Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Պետութեան Զարգացման
Երաշխիքներէն Մէկը Արհեստավարժ
Մասնագէտներու Պատրաստութիւնն Է».
Ա. Յարութիւնեան
Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետ Արա Յարութիւնեան 21 յունուարին այցելած է Արցախի պետական համալսարան, ուր ծաղիկներ զետեղած է արցախեան պատերազմին զոհուած ուսանող ազատամարտիկներու յիշատակին կանգնեցուած յուշարձանին առջեւ, ապա հանդիպում ունեցած է համալսարանի դասախօսներուն եւ ուսանողներուն հետ:
Օրակարգին համաձայն, 2014-2015 ուսումնական տարեշրջանի գործունէութեան հաշուետուութեամբ հանդէս եկած է համալսարանի նախագահ Մանուշ Մինասեան: Ցուցադրուած է համալսարանի գործունէութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը:
Եզրափակիչ խօսքը արտասանած է վարչապետ Արա Յարութիւնեան, որ բաւարար նկատած է կատարուած աշխատանքը` նաեւ մատնանշելով առկայ խնդիրները: «Նախորդ տարիներու փորձառութիւնը ցոյց տուած է, որ տարեկան հաշուետուութիւններու ատեն աւելի շատ կը խօսուի ձեռքբերումներուն եւ պահանջներուն մասին, սակայն կան խնդիրներ, որոնք արժանի են խորքային եւ համապարփակ քննարկման: Բացի կրթութեան որակի շարունակական բարձրացումէն, պէտք է յստակ քայլերու ձեռնարկել նաեւ տնտեսութեան հետ կապերու հաստատման եւ ամրապնդման ուղղութեամբ, ինչ որ գործնական գիտելիքներով պիտի օժտէ ուսանողները եւ պիտի աւելցնէ համալսարանի սեփական եկամուտները», ըսած է վարչապետը` հաստատելով, որ կառավարութիւնը միշտ մեծ ուշադրութեամբ կը հետեւի համալսարանի առօրեային եւ անոր հարցերուն: Ա. Յարութիւնեան անդրադարձած է անցած տարուան ընթացքին կրթական ոլորտին մէջ կառավարութեան կողմէ կատարուած աշխատանքներուն` յատկապէս յիշելով Ստեփանակերտի մէջ ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութեան կեդրոնի աշխատանքներու մեկնարկը, Շուշի քաղաքին մէջ «Եզնիկ Մոզիեան արհեստագործական ուսումնարան»-ի եւ «Հայաստանի ազգային ագրարային համալսարանի Շուշիի մասնաճիւղ»-ի շէնքերու բացումը:
Անդրադառնալով ուսանողներու դերին կարեւորութեան` վարչապետը հաստատած է. «Պետութեան զարգացման կայուն երաշխիքներէն մէկը արհեստավարժ մասնագէտներու պատրաստութիւնն է: Այս ծիրին մէջ հանրապետութեան իշխանութիւններուն ջանքերով յառաջիկային պիտի բացուի նաեւ «Շուշիի տեխնոլոգիական համալսարան»-ը, որ բարձր արհեստագիտութիւններու եւ հանրապետութեան տնտեսութեան շարք մը ոլորտներու համար պիտի պատրաստէ բարձրորակ մասնագէտներ»:
Հայաստան` Սպանացի Զբօսաշրջիկներուն
Ուշադրութեան Առարկայ
Հայաստանի զարգացման հիմնադրամը (ՀԶՀ) տեղական 6 զբօսաշրջային ընկերութիւններու հետ համագործակցաբար 20-24 յունուարին Հայաստանը ներկայացուցին Մատրիտի «Fitur 2016» զբօսաշրջութեան միջազգային ցուցահանդէսին, որ այս տարի պիտի հիւրընկալէ շուրջ 9500 զբօսաշրջութեան ընկերութիւն եւ ոլորտին մէջ ներգրաւուած շուրջ 125 հազար մասնագէտ` աշխարհի 65 երկիրներէ:
