Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Արագածի Կռիւները Եւ Յարութիւն Թէնքէրեանի Նահատակութիւնը

$
0
0

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

– Պէյրութի «Դրօշակներու
Պատերազմ»-ը

11139429_10203013834941674_5273064230921857453_n

Արագածի շրջանին մէջ շաբաթ, 24 օգոստոս 1985-ին միջադէպ մը պատահեցաւ հայ տղոց եւ տամուրցիներուն միջեւ: Միջադէպը սուր ծաւալ ստացաւ եւ վերածուեցաւ զինեալ բախումի:

Արդարեւ, տամուրցի զինեալ մը հայերու նկատմամբ անպարկեշտ եւ վիրաւորական արտայայտութիւն կատարելէ ետք, զէնքը հայ տղոց վրայ ուղղեց, բայց հայ տղոցմէ մէկը աւելի արագ շարժելով կրակեց անոր ոտքերուն առջեւ:

Այսպիսով կռիւը սաստկացաւ: Բուռն կրակոցներէ ետք յարաբերական խառն յանձնախումբը կրցաւ կիրքերը մեղմել եւ կրակը դադրեցնել:

Յաջորդ օր, կիրակի, 25 օգոստոսի յետմիջօրէին, չորս զինեալներ, որոնցմէ երկուքը` «Լիբանանեան ուժեր»-ու տարազով, Արագած մտան եւ ուզեցին հայ մարդ մը իրենց հետ տանիլ:

Իրարանցումը սկսած էր արդէն թաղին մէջ: Հայ տղաքը զինեալներուն ըսին, որ ակումբ երթան եւ ակումբէն արտօնութիւն առնելէ ետք միայն տանին հայ մարդը: Սակայն զինեալները մերժեցին եւ սկսան կրակ բանալ: Մինչ այդ, քանի մը վայրկեանի ընթացքին, դէպքին վայրը հասած շրջանի հայ պահակ տղաքը իրենց կարգին կրակ բացին զինեալներուն ուղղութեամբ, որոնք ինքնաշարժով փախուստի դիմեցին դէպի Սին էլ Ֆիլի ճամբան: Բայց յետոյ զինեալներուն ընկերակից երկու անձեր մոթոսիքլէթով վրայ հասան եւ սկսան կրակ բանալ հայ տղոց վրայ:

Այսպիսով կռիւը սաստկացաւ եւ տարածուեցաւ:  Զինեալները բուռն կերպով կրակ կը տեղացնէին հայ տղոց դիրքերու վրայ, բայց գնդակները աւելի քովի շէնքերուն կը դպչէին եւ հայ տղոց դիրքերը կը մնային անխոցելի:

Սարդարապատ ակումբէն տղաք պատրաստ վիճակի մէջ դրուեցան: Կիլիկիա թաղի մարտական պատասխանատու Յովհաննէս Աբգարեան, որ պսակի արարողութենէն ետք հարսնեւորներուն հետ նոր տուն վերադարձած էր, անմիջապէս հագուստը փոխելով ճակատ վազեց:

Յարութիւն Թէնքէրեան նախատեսած էր այդ օր կանուխէն գիւղ երթալ, ուր զաւկին տարեդարձին առիթով հիւրեր պիտի ունենար: Բայց Յովհաննէս Աբգարեանի ամուսնութեան ներկայ գտնուելով ուշացած էր: Ստեղծուած կացութեան առջեւ Շերիֆ պարտականութեան գլուխ անցաւ, անձնապէս կատարելով անհրաժեշտ կարգադրութիւնները:

Մինչեւ ուշ գիշեր կռիւները շարունակուեցան բուռն թափով: Մինչ այդ, «Լիբանանեան ուժեր»-ու հրամանատարութեան եւ Սարդարապատ ակումբին միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ կը կատարուէին կրակը դադրեցնելու համար: Գիշերուան ժամը 11:00-ին «Լիբանանեան ուժեր»-էն պատուիրակութիւն մը ժամանեց Սարդարապատ ակումբ, կրակի դադրեցման առաջադրանքով:

Սարդարապատի մէջ անհրաժեշտ կարգադրութիւններէ ետք, յարաբերական խառն յանձնախումբ մը կազմուեցաւ, կիրքերը հանդարտեցնելու եւ կռուողները իրենց դիրքերէն հեռացնելու համար: Յարաբերական խառն յանձնախումբին մաս կազմեց նաեւ Յարութիւն Թէնքէրեան:

