամիտ միտքերը, մօտեցումներն ու կեցուածքները եւ լծուելու ներկայի առաւել աշխուժացման եւ պայծառացման:

Բարի երթ «Արարատ»-ի տնօրէնութեան, խմբագրական կազմին, բոլոր աշխատակիցներուն եւ գաղափարական ընտանիքին:

 

2017


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>