Ցուցահանդէս այցելողներուն թիւը շրջանցեց 220 հազարը: ՀԶՀ-ի աջակցութեամբ ընկերութիւնները ներկայացուցին Հայաստանի եւ Արցախի պատմամշակութային եւ քրիստոնէական հարուստ ժառանգութիւնը, զբօսաշրջութեան գրաւչութիւնն ու արդիւնքը` նպատակ ունենալով խթանել նոր զբօսաշրջութեան հոսքեր դէպի հայկական երկու հանրապետութիւններ:
Ցուցահանդէսի ծիրին մէջ կայացան հանդիպումներ, կլոր սեղան-քննարկումներ` գործարար եւ մասնագիտական ձեւաչափերով, որոնց ընթացքին հայկական ընկերութիւններու ներկայացուցիչները իրենց արտասահմանցի գործընկերներուն հետ քննարկեցին համագործակցութեան տարբերակներ` շեշտը դնելով եւրոպական եւ մասնաւորապէս սպանացի զբօսաշրջիկներու հոսքի աշխուժացման վրայ: Յիշեցնենք, որ արդէն 2 տարի է, ամրան ամիսներուն բաւական յաջող կերպով կը կատարուի Երեւան-Պարսելոնա-Երեւան ուղիղ թռիչքը, հետեւաբար, փոխադրութեան խոչընդոտ, ըստ էութեան, չկայ, ըսած է Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արման Խաչատրեան:
Հայկական Կօշիկ Արտադրողներ
Առաջին Անգամ Ըլլալով Կը Մասնակցին
«Mosshoes-2016»
Միջազգային Մասնագիտական Ցուցահանդէսին
Հայաստանի զարգացման հիմնադրամը հայաստանեան եօթը ընկերութիւններու հետ առաջին անգամն ըլլալով Հայաստանը ներկայացուցին 19-22 յունուարին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող «MOSSHOES-2016» միջազգային մասնագիտական ցուցահանդէսին: Անոր կը մասնակցէին կօշիկ եւ կաշեղէն արտադրող աւելի քան 500 առաջատար ընկերութիւններ` շուրջ 30 երկիրներէ, իսկ ցուցահանդէս միջին հաշուով այցելեց 10-12 հազար անձ, հիմնականօրէն` մասնագէտներ, առեւտրական ցանցերու ներկայացուցիչներ ու մեծաքանակ գնողներ:
Այս մասին «Արմէնփրէս»-ին տեղեկացուցած են Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի լրատուական ծառայութենէն: Արեւելեան Եւրոպայի մեծագոյն մասնագիտական այս ցուցահանդէսին իրենց արտադրութիւնները կը ներկայացնեն կօշիկ եւ կաշիի պարագաներ արտադրող հայաստանեան «Զեննի», «Էլեն 93», «Արմօ Գրուպ», «Մաքսոլ», «Բաբիննի», «Բենիտօ» ընկերութիւնները եւ ԱՁ «Արմէն Սրապեան»-ը: Ցուցահանդէսի ծիրին մէջ կազմակերպուեցաւ նաեւ յատուկ գործարար ծրագիր, որ մասնակիցներուն կարելիութիւն պիտի տայ ստանալ մասնագիտական աջակցութիւն եւ ընդլայնել արտածման հնարաւորութիւնները:
«Եթէ դիտարկենք ցուցահանդէսի մասնակիցներուն աշխարհագրութիւնը, շուկայի ընդգրկումը, ապա վստահաբար կարելի է ըսել, որ անիկա շատ արդիւնաւէտ հարթակ է հայկական արտադրողներու եւ մեծաքանակ գնորդ-կազմակերպութիւններուն համար գործնական համաձայնութիւններու ձեռքբերման, արտածման կարելիութիւններու ուսումնասիրութեան եւ նոր առիթներու ստեղծման համար: Հայաստանի զարգացման հիմնադրամը հայկական ընկերութիւններու մասնակցութիւնը ապահոված է արտածման խթանման, մեր արտադրութեան ճանաչելիութեան բարձրացման եւ ամրապնդման նպատակով», նշած է Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արման Խաչատրեան:
Սուրիահայ Ընտանիքներուն
Օժանդակելու Ծրագիրները
Պիտի Շարունակուին
Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի յանձնարարութեամբ, Երեւանի քաղաքապետարանին եւ մայրաքաղաքի վարչական շրջաններուն կողմէ 2016 թուականին եւս պիտի շարունակուին սուրիահայ ընտանիքներուն աջակցութեան ծրագիրները:
Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնած են, որ 2015 թուականին քաղաքապետարանին կողմէ համապատասխան դրամական եւ նիւթական օժանդակութիւն տրամադրուած է 1400 սուրիահայ կարիքաւոր ընտանիքի, 72-ին` «Էրեբունի-Երեւան 2797» տօնակատարութեան ծիրին մէջ:
Մայրաքաղաքին մէջ բնակող աւելի քան 160 սուրիահայ ընտանիք ներառուած է պետական ընկերային աջակցութեան ծրագիրներուն մէջ: Մնայուն կերպով ուշադրութիւն կը դարձուի նաեւ քաղաքապետարանի հովանիին տակ գործող մանկապարտէզներուն, ինչպէս նաեւ դպրոցահասակ աւելի քան 700 սուրիահայ երեխաներու: Փոքրիկներն ու պատանիները աշխուժ կերպով ներառուած են կրթամշակութային տարբեր նախաձեռնութիւններու մէջ: Մայրաքաղաքի վարչական շրջաններու ղեկավարներու աշխատակազմերը եւս պարբերաբար կ՛աջակցին երեւանաբնակ սուրիահայ ընտանիքներուն:
Հայաստանի Ազգային Պատկերասրահի
Այցելուներու Թիւը Աւելցած Է
Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը նախորդ տարի ունեցած է աւելի մեծ թիւով այցելու, քան` 2014-ին: Հայաստանի Ազգային պատկերասրահ գիտքարտուղար Արմինէ Գաբրիէլեան 20 յունուարին այս մասին տեղեկացուց լրագրողներու` անոնց հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին:
«2015 թուականին Ազգային պատկերասրահ այցելած է 60.822, իսկ պատկերասրահի մասնաճիւղեր` 23.343 անձ: 2014 թուականին հետ բաղդատելով` այցելուներուն թիւը աւելցած է 12 տոկոսով», նշեց Արմինէ Գաբրիէլեան:
Ան նաեւ տեղեկացուց, որ աւելցած են կրթական ծրագիրներով պատկերասրահ տրուած այցելութիւնները` 100 տոկոսով: Ազգային պատկերասրահ կրթական ծրագիրներու համար կ՛այցելեն նախակրթարան եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտներ:
Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը հանրապետութեան գլխաւոր գեղարուեստական թանգարանն է: Հիմնուած է 1921-ին: 1991 թուականէն կը կոչուի «Հայաստանի Ազգային պատկերասրահ»: Ներկայիս հաւաքածոն կ՛ընդգրկէ 40 հազար թանգարանային առարկայ, որոնց մէկ մասը կը ներկայացուի ցուցադրութեան 56 սրահներուն մէջ եւ ՀԱՊ-ի մասնաճիւղերուն մէջ, ինչպէս նաեւ` ժամանակաւոր ցուցահանդէսներու տեսքով:
Քուսթուրիցա. «Հայաստանի Մէջ Կը Զգամ,