Յանձնախումբը նախ հանդիպեցաւ Արագածի Դրօ ակումբը, որ անհրաժեշտ կարգադրութիւններ եղան: Ապա անոնք ճամբայ ելան դէպի կռուի յառաջացած դիրքերը: Սին էլ Ֆիլի ճամբուն վրայ կը գտնուէր փաղանգաւորներու ակումբը, որուն առջեւ զինեալները դիրք գրաւած էին:

Յարաբերական խառն յանձնախումբի անդամները շարունակեցին իրենց ճամբան, գործադրելու համար իրենց վստահուած առաքելութիւնը: Նոյն պահուն յանձնախումբին մէջ «Լիբանանեան ուժեր»-ու ներկայացուցիչը բաժնուելով ուղղուեցաւ դէպի փաղանգաւորներու ակումբը:

Փաղանգաւորներու ակումբին զինեալները պատշգամին վրայ կանգնած կը սպասէին:

Շերիֆ եւ ընկերակիցները, որոնք խօսակցելով կը յառաջանային, Սին էլ Ֆիլի ճամբուն վրայ կանգ առին: Յարաբերական խառն յանձնախումբին փաղանգաւոր ներկայացուցիչները քաշուած ըլլալով, հայ բանագնացները առանձին մնացին: Շերիֆ, կասկածելով որ ծուղակ մը լարուած է, հայ տղոց հրահանգեց մէջտեղէն քաշուիլ:

Մինչ հայ բանագնացները կը փորձէին ճամբուն եզերքը քաշուիլ, դիմացէն զինեալները կրակ բացին, վիրաւորելով Յարութիւն Թէնքէրեանն ու անոր մէկ ընկերակիցը:

Haroutioun-Tenkerian_012716Շերիֆ, ծանր կերպով վիրաւորուած, գետին ինկած արիւնաքամ կ՛ըլլար, եւ կատաղի կրակոցներուն պատճառով կարելի չէր զայն վերցնել:

Կրակոցներու դադրեցումէն ետք միայն կարելի եղաւ Շերիֆը գետնէն վերցնել եւ Սարդարապատ ակումբ տանիլ: Մինչեւ հիւանդանոց փոխադրութիւնը, հակառակ ծանր վիճակին, Յարութիւն Թէնքէրեան վերջին թելադրութիւնները ըրաւ:

Ապու Ժաուտէ հիւանդանոց փոխադրուելէն ետք անոր առողջական վիճակը հետզհետէ ծանրացաւ եւ ան մահացաւ ուրբաթ, 30 օգոստոսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին:

Յարութիւն Թէնքէրեան ծնած էր 1937-ին, Ալեքսանտրէթ եւ 1939-ին ընտանիքին հետ փոխադրուած էր Պուրճ Համուտ, ուր յաճախած էր Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանը, ապա` նետուած կեանքի ասպարէզ:

Ազգային հասարակական բեղուն գործունէութիւն ունեցաւ եւ ստանձնեց բազմապիսի պատասխանատուութիւններ:

Քաղաքացիական պատերազմի բռնկումէն ետք Շերիֆ տուն տեղ ու հանգիստ ձգած, գիշեր ու ցերեկ մնայուն ներկայութիւն դարձաւ Սարդարապատ ակումբին մէջ: Ակումբը եղաւ իր առաջին ընտանիքը: Ան ընդհանրական իր պարտականութիւնները գերադասեց սեփական ընտանիքին նկատմամբ իր պարտականութեանց: Անսակարկ նուիրումով ծառայեց ժողովուրդին եւ ռմբակոծումներու ամէնէն ծանր պահերուն հասաւ եւ օգնութեան փութաց բոլորին:

Յարութիւն Թէնքէրեանի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 2 սեպտեմբերին: Ժամը 10:00-ին մարմինը հիւանդանոցէն փոխադրուեցաւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի, ուր պետական երեսփոխաններ եւ խուռներամ բազմութիւն մը եկած էին յարգանքի իրենց վերջին տուրքը տալու:

Յուղարկաւորութեան արարողութինը սկսաւ ժամը 11:00-ին, նախագահութեամբ` Լիբանանի հայոց առաջնորդ Արամ եպիսկոպոս Քէշիշեանի, որ եկեղեցական արարողութենէն ետք արտասանեց դամբանական մը:

Ան ըսաւ, որ Յարութիւն Թէնքէրեան ոչ միայն լիբանանահայութեան նահատակն է, այլեւ ամբողջ Լիբանանի եւ անոր խաղաղութեան: Ան վիրաւորուեցաւ ձիթենիի ճիւղը ձեռքին: Ապա առաջնորդ սրբազանը ըսաւ. «Լիբանանի մէջ մեր իրաւունքներուն կառչած մնացինք, շնորհիւ Յարութներու նման հերոս նահատակներու, եւ պիտի շարունակենք մնալ հոս, որովհետեւ մենք անբաժան մասնիկն ենք Լիբանանի հայրենիքին: Պիտի մնանք հոս, նոյնիսկ եթէ ատիկա մեզմէ պահանջէ պայքար ու նահատակութիւն: Պիտի շարունակենք Խաչիկներու, Աբոներու եւ Սարգիսներու ճամբան, եւ մեր այս պայքարին մէջ, մեզի հետ է Հայաստանի թէ սփիւռքի համայն հայութիւնը… Յարութները կը մեռնին, սակայն պայքարը կը շարունակուի»:

Առաջնորդ սրբազանի արտասանած դամբանական խօսքէն ետք, նահատակ Յարութիւն Թէնքէրեանի դագաղը պատուեցաւ եռագոյնով եւ յուղարկաւորներու թափօրը, ՀՄԸՄ-ի փողերախումբի առաջնորդութեամբ եւ բազմահազար յուղարկաւորներով, շարժեցաւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցիէն: Թափօրը անցաւ Արաքս փողոցէն, ապա անցնելով Սիսէն եւ Քաղաքապետարանի ժողովրդային բնակարաններու շրջանէն` հասաւ գերեզմանատուն:

Գերեզմանատան մէջ, կրօնական արարողութիւններէն ետք. նահատակ Յարութիւն Թէնքէրեանի մարմինը ամփոփուեցաւ ընտանեկան դամբարանին մէջ, 21 համազարկերով եւ «Վէրքերով լի ջան ֆետայի» երգով:

Բանակի հրամանատար զօրավար Միշել Աուն, ինչպէս նաեւ շրջանի կազմակերպութիւններ ծաղկեպսակներ ուղարկեցին:

Հանրապետութեան նախագահ շէյխ Ամին Ժըմայէլի ներկայացուցիչ` Մեթնի գաւառապետ Խալիլ Նասրէտտին Սարդարապատ ակումբ այցելեց եւ նախագահին անունով ցաւակցութիւն յայտնեց:

Սարդարապատ ակումբ այցելեցին նաեւ շրջանի կազմակերպութիւններու պատասխանատուներու ներկայացուցիչներ եւ ցաւակցութիւն յայտնեցին:

* * *

 

images11_012716army85_012716Արեւմտեան Պէյրութի մէջ յաճախակի բախումներ տեղի կ՛ունենային հակամարտ զինեալ կազմակերպութիւններու միջեւ: Նաեւ` սահմանագիծին վրայ, արեւմտեան եւ արեւելեան շրջաններուն միջեւ ռմբակոծումներ եւ հրթիռներու փոխանակում տեղի կ՛ունենային: 1985 ապրիլի ծանր բախումներէն ետք մուրապիթուններու զինուորական ներկայութիւնը լուծարքի ենթարկուեցաւ: Այնուհետեւ բախումներ ծայր առին Ամալի եւ պաղեստինցիներուն միջեւ, գլխաւորաբար` Պուրճ Պարաժնէի գաղթակայանին շուրջ: Բուռն բախումներ սկսան նաեւ Ամալի եւ ընկերվարական յառաջդիմական զինեալներուն միջեւ:

Թրիփոլի եւ Սայտա եւս թատերաբեմ դարձան սաստիկ բախումներու:

Պէյրութի արեւմտեան թաղամասերը հինգշաբթի, 21 նոյեմբեր 1985-ին բեմ դարձան ծանրակշիռ բախումներու եւ թնդանօթային մարտերու:

Միջադէպերը ծայր առին Ռաս Պէյրութի, Ռաուշէի եւ Վերտէոնի շրջաններէն: Ընկերվարական յառաջդիմական տարրեր պետական եւ պաշտօնական հաստատութիւններէն վար առին լիբանանեան դրօշը եւ անոր փոխարէն կուսակցութեան դրօշը բարձրացուցին: Բանակային զինուորներ եւ Ամալէն տարրեր վերստին պարզեցին լիբանանեան դրօշը, ինչ որ կայծ տուաւ ելեկտրականացած մթնոլորտին:

Բախումները աստիճանաբար տարածուեցան արեւմտեան Պէյրութի գրեթէ բոլոր շրջանները եւ կրակէ օղակի մը մէջ անդամալուծեցին ամբողջ շրջանը: Բազմահարիւր աշակերտներ եւ պաշտօնեաներ բանտարկուեցան իրենց դպրոցներուն եւ գրասենեակներուն մէջ. արձանագրուեցան նաեւ առեւանգումի դէպքեր:

Բախումներու գլխաւոր դաշտերը եղան Համրան, Վերտէոնը, Ռաուշէն, Ամերիկեան համալսարանի ծովեզերեայ քոռնիշը, Մազրաան, Մար Իլիասը, Պարպիրի շրջանը, Պասթան, Քանթարին, Սփիրսը, Զոքաք էլ Պլաթը, Ուաթ Ուաթը, վարչապետարանին շրջակայքը, Թալլէթ Խայեաթի մայրուղին եւ Սաքիաթ Ճենզիրը:

Բախումները բացարձակապէս իրարմէ խզած էին թաղամասերը: Բազմաթիւ թաղամասերու մէջ մեծ ու փոքր հրդեհներ ծագեցան: Հրթիռներ ստացաւ նաեւ «Ազդակ»-ի տպարանին շէնքը, որուն առաջին յարկին մէջ ծագած փոքր հրդեհ մը շուտով զսպուեցաւ:

Բախումները նոյն սաստկութեամբ շարունակուեցան յաջորդող օրերուն: Միաժամանակ ծայր առին առեւանգումներ եւ երեք օրուան ընթացքին աւելի քան 400 անձեր առեւանգուեցաւ:

Շաբաթ, 23 նոյեմբերի գիշերը զինադուլ յայտարարուեցաւ, սակայն կարգ մը թաղերու մէջ կռիւներն ու արձակազինութիւնը շարունակուեցան, իսկ բնակիչները կը շարունակէին մնալ ապաստանարաններու մէջ:

Johnny-Haydostian_012716Արա Երեւանեան ակումբը, «Ազդակ»-ի խմբագրատունն ու տպարանը բռնուած էին կրակէ օղակի մը մէջ: Դիրքէ դիրք կատարուող սաստիկ բախումներուն եւ հրթիռարձակումներուն զուգահեռ, արձակազէններ անշարժութեան մատնած էին դիրքերը իրարմէ բաժնող թաղերը եւ բնակարանները: Հայ պահակ տղաքը, ակումբին մէջ կեդրոնացած, կը մնային իրենց պարտականութեան վրայ: Ճոնի Հայտոսթեան, որ քանի մը ամիս առաջ միացած էր «Ազդակ»-ի անձնակազմին, ստանձնելով էջադրումի աշխատանքը, հաւատարիմ պարտականութեան իր գիտակցութեան, ակումբ կը մնար: Կիրակի, 24 նոյեմբերի յետմիջօրէի ժամը 3:30-ին, ակումբի բակին մէջ Ճոնի զոհ գնաց արձակազէնի մը փամփուշտին (ան ծնած է 1957-ին):

Մինչ այդ, արեւմտեան Պէյրութ ողբերգութեան ահաւոր պատկերներ կը պարզէր: Բազմաթիւ թաղամասեր եւ առեւտրական շրջաններ, ինչպէս` Համրան, Ապտէլ Ազիզ փողոցը, Մուլլայի շրջանը, Քլեմանսօ-Մեքսիք փողոց գօտին, Ռաուշէի կարգ մը թաղամասերը, Ուաթ-Ուաթը, Զարիֆը, Սփիրսը եւ մէկ խօսքով` իսկական ռազմաճակատներու դաշտ դարձած թաղերը կը պարզէին կիսաքանդ բնակարաններու եւ վաճառատուներու համայնապատկերներ:

Նեպիհ Պըրրիի եւ Ուալիտ Ժոմպլաթի միջեւ կայացած հանդիպումէ մը ետք, Ամալ-Ընկերվարական յառաջդիմական միացեալ «հարուածող ուժ»-ը գործի անցաւ: Զրահապատներով եւ խառն խմբակներով կազմուած ջոկատներ շրջագայեցան տաք կռիւներու բեմ դարձած թաղամասերուն մէջ, հսկեցին ամրութիւններու վերացման, զինեալներու հրապարակներէ հեռացման եւ զինադուլի պայմաններու կիրարկման քայլերուն:

Այնուհետեւ, 10 դեկտեմբեր 1985-ին ներքին ապահովութեան ուժերէն եւ բանակային զինուորներէ կազմուած ջոկատներ եւ զօրագունդեր գործադրութեան դրին արեւմտեան Պէյրութի ապահովութեան ծրագիրը:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>