Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման Չեւաչափը Մէկն Է` Մինսքի Խմբակը

$
0
0

ՅԱԿՈԲ ՈՒՌՀԱՅԵՑԻ

minsk-group_

Կասկածէ վեր է այլեւս, որ Ազրպէյճան ամէն ջանք ի գործ կը դնէ ցոյց տալու, որ ղարաբաղեան տագնապի լուծման համար միջազգային ընտանիքին առաջադրած ձեւաչափը` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը այլեւս չի գործեր, պարզ այն պատճառով, որ Պաքուն չի կրնար այդ խմբակին միջոցով իր կամքը թելադրել եւ լուծման իր տարբերակը պարտադրել: Այս մեկնակէտէն ալ զարմանալի պէտք չէ թուին վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին 1994-ին հաստատուած զինադադարի դրութեան կոպիտ խախտումները ազրպէյճանական կողմէն, ոչ ալ զարմանալի պէտք է թուին մնայուն ջանքերը, որոնք ի գործ կը դրուին ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթը Մինսքի խմբակէն զատ այլ հարթակներ տեղափոխելու:

Այս յամառ ճիգերուն արգասիքը կարելի է նկատել քարիւղի հասոյթներուն միջոցով Եւրոպայի եւ առ հասարակ Արեւմուտքի մէջ ազրպէյճանական քաղաքական քարոզչութեան ֆինանսաւորումը, ինչպէս նաեւ` եւրոպացի քաղաքական գործիչներուն ուղղակի ազրպէյճանամէտ դիրքորոշումները: Այս գործունէութեան ցայտուն օրինակներէն են այս օրերուն Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) ձմեռնային նստաշրջանի օրակարգին վրայ դրուած երկու ազրպէյճանամէտ զեկուցումներ, որոնք այսօր պիտի քննարկուին անոնց շուրջ համապատասխան բանաձեւեր որդեգրելու համար: Անոնցմէ մէկը բրիտանացի պատգամաւոր Ռոպըրթ Ուոլթըրի պատրաստած զեկուցումն է` «Բռնութեան աճը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի այլ գրաւեալ տարածքներուն մէջ» խորագիրով, իսկ միւսը Պոսնիա-Հերցեկովինայի ներկայացուցիչ Միլիցա Մարքովիչի պատրաստած զեկուցումն է` «Ազրպէյճանի սահմանամերձ շրջաններու բնակիչները միտումնաւոր զրկուած են ջուրէ» խորագիրով:

Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին պարագային դժբախտաբար գրեթէ բոլոր զեկուցումներն ալ երբ վերջնական քննարկումի հանգրուանին կը հասնին, անոնց գծով համապատասխան բանաձեւեր կ՛ելլեն: Չի բացառուիր երբեք, որ այս երկու հակահայ զեկուցումներն ալ բանաձեւերու վերածուին այսօր` մեկնելով այն իրողութենէն, որ խորհրդարանական այդ վեհաժողովին մէջ մեծ է թիւը զեկուցաբերներու աջակիցներուն: Այս շրջագիծին մէջ ալ պէտք չէ զարմանալի թուի նաեւ ԵԽԽՎ-ի մէջ հայկական պատուիրակութեան անդամ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանի քանի մը ամիս առաջ քանիցս հնչեցուցած այն դիտարկումը, որ ԵԽԽՎ-ն վերածուած է ազրպէյճանական Միլլի մեճլիսի, ուր կը գործադրուի Ազրպէյճանի կամքը:

Բարեբախտաբար ԵԽԽՎ-ի մէջ ի յայտ եկած ազրպէյճանամէտ այս սադրանքը առանց պատասխանի չէ մնացած: Ուղղակի ղարաբաղեան տագնապին լուծման հոլովոյթին հետ առնչութիւն ունեցող եւրոպական կառոյցներու մակարդակին վրայ նախ Եւրոպական խորհրդարանի եւ ապա ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի երկու անջատ յայտարարութիւններով եկան նշելու, որ ղարաբաղեան տագնապին հետ կապ ունեցող ԵԽԽՎ-ի որեւէ բանաձեւ պէտք է համահունչ ըլլայ տագնապին լուծման համար ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին առաջադրած սկզբունքներուն, որոնք մնայուն կերպով քննարկումի առարկայ կը դառնան բանակցային սեղանի շուրջ: Կրնանք ըսել, որ նշեալ ազրպէյճանամէտ զեկուցումներուն դէմ նկատառելի հակազդեցութիւն  ցուցաբերեց նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը` իր դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն միջոցով:

Սակայն ազրպէյճանամէտ այս զեկուցումներուն դէմ ամէնէն կարեւոր հակազդեցութիւնը կը մնայ հասարակական մակարդակի վրայ կատարուածը` Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակին կատարած յարաբերական եւ քարոզչական հսկայական աշխատանքին ընդմէջէն: Կայ նախ համադրումի աշխատանքը ԵԽԽՎ-ի մէջ հայկական պատուիրակութեան եւ հայրենի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն հետ, յետոյ կայ նաեւ մնայուն կապ նոյնինքն խորհրդարանական վեհաժողովին եւ եւրոպական կառոյցներուն հետ, իսկ երրորդը եւ ամէնէն կարեւորը, մեր կարծիքով, Change.org կայքին վրայ նոյնպէս Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակին կազմակերպած ստորագրահաւաքն է, որուն, այս յօդուածը գրելու պահուն, արդէն իսկ մասնակցած էր աւելի քան 8300 հոգի` Հայաստանի Հանրապետութենէն եւ սփիւռքի զանազան երկիրներէն:

Ահաւասիկ այս մթնոլորտին մէջ է, որ այսօր կը հետեւինք ԵԽԽՎ-ի ձմեռնային նստաշրջանին, այն յոյսով, որ մանաւանդ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ջանքերը` ազրպէյճանամէտ բանաձեւերը չեղեալ նկատելու գծով արդիւնք կու տան` վերաշեշտելով այն իրողութիւնը, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը կը մնայ միակ ձեւաչափը ղարաբաղեան տագնապի լուծման, նաեւ վերաշեշտելով, որ այլընտրանք չկայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ազատ ինքնորոշման: Արցախցիք այս գծով իրենց խօսքը ըսած են արդէն, այս տարի 25-ամեակն է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան, որ ընդունուեցաւ համաժողովրդային հանրաքուէով:

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>