Թէ Կը Գտնուիմ Երկրի Մը Մէջ,
Որ Արդարութեան Մասնիկ Մըն Է»
«Շատ հաճելի է կրկին գալ Հայաստան` ինծի հոգեհարազատ երկիր մը», լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպումը սկսաւ սերպ աշխարհահռչակ բեմադրիչ ու երաժիշտ Էմիր Քուսթուրիցան:
Քուսթուրիցան ըսաւ, որ հայերը, ի տարբերութիւն սերպերուն, կրցած են միաւորուիլ եւ Հայոց ցեղասպանութեան խնդիրը տարածել ամբողջ աշխարհին մէջ: Ան ըսաւ. «[Սերպ] ժողովուրդը, որ անընդմէջ ցեղասպանութեան ու բռնութիւններու ենթարկուած է, այժմ զոհէն յանցագործի վերածուած է լրատուամիջոցներուն մէջ: Ճիշդ այդ պատճառով ալ Հայաստանի մէջ կը զգամ, թէ կը գտնուիմ երկրի մը մէջ, որ արդարութեան մասնիկ մըն է», ըսաւ Քուսթուրիցա:
Ան պատմեց Թուրքիա կատարած ուղեւորութեան մասին` նշելով, որ իր այցելութիւնը անհաճոյ ձեւով դիտուած եւ քննուած է, եւ ինքը, զգալով այդ, հեռացած է երկրէն:
Իր հիմնադրած «No Smoking Orchestra» ֆոլք-փոփ խումբին հետ մարզահամերգային համալիրին մէջ տուաւ ելոյթ մը` կազմակերպութեամբ «Մեցցօ» եւ «Ալմազեան» ընկերութիւններուն: Նշենք, որ արդէն խումբին երկրորդ այցելութիւնն է Հայաստան. առաջին անգամ խումբը Երեւան եկած է հինգ տարի առաջ` համերգ տալու:
Արուեստը Քուսթուրիցայի համար բացառիկ արժէք ունի. Աստուած, Քուսթուրիցայի համոզումով, մշակոյթէն ծնունդ առած է: «Ու քանի որ ես կը հաւատամ մշակոյթին, կը հաւատամ նաեւ Աստուծոյ», ըսած է ան:
Պատասխանելով «Ազատութեան» հարցումին, թէ ի՞նչ շարժապատկեր կը նկարահանէ ներկայիս եւ արդեօք Հայաստանի համերգին պիտի հնչե՞ն նոր ստեղծագործութիւններ, Քուսթուրիցա ըսաւ. «Նոր բան չկայ, բացի անկէ, որ ամէն ինչ նոր է»:
Ան ըսաւ նաեւ, որ այժմ կ՛աշխատի «Ծիր Կաթին» խորագիրով շարժապատկերի մը վրայ, ուր նաեւ գլխաւոր դերակատարն է` աւելցնելով, որ այլեւս երբեք նման բան պիտի չընէ, քանի որ «շարժապատկերը բացարձակապէս ժողովրդավարական արուեստ չէ»: «Անիկա պատերազմական թատերաբեմ է, ուր բեմադրիչը գլխաւոր զօրավարն է: Իսկ միաժամանակ զօրավար եւ զինուոր ըլլալը գրեթէ անհնարին է»:
Քուսթուրիցա, այսուհանդերձ, ըսաւ, որ նկարահանումները արդէն աւարտած են, եւ շարժապատկերը կը ցուցադրուի 2016-ին` Քաննի փառատօնին:
Լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպման աւարտին Էմիր Քուսթուրիցա այցելեց Ծիծեռնակաբերդ` յարգելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը:
Հայաստանի Մէջ Տարուէ Տարի Կ՛աւելնայ
Ամուսնալուծումներուն Թիւը
Բացի ազգաբնակչութեան թիւի նուազման փաստէն, Հայաստանի ազգագրական պատկերին մէջ առկայ է նաեւ այլ մտահոգիչ ցուցանիշ մը` տարուէ տարի կը բարձրանայ ամուսնալուծութիւններուն թիւը: Մասնագէտները կը փորձեն հասկնալ իսկական պատճառները, բայց եւ այնպէս չեն կրնար յստակ լուծումներ տալ:
Վերջին տարիներուն ամուսնալուծումներուն թիւը բարձրանալու միտում արձանագրած է: Պաշտօնական տուեալներուն համաձայն, 2014-ին անիկա կազմած է 19,5 տոկոս կամ` 4498 պարագայ: Ամուսնալուծութեան պատճառները պարզելու դժուարութեան մասին խօսած է իրաւաբան Էմիլ Մարկոսեանը:
«Հայաստանի մէջ ամուսնալուծութիւններուն վերաբերեալ որեւէ պաշտօնական ուսումնասիրութիւն, կամ հետազօտութիւններ չեն կատարուած: Կարելի չէ դատարաններէն որոշ տեղեկութիւն ունենալ այն մասին, թէ ամուսնալուծութեան քանի՛ դէպքի պատճառը ընկերային-տնտեսական պայմաններն են, քանին` դաւաճանութեան: Օրէնքով դատարաններուն կ՛արգիլուի տրամադրել այդ բոլորը: Գոյութիւն ունի ընտանեկան գաղտնիքի հրապարակում, որ դատարանը իսկապէս պարտաւոր չէ տրամադրել»:
Բայց խորքին մէջ ամուսնալուծուած զոյգերուն թիւը շատ աւելի մեծ է, քանի որ մերօրեայ իրականութեան մէջ, ըստ իրաւաբանին, կայ ամուսնալուծութեան ծածուկ պահուած տեսակ: «Ասիկա կը վերաբերի այն պարագաներուն, որոնք արձանագրուած չեն: Օրինակ` բազմաթիւ տղամարդիկ Ռուսիա կ՛երթան արտագնայ աշխատանքի: Անոնք հոն կը հաստատուին, նոյնիսկ ընտանիք կը կազմեն` վերադառնալու տրամադրութիւն իսկ չունենալով: Ասիկա եւս ամուսնալուծութեան թաքնուած տեսակն է, որ կրկին բաւական մեծ ցուցանիշ կը կազմէ»:
Ասիկա իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ երկրին ազգագրական վիճակին վրայ, քանի որ նոյն պաշտօնական տուեալներուն համաձայն, Հայաստանի իւրաքանչիւր 1000 բնակիչէն կը ծնի 12 երեխայ: Վերադառնալով ամուսնալուծութեան հարցին` մասնագէտները կը յայտնեն, որ ամուսնալուծութեան համար կայ երկու վտանգ, ճգնաժամային տարիք` 30-40 տարեկան եւ ամուսնութեան առաջին եւ 5-րդ տարիները:
Առաջինը կապուած է երեխային ծննդեան հետ, երբ պարտաւորութիւնները կ՛աւելնան, իսկ 5-րդ տարին պայմանականօրէն կը նկատուի այն շրջանը, երբ սիրահարութիւնը կը նուազի, զգացումները կը փոխուին:
«Ոչ ճիշդ դաստիարակութիւնը, ամուսնացած ըլլալը` լոկ ամուսնացած ըլլալու համար, տղամարդու եւ կնոջ դերերու ոչ ճիշդ ըլլալը, հաղորդակցութեան պակասն ու ծնողներուն միջամտութիւնը կը հանդիսանան ամուսնալուծութեան հիմնական պատճառները», ըսած է հոգեբան Արկադի Մեհրաբեան:
Ամուսնալուծութեան վտանգը զգացող 12 զոյգէն ընդամէնը մէկը կը դիմէ հոգեբանի օգնութեան` փորձելով փրկել ընտանիքը: Մինչ այդ ատիկա ընելը այդքան ալ դիւրին չէ, որովհետեւ հոգեբանի պատուեգինը կը տարուբերի 5-15 հազար դրամի միջեւ:
Յատկանշական է, որ այսօր Հայաստանի մէջ ամուսնալուծման համար աւելի շատ դիմում կը ներկայացնեն կիները: Ըստ հոգեբաններուն, պատճառները միայն ընկերային դաշտին մէջ փնտռելը ճիշդ չէ, որովհետեւ, ըստ միջազգային ուսումնասիրութիւններուն, Հայաստանէն աւելի վատ ընկերային-տնտեսական կացութիւն ունեցող երկիրներուն մէջ աւելի նուազ թիւով ամուսնալուծութիւն կայ: